Thursday, May 28, 2015

Միամեակ

Անցեալ տարի ճիշդ այս օրն էր ( 27 Մայիս,2014), երբ մենք ընտանեօք ոտքերնիս դրինք հայրենի հողին վրայ: Տարուան մը բոլոր եղանակները վայելեցինք հո'ս Երեւանի մէջ: Օրերը արա՞գ անցան: Այո', շատ շատ արագ. մե'րթ կարօտի արցունքներով, մե'րթ պայքարի վճռակամութեամբ սահեցան: Օգտաշատ զբաղմունքներով ժամերս լեցուցի, նոյնիսկ սպառելու աստիճան ծանրաբեռնուեցայ՝ խուսափելու համար աւելորդ ու տհաճ մտածումներէ, սակայն յիշողութիւնն ու անցեալի յուշերը մի'շտ ալ հալածեցին զիս ամէն առիթի: Եւ օրերու թաւալումին հետ հետզհետէ հասկցայ, որ յուշերու երկիրս ինծի համար կարծես լոկ հեռաւոր անցեալ մը պիտի մնայ...:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան
 
 

Մեկնաբանութիւնները .-
Վահէ Աբէլեան
Պատանեկան օրերու ընթերցանութիւններուս մաս կը կազմէր Համաստեղին «Գիւղն ու Անձրեւը» գիրքը: Բազմիցս կարդացած եղայ պատմութիւնները՝ Միջոն, կապոյտ հուլոնքը, աղաւնիները եւն, բացի մէկէն «Զոհը Կար Ամունն էր»: Միշտ կը խուսափէի կարդալ այդ պատմութիւնը երբ գիրքը ձեռքս անցնէր. հաճոյքով կը կարդայի կրկին անգամ մնացեալները բայց այդ պատմութիւնը տարօրինակ բան մը ունէր ինծի համար եւ չէի վայելեր: Տարիներ անցան եւ հասայ Ամերիկա որպէս գաղթական մը: Առաջին այցելութիւնս եղաւ այցելել «Հայրենիք» եւ հոն հանդիպեցայ գիրքին կրկին անգամ եւ գնեցի: Առաջին պատմութիւնը որ ուզեցի կարդալ այս անգամ Կար Ամուննին պատմութիւնն էր: Բայց այս անգամ ուրիշ պատկեր մը պարզուեցաւ մտապատկերին վրայ եւ ճանցայ Կար Ամուննը:
Ամէնքս ալ որ մեր տոհմիկ ծննդավայրը կը ձգենք, որուն հայկական մթնոլորտի ջերմութեան մէջ հասակ առինք կը տանինք անկէ մաս մը մեզի հետ, որ պիտի միշտ մնայ մեր հետ: Չեմ կրնար պատերացնել, որ Հայաստանն իսկ կարենալ այդ իրողութիւնէն ձերբազատել նոյնիսկ հայրենադարձը: Մեզի կը մնայ չափաւորել մեր հոգեկան կապը անոր հետ եւ անոր անցեալով այնքան  չտարուիլ որպէսզի Կար Ամունին նման զոհը չըլլանք նոր միջավայրի իրողութիւնեանը մէջ:

Ստեփան Աբէլեան
Սօսի Տապպաղեան, մեր զգացումներուն թարգմանն ես ընդանրապէս գրութիւններուդ ընդմէջէն : Այս ամիս մէկ տարի պիտի ամբողջացնենք Քէսապէն Հէռացումնիս: Ազատագրութենէն ետք այցելեցի տունս, Խանութներս, Գործարանս,կալուածներս, ճաշարանս որ տակաւին նորաբաց էր եւ շատ ճոխ : ԱՒԱՂ..... ամէն բան կորսուած : Հազիւ 6 որերու ընթացքին ,հոս հոն ցիրուցան ընտանեկան նկարներու մնացորդներ հաւաքեցի եւ հեռացայ ,գլուխս դնելու բարձ մը անգամ չգտայ : Տակաւին աջէն ձախէն Փամփուշտներու ձայներ անպակաս էին :Մարդիկ արագ արագ քայլերով հոս ու հոն կը վազվրտէին տեսնելու ահաւոր քանդումները եւ հրկիզուած հարազատներու տուները : սարսափի գիւղ մը դարձած էր երբեմնի մեր գողտրիկ գիւղը ,բոլոր օտարի թէ հայու ապաստանարան Քէսապը կարծես ուրուականներու քաղաքի վերածուած էր : Պատանի տղաս որ սարսափահար ,տժգունած ինձ փաթթուելով ըսած էր «Շատ կը վախնամ Հայրիկ» հեռաւոր Տուպայեն կը հարցնէր «խաղալիքներէս մէկ հատ կրնաս գտնել եւ բերել Հայրիկ» : Չէի ուզեր պատասխանել ....քանի որ բոլորն ալ փճացուցած էին այն ինչ որ չէին ուզած առնել: ուզեցի անպայման իր խաղերէն սի Տի մը գտնել եւ տանիլ :Ի վերջոյ Գտայ ....բայց բոլորովին պարապ դուրս եկաւ: երբ տարի տուի, յուսախաբ եղաւ եւ փլաւ: Պարտէզները որ մարդիկ տարիներ խնամած էին հրկիզուած: Սրբատեղիները, եկեղեցիները եւ գերեզմանները սրբապղծուած: տանս շուրջ գտնուած ծառերը կարծես Կատղած էին, բողոքելու ձեւ մը հաւանաբար ըսելու թէ ու թողուցիք ու գացիք .....եւ այդ գազաններուն նայելով ատոնք ալ գազանացած էին Կարծես:Արագ արագ բակի ծիրանի ծառէն հասուն ծիրաններ հափշտակեցի կարծես կը գողնամ իմ իսկ ծառի բերքը : Օտարին ներկայութիւնը սեփական սահմաններէն ներս անոր տէրերը օտարացուցած էր կարծես : Կուլ տուի հասուն ծիրանները անհագ եւ անկուշտ սովածի մը պէս :ինքզինքս կայպանէի ըսելով «ինչ է չտես դարձար» ,առանց անդրադառնալու որ ծիրաններուն շատը որդնոտած էին :առանց հոգատարութեան բնական երեւոյթ էր բայց կրծես իրողութեան անընդունելի ըլլալը չեզոքացնելու համար ալ աւելի կուլ տուի որդնոտները,ինչպէս կրնար ըլլալ որ ես 26 տարիներ որպէս Գիւղատնտես Քէսապի բոլոր պարտէզներուն հսկողն էի եւ դեղորայք հայթայթողը պայքարելու լաւագոյն ձեւով միջատներու եւ այլեայլ հիւանդութեանց դէմ թու հիմա իմ սփական ծիրաններս որդնոտած տեսնելու գաղափարը կուզէի մերժել: Այսօր մէկ տարի անցած է այդ դէպքէն :
 
 

Monday, May 25, 2015

Պատերազմ



Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ հնութիւններ թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ'ուզեմ ըսել, թէ կ'ապրինք քսան-մէկերորդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած, արդէն մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը ու նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը:

Աշխարհը հիւանդ է: Ատելութիւն կայ ամէն տեղ, ան ալ կոյր ատելութիւն, որուն մէջ տրամաբանութիւնը չ՝ապրիր: Չկայ, որովհետեւ մեր ապրած դարը իր սեւ դուռը բացած է մեր առջեւ, արիւնոտ եւ վախազդու:

Կարճ խօսքով՝ աշխարհը տակն ու վրայ է: Պատերազմ, կռիւ ու մահ կայ ամէն կողմ:

Վկայ պատկերասփիւռներէն, մամուլէն, ֆէյսպուքէն ահազանգող լուրերը: Սարսափելի է: Բայց ամէնէն սարսափելին այն է, թէ մարդկութեան կեանքին հետ մեր կեանքն ալ ներքնապէս սկսած է հիւծել մեր ազգին մարմինը:

Ըսի չէ, ամէն կողմ պատերազմ կայ: Ատելութիւն: Հիւսիս, հարաւ, Ափրիկէ, Եւրոպա, Ասիա, Միջին Արեւելք: Կը լսենք: Կը դիտենք: Կը տեսնենք: Կը կարդանք: Կը վախնանք: Կ'ափսոսանք եւ կը սարսափինք եւ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս կը մաշինք:

Բայց այս պայմաններուն մէջ եկէք միշտ չտխրինք, որովհետեւ, ինչպէս ողորմած հայրս միշտ կրկնած էր, թէ «քանի գայլը կայ, ուրեմն ոչխարը միշտ զոհ պիտի ըլլայ»: Այս մէկուն համոզուինք ու ըստ այնմ մեր կեանքը դասաւորենք ու ապրինք:

Տողերուս սկիզբին յիշեցի, որ աշխարհ պատերազմներով սկսած է զբաղուիլ, բայց չըսի որ մեր տան մէջ ալ այդ «պատերազմ» ըսուածը կայ եւ ան ալ «ծանր» տեսակը: Այո՛, մեր տան մէջ: Մի՛, զարմանաք: Թէեւ այս մասին թերթերը բան մը չգրեցին, ոչ ալ «թի վի»ներէն լսեցի՛ք, եւ կամ «ֆէսպուք»երու վրայ կարդացիք, բայց ըսածներս իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր:

Հոգ չէ. ես կը տեղեկացնեմ, թէ այս պատերազմը, որուն մասին կը խօսիմ պաշտօնապէս յայտարարուած էր այս ամրան կիսուն: Ճիշդ տաք օրերու սկիզբին: Նաեւ անմեղօրէն յիշեմ, որ շաբաթներէ ի վեր Քալիֆորնիոյ վրայ, գիշեր թէ ցերեկ երկինքէն «կրակ կը թափի»: Տաք ու տօթ արեւ: Ամէն կողմէ բողոք դէպի երկինք:

Ու տակաւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէս այդ օր, պարզ երեկոյ էր եւ դուրսը ծոյլ ու տաք քամի մը կար, ու ես մեր բակը խոր ընթերցումով զբաղուած պահուս յանկարծ կնոջս պոռչտուքը լսեցի, որ կու գար ներսէն, իր սենեակէն, նոյնիսկ մեր քովի դրացիներու ականջները խլացնելու աստիճան:

-Ո՞ւր ես. մա՛րդ, շուտ հասիր, եկո՛ւր, հիմա կարդալու ժամանակը գտա՞ր:

Կռահեցի: Ի տես այս անօրինակ ու անժամանակ տագնապին, դարձեալ միտքս լեցուեցաւ վախով մը: Մտովի ըսի, որ այս տան մէջ ինծի համար հանգիստ նստիլ չկայ: Վազեցի իր մօտ:

Տե՛ս, ըսաւ սարսափած աչքերով, ա՛յս էր պակաս, մեր տան մէջ մրջիւն՝ լսուա՞ծ է. ի՞նչ կեցած ես բան մը ըրէ՛:

Անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք կը պոռար, կը բացականչէր: Թերեւս վախէն: Ինչ պէտք էր, որ ընէի չէի գիտեր: Ես ալ շուարած էի: Աւելի ճիշդ իր պոռչտուքէն ծնունդ առած վախէս շուարած էի: Իսկապէս, որ նախ կարծեցի ծանր «բան» մը, «հեռու ըլլայ» այնպէս բան մը…: Միտքս ծուռ տեղերը գնաց: Բայց փառք, Աստուծոյ ինք բան մը չունէր, ողջ էր եւ միայն մրջիւնի խնդիր մը կար չլուծուած:

Նայեցայ չորս կողմս: Երեք չորս մրջիւն, դէպի պարտէզ նայող մեր պատուհանին եզերքը, անհոգ կը պտտէին: Ասոնք էին աղմուկին պատճառը: Խնդիր «հանողները»: Երանի ինծի պէս մրջիւններն ալ արագ մը լսած ըլլային կնոջս պոռչտուքը, արդէն իրենց սարսափէն խոյս պիտի տային ինքնաբերաբար:

Ժպիտ մը ինկաւ դէմքիս վրայ: Ա՞յս էր կնիկ.- ըսի մտովի, ասոր համա՞ր էր, որ զիս անհանգիստ ըրիր: Ու փորձեցի ես զիս զսպել: Շուտով լաթ մը առնելով սկսայ ճզմել այդ «անպիտան անաստուածները», որոնք օրուան այս ժամուն սարսափեցուցած էին խեղճ կողակիցս:

-Սատկեցո՛ւր, բոլորն ալ, հրահանգեց կինս, ռազմադաշտին վրայ հսկող զօրավարի մը նման: Հնազանդեցայ: Միւս կողմէ աչքիս ծայրովը տեսայ, որ մրջիւններէն մէկը դուրս խոյս կու տար խելայեղօրէն: Լաւ է, ըսի, ազատեցանք: Անմիջապէս եդիակները, հաւաքեցի ու շիտակ աղբաման…:

Ապա հերոսական արարք մը կատարողի մը նման դարձայ կնոջս, աչքերովս հասկցուցի, թէ եղածը անկապ ու անիմաստ տագնապ մըն էր եւ այդչափ աղմուկ անիմաստ էր: Մէկ խօսքով եղածը հանգիստ ու խաղաղ լճակին մէջ, փոքր ալիք մը:
-
Մի՛ մտահոգուիր կնիկ, ամէն բան «օքէյ» է, ըսի հնազանդ զինուորի նման, որ իր պաշտօնը կատարած էր խղճմտօրէն եւ որ կ'ուզէր վայրկեան առաջ, եռազմադաշտէն, տուն դառնալ:

Կամաց մը հեռացայ: Հաստատօրէն ստեղծուած սարսափը մնաց ետեւ ու խաղաղութիւնը կրկին անգամ տիրեց: Ներքին հաշտութեամբ մը գիրքս վերցնելով փորձեցի ընթերցումս շարունակել: Քաջ Նազարը յիշեցնողի մը նման այդ գիշեր հանգիստ մը քնացայ: Մեծ հերոս մըն էի: Միշտ հնազանդ:

Առաւօտուն սակայն, անբնական կացութեան մը իբրեւ նոր հետեւանք, այդ խաղաղութիւն ըսուածը, յանկարծ սուտ դարձաւ:

Կրկին պոռչտուք եւ աղմուկ: Կրկին անգամ կնոջս հոգին պաշարուած էր նախկին երկիւղով ու կսկիծի նման բան մը կը հոսէր սրտէն: Միայն լացը պակաս էր: Դարձեալ ներքին պրկում մը կար: Վազեցի դէպքին վայրը աւելի ճիշդ աղմուկին ուղութեամբ:

Աստուած իմ, հարիւրաւոր մրջիւններ կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, անկանոն շարքերով կարծես ցոյցի կամ բողոքի եկած էին եւ նոյն տեղը հաւաքուած էին:

-Քեզի կ՛ըսեմ, ձեռքէդ բան չի գար. չես հաւատար. ահա՛, տե՛ս, այս ի՞նչ է: Հասի՛ր, բան մը ըրէ՛, ի~նչ կեցած ես ու կը դիտես: Ասանկ պաղապուր մարդ չեմ տեսած: Հայտէ՛, շարժէ՛:

Կնոջս ջղայնութիւնը հաստատապէս հասած էր իր գագաթնակէտին: Կը հաւատայի որ այդ վայրկեանին ինծի համար լռելը լաւագոյն ելքն էր: Ուստի…: Բայց ներքնապէս վիրաւորուած էի: Կրնայի ջղայնութենէս «պայթիլ»: Սակայն դարձեալ կացութիւնը մեղմացնելու համար ինքզինքս զսպելով ըսի.-

-Ա~յ կնիկ, ասոնք բոլորն ալ երէկուան «զոհուածներուն» հարազատները ըլլալու են. բոլորն ալ հաւաքուած եկած են անոնց յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու: Բան մը չկայ հիմա կ՛երթան, սա թոռնիկներուդ թափած կարկանդակի, շաքարի եւ շոքալայի փշրանքները իբրեւ հոգեճաշ վերցնելէ ետք կ'երթան. հոգ մի ըներ:

Այսքան: Կատակեցի: Յանկարծ կինս ինծի դառնալով երեսիս նայեցաւ: Վերէն վար զիս չափեց: Զգացի որ դաժան գաղափարի մը լոյսը կար դէմքին վրայ:

-Հիմա ապուշ կատակի ատե՞ն է. ըսաւ արագ մը, առաւել յուզուած ձայնով:

Իրապէս, որ լուռ երկչոտութիւն մը կար մէջը: Անզուսպ ցանկութիւն մը, ոչնչացնելու այս բոլոր մրջիւնները: Ուստի առանց իր հրահանգին սպասելու վազեցի «կարաժ», մեր կանգառը: Շուտով վերցուցի քիմէական զէնքը, այդ եՌայտ, կոչուած մրջիւններ բնաջնջող դեղը ու վերադարձայ դէպքին վայրը:

Խեղճ մրջիւններ: Տակաւին կը շարունակէին իրենց իրարանցում հապճէպ վազքը: Անկանոն ցոյցի իսկական պատկերը: Կնոջս հրանհանգին հնազանդեցայ: Չարութեան դեւը ներսս սողաց ու «զէնքս» կեդրոնացնելով խումբին վրայ սկսայ յարձակումիս: Անխնայ: Աջ-ձախ: Անձայն կոտորած: Երեւոյթը գեղեցիկ չէր: Անհամար զոհեր քանի մը վայրկեաններու մէջ: Ի՞նչ ընէի: Այդպէս էր հրամանը:

-Հոս փչէ՛, հոն փչէ՛, շատ փչէ՛, տե՛ս, տե՛ս դուրս կը վազեն, յարձակի՛ր, փչ՛է դեղը…:

Ինք գլխուս վրայ կեցած կը հրանհանգէր: Իր արտասանած բառերը մերկ էին եւ դաւադրաբար չար, բայց ինծի համար պարզապէս բառերու հեղեղ մը:

Մինչ ես իմ «ջարդարար» արարքիս մէջ էի, իսկ ինք սովորական աղօթքի նման արագ արագ բառեր կ'արտասանէր ու գետինը կը սրբէր: Հապա՞ ես, մի՛ հարցնէք. այդ վայրկեանին. իսկապէս մրջիւններուն համար ջարդարար Սուլթան Համիտ մը: Մեղքի զգացումը կ'ապրէի, չեմ գիտեր ինչու: Իսկական «կոտորած»ի մը հեղինակը:

Ու կրկին անգամ կացութիւնը մեղմացնելու համար, կնոջս դառնալով անմեղօրէն ըսի, թէ այսօր երթանք եւ մողէզ մը գնենք, չէ որ այս կենդանիները մրջիւններով կը սնանին: Այս ձեւով մեր գործը կը դիւրանայ: Ու ամէնէն լաւը մրջիւններուն անհետացման «մեղքը» մողէզին վիզը կը մնայ, փոխանակ իմինիս:

Ճիշդ էր, որ ես իրենց համար բռնակալ մը կամ բարբարոս մըն էի, բայց այդ մէկը իմ կամքովս չէր: Ես պարզապէս հնազանդ զինուոր մըն էի: Բայց ո՞վ կը հասկնայ: Ո՞վ պիտի յիշէ այս կազմակերպուած ջարդը:

Կատակս «չստացուեց», չեղաւ: Մինչ ես իմ ջարդարարի դերիս մէջն էի, աչքիս ծայրովը նշմարեցի թէ ինչպէս կնոջս յօնքերուն վրայէն լարում մը կը սահէր: Ինքն իր աչքերովը բաներ մը ըսել կ'ուզել հասկացնել: Անոր համար երբեք չփորձեցի իր կողմը դառնալ: Իր կարգին ջղային՝ գետին նետելէ ետք ձեռքի աղտոտ լաթը «ճակատամարտէն» հեռացաւ: Մրջիւններուն չնահանջող կամքը, զիս աւելի եկը կատղեցնէր,: Գիտէի, որ ձախողութեանս պարագային ամօթով պիտի մնայի եւ օրերով նախատինքի նման իր հանկերգը պիտի լսէի:

Յանկարծ չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէս յիշեցի արաբ հզօր խալիֆա Սալահետինի մէկ խօսքը, ուղած իր զաւկին.-
-
Տղաս, զգուշացի՛ր արիւն թափելէ, որովհետեւ թափուած արիւնը չի քնանար, կը բարձրանայ, կը յորդի, կը հեղեղի եւ կը խեղդէ:

Լաւ որ մրջիւնները անարիւն են. ինքզինքս համոզեցի:

Ու այսպէս ամբողջ շաբաթը մրջիւններու «ետեւէն վազեցի». թոռնիկ խաղցնելու տեղ, այս տարիքիս՝ մրջիւն «խաղցուցի»: Է~հ աշխարհ:

Գէորգ Պետիկեան