Friday, July 24, 2015

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ



Յանկարծ սենեակին մէջ տիրեց ճերմակ լռութիւն: Տխուր մինակութիւն մը զգաց:
Կրկին անգամ այդ երեկոյ իր միտքը կարծես դարձեալ նոր ու տարբեր հոգեդարձ մը կ'ապրէր: Ճակատը անժամանակ քրտինք թափեց: Յայտնի էր, թէ բան մը կորսնցուցած էր: Տակն ու վրայ ըրած էր իր այդ կոկիկ ու կանոնաւոր սեղանը:
Այս իրար անցած մթնոլորտին մէջ հազիւ լսելի էր իր ցաւալի մրթմրթոցը.-
– Աստուած ի՛մ, ո՞ւր գնաց, ո՞վ առաւ, ի՞նչ եղաւ:
Իրարու ետեւէ արձակուած այս անպատասխան հարցումները զինք նոր ու անժամանակ մտահոգութեան մը գիրկը կը նետէին:
Ինք լաւ գիտեր, որ մենակութիւնը մարդուս ուժ կու տայ: Նաեւ կը հաւատար, որ մարդ իր
առանձնութեան մէջ ազատօրէն կրնար խորհիլ, յուզուիլ, ինքնիրեն կիսել ուրախութիւն, տխրութիւն եւ ամէն տեսակի սպասում եւ յուսախաբութիւն:
Անոր համար, ամէն երեկոյ պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու առանձնանալով աթոռին վրայ քանի մը վայրկեան հանգչելէ ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ բաներ մը արձանգրել:
Իր օրատետրն էր այդ մէկը:
Հաւատարիմ իր այս սովորութեան, ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, մօտ քառորդ ժամի սահմաններու մէջ, կարմիր կողքով, լայն գիծերով իր հաստ տետրակին մէջ կ'արձանագրէր քանի մը տող, որոնք օրուան գլխաւոր դէպքի մը կամ դէպքերու տպաւորութենէն ծնունդ առած էին:
Օրատետր կամ յուշատետր. ով ի՞նչ կ'ուզէ թող որակէ, ինք իր զգացումներն ու գունաւոր մտածումներու հոսքը կը շարադասէր, արագ եւ նոյնքան հեւքով ու անձայն: Յաճախ անտրտունջ եւ անշշուկ:
Ճիշդ հիմա, այդ տետրակն էր, որ կը փնտռէր:
Չկար: Չէր յիշեր թէ ո՞ւր դրած էր:
Աննկարագրելի ներդաշնակութիւն մը կար իր եւ իր այդ հինցած ու մաշած այդ էջերուն եւ տողերուն հետ:
Ապրուած կեանքի մը պատկերը, եթէ կ'ուզէք, ուր իւրաքանչիւր տող շոյանք էր եւ լոյս եւ շեշտ եւ հրապոյր: Ինչպէս նաեւ շատ յաճախ ալ ընդվզում եւ պոռթկում:
Այդ տետրակը, իր այդ իսկ վիճակով, զինք կը կապէր իր յուշերուն, որոնք կու գային դառնալ տեսակ մը ինքնակենսագրութիւն:
Յաճախ անոր էջերը կը թերթատէր, կը կարդար անձայն: Քիթին տակէն բաներ մը կը փսփսար: Կը խնդար: Յօնքերը կը պրստէր: Երբեմն ալ գլուխը աշնանային հովէն թողացող տերեւի նման կը շարժէր: Ապա վերջին կրկին վերադառնալու կամքով կը փակէր զայն ու կը պահէր իր սեղանին վրայ, իր գիրքերուն ամէնէն տակը: Ապահով եւ վստահելի:
Իսկ հիմա, տետրակը չկար, այն տետրակը, որուն էջերը յաճախ լեցուն էին շռայլ եւ ամեհի դէպքերով, որոնց կարելի չէր մօտենալ մտքի սահմանափակ իրավիճակով:
Հոն կային նաեւ հարցեր, միութենական, ընկերային, ընտանեկան, աւանդական: Այս բոլորը ցաւալի կամ ուրախ կային անսասան պատերու նման, որոնք ամէն անգամ իր մտքի շղթաները կը կապէին ամրօրէն եւ անգութ:
Անոնց տողերուն վրայ կային նաեւ իր մտքի ու հոգիի արտացոլումներու անհանգիստ վազքերն ալ, որոնց արձանագրութեան համար շատ ժամանակ եւ սիրտ վատնած էր:
Տետրակը, կարմիր կողքով հինցած ու մաշած կողքով, հաստափորփ էջերով իր միակ սեփական առարկան, հիմա չկար:
Չար սատանայ:
Մէկ խօսքով իր ապրած կեանքի վկան, ամէնօրեայ, ուրախ եւ տխուր պահերով լեցուն, որոնց միայն ինք կրնար մօտենալ եւ անոնց դռները յամարձակօրէն ամրօրէն թակել ամէն անգամ եւ ամէն իր ուզած պահուն, հոն իր դրած տեղը չէր:
Յանկարծակի յուզում մը պատեց դէմքը:
Տետրակին կորուստը յուսախաբ տխրութիւն բերաւ դէմքին:
Ի՞նչ ըսել է չկայ: Հոն էին իր երազին հետքերուն բոլոր գեղեցկութիւնները, տխուր իրականութիւններու ժամերուն հետ միատեղ: Իրարու քով եւ այնքան մօտ:
Յայտնի էր թէ տետրակը կորսնցնելու ուրուականը կսկիծ հոսեցուցած էր սրտէն: Նոր տաղտուկ մը, որ իր մաշող մարմինը ցաւով կը սարսռացնէր: Մէկ խօսքով կոյր անհանգստութիւն մը, որ զարմանքի կողքին քարէ տրտմութիւն մը գծած էր դէմքին վրայ:
Իսկապէս որ անոր զինք աւելի դժբախտ պիտի դարձնէր: Այդ մէկը ինք լաւապէս գիտեր: Անոր համար էր, որ տաղտկալի կրկներգի նման. ո՞ւր գնած, մեղայ, յարեա՞ւ, կը փսփսար շարունակ, անհասկնալի բառերով:
Հաստատ էր, թէ սենեակին մէջ ծնած էր լռակեայց տագնապը: Գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ մը կար: Սրտին մէջ մխրճուած էին մեծ յոյզեր, որոնք անդադար կարօտի փոխուելով կոկորդը կը սեղմէին: Պիտի լար եթէ չմամչնար:
Աչքերուն մէջ քարացած տեսիլքներով վերապրումներու անարժան յիշողութիւն մը փորձեց: Սենեակն ու սեղանը տակն ու վրայ ըրած էր, ամէն բան խառնած ու անմեղօրէն գտնելու յոյսը փայփայած:
Էհ մարդ երբեք չի կրնար պատկերացներ թէ հոն այդ տետրակին մէջ դրօշմուած ապրումներու կողքին կային նաեւ փուշի նման ցցուած մտածումներ, որոնց բառերը երբեմն կը դառնային մտածում ու թռիչք:
Կը հաւատար որ իր ըրածը կրնար յուսահատ պայքար մը ըլլալ: Բայց նոյն յամառութեամբ կը շարունկէր իր փնտռտուքը:
Չէ, որ հոն ազատօրէն ողջունած էր կեանքն ու աշխարհը: Այդ անիծեալ տետրակը իր երանելի օրերու հայելին դարձուցած էր: Խորհախորհուրդ ապրումներ՝ երկար ու կարճ տողերու հմայքին տակ: Իր ինքնութիւնը կար. կերտած էր, որոնք շատ յաճախ արձագանգներ կը բերէին սիրահարի մը նուիրումով:
Իր հոգիին նման թանկագին մասունքի նման պահած էր զայն երկար տարիներէ ի վեր ու հիմա այդ տետրակը չկար: Այս բոլորը անբացատրելի կարօտով յիշեց:
Ամէն օր «անոր» այցելած էր: Երբեմն վերաքաղ ըրած »անոր« տողերը, որոնց բառերը իր զգացումին արձագանգը հանդիսանալով, իր կեանքին տարբեր իմաստ տուած էին:
Այդ էջերուն հետ միասին կրած էին օրուան բեռը:
Իր մտքին խաղաղութիւնը փնտռելու համար պահ մը հանգիստ տուաւ ինքզինքին
Որոշեց դադար տալ: Աթոռին վրայ նստեցաւ: Փլած եւ տխուր: Յանկարծ իր յոգնած ու պղտորած աչքերու մշուշին մէջ տեսած էր տետրակը, գետինը ուրիշ գիրքերու կողքին անխնայ նետուած: Իր աճապարանքին մէջ անզգալաբար սեղանէն վար նետած ըլլալու էր:
Հրաշք: Սիրտը ինքնազսպումի ճիգ մը փորձեց: Ինքնածին երանութիւնը ցնցեց իր գոյութիւնը: Մթնոլորտի լեղի համը ցնդեցաւ:
Կամաց կամաց երանութիւնը դէմքին ժպիտ բերաւ: Կարծես կանաչ օրերն ու ժամերը վերադարձան: Կորսուածը, գտնուած էր:
Ապա անմիջապէս երկիւղած պաշտամունքով արագ մը վերցուց զայն: Անզուսպ կարօտով մը գրկեց ու վաղանցուկ աշխարհի ունայնութեան մասին բաներ մը շարելով ինքզինք արդարացնողի ճիգով մը յառաջեց.-
-Է~հ, անիծեալ ծերութիւն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

0րագիր

Պիտի գրեմ. Պէտք է գրեմ. Թէեւ ո՞վ պիտի կարդայ, վստահ չեմ. Խորքին մէջ օրագիրը ոչ ոք պէտք է կարդայ, բայց ես կ'ուզէի որ գոնէ մէկը կարդար. Ի՛մ մասիս. Քաղաքին, ուր ապրեցայ. Երկրին, որ ինչերէ կ'անցնի. եւ մարդոց, լեցուն մարդոց մասին, որոնք որքան նոյնը ըլլան, այնքան ալ տարբեր են, ամէն մէկը ինքը. Օրինակ՝ Վահանը. Վիոլէթին Վահանը. Կամ Վիոլէթը. Կամ երկուքը միասին, կարծես մէկ ըլլան, տարբեր են ու նման իրարու, շատ-շատ նման. Նմա՞ն թէ զիրար ամբողջացնող. Չեմ գիտեր. ահա՛, եթէ գրեմ գրեմ գրեմ իրենց մասին՝ լսածս, տեսածս, ապրածս, թերեւս գիտնամ: Սեպէ՛ թէ գիտցայ, յետո՞յ ...
Եթէ այդպէս է, եթէ «յետոյ»ն ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի ընէ, ուրեմն ինչո՞ւ է աս գրելս, ինչո՞ւ է գիրը ընդհանրապէս, մանաւանդ Գրիգորին կամ Վիոլէթին գիրը, ինչո՞ւ է արուեստը – երէկ որքան փիս էր պալէն օփերային մէջ, իբր թէ դուրսէն եկած, ճաբոնցի ֆրանսացի պարողներ. Ժոովուրդն ալ ինչպէս պրաւօներ կը բաշխէր. Ատ չորրորդական պարողները պիտի մտածեն՝ սա հայաստանցիները կարծես բան չեն հասկնար պալէէն – ինչո՞ւ էր ուրեմն քսան հազար դնելնիս եւ չորսով ելոյթի երթալնիս. Շատ-շատ ճաշարան երթալու էինք. Ամենէն վաւերական արուեստը նորէն կը մնայ ուտելու արուեստը, չէ՞ ...
Չէ՛. թէ ոչ ինքզինքս պիտի չպատռտէի գրելու համար. լաւի գէշի հարց չէ. պարզապէս գրելու հարցն է. թէ ոչ, Թամարը ինչո՞ւ հարիւր տարի ուշացումով քոնքրիթ բանաստեղծութիւն պիտի գրէր.
Բայց Աննան ուրիշ է. շատ լաւ է Աննան իր թուրք սէրերով, եւ իր անյասմիկ նոր քաղաքով. Իրաւ շատ լաւ է. գոնէ կը կարդացուի. Ոչ թէ Գրիգորին կամ Լեւոնին գիրքերուն պէս՝ մարդիկ չեն կարդար, բայց կը փառաբանեն. Չկերած ճաշդ կը գովե՞ս, նորէն կ'ուտե՞ս. ինչպէ՞ս նորէն ուտես, երբ դեռ չես կերած. Ատանկ ալ Գրիգորին եւ Լեւոնին վէպերը. Դեռ ալ նստեր վէպ գրելու մասին կը մտածեմ.
-Դուն քեզ աւելի բանաստե՞ղծ կը զգաս, թէ՞ արձակագիր:
-Բանաստե՛ղծ:
-Հապա ինչո՞ւ արձակ կը գրես:
Քեզի ի՛նչ թէ ինչո՛ւ արձակ կը գրեմ. Արձակս վա՞տ է. այսպէս թէ այնպէս դուն իմ գրածներս կարդացողը չես. բոլորին ալ գրածները կարդացողը չես. Օր մը, շատ շատոնց օր մը Խրախունի կարդացեր ես, Խրախունի գրեր ես եւ ... վերջ: Հոն ալ կեցեր ես, կամ մնացեր ես. ո՞ւր երթաս ատկէ ետք. Շատ շատ՝ ճաշարան, ուտելու. Քիչ մըն ալ ասոր-անոր հետ սիլի-փիլի ընելու – պայմանով որ «աս-ան» երիտասարդ ըլլան:
Ասանկ:
Որոշեր էի չգրել. Միայն կարդալ. գիրք է որ դիզուեր է հոս, ահագին դէզ մը. Ոչ մէկը սակայն կը գրաւէ, կը կանչէ. Ձեռքս կ'առնեմ «Գիշեր»ը եւ կը զարմանամ՝ ա՞յս է եւ այպէ՞ս է Հոլոքոսթի նկարագրութիւնը – աղջիկս, Սրբազանը քանի՞ անգամ պիտի ըսէ՝ մտաւորականները ողջակիզում ըսելու են: Հա՛, բայց նոյն այդ Սրբազանը քեզ մտաւորականի տեղ դրած ունի՞ ... – ի՞նչ կ'ըսէի, հա, հոլոքոսթը ապրած մարդու գի՞ր է ասիկա. Պարզապէս անուն է եւ գիրք ծախել. Եւ անշուշտ՝ հրեայ ըլլալ: Երկինքէն ինկած խնձորները քանի՞ հոգի համտեսեց. Է՜, ամէն ակռայի բանը չէ այդ գիրքը. Եթէ ես չկրցայ թարգմանել "I am the caca poet"ը, ո՞վ պիտի կարենար կարդալ ...
Հիմա ըլլար կրկին կը կարդայի, աղէկցող վէրք մը քերելու ցաւ-հաճոյքով. Բայց գիրքերս հոն մնացին. Հինգ հազարէն աւելի գիրքերս հոն մնացին. Եւ տետրակներս. Եւ օրատետրերս. Եւ ձեռագիրներս. Եւ մեծ-մօրս հարսանեկան հրաւէրը, 1912-էն, եւ մեծ-հօրս բացիկներու հաւաքածոն 1885-էն, եւ  ...
Ու հիմա գրել իսկ չըլլար այսքան բան կորսնցնելէ ետք. Կարծես զաւակ մը վիժած ըլլամ. Զաւակ մը, որուն գոյութիւնը կ'անգիտանայի, չէի զգացեր յղութիւնս, չէի զգացեր թէ ինչե՜ր ունիմ եւ ունեցեր եմ եւ դեռ պիտի ունենամ, որովհետեւ պարապ տետրակներ ալ կային, բազմաթիւ, տասնեակ մը պարապ տետրակներ, գեղեցիկ, ներշնչող ու ներշնչանք սպասող, եւ գրիչներ, կաղամարով գրիչներ ...
Եւ ղարաբաղեան գորգը գետնին, որուն վրայ փռուած ես եւ Սոնիան քոնիակ կը խմէինք եւ երազ կը հիւսէինք, Րաֆֆին մեզի հետ գետինը գորգին չէր, տիվանին էր, կարպետին վրայ, եւ վերէն կը դիտէր մեզ ու կը ծիծաղէր:
Յետոյ իրենք Գանատա գացին. Մնացինք ես եւ Գէորգը. Յետոյ Գէորգն ալ հեռացաւ, շա՜տ հեռու գնաց ու մնացի մինակ.
Վերջը ես ալ չկայի. Մնաց ճերմակ սենեակս, ճերմակ գրադարանս, գունաւոր ղարաբաղեան գորգս եւ կարպետս, եւ մնաց մեծ լռութիւնը փոքրիկ սենեակիս մէջ: Մնացին պատերէն կախուած սիրոյ խօսքեր, նկարներուն հետ:
Եւ մնաց մեծ սպասումը: Զոր պէտք է գրել մեռնելով:
Մարուշ Երամեան

Monday, July 20, 2015

ՀԱԼԷՊ ԷՐ ԱՆՈՒՆԸ ԱՆՈՐ…



...Եւ պատկերը աչքերուս առջեւ շա՜տ է գեղեցիկ, 
Ծաղիկն է թորմած ՝, 
Տերեւները կը պայքարին որպէս չիյնան՝ չի թափին, 
Իսկ ես՝ գէթ այս տերեւին նման չի կրցայ ըլլալ , 
Մինչդեռ ժամանակն ալ ինձ մտրակեց հեւի հեւ . 

Կորսնցուցի ես քաղաք մը՝ ուր ծնայ եւ ապրեցայ 
Կեանքէն երես մըն էր միայն ՝ , 
Հալէպ էր անունը անոր՝ ,եւ վարդ մըն էր կարծես ՝ 
իւրաքանչիւր օրը անոր զոր կ'ապրէի ես նախքան 
իսկ հիմա՝ տերեւի պէս ինկած , հեռուէն կը նայիմ 
Հալէպիս իմ շա՜տ գեղեցիկ ու երազային . 

Յաճախ հարց կու տամ ինքս 
Պիտի պայքարի՞ Հալէպ ալ այս տերեւին նման՝ .... 

Քրիստինա Տէր-Ստեփանեան 
/Christina Der Stepanian/ 


Պէյրութ / Armweeklynews.am 

Tuesday, July 14, 2015

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԶՈՐՍ ԿԱՐՕՏՈՎ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ



Այս գիշեր տարին իր կէսին կը հասնի, կը սկսի 2015 թուականի վայրէջքը:
30 յունիսի կէս գիշերին Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ սովորութիւն է ապակեղէն կոտրել` տուներէն դուրս շպրտելով:
Երբ ժամացոյցի սլաքը տասներկուքին մօտենայ, ամառնային օդին, բաց պատուհաններէն եւ պատշգամներէն նետուած ապակեղէններու ջարդ ու փշուր ըլլալու ձայներ կը լսուին:
Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ չարիք վանելու համար պատահածին վնասը բարիքի կը վերածուի անիւ նորոգողներուն հաշուոյն, որոնց խանութներուն առջեւ երկար շարքերով կը սպասեն ապակիի բեկորներէն ճեղքուած ինքնաշարժներու անիւները նորոգելու համար:
Փորձառուներ այդ օրը իրենց սեփական ինքնաշարժը չեն գործածեր` սպասելով փողոցներուն մէջ տարածուած ապակիի փշրանքներու մաքրութեան:
Աւելի ծանր, բայց նուազ պատահական է նաեւ, երբ նետուած տոկուն կտոր մը փշուր-փշուր կ՛ընէ թաղին մէջ շարուած ինքնաշարժի մը ապակիները, վնասուողը կը սկսի նետողին ինքնութեան ստուգման, ապա` հայհոյանքն ու կռիւը, որ կ՛աւարտի ողջամիտ դրացիներու հաշտարար միջամտութեամբ, երբեմն ալ կը հասնին մինչեւ թաղամասի ոստիկանատուն:
Միջնադարեան նախապաշարումներէն ժառանգուած այս անհաճոյ աւանդութեան ժողովրդային բացատրութիւնը այն է, որ երբ ապակեղէն մը կոտրի եւ «շէրը * գնաց» ասացուածքը արտասանուի, չարիքը կը խափանուի, խորքին մէջ այս մէկը, Պարոնեանի խօսքերով, «Արդարացուցիչ դէպք յանցանաց»-ն է: Նման պարագաներու ես ալ Գրիգոր Զոհրապի «Կոտրելէն ետքը» իմաստալից պատմուածքը կը յիշեմ մեր նախակրթարանի հայոց լեզուի դասագիրքէն, որ որպէս դաստիարակիչ նիւթ` կ՛աւանդուէր: Աղջնակի մը ձեռամբ կոտրած ծաղկամանի մը մասին է եւ անոր մօր խրատները, թէ` կոտրելէն ետք դժուար է բան մը վերականգնել:
Զիրար հակասող երեւոյթներ, ժողովրդային աւանդութիւնը եւ նորավէպի իշխանին գրական պատկերը, որուն դժբախտ մէկ օրինակն է սուրիահայ ջարդ ու փշուր եւ այժմ աշխարհով մէկ սփռուած մայր գաղութը:
Հալէպի մէջ այս գիշեր նետուած այդ կոտրուած չարխափան ապակեղէնները հաստատեցին, թէ ունայն են նախապաշարումները, որովհետեւ աւելի քան չորս տարիներէ ի վեր չարիքը իր սեւ սաւանը օրէ օր աւելի սփռեց, յոռետեսութիւնը իշխեց մարդոց հոգիներուն վրայ, ու դժոխային ռումբերը Հալէպի մէջ ջարդեցին ոչ միայն ապակի, այլեւ հնձեցին հազարաւոր մարդոց կեանքերը:
***
Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը ժողովուրդը «Ջուրի Զատիկ» կը կոչէ:
Վա՛յ անոր, որ Վարդավառի յաջորդ օրը` երկուշաբթի կէսօրուան ժամերուն անցնի մեր թաղերէն, հայ թէ տեղացի կը բռնուի պատշգամներէն ջրհեղեղի նման թափուած ջուրերուն տարափին տակ, մեծ ու փոքր կը նոյնանան այդ անհանդուրժելի աւանդութիւնը պահելու հրճուանքով, մինչ այդ ականջդ պիտի գոցես` ընդհանրապէս տեղացի թրջուած ռամիկներու բերնէն արձակուած պատկերաւոր հայհոյանքները չլսելու համար:
Օր մըն ալ պատահեցաւ, որ թրջուած անցորդներէն մին հրշէջ էր, վրէժխնդիր` վերադարձաւ հրշէջ ինքնաշարժով եւ ցուցարարներու վրայ ջուր սրսկող փողէն ջրհեղեղի տակ առաւ այն տունը, ուրկէ զինք որպէս թիրախ ընտրած էին:
Անցեալին, երբ ջուրի ընդհատում չկար, ջրամատակարարման հաստատութիւնը այդ օրը երբեմն կը միջամտէր` շրջանի ջուրը կտրելով:
Արեւմտահայաստանի լեռներէն բխող Եփրատի զուլալ ջուրը, որ կը հասնի մինչեւ Հալէպ, երազ դարձաւ, հեթանոսական օրերէն մեզի հասած, այդ անհաճոյ սովորութիւնը ստիպեց մեր հայրենակիցները հեթանոսական ըմբռնումներով ջուրն ալ դասել պաշտելի եւ անգտանելի նիւթերու շարքին, այժմ «Ջուրի Զատիկ»-ը տօն է, երբ շաբաթներով չորցած ծորակներէն ջուրը կը սկսի հոսիլ:
Դժբախտաբար բարիքի մը արժէքը կը գիտնաս զայն կորսնցնելէ ետք միայն:
Այս գիշեր ժամը տասներկուքին կը ցանկամ լսել Հալէպի փողոցներուն մէջ ջարդուած ապակիներու ձայները, երկու շաբաթ ետք ալ պիտի երազեմ պտտիլ Նոր Գիւղի հայահոծ թաղերուն մէջ ու թրջուիլ երջանիկ եւ պարզունակ իմ հայրենակիցներուս ջուրի զատիկի տօնախմբութեամբ:
Տէ՛ր Աստուած, վերադարձուր մեզի այդ անախորժ աւանդութիւններու վայելքը:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ

Այսօրուան երիտասարդութիւնը

Ամբողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը իրենց ապագան կը տեսնեն երիտասարդութեան մէջ. գիտութեամբ զինուած, զարգացած, հիներուն փորձառութեանց վրայ իրենց գիտելիքները գումարելով, անոնք կ՛երաշխաւորեն երկրի մը ու ժողովուրդի մը շարունակականութիւնը:
Հայաստանի մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ցոյցերը փաստեցին, որ մեր հայրենի երիտասարդութիւնը ոչ միայն մեր Հայրենիքի ապագայի գրաւականն է, այլեւ մեր ներկային մէջ ալ ըսելիք եւ ընելիք ունի:
Երբ մօտէն կը հետեւիս անոնց իւրաքանչիւր կոչին, շարժումին, վերաբերմունքին, կը հասկնաս, որ այս տղաքը անձնուրացութեան տիպար օրինակներ են, որոնք իրենց երկրին շահերը շատ աւելի գերադաս կը համարեն, քան իրենց անձնականը. նոյնիսկ անձնական շահի մասին խօսիլն անգամ անհեթեթ է, երբ իրականութիւնը պարզ ու յստակ կը տեսնես: Ճի՛շդ հակառակը իշխանութեան գլուխը գտնուողներուն:
Ելեկտրական հոսանքի սղութեան դէմ ծայր առած շարժումը մեզի համար որքան ալ տարօրինակ ըլլայ, որպէս ազատօրէն խօսելու եւ դժգոհութիւն յայտնելու համարձակութիւն, սակայն խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, շահուած ամենաթանկարժէք բանն է անկասկա՛ծ:
Հեռատեսիլով ցոյցեր շատ տեսած ենք աշխարհի զանազան կողմերը. ցոյցեր, որոնք վերջը վերածուած են ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու: Տեսած ենք, թէ ինչպէս պատեհապաշտ խուլիկաններ, խառնակ վիճակէն օգտուելով, վանտալիզմի դիմած են, վաճառատուներու ցուցափեղկերը փշրելով ու ալան-թալանի դիմելով: Ինչպէս նաեւ քաղաքական որոշ հոսանքներ, հոսող ջուրը դէպի իրենց ածուները շրջելու փորձեր ըրած են ու երկրին անդորրութիւնը խախտած, կամ ալ լռած են ու քաշուած հրապարակէն, երբ չեն կարողացած շարունակել:
Երիտասարդութեան միտքերն ու հոգիները դեռ մաքուր ու անարատ են, դեռ շահամոլութիւնն ու իշխանատենչութիւնը չեն կեղտոտած զանոնք եւ որքան փափաքելի է, որ մնան այսպէ՛ս, անապակ ու անեղծ:
Այս բոլորը կ՛ըսենք անշուշտ ցանկատեսութեամբ, սակայն կեանքի պայմաններն ու օրերու հոլովոյթը ինչերով յղի են, մարդ չի կրնար գուշակել: Մէկ բան սակայն մեզ կը գօտեպնդէ, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը ապրած ըլլալով իշխանութիւնն ու դիրքը շահագործող ու երկրին եւ ժողովուրդին վնաս հասցնողներու ժամանակաշրջանը, յանուն հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճումին, պիտի չնմանի անոնց ու երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի աւելի պայծառ հորիզոններ:
Հայաստանը թէ՛ պատմական եւ թէ բարոյական բոլոր պատճառները ունի նոր ոսկեդար մը կերտելու, եւ անոր գլխաւոր շարժիչ մեքենան երիտասարդութիւնն է: Պէտք է գայ այն օրը, ուր հայերը այլեւս շարք չբռնեն օտար դեսպանատուներու առջեւ, չդիմեն պանդխտութեան դէպի Ռուսաստան ու այլ երկիրներ. գացողները վերադառնան ու լծուին հայրենիքի վերաշինութեան:
Այսօրուան երիտասարդութիւնը յոյսով կը լեցնէ մեր սրտերը:
Յակոբ Միքայէլեան

ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ


Շատ պարզ է, որ մարդու համար ամենասիրելին կեանքն է: Ըսած են եւ կը շեշտենք, որ կեանքը պայքար է, կեանքը ինքնանպատակ չէ, այլ մարդկային հասարակութեան կեանքը բարելաւելու համար անընդհատ գործել ու ստեղծագործել է , կինսախինդ մղումով: 
Ուրեմն կեանքը բարւոքելու ձգտումը կ'ենթադրէ մարդկային աճի բարձրացում, բայց ոչ բոլոր միջավայրերու մէջ գոյութիւն ունի զարգացած եւ առողջ բնակչութիւն:
Վերջին մարդահամարի տուեալներով մեր մոլորակին վրայ կ'ապրին5,6 միլիառ մարդ եւ հետաքրքրականը այն է, որ բոլոր պետութիւններն ու գիտական շրջանակներուն լրջօրէն կը մտահոգէ, թէ մարդկային այս արագ աճը եթէ շարունակուի, ուրեմն ընդամէնը 50 տարուայ մէջ բնակչութիւնը պիտի կրկնապատկուի:Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան տարեկան աճը կը կազմէ 1,7% տոկոս, այսինքն ամէն տարի 93-94 միլիոն մարդ կը ծնի աշխարհի վրայ:
ՄԱկ-ը ամէն տարի 500 միլիոն Ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ«Միջազգային ընտանեկան ծրագիր»ի համար, նոյն նպատակով աշխարհի բոլոր երկիրներու հաւաքած եւ իրագործած գումարն է 4,6 միլիառ տոլար: Ուրեմն լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը տարուի, որպէսզի բնակչութեան աճը ըստ երկրի պայմաններուն ըլլայ կանոնաւոր եւ բնականոն, ուր մանաւանդ արագընթաց աճը թերզարգացած երկիրներու մէջ կը խանգարէ միջազգային առումով ընդունուած աճի բոլոր չափանիշերը:
Այստեղ ի՞նչն է ամենաուշագրաւն ու անլուծելին, որ վերոյիշեալ գումարները, որոնք կը ծախսուին՝ բնակչութեան աճի, բժշկութեան, գիտութեան տարբեր բնագաւառներուն եւ այլ աւելի լաւ ապրելու ու նպատակներ իրագործելու համար, անհամեմատելիօրէն ոչինչ են այն հսկայական ( անհաւատալի) գումարներուն հանդէպ, որոնք կը ծախսուին՝ զինուորական, զէնքի արտադրութեան, պատերազմներու համար:
Մեծ հարցականը կը ծագի, արդեօք վերջին դարու պատերազմները մարդկութեան աճի նուազեցմա՞ն ծառայած են...,թէ նոյնինքն ժողովուրդներու պատուհաս դարձած են այդ պատերազմները...եւ ապա յարատեւ պահանջք դարձած, որպէսզի կատարեն այս կամ այն պետութեան քաղաքական « մեծ» շահերը...պետութիւններ, որոնք «մարդկային բարձր իտէալներ»է կը ճառեն, որոնք շփոթած են՝ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, մարդկայնութիւնը, անկեղծութիւնը,խիզախումն ու իրաւունքը...անբարոյութեան, դաժանութեան, շահախնդրութեան, խառնակչութեան հետ:
Այսպիսով՝ մարդկային գեղեցիկ, երջանիկ ու յարատեւ, վեհ կեանքի սիրոյն կը պայքարինք, բայց մեծերը՝ կը քանդեն, կը սպաննեն, կ'ոչնչացնեն մարդ էակին բազում միլիոններով: Եւ դեռ կը զարմանանք, թէ առանց սպառազինումը դադրեցնելու կամ գոնէ նուազեցնելու, ինչպէս կը կազմակերպեն՝ խաղաղութեան աճի, գիտութեան, կենդանիներու պահպանման նուիրուած մեծ խորհրդաժողովներ: Այս բոլորը միթէ՞ մարդու եւ կեանքի համար են...երբ միւս կողմէ դաժանաբար պատերազմները կը շարունակուին, երբ սպանդը իր տարատեսակներով չէ դադրած, եւ թերեւս չդադրի ..ծիծաղելի է..., իսկապէս հակասական եւ անգութ աշխարհ: Արդարեւ հարազատ մարդասիրութիւնն ու բարութիւնը կը պակսի, կը նուազի քաղաքակիրթ աշխարհին: Ժ.Ժ.Ռուսոն ըսած է.« Մարդիկ, եղէք ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ: Այդ ձեր առաջին եւ ամենաէական պարտականութիւնն է»:
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Հրաշք – Հրաշալի


Մեր օրերուն ալ հրաշքներ կը պատահի՞ն, թէ այդ գերբնական երեւոյթին կը հանդիպինք միա'յն սուրբ գրային մեկնութիւններուն մէջ՝ Յիսուսի հրաշագործութիւններուն ընդմէջէն:
Անցեալ օր դիմատետրի բարեկամներէս մէկը իր էջին մէջ գրած էր.«Ժողովո'ւրդ, վերը Աստուած կայ, աղջիկս սկսաւ արեւը տեսնել...»: Փշաքաղուեցայ այս երկտողը կարդալով: Սուլեմէնիէ թաղամասին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով վնասուած էր աղջկան աչքը եւ որոշ ժամանակ դարմանումի հետեւելէ ետք, Աստուծոյ հրաշագործ միջնորդութեամբ՝ կրկին վերագտած էր իր տեսողութիւնը:
Կը յիշեմ, Հալէպ երբ մարդու մը որպիսութիւնը հարցնէին , պատասխանը անմիջապէս աս կ'ըլլար.«Լաւ ենք, հրաշքով կ'ապրինք(կոր)»: Ամէն վայրկեան պատուհասի ենթակայ մարդիկ կը հաւատային ու կը հաւատան հրաշքի զօրութեան: Հրա՞շք, թէ ճակատագիր: կ'երեւի երկուքը: Անոնք որոնք պատերազմի հետեւանքները իրենց մաշկին վրայ կը կրեն՝ ճակատագրի կը վերագրեն պատահածը, իսկ անոնք, որոնք կը փրկուին՝ հրաշքի: 
«Հրաշք» ը , որ սրբութեան համազօր բառ մըն է մեզի համար, հո'ս Երեւանի մէջ իր գերբնական իմաստը կորսնցնելով դուրս եկած է կրօնական նեղ առումէն եւ որպէս սովորական բառ շռայլօրէն տարածում գտած է: 
Մենք հանդիպեցինք
Շատ սովորական- հասարակ ձեւով
Որ հրաշքները իրենք էլ դառնան
Շատ սովորական – հասարակ բաներ...
Պ.Սեւակ
Եւ այսպէս հրաշքը գրեթէ ամէն տեղ է: Հրաշք երեխայ, հրաշք պատկեր, հրաշք մանուկ, հրաշք միջոցառում, հրաշք կինօ, հրաշք աղջիկ, հրաշք ծաղիկ, հրաշք ըմպելիք, հրաշք տորթ...եւայլն: 
Վերը յիշուած «հրաշք»ները բոլորը կը կրեն հիասքանչի, ապշեցուցիչի, բացառիկի, սքանչելիի եւ հիանալիի իմաստները: 
Հակառակ անոր որ արեւմտահայերս վերոյիշեալ « հրաշք»ի լայն գործածութեան սովորութիւնը չունինք, այնուամենայնիւ արեւմտահայերէնի բարդ բառերուն մէջ ալ կարելի է հանդիպիլ « հրաշ»ներու. այսպէս օրինակ՝ զարմանահրաշ, հրաշակերտ, հրաշափառ , հրաշալի ...եւայլն: 
Հրաշք եւ հրաշալի՝գեղեցիկ ու ազդեցիկ բառեր: 
Այս բոլորէն ետք, մաղթենք, որ Հալէպի մէջ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ մի'շտ անպակաս ըլլան մեր ՀՐԱՇԱԼԻ ժողովուրդին համար: 
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

Հայ Կեանքը եւ Հայ Մտաւորականը



Շատ հաւանաբար, ինծի նման շատեր, յաճախ զարմացած, իրենք իրենց հարց տուած են, թէ մեր ներկայ սովորական կեանքէն ներս, երբ ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ, նորութիւններ եւ անակնկալ փոփոխութիւններ ակամայ մեզ դիմաւորած ու մեզ հիմնովին շշմեցուցած, շփոթանքի մատնած եւ կամ ալ ապշեցուցած են, յանկարծ մեր ազգային կեանքի հրապարակին վրայ մեծ բացակայ մը նշմարած ենք: 
Խումբ մը մարդոց, ազնիւ հոյլի մը զգալի բացակայութիւնը, որուն մտաւորականութիւն կ'անուանենք: Ո՞վ է այս մտաւորական ըսուածը դարձեալ մենք մեզի հարց տուած ենք եւ աւելցուցած՝ թէ ի՞նչ է իրեն սահմանուած եւ կամ վստահուած դերը մեր կեանքին մէջ եւ իբրեւ պատասխան ունեցած ենք մեր դէմքին վրայ անորոշութեան խորհրդանիշը ցուցաբերող սովորական արտայայտութիւնը:
Եւ տակաւին, չեմ յիշեր, որ օր մը, մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն եւ կամ զանազան ժողովներուն օրակարգի նիւթ դարձուցած ըլլանք նոյնինքն մեր այդ մտաւորականը: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ մտաւորական ըսուած համեստ մարդը, իր օրապահիկը ապահովող պարզ արհեստաւոր մը չէ: Այսպէս անկիւն մը քաշուած միշտ կը մտածէ, միշտ կը գրէ եւ հազուադէպօրէն իրեն առիթ կը տրուի «բան մը» ըսելու՝ կը խօսի:
Մտածող միտք մը ըլլալով հանդերձ, լաւ դիտող մըն ալ է, որ ունի իր անձնական հաստատ համոզումն ու տեսակէտը, որ իր իւրայատուկ ձեւով դատելու առաքելութեամբ մը օժտուած, սովորական եւ ընթացիկ եզրակացութենէն վեր եւ տարբեր մօտեցումով ու անկնոցով կ'արտայայտուի ու կը բացայայտէ ամէն հարց: Ան ինքզինքին նման իրաւունքներու տէրը դարձուցած կամ շնորհած անձ մըն ալ է, որուն ամէնօրեայ ներկայութիւնը կը փնտռենք յուսահատօրէն:
Ահա մեր մտաւորականին անձագիրը: 
Անոր համար է, որ կը կրկնենք, թէ մտաւորականի խօսքը, իր մատնանշումներն ու թելադրանքները եւ նոյնիսկ իր քննադատութիւննրը, թէ' կշիռք են եւ թէ' ալ ձեւով մը մեր կեանքին նորութիւն բերող, նոր աւիշ եւ ուժականութիւն տուող ու ներշնչող ազդակներ: Անոր հաստատ կարծիքը իր բարերար դերը ունեցած է մեր ազգային կեանքին մէջ:
Արդ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք այս բոլորին, ուրեմն պարտաւոր ենք տուն եւ տեղ տալ անոր, յարգել անոր հրամցուցած տեսակէտներն ու մօտեցումները, ցուցմունքներն ու թելադրանքները: Պարզապէս զինք լսել: Հրապարակ բերել: Դուրս բերել մեր սահմանած իր մենութենէն: Թո'ղ, ան ինքն իր մէջ քաշուած սաղմէն ու պատեանէն դուրս գայ ու կրկին անգամ մեր մտքերուն ու գործերուն առողջ ու նոր առաջնորդը դառնայ: Թոÿղ, իր քննադատող եւ նոյնիսկ ծայրայեղ խօսքերով կատարած մատնանշումներով մեզ զգաստութեան հրաւիրէ: Թո'ղ, պոռա', թո'ղ աղմկէ: Կանչէ': Հայրենի եւ Սփիւռքեան մեր մտաւոր հրապարակները, թո'ղ կրկին անգամ իր ձայնով, իր ներկայութեամբ լեցուի, փայլի, խանդավառուի, ճոխանայ, հարստանայ, սրբագրէ, յանդիմանէ եւ գնահատէ: Թո'ղ . . . թո'ղ . . .: Այս բոլորով հանդերձ, մեր մօտ, մեր հայ իրականութեան մէջ բացայայտ է, թէ երբ մէկու մը եւ յատկապէս մտաւորականի մը կողմէ կարծիքի տարբերութիւն մը կը մատնանշուի, անմիջապէս այս քննադատութիւն ըսուածը կը վերածուի, կը վերափոխուի եւ կամ կը մեկնաբանուի թշնամանքով, ընդդիմութեամբ եւ ասոր իբրեւ արդիւնք արտայայտողը կը նկատուի մեզի հակառակորդ տարր: Մեր ընտանիքներէն ու հարազատներէն սկսած, մինչեւ մեր միութենական կամ կազմակերպական կեանքէն ներս եւ նոյնիսկ մեր պետութեան մօտ, այս բոլորը բացայայտ, ցաւալի ու նոյնիսկ ողբալի իրականութիւններ են: Որովհետեւ բոլորս ալ կը խրտչինք քննադատութիւն ըսուած ճիւաղէն, կը սարսափինք անոր ներկայութենէն: Զայն մեր իրաւունքներուն մեծագոյն եւ գերագոյն թշնամին կը համարենք: Մեր մտաւորականութեան բացակայութիւնը: Ճիշդ է: Այս մէկը ամէն տեղ է: Մեր մտաւորականը չի խօսիր. կամ շատ քիչ անգամ՝ երբ իրեն առիթ կը տրուի կ'արտայայտուի: Երբեմն ալ նոյնիսկ չի համարձակիր արտայայտուիլ: Մենք զինք ամէն ձեւով մեկուսացուցած ենք: Չենք ուզած զինք լսել: Վշտացած ենք իր բառերէն, խուսափած՝ իր ներկայութենէն, վախցած՝ իր խօսքերէն եւ մեկնաբանութիւններէն:
Ուրեմն մեր իսկ ստեղծած պայմաններուն պատճառով մեր մտաւորականը քաշուած է հայկական հրապարակէն ու առանձինը կ'ապրի: Ոչ տեսակէտ կÿարտայայտէ եւ ոչ ալ մենք իրեն կը մօտենանք իր կարծիքէն օգտուելու համար: Այս բոլորը անոր համար, որ մենք, ընդհանրապէս գոհ ենք մեր ներկայ այս վիճակէն, մեր ազգային կեանքին ներկայ այս հանդարտ մակընթացութենէն եւ տեղատուութենէն: Ոչ կ'անհանգստանանք եւ ոչ ալ մեզ անհանգստացնող ունինք կամ կ'ուզենք ունենալ: Բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կ'ուզենք ազգային հաւաքականութեան մը գոյատեւումն ու բարգաւաճումը տեսնել, եթէ նոյն այդ հաւաքականութենէն ներս բացակայ է դրական քննադատողի գրիչն ու խօսքը, անոր ձայնն ու մատնանշումները: Չէ՞, որ յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է շինիչ քննադատութեան մը հաստատ ներկայութեամբ: Ուստի մեր շուրջը ոչ վէճ կայ եւ ոչ ալ վիճաբանութիւն: Այս արեւուն տակ ամէն բան սահուն կ'ընթանայ: 
Ահա քեզի սփիւռքեան ինքնախաբէութեան . . . : Եւ այս բոորին վրայ տակաւին կրնանք մենք զմեզ արդարացնել. . . : Այսօր, երբ ամէն տեղ մեր ազգային պայմաններն ու վտանգները փոխուած են ու դարձած ճակատագրական եւ երբ մեր մշակոյթը ենթարկուած է համաշխարհայնացման. մեր մտաւորականն է, որ կապ պահելով օրուան շարժումին պիտի փորձէ մեզ առաջնորդել մեր սկզբունքներուն, մեր պայքարի վճռական հաստատութեամբ եւ համոզումով: Իր անձին վերապահելով առարկայական ցուցմունք ներով մեզ առաջնորդելու անգիր իրաւունքը, մտաւորականը իր գրիչով մեզ թարմ ու այժմէական պահելու կոչուած է: Մեզի կը մնայ ունենալ քաջութիւնը զինք իր մենաստանէն դուրս բերելու ու մեր առօրեային զինք գործնականապէս մասնակից դարձնելու: Ժամանակը հասած է, որ խօսքը գործի վերածենք: 
Մտաւորականը, իր ստեղծագործ մտքի անդուլ եւ անդադար հետեւողականութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել իր եւ արդարացնել իր ներկայութիւնը, եթէ իրեն առիթ տանք: Էականը մեր մտաւորականին վերադարձնելն է խօսքի ու մտքի ազատութիւնը: 
Այսքան պարզ եւ յստակ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հրաշք Հալէպ

Երբ տասնհինգ– տասնվեց տարեկան էի, զզուելիէր ինձ համար սուրիացի ըլլալը, կը կարդայի օտար վէպեր, կը լսէի Էլվիս Բրեսլի, կուզէի կեղծել արեւմտեան կենցաղ…
Կեանքի հոսանքը զիս տարաբերեց զանազան երկիրներու մէջ, շարունակ հարցնելով ինքզինքիս « ես ո՞վ եմ».
Ամերիկաի մէջ, ամերիկացի չեմ.
Իմարադի մէջ, ոչ իմարադցի.
Յորդանանին մէջ, օտար մը.
Հայաստանի մէջ, տաճկահայ. 
իսկ այսօր եւրոպայի մէջ կղզիացած.
Քիջմը ուշ՝ բայց ոչ կորսուած, գիտեմ թէ ով եմ.
Ես ոչ սուրիաի, այլ Հալէպի չորս թաղի մէջ սերմանուած ՀԱՅ հունտի հասուն, կտրիճ միրգնեմ, երկարած Ճտէյտէեն մինչեւ Նորգիւղ. 
Մահամերձ Հալէպիս արտաքսուած զաւակնեմ.
Ազնիւ Հալէպակիցներս՝ Հալէպը յարութիւն պիտի առնէ՝ ու արար աշխարհ զարմանքով պիտի դիտէ, ոչ թէ Երազային Հալէպ… նորածինին անունը պիտի ըլլայ՝
ՀՐԱՇՔ ՀԱԼԷՊ
Ծովիկ Կարապետեան

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀԱԼԷՊԸ ԵՐԲԵՄՆԻ «ԴՊՐՈՑՆԵՐ»ը ...ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐԸ



Այս օրերուն հանրութեան առօրեային մէջ կարելի՞ է հանդիպիլ բազմաթիւ էջերու վրայ միեւնոյն կնիքով դրոշմուած գիրքի մը:
Պատասխանը խոշոր տառերով` «ՈՉ» է:
Խօսքս ժողովրդային գրադարաններէ փոխ առնուած գիրքերու մասին է, ժողովրդային բառը կը գործածեմ, որովհետեւ ակումբներու կամ միութիւններու գրադարանները ժողովուրդին առջեւ բաց էին առանց տարիքի եւ, մանաւանդ, գաղափարի խտրութեան: Ընթերցասէր հայ մարդը թերեւս միակն էր, որ գիրք ճարելու համար ոտքը «ուրիշ» ակումբ կը դնէր:
Այս երեւոյթը եւ գրադարանները պատմութեան անցան, կամ թանգարանային դերակատարութիւն ունին:
Հեռատեսիլը, ապա վիտէոն, համակարգիչն ու համացանցը, վերջինը` բջիջային հեռաձայնը իր արդիական տեսակներով, հսկայական մատենադարաններ դրին մարդոց գրպաններուն մէջ:
Տակաւին նախակրթարանի գրասեղաններուն վրայ, մեր մէջ ընթերցանութեան առաջին խայծ ու կայծ նետողը մեր երիտասարդ ուսուցիչ Վահէ Ժամագործեանն էր, պարբերաբար կը կարդար Մալխասի «Զարթօնք»-էն, անհամբեր էինք դէպքերուն հետեւելու, ուստի մաքսանենգի հոգեբանութեամբ առաջին անգամ ոտքս դրի ՀՄԸՄ-ի Թիլելի ակումբի «Քրիստափոր գրադարան»-ը: Պահ մը յուսախաբութիւն ապրեցայ, որովհետեւ գրադարանի երեք շարք «Զարթօնք»-ներու բոլոր հատորներն ալ առնուած էին, ուրեմն ինձմէ աւելի ճարպիկներ ալ կան եղեր:
Ընկ. Սողոմոնը` բոլորին ծանօթ գրադարանի վարիչը, թելադրեց, որ սպասեմ, կրնայ պատահիլ, որ փոխ առնող ընթերցողներէն մին վերադարձնէ, այդպէս ալ եղաւ, թէեւ ուրիշ ուզող ալ եկաւ, բայց արդարամիտ եւ ինծի համար անծանօթ ընկ. Սողոմոնը զիս յուսախաբ չըրաւ այդ օր:
Առաջին անգամն էր, որ Քրիստափոր անուան կը հանդիպէի, հիմա շուրջ յիսուն տարի ետք յետադարձ հայեացքով մը կը մտաբերեմ «Վիտոշի բազէ»-ն եւ իր գաղափարախօսութիւնը, որմէ ներշնչուած են բազմահազար հայորդիներ: Գիրքի բազմաթիւ էջերուն վրայ դրոշմուած էր` «Քրիստափոր գրադարան», հիմնուած` 1919-ին:
Քանի մը տարի ետք հարիւրամեայ ադամանդեայ յոբելեանն է «Քրիստափոր գրադարան»-ին: Թէ ինչպէս եւ ինչ տարողութեամբ պիտի տօնախմբուի այս առիթը, բնականաբար կախում ունի պատերազմական վիճակէն:
Ժողովրդային գրադարանները յատուկ ուսումնասիրութեան նիւթ են, ահաւասիկ ատաղձ մը` Հալէպի Համազգայինի հայագիտական դասընթացքներու շրջանաւարտներուն որպէս աւարտաճառ:
Համառօտ ակնարկ մը նետելով, յիշողութեանս ապաւինելով` պիտի թուեմ այդ փարոսները: Սկսելով «Քրիստափոր գրադարան»-էն, որ համանուն պատանեկան միութեանն էր, արդէն քսանհինգամեակ մը բոլորեց Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան մէջ: «Հոգետուն»-ի մէջ կը գործէր Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան «Տիգրիս գրադարան»-ը այժմ փոխադրուած` Նոր Գիւղ միութեան սեփական շէնքը: ՀՄՄ-ի ակումբին մէջ` «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Փերուզ Խանզատեան» գրադարանը: Նոր Գիւղի «Վարանդեան» պատանեկան միութեան համանուն գրադարանը, որ ապագային միացաւ «Քրիստափոր»-ին: Միեւնոյն թաղամասի Զաւարեան վարժարանի «Զաւարեան գրադարան»-ը, այս միակն է որպէս նախակրթարանի մը գրադարան, սկզբնական շրջանին «Զաւարեան»-ը ազգային վարժարան չէր, ան դաշնակցական այնթապցիներուն հիմնած կրթամշակութային միութեան նախակրթարանն էր, որոնք բաժնուած էին «Կրթասիրաց»-էն, այս մէկն ալ ունի իր «Պողարեան» գրադարանը: ՍՕ Խաչի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղւոյն «Նայիրի» մասնաճիւղը վերջին քսանամեակին հիմնեց նաեւ գրադարան մը, ընդհանդապէս մասնագիտացած` մանկապատանեկան գիրքերով:
Պատերազմի թոհ ու բոհին, այլազան աղէտալի կորուստներու շարքին է նաեւ Մարաշի «Գերմանիկ- Վասպուրական» միութեան գրադարանը, որ տաք ճակատի վրայ ըլլալով` մեսրոպատառ գիրքերէն մաս մը վնասուած են:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի գրադարանը մեր ուսումնական տարիներուն կը յատկանշուէր իր բազմալեզու պահեստով, մայրենիի կողքին` արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն. վերջին տարիներուն, երբ ֆրանսերէնի ուսուցումը վերահաստատուեցաւ, դասաւանդող ծանօթ ուսուցչուհի մը սքանչացած էր գրադարանի անցեալէն պահուած ֆրանսերէն հաւաքածոյի ճոխութեան: Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարանի աշակերտները կը յաճախեն դպրոցին մերձակայ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ կեդրոնի գրադարանը:
Առհասարակ Սուրիոյ տարածքին գործող բոլոր հայկական վարժարաններուն մէջ տիրական ներկայութիւն են գրադարանները` տեսչարաններու կամ ուսուցչարաններուն մէջ:
Ամրան արձակուրդին մանկապատանեկան յիշատակներէս հաճելի էր, երբ ամէն կիրակի եկեղեցիէն ետք կը յաճախէի Քեսապի ժողովրդային գրադարանը «Գրադխանա»-ն, ուրկէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. քեսապցին սնած էր իր առաջին մտաւորական կայծերը:
Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի հիւղաւաններուն մէջ կայք հաստատած սերունդին հանապազօրեայ հացին հետ կարեւոր էր մայրենի լեզուի իմացութիւնը, տեղւոյն տախտակաշէն եկեղեցիները ծառայեցին որպէս դպրոց, սակայն իր օրապահիկը ապահովելով մտահոգ չափահասներուն համար ժողովրդային այս գրադարանները փոխարինեցին դպրութեան տաճարները, որոնցմէ զրկուած էին այլ բազմաթիւ հաճոյքներու շարքին: Լուսահոգի տարեց բարեկամ մը` Վարդան Սվաճեան, որ այդ ընթերցասէր զանգուածին մաս կը կազմէր, շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան` կօշկակարութենէն հասած էր ուսուցչական ասպարէզ, ան կը պատմէր, թէ ընթերցողներ հերթի կը կենային գրադարաններուն առջեւ:
Մեր գրադարանի վարիչ ընկ. Սողոմոն Շահինեանն ալ, վերոնշեալ իր սերնդակիցներուն նման, մոլի ընթերցասէր էր, որովհետեւ լաւատեղեակ էր գիրքերուն պարունակութեան մասին, ան յաճախ որպէս «գրաքննիչ»` անչափահասներու չէր յանձներ որոշ գիրքեր` «Վոսփորի գաղտնիքը» «Արիւնալի մարքիզուհին» կամ «Արդիական սեռագիտակ»-ը:
Հալէպի մէջ մտաւորական եւ բանասէր շրջանակներ կը յաճախէին նաեւ «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանը, որ մասնագիտացած էր մամուլի հաւաքածոներով:
Քսաներորդ դարավերջին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի հալէպածին երբեմնի ժրաջան տնօրէն Զաւէն Եկաւեանն ալ հիմնեց «Եկաւեան մատենադարան»-ը, որ իր ճոխ եւ արժէքաւոր հատորներով շուրջ տասնամեակ մը հալէպահայութեան գրասէր ընտրանիին ժամադրավայրն էր:
Վերջերս պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ռմբակոծումի ենթարկուած մուտքի բաժինին հարաւային կողմը կը գտնուի նորահաստատ Բերիոյ թեմի Ազգային մատենադարանի սրահը. այս մէկն ալ մշակութասէր առաջնորդին` Շահան սրբազանի իւրայատուկ իրագործումներէն էր, որուն վերականգնումը հալէպահայութեան բազմաթիւ այլ անուրջներուն հետ կախուած է պատերազմի սպասելի աւարտէն:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ

ԳԱՆՁԵՐՈԻ ԿՂԶԻՆ


Մանուկներու յատուկ անյագ հետաքրքրութեամբ՝ իննամեայ անուշիկ Հէլէնիկս, կը խառնշտկէր տուփեր, գզրոցներ, դարակներ կարծես գանձ մը կը փնտռէր: Մէյ մըն ալ տեսայ որ մաքուր տախտակամածին վրայ քով-քովի սկսան շարուիլ մանր –մունր իրեր, զորս եղած տեղէս ի վճակի չէի զանազանելու:
-Ին՞չ կ'ընես Հէլէն,- ձայնս բարձրացուցի.տունը նոր մաքրած եմ, խնդրեմ, մի՛ աղտոտեր: Եւ մօտեցայ նայելու:
Քաշելով- քաշքշելով յաջողած էր լեփ-լեցուն գզրոցը դուրս հանել եւ հիմա կը խուզարկէր բովանդակութիւնը:
Ինծի համար եւս անակնկալ յայտնութիւն մը եղաւ. իր քով պպզեցայ եւ ուշադրութեամբ սկսայ քննել յայտնաբերուած խառնիճաղանճը: 
Տարիներէ իվեր այդ գզրոցին գոյութիւնը մոռցած էինք:
Վստահ եմ որ ամէն տուն օժտուած է նման գզրոցով մը կամ տուփով, որ «փրկութեան լաստ» ի դեր կը կատարէ:
Յաճախ մեր ձեռքը բան մը կ'անցնի, որուն չենք գիտեր ինչ ճակատագիր տնօրինել, կամ ուր պահել, եւ անմիջապէս այդ դարակին մէջ կը նետենք, այն յոյսով որ օր մը պէտք կրնանք ունենալ: Անշուշտ այդ օրը երբեք չի հասնիր եւ հոն իրարու վրայ կը կուտակուին, թէ՛պիտանին եւ թէ՛ անպէտքը: 
Ահաւասիկ match box series ինքնաշարժ մը, մեծ տղուս ամենասիրած խաղալիքը: Ամուսինս յատկապէս իրեն համար մէկ տուփ Ամերիկայէն բերած էր:Տղաս կը խաղար եւ յետոյ զանոնք խնամքով կը պահէր, սակայն փոքր եղբայրը բոլորն ալ կորսնցուց կամ կոտրտեց: Այս մէկը սակայն անկիւն մը պահուըտած ըլլալուն , կրցաւ զերծ մնալ համատարած սպանդէն եւ միայն անիւ մը զոհ տուաւ: Հոս էր անուշիկ Barbie պուպրիկը, որ փոքր աղջկաս համար գնած էի. ժամանակին կատարեալ գեղեցկութեան մարմնացում էր, իսկ հիմա գզգզուած մազերով,անճոռնի վհուկի մը վերածուած էր: Միւս աղջկաս համար, որ շատ կը սիրէ հագուստներ կարել, հիւսել, խաղալիքէ կարի մեքենայ մը գնած էի, այժմ կիսակործան վիճակի մէջ, բայց իր կարած հագուստին մէկ թեւը վրան էր տակաւին: 
Յանկարծ մարմնէս սարսուռ մը կ'անցնի. հին –հին դարուց յիշատակ այս կոճակը ուրկէ՞ ուր հոս հասած է: Իմ նշանտուքի հագուստիս ոսկեգոյն կոճակն է. հագուստը անհետացած է , բայց ինք կենդանի մնացած: Միտքս վայրկենական ոստում մը կը կատարէ դէպի անցեալ, տասնամեակներ կը նահանջէ եւ կ'երեւի շատ երիտասարդ, ամօթխած աղջիկ մը իր նշանածին քով նստած, ներքուստ ուրախ, բայց միաժամանակ տագնապահար. Կեանքի նոր հանգրուան մը պիտի թեւակոխէ . նոր արեւածագ մը պիտի դիմաւորէ: 
Քիչ մը անհանգիստ կը զգամ: Աս ինչ թափթփածութիւն կը մտածեմ: Բայց յետոյ ես զիս չքմեղացնելու փաստեր կ'որոնեմ եւ բարեբախտաբար շուտով կը գտնեմ: 
Երբ բոլոր զաւակներս մանկութեան տարիները այլեւս իրենց ետին թողած էին, ես հաւաքեցի բոլոր խաղալիքները, որոնք տակաւին անվթար պահած էին իրեց առողջութիւնը եւ տարի մօտակայ եկեղեցւոյ աղքատ մանուկներու զամբիւղին մէջ զետեղեցի: Իսկ մեր մօտ մնացին ջարդին զոհերը:
Ահաւասիկ բանալիներու տրցակ մը, երբ գողեր մտան շէնքին մէջ եւ բոլոր դրացիներս ստիպուած փոխեցինք մեր կղպանքները: Այս ճմռթկուած դիմակը աղջկաս հանդէսէն մնացած է. քովն ալ փայլուն հուլունքներով թագը:Գեղեցիկ իշխանուհի մը եղած էր. Ես զմայլած զինք կը դիտէի: Առաջին զաւակի մայրական խանդավառութիւնս անսահման էր:Սակայն իւրաքանչիւր զաւակի հետ խանդավառութիւնն ալ սկսաւ նուազիլ. Երբ վեցերորդին հասայ այդքան ալ ուրախութեան կամ յուզման ապրումներ չունեցայ այլեւս: Ուրախութիւնը պարտականութեան վերածուած էր :
Պրոնզէ մաշած փականակալ մը, որ աշակերտները նուիրած էին ամուսինիս, վրան իր անուան սկզբնատառերը փորագրուած : Շղթան կոտրուած էր եւ անգործածելի դարձած : Բայց տակաւին կը յամենայ մեր դարակին մէջ:
Այս փլասթիքէ ըմբիշները եւ զինուորները, մէկը կաղ , մէկը թեւատ, որքան պատերազմներ մղած են, մանչերուս ձեռքերով եւ անշուշտ անոնց հետեւող անխուսափելի կռիւները, պոռչտուքները,
- Ես յաղթեցի, 
-Ո՛չ ես յաղթեցի :
Իմ սաստումներս , յանդիմանութիւններս, երբեմն ալ ապտակ մը, երբ համբերութեանս բաժակը կը յորդէր(Սու՜ս հոգեբանները չլսեն): Ահաւասիկ շատ սուղ արժող գրիչի մը թաւշապատ տուփը, հապճեպով կը բանամ, բայց ակնկալելի էր յուսախաբութիւնս, տուփը պարապ է:
Հապա այս վակոն՞ը, գեղեցիկ կառաշարին միակ վերապրողը: Տղաքս որքան կը խաղային եւ կը հրճուէին:
Շոգեկառքը փուֆ- փուֆ,
Արագ- Արագ կը վազէ.
Բայց այդ շոգեկառքը միշտ մէկ ուղղութեամբ կը վազէր. ....դէպի Հալէպ: Իրենց համար անծանօթ այդ քաղաքին անունը այնքան լսած էին իմ եւ ամուսինիս բերնէն, զոր միշտ կարօտով կ'արտասանէինք, որ իրենք ալ մեզ միշտ Հալէպ կը տանէին շոգեկառքով: 
Անշուշտ անխուսափելի են կնունքներու ,տարեդարձներու , կամ ալ հարսանիքներու առթիւ տրուած փոքրիկ յուշանուէրները, որոնք սկիզբը պատուոյ հիւրեր են, կը գրաւեն երեւելի դիրքեր, սակայն մի քանի ամիս յետոյ գահընկէց կ'ըլլան, օր մըն ալ վտարանդի դառնալու համար: Հիմա իմ ձեռքս կ'անցնին մի քանիները: Եւ ժամացոյցին սլաքը նորէն ետքայլ կ'ընէ: 
Ահա Սիլվիային տասնըհինգ տարեկանի «սուվընիր»ը. հիմա ինք արդէն երեք զաւակի մայր է: Աս ալ Յովիկին կնունքինն է. տղուս դասընկերը, փայլուն երկրաչափ մը, որ տխուր վախճան մը ունեցաւ: Եւ այսպէս տարիները մէյ մը առջեւ մէյ մը ետեւ կ'օրօրուին, դէմքերու խճանկար մը կը կազմուի, անցեալի գունագեղ պաստառին վրայ:
Որքա՜ն ժամանակ մնացի այս վիճակին մէջ, չեմ գիտեր. կ'երեւի բաւական երկար, որովհետեւ մէջքս սկսաւ ցաւիլ:
Հիմա յարմար առիթ մըն է կը մտածեմ, որ վերջապէս մաքրագործութեան լծուիմ եւ աղբամանի թեկնածուները զատեմ: 
Երբ ընտրութիւնը կատարեցի եւ պատրաստուեցայ տոպրակին մէջ դնելու զանոնք, կարծես բոլորն ալ , թէ՛ փրկեալները եւ թէ՛ մահապարտները աչքերուս նայեցան պաղատագին եւ խնդրեցին որ անգութ չըլլամ,այսքան երկար տարիներու համերաշխ գոյակցութենէ եւ բարի դրացնութենէ յետոյ զիրենք իրարմէ չբաժնեմ: 
Կարծես սրտիս դպան իրենց խօսքերը. Պահ մը կեցայ, ապա ձգեցի ամէն բան եւ խոհանոց գացի ընթրիքը պատրաստելու:
Այդ բոլորն ալ մեր ընտանիքի պատմութեան անջատ օղակներն են, յուշերու պատառիկներ մտածեցի: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առընչուած է դէպքի մը, դէմքի մը, որոնցմէ ոմանք, ինչպէս իմ զաւակներէս մի քանին օտար երկնակամարներու տակ կ'ապրին, իսկ ուրիշներ առայաւէտ բաժնուած են մեզմէ, իրենց քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակը թողելով մեր սրտերուն մէջ: 
- Հէլէ՜ն, ամէն բան կը հաւաքես եւ նորէն գզրոցին մէջ կը պահես- կը լսուի ձայնս խոհանոցէն:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ