Thursday, June 25, 2015

Պտուղ - Միրգ


Հալէպահայերուս համար կարծես լռելեան ժամադրավայր եղած ըլլայ Օփերային կից գտնուող «Մեղեդի» սրճարանը: Կը բաւէ, որ ժամը որոշենք եւ մենք բոլորս հո'ն ենք: Այնտեղ դուն քեզ քիչ մը Հալէպ կը զգաս, որովհետեւ բոլոր ծանօթներդ շուրջդ կը գտնես: 
Ընկերուհիներով նստած ենք արդէն ու սպասեակին կ'ապսպրենք, որ մեզի պտուղով պաղպաղակ բերէ: «Պտուղո՞վ , թէ՝ մրգով» կը հարցնէ ան մեզի: Կը զարմանանք: «Ի՞նչ է տարբերութիւնը», կը հարցնեմ: 
-Ելակը պտուղ է, իսկ նարինջը, խնձորը, քիուին... եւայլն մրգեր են,- կը բացատրէ :
- Զարմացած հայեացքով իրարու կը նայինք, ու ՝ «պտուղով, ուրեմն» կ'ապսպրենք: 
Տուն գալէս վերջ, պարզել կ'ուզեմ ինծի համար այս նորութիւնը՝ բնականաբար Աճառեանին դիմելով: Նախ Պտուղ բառին կը նայիմ ու հաճելի անդաստան մը կը բացուի դէմս: Աճառեան,« պտուղ »ին որպէս նշանակութիւն «միրգ» բառը կու տայ այո' , բայց նաեւ ՝արդիւնք կամ բերք: Պտղաբեր- արդիւնաբեր, պտղալի, անպտուղ, պտղաքաղ, լիապտուղ, ձիթապտուղ, պտղատու : Կայ պտղի բառը, որ կը նշանակէ եկեղեցական հարկ տուող: Պտուղը իբրեւ իրաւագիտական բառ՝ մուտք, ստացուածք, տուրք: Պտուղը նաեւ ՝ խաղողի մէկ հատիկն է. « Հացն ի բազում ցորենոյ բաղկանայ եւ գինին ի բազում պտղոց խաղողոյ» : Պտուղը փոխաբերաբար կը նշանակէ նաեւ « աչքի բիբ», որմէ ալ ՝պտղիլ- աչքի պտուղը դուրս ելլել, աչքը պայթիլ: Չէի լսած նաեւ թէ մատի ծայրի փափուկ միսին պտուղ կ'ըսեն, որմէ ալ սերած է մեզի ծանօթ պտղունց բառը,այսինքն՝ մատի ծայրով առնուած քանակութիւն: Իսկ մատի ծայրով պտուղը ճզմելու գործողութեան ( իմանալու համար հասունութեան աստիճանը) կ'ըսենք՝ պտղել:
Ըստ Աճառեանի թրքախօս հայերը գասնըպտուղ կ'ըսեն ձիթապտուղի նման պտուղի մը, որ իբր հինայ կը գործածեն: 
Եւ ի վերջոյ, պտուլի , որ կը նշանակէ թաց պտուղ:
Բառերու աշխարհը շատ կը սիրեմ: Անմիջապէս անցայ Միրգ բառի բացատրութեան: Հոն ալ որպէս նշանակութիւն պտուղ բառը դրուած էր: Միրգով ունինք մրգապահ, մրգաբեր, մրգաւէտ, մրգաթափ, մրգավաճառ, մրգաջուր , մրգաստան, իսկ մեր գիտցած լէպլէպուն՝ մրգասիսեռ:
Թէ Ի՞նչ նրբութիւններով միրգն ու պտուղը իրարմէ տարբերեցան հո'ն «Մեղեդի»ին մէջ, աս բոլորէն ետք անմիջապէս անդրադարձայ, որ սպասեակին պտուղ բառը հատապտուղը ըլլալու էր. այսինքն՝ berry-ն: Այնպէս ինչպէս մորին՝ raspberry, մոշը՝ blackberry-ն է, նոյնպէս ալ՝ ելակը ՝ strawberry-ն: 
Սպասեակին կրճատ ձեւով արտայայտուիլը պատճառ դարձաւ, որ բառերու հաճելի պրպտում մը ընեմ՝ բառարանային աշխարհ տեղափոխուելով...
Սօսի Մ.Տ.

Thursday, June 18, 2015

Հանդէսը

Շաբաթէ մը ի վեր դիմատետրի էջերը ողողուած են դպրոցական հանդէսներու նկարներով: Պատահաբար, երէկ, դէմս ելաւ նաեւ Ազգ.Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներուս նկարը: Պրովէի քննութիւններու ծանր բեռը իրենց ուսերէն թօթափած, հպարտ կեցուածքով շարուած էին բոլորը: Մօտեցուցի նկարը ու մէկիկ մէկիկ զննեցի զիրենք: Մէկ տարուան մէջ որքա~ն մեծցած ու փոխուած էին: Տեսայ չարաճճի Մինասը ու անմիջապէս յիշեցի, թէ ինչպէս օր մը դասարան մտնելուս պէս` բարձրաձայնեցօրիո'րդ, այսօր մենք դաս չենք սորված». ու տակաւին պատճառը չհարցուցած, ի'նք փութացուց նաեւ պատասխանը. «Երէկ, ելեկտրականութիւն ունէինք»:
«
Հերոս»ի խօսքին արձագանգեցին նաեւ ուրիշներ:
Հասկնալի էր, որ ամիսներէ ի վեր ելեկտրականութենէ զրկուած աշակերտներս հազիւ կարողացեր էին համացանցի իրենց ծարաւը յագեցնել: Ո՞վ ժամանակ պիտի կորսնցնէր` սորվելու համար «պատճէն»ը է՞-ով կը գրուի, թէ` ե-ով, կամ «ութիւն» ածանցով գոյականները ինչպէ՞ս պէտք էր հոլովէին...մանաւանդ որ շնորհուած այս «բարիք»ը ընդամէնը մէկ կամ երկու ժամ պիտի տեւէր:
-
Կը ներեմ, պայմանաւ որ սովորութիւն չդարձնէք,-կ'ըսեմ ու կ'անցնիմ դասի:
Զբօսանքին, ուսուցչարանը նոյնպէս ուրախալի մթնոլորտ կը տիրէ: Պատճառը կրկին ելեկտրականութիւնն է: Կարծես նոր գիւտ յայտնաբերած ըլլանք: Ուսուցչուհիներուն մազերը յարդարուած էին: Բոլորս ալ երջանիկ էինք, որ վերջապէս կարողացեր էինք լոգնալ, որովհետեւ հազուադէպ երեւոյթ էր, որ նոյն օրը ե'ւ ջուր, ե'ւ ելեկտրականութիւն ունենայինք: 
Ահաւասիկ նկար մը, որ ակամայ յիշողութեան գիրկը տարաւ զիս...: Ո՞վ գիտէ դպրոցի աւարտին աշակերտներէս իւրաքանչիւրը ո՞ր ճամբան պիտի բռնէ: Անոնցմէ ո՞վ պիտի մնայ, ո՞վ պիտի հեռանայ:
Ամէն պարագայի, կը շնորհաւորեմ աշակերտներս` վկայականաց բաշխման առթիւ եւ կը մաղթեմ , որ ո'ւր որ ալ ըլլան անոնք, աւելի մեծ բարձրունքներ նուաճեն:
Սօսի Մ.Տ.

Կարդալու արուեստը

Կրնայ ըլլալ որ տեղին չէ այս կարճ գրութիւնս, բայց անհրաժեշտութեան համար ուզեցի արձանագրել այս մի քանի տողերը, որոշ պարզաբանումներ կատարելու համար կարդալու եւ հասկնալու միջեւ եղող տարբերութիւնը ցոյց տալու համար տեղեկատուական դաշտէն ներս։

Մեզմէ շատերը վստահ եմ, որ ամէնօրեայ դրութեամբ տարբեր-տարբեր օրաթերթերու եւ դիմատետրային տարբեր-տարբեր էջերու կը հետեւին, նորութիւններ իմանալու համար։ Բնական երեւոյթ մըն է այս մէկը, այսօրուան ընկերութեան համար, ուր արուեստագիտութիւնը իր թեւերը լայնօրէն տարածած է ամէն ուղղութիւններով։

Կարդացողներու չորս տարբեր խումբեր կան սակայն։

ա) Անոնք որոնք կը կարդան եւ ճշգրտութեամբ կը հասկնան գրուածները։ Այս խումբին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարդացածներուն մէջ իրականութիւնն է որ կը փնտռեն, իրապաշտօրէն կը մօտենան առանց այլեւայլ բաներ փնտռելու իրենց կարդացածին մէջ։

բ) Անոնք որոնք կը կարդան եւ կը դժուարանան հասկնալու, որովհետեւ իրենք իրենց ներսիդին քարացած համոզումներ կազմած են, որոնց դռներուն դիմաց երբ որեւէ մէկ բան գայ, որ հակառակ է այդ համոզումներուն, եւ առաջին հերթին կը փորձեն իրենց կարդացածը պատշաճեցնել իրենց համոզումներուն եւ ամէն ինչ դիտել այդ համոզումներու լոյսին տակ, ու չյաջողելու պարագային հեռու կը վանեն։

գ) Երրորդ խումբին մէջ կ'իյնան բոլոր անոնք, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար իրենց կարդացածը, այլ՝ ամէն ջանք կը թափեն կեղծելու գրուածները եւ կամ քմահաճ մեկնութիւններ կատարել այդ ուղղութեամբ, մարդոց ուշադրութիւնը շեղելու համար. այս մէկը կը կատարուի յատուկ քաղաքականութեամբ եւ այդպիսիները ծրագրուած է որ կը կատարեն այդ մէկը։

դ) Չորրորդ խումբին մէջ եղողները անոնք են, որոնք գործ ու բան չունին եւ զբաղում կը փնտռեն, ու իրենց հասկցածն ու չհասկցածը իրար խառնելով պարզապէս քաոսային վիճակներ կը ստեղծեն, պղտորելով հասարակութեան միտքը։

Չորս խումբերու անդամներն ալ կը կարդան, հետեւեալ տարբերութեամբ սակայն.-

Առաջին խումբի անդամներուն ուղղութիւնը կառուցողական է, որովհետեւ իրապաշտ են։

Երկրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը քայքայող է, որովհետեւ նախապաշարումի վրայ հիմնուած է։

Երրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը պառակտեցուցիչ է, որովհետեւ կը միտի զանազանութիւններ ստեղծելու՝ ժխտական իմաստով։

Չորրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը ապականիչ է, որովհետեւ կը միտի միտքերը պղտորեցնել։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը, ո՞ր խումբին կը պատկանի արդեօք։ Պատասխանը կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին։

Յակոբ Քորթմոսեան