Friday, February 6, 2015

Հին եւ նոր ականատեսներ

Հրաչ Քալսահակեան

Մինչեւ Ապրիլի վերջը Սուրիահայութիւնը ծանր փորձութեան առջեւ պիտի գտնուի: Մէկ կողմէ պիտի ուզէ նշել ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, միւս կողմէ պիտի տեսնէ թէ այդ նշումը իր նպատակէն դուրս պիտի շահագործուի:

Վարչակարգը պիտի ուզէ ամէն ձեւով օգտագործել ցեղասպանութեան նշումը իր նպատակներուն համար: Սուրիահայերը պիտի ուրախանան երբ առաջին անգամ լսեն այսպիսի բաներ Սուրիական բեմերէն ու խանդավառութեամբ համակուին: Թերեւս ալ մարսեն վարչակարգին շահագործումը, պարզապէս իրենց խօսքը լսելի դարձնելու համար:

«Ականատեսներու յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: Այս է խորագիրը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Պարոն Արշակ Փոլատեանի արաբերէն լեզուով լոյս տեսած գիրքին, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս Դամասկոսի մէջ:

Երբ մեծայարգ դեսպանը իր գիրքը Դամասկոսի սրահներէն մէկուն մէջ կը հրամցնէր հասարակութեան, վարչակարգին օդուժը կը ռմբակոծէր մայրաքաղաքի գաւառը՝ պատճառելով հարիւրաւոր մարդկային զոհեր:

Հիմա դուք ինծի ըսէք, իրմէ քանի մը քիլոմեթր անդին տեղի ունեցած դէպքերը տեսնելու անընդունակ հասարակութիւն մը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ հարիւր տարի առաջուայ ականատեսներուն վկայութիւնները:

Մենք երբեք պէտք չունինք մեր ցեղասպանութիւնը սեղանին վրայ դնելու երկրի մը մէջ, որ կ'ապրի ահեղ քաղաքացիական պատերազմ եւ ուր մենք դիտուած ենք որպէս կողմ:

Օր պիտի գայ երբ սուրիացի սերունդները պիտի չներեն մեզի եւ որպէս ծանր անարգանք ընդունին այս միջոցառումները:

Երանի՜ համայնք եւ պետութիւն այս կէտը լրջօրէն նկատի առնեն: