Monday, October 26, 2015

Ժողովուրդին Պապը

2013ին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ պատմական բան պատահեցաւ։Մինչ եկեղեցին կը դիմագրաւէր մեծ գայթակղութիւններ, որոնք կը սպառնային անոր ժողովրդականութեան նուազումին ու հաւատացեալներու հեռացումին, Փետրուարին, Պապ Պենետիկտը յայտարարեց, որ կամաւոր կերպով հանգստեան կը կոչուի իր պաշտօնէն, դառնալով 600 տարուայ մէջ առաջին Պապը, որ հրաժարեցաւ ցկեանս վարել այդ պաշտօնը։
Դժուար կացութիւններու դիմաց գտնուող եկեղեցւոյ համար ճակատագրական էր այս քայլը։ Ո՞վ պիտի փոխարինէր Պենետիկտ Պապը, որ կարենար եկեղեցին դուրս բերել այդ վիճակէն։ Տասնեակ մը գլխաւոր թեկնածուներ կային եկեղեցւոյ մեծագոյն թեմերէն, որոնցմէ էին Նիւ Երոքի եւ Միլանոյի կարտինալները։
Ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր Արժանթինէն ժամանած համեստ հագուածքով ու արծաթէ խաչով (ի տարբերութիւն ոսկեայ ադամանդակուռ խաչ կրողներուն) Կարտինալ Ճորճիոյին։ Թէեւ վերջին տասնամեակին ան սկսած էր ծանօթ դէմք մը դառնալ Հռոմի բարձր շրջանակներէն ներս, յատկապէս զբաղեցնելէ ետք Արժանթինի կարտինալի պաշտօնը։ Երբ բազմաթիւ կարտինալներու կողքին ինքն ալ խօսք առաւ, արտայայտելու իր տեսակէտը եկեղեցւոյ ապագայի նկատմամբ, հոս էր որ ան բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը դարձաւ։ Ան ըսաւ որ եկեղեցին պէտք է դուրս գայ իր ինքնակեդրոն վիճակէն, ու սկսի տեսնել Հռոմի պատերէն անդին։ Փոխանակ սպասելու որ ժողովուրդը գայ եկեղեցւոյ, պէտք է եկեղեցին ի՛նք երթայ ժողովուրդին։ Յստակ դարձաւ թէ ո՞վ պիտի ըլլար յաջորդ Պապը։
Աշխարհին տուած իր առաջին պատգամով Պապ Փրանկիսկոս ըսաւ. «Իմ եղբայր կարտինալները մինչեւ աշխարհի անդի ծայրը գացին նոր Պապ մը ընտրելու։ Աղօթեցէք ինծի համար»։

Իր ընտրութեան առաջին օրէն յայտնի դարձաւ որ խնդրայարոյց անձ մը պիտի ըլլայ ան։ Ինք առաջին Պապն էր, որ ընտրուած էր ուրիշ Պապի մը կենդանութեան, առաջինը՝ Ամերիկեան ցամաքամասէն, առաջինը՝ Յիսուսեան Միաբանութենէն։ Մարդիկ մտահոգուեցան թէ ինչպէ՞ս երկու Պապերը համատեղ կեցութիւն պիտի ունենան, երբ Փրանկիսկոս յայտարարեց որ ինք պիտի բնակի կողմնակի համեստ բնակարանի մը մէջ եւ ոչ թէ Պապին համար նախատեսուած առանձնատան մէջ։
Ան շարունակեց ապրիլ իր խառնուածքին յատուկ պարզ կեանքով մը, հեռու բոլոր ճոխութիւններէ ու մսխումներէ։ Անոր համար յստակ էր, որ եկեղեցին պէտք է վերատեսութեան ենթարկէր իր տեսակէտները, բարեփոխումներ մտցնէր՝ պահելու համար իր վարկը։ Փրանկիսկոս շատ լաւ գիտէր թէ կարեւոր պատճառներէն մէկը որ մարդիկ կը հեռանան եկեղեցիէն, եկեղեցականներու հիպոկրատ նկարագիրն է, երբ անոնց քարոզածները եւ ապրած կեանքը կը հակասեն զիրար։

Կաթողիկէ եկեղեցին աշխարհագրականօրէն այնքան մեծ ու տարածուն ըլլալուն, դժուար զայն ամբողջապէս հակակշռի տակ պահել։ Փրանկիսկոս հետամուտ եղաւ մարդոց մտածելակերպը փոխելու, նշանակելով եպիսկոպոսներ, յատկապէս ծառայութեան ոգի ունեցողներ, որոնք կը բաժնեն իր գաղափարները։ Ան արտայայտուած է, թէ եկեղեցական մը եթէ մեծ փափաք կը ցուցաբերէ եպիսկոպոս ըլլալու, կը նշանակէ թէ ան յարմար անձը չէ։ Ինքզինք իշխան նկատողներու պէտք չունի ան, այլ կը հետապնդէ ծառայելու պատրաստակամութիւն ունեցող հոգեւորականներ։

Ան աղքատը ընկերութեան վրայ բեռ չի նկատեր, զինք պատասխանատու չի նկատեր իր թշուառութեան, հետեւաբար՝ ոչ արժանի այդ տառապանքին։ Ան կը հաւատայ որ աղքատը նուազ բախտաւոր մըն է, որ արգելափակուած է դժուար պայմաններու մէջ ու օգնութեան կարիք ունի հոնկէ դուրս ելլելու։
Սէրը եւ ներողամտութիւնը իր կիրարկած առաքինութիւններն են, որոնք ցոյց կու տայ նոյնիսկ ոճրագործին հանդէպ։ «Մենք բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ սխալ որոշումներ առած ենք» ըսած է ան, եւ հետեւաբար իր առաջին գործելամարտը եղաւ մահապատիժի դէմ պայքարը։
Փրանկիսկոս Պապին ընտրութիւնը հայերուս մօտ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Արժանթինի մէջ թեմակալ առաջնորդի իր օրերէն ան բարեկամ եղած է տեղւոյն հայ գաղութին ու բազմիցս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Ի տարբերութիւն Ամերիկայի բազմաթիւ նախագահներու, որոնք իրենց ընտրութեան արշաւանքի օրերուն երազային խոստումներ տուած են հայ գաղութին, ու ընտրուելէ ետք կռնակ դարձուցած՝ Պապ Փրանկիսկոս հաստատ մնաց իր կարծիքին վրայ հայոց դէմ գործադրուած անարդարութեան գծով, ու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Վատիկան հրաւիրեց հայ Կաթողիկոսներն ու ՀՀ նախագահը ու համայն աշխարհին յայտարարեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելը պարտադիր է»։

Միամտութիւն պիտի ըլլայ 1.2 միլիար անդամ հաշուող եկեղեցւոյ մը պետը միայն հոգեւոր ղեկավար նկատել։ Փրանկիսկոս նաեւ քաղաքական ղեկավար մըն է, որքան ալ այդ չհամապատասխանէ իր անհատականութեան։ Դիւանագիտականօրէն դասաւորուած իր առաջին ԱՄՆ այցելութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ինչպէս ժողովուրդին, նոյնպէս ալ քաղաքական շրջանակներէ ներս։ Ոչ պատահականօրէն, անոր առաջին կանգառը եղաւ Քուպայի աղքատ կղզին, ուր ժամանակը սառած կը թուի ըլլալ, ուր զարգացումն ու ճարտարագիտութիւնը տակաւին մուտք չեն գործած։ Ապա միայն այցելելով աշխարհի հզօրագոյնը ու կեդրոնը ըլլալու բարդոյթէն տառապող Ամերիկան, փորձելով հալեցնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քառասուն տարուան սառոյցը։ Երկու երկիրներու նախագահներն ալ խոստովանեցան, թէ Փրանկիսկոս կարեւոր դեր խաղցաւ իրենց միջեւ երկխօսութեան ստեղծման ու յարաբերութեան բարելաւման մէջ։
Փրանկիսկոս Պապին առած խօսքը Ամերիկեան քոնկրէսին մէջ պատմական էր։ Բոլորը զինք դիմաւորեցին երկարատեւ եւ յոտնկայս ծափահարութեամբ։ Ե՞րբ էր վերջին անգամ որ ժողովրդավարները եւ հանրապետականները այդքան միասնականութեամբ ծափահարած էին։ Հոն Պապը տուաւ իր ամէնէն դժուար քարոզներէն մէկը, ամէնէն երկարը՝ անգլերէն լեզուով, որ իրեն համար բաւական դժուար էր։ Ըսուեցաւ, որ ան ամիսներէ ի վեր կ՚աշատէր բարելաւելու իր անգլերէնը։ Իր ձայնը այնքան մեղմ, խօսակցութիւնը այնքան հանդարտ էր, որ մեծ հակասութիւն մը կը յառաջացնէր խօսուածին ուժգնութեան հետ։ Իր յառաջացած տարիքը ու դէմքին անմեղ ժպիտը վայրկեան մը մտածել կու տային, թէ արդե՞օք ան իր մտքի բացարձակ արթնութիւնը պահած է։ Բայց այնքան բծախնդրութեամբ ընտրուած իւրաքանչիւր խօսքը կը փարատէր ամէն կասկած եւ երեւան կը հանէր միամիտ ժպիտին տակ պահուած դիւանագէտը։

Ան յստակօրէն անդրադարձաւ իր հաւատացած գաղափարներուն։ Շատ ճարպիկ բառախաղով մը հաստատեց իր տեսակէտը մարդկային կեանքի սրբութեան՝ իր բոլոր հանգրուաններուն մէջ, յոտնկայս ծափահարութիւն մը յառաջացնելով պահպանողականներու մօտ։ Սակայն առանց գերզգայուն բառեր արտասանելու, յաջորդ նախադասութեամբ քննադատեց մահապատիժը։ «Մէկ պայտին, մէկ նալին» զարնելով գոհ ձգեց բոլոր կողմերը եւ չնեղացուց ոեւէ մէկը։ Նախագահական ընտրութիւններու սեմին գտնուող, պառակտումներէ եւ բեւեռացումներէ տառապող քոնկրէսը պէտք ունէր գոնէ ժամուան մը համար զինք միացնողի մը։

Խաղաղութեան ջատաքով մը, շատ յստակ կերպով ըսաւ պատերազմները դադրեցնելու ամենէն գործնական ձեւը. «Դադրեցուցէ՛ք զէնքեր ծախելը»։ Եւ միթէ շան գլուխը հոն թաղուած չէ՞
Կրօնքներու մերձեցման հաւատացող ու ընկերային հաւասարութիւն քարոզող Պապը ամբաստանեցին որպէս Մարքսիստ։ Ան իր քարոզածին կենդանի գործադրողն է։ Ամերիկա այցելութեան օրերուն շրջագայեցաւ պարզ ֆիաթով մը, մինչ իր թիկնապահները իրմէ աւելի շքեղ ինքնաշարժներով կ՚երթեւեկէին։ Եւ միթէ՞ կարելի է ուրիշ բան սպասել կենսոլորտի ապականման դէմ պայքարողէ մը։ Ինք վկան է պարզ կեանքի մը, նիւթականացումէ հեռու, նուազագոյն ծախսով, մեղմացնելու համար իւրաքանչիւր անձի այս երկրագունդին վրայ ձգած ոտնահետքը։ Երբ կենսոլորտի ապականման պատասխանատուութիւնը դրաւ գերարդիական երկիրներու վրայ, քաղաքական գործիչներ խրատեցին, որ Պապը զբաղի միայն եկեղեցւոյ հարցերով եւ միջամուխ չըլլայ գիտնականներու գործին։ Պարզուեցաւ, որ Պապը նաեւ որոշ ուսում ունի քիմիագիտութեան մէջ եւ իր խօսածները չհասկցող մը չէ։

Պապը այնքան խնդրահարոյց է, որ շատ մը պահպանողականներ զինք կը նկատեն ազատականներու քարոզիչը, իսկ ազատականներ զինք կը տեսնեն որպէս նոյն պահպանողական ծերուկը, որ կը փորձէ նոր ու արդի հագուստով ներկայանալ աշխարհին։
Երբ հարցը կը վերաբերի եկեղեցւոյ հիմնական գաղափարներուն, Պապը անդրդուելի կը մնայ։ Որքան ալ բարեացակամութիւն եւ հանդուրժողութիւն ցուցաբերէ միասեռականներուն հանդէպ, ընտանիքի աւանդական հասկացողութիւնը անխախտելի կը նկատէ։ Իսկ երբ մարդիկ իր ազատական գաղափարներէն յուսադրուած՝ փորձեցին արծարծել կիներու ընդգրկումը եկեղեցւոյ կղերականութեան դասէն ներս, ան դարձեալ անդրդուելի մնաց։
Այս բոլորին մասին խորհրդածելով, որպէս հայ առաքելական, կարելի է եզրակացնել, թէ Պապը լաւ օրինակ կրնայ ծառայել աւանդութեան եւ արդիականութեան աքցանին մէջ գտնուող մեր եկեղեցւոյ համար։ Թէեւ այս զոյգ եկեղեցիները մօտաւորապէս նոյն տարիքը ունին, անշուշտ ամենահինը ըլլալու հանգամանքը զիջելով մեզի, բայց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ չափին, նիւթական հարստութեան, հեղինակութեան եւ տարողութեան դիմաց մեր եկեղեցին կրնայ գաճաճ մը երեւիլ։ Պապը իր խոնարհութեամբ կտրեց բոլոր կարծրատիպերը, թէ ղեկավար մը, յատկապէս եկեղեցական ղեկավար մը, պէտք չունի արհամարհանքով խօսելու, իր հօտին ակնածանքը վայելելու համար։ Իր փսփսուքի նմանող ձայնով Պապը փաստեց թէ անձնական օրինակն է ամենէն ազդեցիկ ձեւը ժողովուրդին ուղղութիւն տալու։ Պոռոտախօս ու յանդիմանական քարոզները, որոտընդոստ ձայները, ճօճուող ցուցամատները միայն մակերեսային հեղինակութիւն ու մեծամտութիւն ցոյց կու տան։ 

Պապին ապրելակերպը կը մաղթենք որ եկեղեցականներէն առաջ մեզմէ իւրաքանչիւրին օրինակ ըլլայ՝ ապրելու համեստ ու ժուժկալ կեանք մը, կարեկցելու տկարին, ներողամիտ ըլլալու սխալողին, պատասխանատու՝ կենսոլորտին հանդէպ ։ Այսօր աւելի փաստի պէտք չունինք հասկնալու թէ ուժն ու բռնութիւնը մարդկութիւնը միայն անկումի կ՚առաջնորդեն։ Այս տարբերակն է որ աշխարհը աւելի լաւ տեղի մը պիտի վերածէ։
«
Ո՞վ եմ ես որ ուրիշները դատեմ»՝ միասեռականներու համար ըսուած այս խօսքը, որ չի սահմանափակուիր միայն հոն, հաւանաբար Փրանկիսկոս Պապին ամենէն նշանաւոր խօսքը պիտի ըլլայ, որ արդէն անցած է պատմութեան։
Հարցազրոյցի մը ընթացքին Փրանկիսկոս անդրադարձաւ, որ ինք կը նախատեսէ երկար չմնալ այս պաշտօնին վրայ։ Թերեւս քանի մը տարի եւս, միայն, ըսաւ ան։ Ղեկավարները աստուածացնելու ժամանակը անցած է։ Իսկ Փրանկիսկոսը չսիրող ծայրայեղականներ կրնան որեւէ բան բերել անոր գլխուն։ Վստահ ան պատրաստ է ամէն ինչի։

Անի Փանոսեան- Մուրատեան