Friday, March 27, 2015

Յոյները եւ հայերը իրար բաւական նման են եղեր

Յունաստանի Սանթօրինի կղզիէն տեսարան
Greeks and Armenians resemble very much each other

Ani Panossian - Mouradian describes a recent visit to Santorini, Greece, where she witnessed the existence of  many churches everywhere on the island. The tour guide explained that, as it is allowed to build your own church, well-off people used to compete in building and decorating their own family churches. Ani finds a great resemblance between Greeks and Armenians in this context. "Now I understand why there have been one thousand and one churches in Ani (the historical capital of Armenia)", she concludes. 

Վստահ շատեր ծանօթ են Յունաստանի կղզիներուն, թերեւս այցելած են կամ գոնէ տեսած են նկարները ճերմակ ու կապոյտ գոյներով պատուած քաղաքներուն։ 
Անցեալ ամառ առիթը ունեցանք այցելելու այդ կղզիներէն մէկը՝ Սանթօրինին։ Aegean ծովուն մէջ, հրաբխային այս փոքրիկ կղզին զբօսաշրջիկներու նախասիրած վայրերէն մէկն է։ Խճողուած թաղերուն մէջ քալելը դժուար է, քանի մարդիկ չեն շարժիր, այլ կը սիրեն ամէն քայլափոխի կանգնիլ ու լուսանկարուիլ պարզ ու գեղեցիկ տուներուն, ճերմակ պատերով ու կապոյտ գմբէթով եկեղեցիներուն դիմաց։ Յատկապէս երիտասարդ զոյգերը, կը տեսնես աղջիկը կը կենայ տունի մը դիմաց, իսկ տղան մեծ համբերանքով կը նկարէ զինք տարբեր գլխարկներով, տարբեր ակնոցներով, մէյ մը աջէն, մէյ մը ձախէն, մէյ մը ժաքէթով, մէյ մըն ալ երկուքը միասին սելիֆիով։
Կղզին, որ ընդամէնը 73 քառ քմ տարածութիւն ունի (28 քառ մղոն), ունի 15,000 բնակչութիւն, որոնք բոլորն ալ այս կամ այն ձեւով ներգրաւուած են զբօսաշրջութեան մէջ։ Այս փոքրիկ կղզիին վրայ կան 250 մեծ ու փոքր եկեղեցիներ, այսինքն իւրաքանչիւր 60 հոգիի՝ մէկ եկեղեցի։

Հաւաքական պտոյտի մը ընթացքին մեր առաջնորդին հարցուցինք թէ ի՞նչ է պատմութիւնը այս բազմաթիւ եկեղեցիներուն։ Առաջնորդը, որ ծագումով Անգլիացի էր, բայց քսան տարի է ի վեր կ՚ապրէր կղզիին վրայ, այսպէս պատասխանեց։
- Կասկած չկայ որ յոյն ժողովուրդը հաւատացեալ է եւ կապուած՝ իր եկեղեցւոյ։ Բայց այսքան շատ եկեղեցի տեսնելնուդ ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ։ Երկիրին օրէնքը կը թոյլատրէ որ ոեւէ անձ ուզածը կրնայ շինել որեւէ հողամասի վրայ։ Անոր համար երբ մարդիկ կը հարստանան եւ հողային տարածք մը կը գնեն, անոր վրան կը շինեն իրենց ընտանեկան եկեղեցին։ Այս եկեղեցիները որ կը տեսնէք, համայնքի մը չեն պատկանիր, այլ անձնական են։ Որքան եկեղեցին մեծ ըլլայ, այնքան ընտանիքին վարկը բարձր կ՚ըլլայ եւ ցոյց կու տայ իրենց հարստութեան չափը։Անոր համար մարդիկ իրար հետ մրցակցութեան կ՚ելլեն, թէ ո՞վ աւելի մեծ եկեղեցի պիտի շինէ։
- Մեզմէ գէշերն ալ կան եղեր, ականջիս փսփսաց ամուսինս։
- Հիմա կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ մեր պատմական Անիին մէջ հազար ու մէկ եկեղեցիներ կային, աւելցուցի ես:
Իրապէս որ յոյները եւ հայերը իրար բաւական նման են եղեր։

Անի Փանոսեան Մուրատեան

No comments:

Post a Comment