Tuesday, July 14, 2015

Հրաշք – Հրաշալի


Մեր օրերուն ալ հրաշքներ կը պատահի՞ն, թէ այդ գերբնական երեւոյթին կը հանդիպինք միա'յն սուրբ գրային մեկնութիւններուն մէջ՝ Յիսուսի հրաշագործութիւններուն ընդմէջէն:
Անցեալ օր դիմատետրի բարեկամներէս մէկը իր էջին մէջ գրած էր.«Ժողովո'ւրդ, վերը Աստուած կայ, աղջիկս սկսաւ արեւը տեսնել...»: Փշաքաղուեցայ այս երկտողը կարդալով: Սուլեմէնիէ թաղամասին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով վնասուած էր աղջկան աչքը եւ որոշ ժամանակ դարմանումի հետեւելէ ետք, Աստուծոյ հրաշագործ միջնորդութեամբ՝ կրկին վերագտած էր իր տեսողութիւնը:
Կը յիշեմ, Հալէպ երբ մարդու մը որպիսութիւնը հարցնէին , պատասխանը անմիջապէս աս կ'ըլլար.«Լաւ ենք, հրաշքով կ'ապրինք(կոր)»: Ամէն վայրկեան պատուհասի ենթակայ մարդիկ կը հաւատային ու կը հաւատան հրաշքի զօրութեան: Հրա՞շք, թէ ճակատագիր: կ'երեւի երկուքը: Անոնք որոնք պատերազմի հետեւանքները իրենց մաշկին վրայ կը կրեն՝ ճակատագրի կը վերագրեն պատահածը, իսկ անոնք, որոնք կը փրկուին՝ հրաշքի: 
«Հրաշք» ը , որ սրբութեան համազօր բառ մըն է մեզի համար, հո'ս Երեւանի մէջ իր գերբնական իմաստը կորսնցնելով դուրս եկած է կրօնական նեղ առումէն եւ որպէս սովորական բառ շռայլօրէն տարածում գտած է: 
Մենք հանդիպեցինք
Շատ սովորական- հասարակ ձեւով
Որ հրաշքները իրենք էլ դառնան
Շատ սովորական – հասարակ բաներ...
Պ.Սեւակ
Եւ այսպէս հրաշքը գրեթէ ամէն տեղ է: Հրաշք երեխայ, հրաշք պատկեր, հրաշք մանուկ, հրաշք միջոցառում, հրաշք կինօ, հրաշք աղջիկ, հրաշք ծաղիկ, հրաշք ըմպելիք, հրաշք տորթ...եւայլն: 
Վերը յիշուած «հրաշք»ները բոլորը կը կրեն հիասքանչի, ապշեցուցիչի, բացառիկի, սքանչելիի եւ հիանալիի իմաստները: 
Հակառակ անոր որ արեւմտահայերս վերոյիշեալ « հրաշք»ի լայն գործածութեան սովորութիւնը չունինք, այնուամենայնիւ արեւմտահայերէնի բարդ բառերուն մէջ ալ կարելի է հանդիպիլ « հրաշ»ներու. այսպէս օրինակ՝ զարմանահրաշ, հրաշակերտ, հրաշափառ , հրաշալի ...եւայլն: 
Հրաշք եւ հրաշալի՝գեղեցիկ ու ազդեցիկ բառեր: 
Այս բոլորէն ետք, մաղթենք, որ Հալէպի մէջ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ մի'շտ անպակաս ըլլան մեր ՀՐԱՇԱԼԻ ժողովուրդին համար: 
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment