Thursday, May 28, 2015

Միամեակ

Անցեալ տարի ճիշդ այս օրն էր ( 27 Մայիս,2014), երբ մենք ընտանեօք ոտքերնիս դրինք հայրենի հողին վրայ: Տարուան մը բոլոր եղանակները վայելեցինք հո'ս Երեւանի մէջ: Օրերը արա՞գ անցան: Այո', շատ շատ արագ. մե'րթ կարօտի արցունքներով, մե'րթ պայքարի վճռակամութեամբ սահեցան: Օգտաշատ զբաղմունքներով ժամերս լեցուցի, նոյնիսկ սպառելու աստիճան ծանրաբեռնուեցայ՝ խուսափելու համար աւելորդ ու տհաճ մտածումներէ, սակայն յիշողութիւնն ու անցեալի յուշերը մի'շտ ալ հալածեցին զիս ամէն առիթի: Եւ օրերու թաւալումին հետ հետզհետէ հասկցայ, որ յուշերու երկիրս ինծի համար կարծես լոկ հեռաւոր անցեալ մը պիտի մնայ...:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան
 
 

Մեկնաբանութիւնները .-
Վահէ Աբէլեան
Պատանեկան օրերու ընթերցանութիւններուս մաս կը կազմէր Համաստեղին «Գիւղն ու Անձրեւը» գիրքը: Բազմիցս կարդացած եղայ պատմութիւնները՝ Միջոն, կապոյտ հուլոնքը, աղաւնիները եւն, բացի մէկէն «Զոհը Կար Ամունն էր»: Միշտ կը խուսափէի կարդալ այդ պատմութիւնը երբ գիրքը ձեռքս անցնէր. հաճոյքով կը կարդայի կրկին անգամ մնացեալները բայց այդ պատմութիւնը տարօրինակ բան մը ունէր ինծի համար եւ չէի վայելեր: Տարիներ անցան եւ հասայ Ամերիկա որպէս գաղթական մը: Առաջին այցելութիւնս եղաւ այցելել «Հայրենիք» եւ հոն հանդիպեցայ գիրքին կրկին անգամ եւ գնեցի: Առաջին պատմութիւնը որ ուզեցի կարդալ այս անգամ Կար Ամուննին պատմութիւնն էր: Բայց այս անգամ ուրիշ պատկեր մը պարզուեցաւ մտապատկերին վրայ եւ ճանցայ Կար Ամուննը:
Ամէնքս ալ որ մեր տոհմիկ ծննդավայրը կը ձգենք, որուն հայկական մթնոլորտի ջերմութեան մէջ հասակ առինք կը տանինք անկէ մաս մը մեզի հետ, որ պիտի միշտ մնայ մեր հետ: Չեմ կրնար պատերացնել, որ Հայաստանն իսկ կարենալ այդ իրողութիւնէն ձերբազատել նոյնիսկ հայրենադարձը: Մեզի կը մնայ չափաւորել մեր հոգեկան կապը անոր հետ եւ անոր անցեալով այնքան  չտարուիլ որպէսզի Կար Ամունին նման զոհը չըլլանք նոր միջավայրի իրողութիւնեանը մէջ:

Ստեփան Աբէլեան
Սօսի Տապպաղեան, մեր զգացումներուն թարգմանն ես ընդանրապէս գրութիւններուդ ընդմէջէն : Այս ամիս մէկ տարի պիտի ամբողջացնենք Քէսապէն Հէռացումնիս: Ազատագրութենէն ետք այցելեցի տունս, Խանութներս, Գործարանս,կալուածներս, ճաշարանս որ տակաւին նորաբաց էր եւ շատ ճոխ : ԱՒԱՂ..... ամէն բան կորսուած : Հազիւ 6 որերու ընթացքին ,հոս հոն ցիրուցան ընտանեկան նկարներու մնացորդներ հաւաքեցի եւ հեռացայ ,գլուխս դնելու բարձ մը անգամ չգտայ : Տակաւին աջէն ձախէն Փամփուշտներու ձայներ անպակաս էին :Մարդիկ արագ արագ քայլերով հոս ու հոն կը վազվրտէին տեսնելու ահաւոր քանդումները եւ հրկիզուած հարազատներու տուները : սարսափի գիւղ մը դարձած էր երբեմնի մեր գողտրիկ գիւղը ,բոլոր օտարի թէ հայու ապաստանարան Քէսապը կարծես ուրուականներու քաղաքի վերածուած էր : Պատանի տղաս որ սարսափահար ,տժգունած ինձ փաթթուելով ըսած էր «Շատ կը վախնամ Հայրիկ» հեռաւոր Տուպայեն կը հարցնէր «խաղալիքներէս մէկ հատ կրնաս գտնել եւ բերել Հայրիկ» : Չէի ուզեր պատասխանել ....քանի որ բոլորն ալ փճացուցած էին այն ինչ որ չէին ուզած առնել: ուզեցի անպայման իր խաղերէն սի Տի մը գտնել եւ տանիլ :Ի վերջոյ Գտայ ....բայց բոլորովին պարապ դուրս եկաւ: երբ տարի տուի, յուսախաբ եղաւ եւ փլաւ: Պարտէզները որ մարդիկ տարիներ խնամած էին հրկիզուած: Սրբատեղիները, եկեղեցիները եւ գերեզմանները սրբապղծուած: տանս շուրջ գտնուած ծառերը կարծես Կատղած էին, բողոքելու ձեւ մը հաւանաբար ըսելու թէ ու թողուցիք ու գացիք .....եւ այդ գազաններուն նայելով ատոնք ալ գազանացած էին Կարծես:Արագ արագ բակի ծիրանի ծառէն հասուն ծիրաններ հափշտակեցի կարծես կը գողնամ իմ իսկ ծառի բերքը : Օտարին ներկայութիւնը սեփական սահմաններէն ներս անոր տէրերը օտարացուցած էր կարծես : Կուլ տուի հասուն ծիրանները անհագ եւ անկուշտ սովածի մը պէս :ինքզինքս կայպանէի ըսելով «ինչ է չտես դարձար» ,առանց անդրադառնալու որ ծիրաններուն շատը որդնոտած էին :առանց հոգատարութեան բնական երեւոյթ էր բայց կրծես իրողութեան անընդունելի ըլլալը չեզոքացնելու համար ալ աւելի կուլ տուի որդնոտները,ինչպէս կրնար ըլլալ որ ես 26 տարիներ որպէս Գիւղատնտես Քէսապի բոլոր պարտէզներուն հսկողն էի եւ դեղորայք հայթայթողը պայքարելու լաւագոյն ձեւով միջատներու եւ այլեայլ հիւանդութեանց դէմ թու հիմա իմ սփական ծիրաններս որդնոտած տեսնելու գաղափարը կուզէի մերժել: Այսօր մէկ տարի անցած է այդ դէպքէն :
 
 

No comments:

Post a Comment