Sunday, August 2, 2015

ՀԱԼԷՊ ԷՐ ԱՆՈՒՆԸ ԱՆՈՐ…


...Եւ պատկերը աչքերուս առջեւ շա՜տ է գեղեցիկ, 
Ծաղիկն է թորմած ՝, 
Տերեւները կը պայքարին որպէս չիյնան՝ չի թափին, 
Իսկ ես՝ գէթ այս տերեւին նման չի կրցայ ըլլալ , 
Մինչդեռ ժամանակն ալ ինձ մտրակեց հեւի հեւ .
Կորսնցուցի ես քաղաք մը՝ ուր ծնայ եւ ապրեցայ 
Կեանքէն երես մըն էր միայն ՝ , 
Հալէպ էր անունը անոր՝ ,եւ վարդ մըն էր կարծես ՝ 
իւրաքանչիւր օրը անոր զոր կ'ապրէի ես նախքան 
իսկ հիմա՝ տերեւի պէս ինկած , հեռուէն կը նայիմ 
Հալէպիս իմ շա՜տ գեղեցիկ ու երազային .
Յաճախ հարց կու տամ ինքս 
Պիտի պայքարի՞ Հալէպ ալ այս տերեւին նման՝ ....
Քրիստինա Տէր-Ստեփանեան
Պէյրութ

Սիրուհիս





Կանուխ պատանեկութեան տարիներուն շատ բնական երեւոյթ է յաճախակիօրէն սիրահարիլը: Ինչպէս ամէն պատանի, ես ալ անշուշտ բացառութիւն չէի կազմեր ընկերներէս: Ամէն անգամ որ դասընկերուհի մը մօտիկութիւն ցոյց տար … արդէն սիրահարած էի: Անքուն գիշերներ կ՛անցընէի` բաց աչքերով երազելով, երեւակայական պատմութիւններ հիւսելով «սիրուհիիս» մասին, մինչեւ որ անզգալաբար քունի անցնէի: Եթէ այդ պատմութիւնները գրի առնելու կարելիութիւնը ունեցած ըլլայի, անոնք կրնային շատ լաւ սիրային վէպերու վերածուիլ, սակայն առտու, երբ արթննայի, բոլորը ցնդած էին, բան չէի յիշեր: Ամչկոտ էի եւ սէրս արտայայտելու համարձակութիւն ու քաջութիւն չունէի: Կը սպասէի, որ այդ առաջարկը իրենցմէ գար, սակայն… երկար եւ անյոյս սպասումէ ետք, «կը սիրահարէի» ուրիշ ժպտացող դէմքի մը եւ երկար գիշերներ կը շարահիւսէի նոր երեւակայական պատմութիւններ, որուն հերոսը ես էի միշտ:
Սէրս արտայայտելու համարձակութիւնը չունենալով հանդերձ, խնդրոյ առարկայ «սիրուհի»-ներուս գաղտնիքս ուրիշին բաժնեկից դարձնելու մեծ փափաք մը ունէի եւ կը յայտնէի ամենամտերիմ դասընկերոջս:
«Գիտե՞ս, այսինչը իմ մարդս է»:
«Այնինչն ալ իմ մարդս է», կը պատասխանէր հպարտութեամբ, սակայն ո՛չ «այսինչ»-ը ո՛չ ալ «այնինչ»-ը տեղեակ էին մեր թաքուն սէրէն:
Քանի մը ամիս ետք միտքս կը փոխէի ու «մեծ գաղտնիքը» դարձեալ կը հաղորդէի ուրիշ մտերիմ ընկերոջ մը, որովհետեւ նախկին ընկերս դաւաճանած ու ուրիշներու պատմած էր գաղտնիքս: Չեմ յիշեր` պատանեկութեանս տարիներուն քանի՞ անգամ «սիրուհիներ» փոխած եմ, առանց անոնց կասկածը արթնցնելու, թէ «գաղտնի սիրող» մը ունին:
Բաւական երկար տեւեցին այս անյոյս սիրահարութիւններս, մինչեւ որ օր մը իսկապէս սիրահարեցայ եւ «սիրուհիս» հետս բերի տուն, ծանօթացուցի ընտանիքիս, եւ ան մեզի հետ միասին մնաց երկար տարիներ:
Մեր տան «նոր անդամը» չէր խօսեր, սակայն հմայիչ ձայն ունէր, որով ամէնէն աւելի ես կը հմայուէի: Այս անգամուան սիրահարութիւնս լուրջ էր: Գիշեր ու ցերեկ ուրիշ բանի մասին չէի մտածեր: Ընկերներէս հեռու` ժամանակս իրեն հետ կ՛անցընէի: Դպրոցէն վերադարձիս, գիրքերս մէկ կողմ նետած, զինք գիրկէս վար չէի առներ:
Տնեցիք խորթ աչքով սկսան նայիլ մեր տան «նոր անդամ»-ին:
Շաբաթներուն ու ամիսներուն յաջորդեցին տարիներ: Հաւատարիմ էի սիրուհիիս, եղած էր «կեանքիս ընկերը»: Տնեցիք, թէեւ դժգոհ, անկարող էին զիս համոզել, որ «խելքս գլուխս հաւաքեմ»: Դպրոցի աւարտական տարիս էր, ու չէի մտածեր համալսարան յաճախելու մասին:
Երկար տարիներ հաւատարիմ մնացի սիրոյս. մինչեւ այն օրը, երբ ընտրեցի կեանքի ընկերս եւ տանս մէջ ունեցայ մէկի փոխարէն երկու սիրուհի. խնդիրը քիչ մը բարդացաւ: Կեանքի ընկերս` սիրելի կինս, առաջնահերթ տեղ գրաւեց տանս մէջ: Տնեցիներու գուրգուրանքին ու սիրոյն արժանացաւ, իսկ նախկին «սիրուհիս», անկիւն մը նետուած, դարձաւ «անգործածելի առարկայ» մը: Ժամանակին միասին կը ճամբորդէինք զանազան երկիրներ, սակայն ընտանիք կազմելէս ետք ոչ իսկ մէկ անգամ մտածեցի հետս տանիլ: Տան մէկ անշուք անկիւնը դրուած` արձակուրդէ վերադարձին նոյնիսկ մտքէս չէի անցըներ փնտռել, գրկել զինք: Ապերախտութի՞ւն է ըրածս, թէ՞ բնական կեանքի ձեւ: Ներկայիս ուրիշ մտածումներ ունիմ` կին, զաւակ, տան մտահոգութիւններ եւ հետը զբաղիլը ժամանակի կորուստ կը սեպեմ. նոյնիսկ իր մասին մտածելու ժամանակ չեմ գտներ:
* * *
Տունը առանձին եմ: Կարդալու սիրտ չունիմ. ծուլօրէն նստած` հեռատեսիլ դիտելու ախորժակ ալ չունիմ: Ձանձրոյթէս կը մրափեմ: Յանկարծ միտքս կ՛իյնայ նախկին «սիրուհիս»: Նոյնիսկ չեմ յիշեր, թէ տան ո՛ր անկիւնը կարելի է գտնել զայն: Կ՛ուզեմ դարձեալ առնել ձեռքերուս մէջ, յիշել պատանեկութեան խենթ տարիներս, երբ գիշեր ու ցերեկ միակ մտածումս էր:
Երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս կը գտնեմ տանս կառատան մէկ անկիւնէն, վրան` մատ մը փոշի: Կը բերեմ ներս, կը մաքրեմ, լարերը կը շտկեմ ու կը փորձեմ նուագել նախկին «սիրուհիս»` կիթառս:
Վարժութիւնս կորսնցուցած եմ: Երկար տարիներ չեմ նուագած: Մատներս կը դաւաճանեն, ճկունութիւնը կորսնցուցած եմ. անճոռնի ձայներ կ՛ելլեն այդ անուշ գործիքէն: Ո՞վ որու դաւաճանեց` ե՞ս իրեն, թէ՞ ինք ինծի, երբ ժամանակին հիանալի մեղեդիներ կը շնորհէր, իսկ այսօր` անախորժ ձայներ:
Տան դրան բացուիլը կը լսեմ: Ներս կը մտնեն կինս ու տղաս եւ երկուքն ալ զարմացած երեսս կը նային: Տղաս նոյնիսկ չի յիշեր` վերջին անգամ ե՞րբ տեսած է այդ գործիքը ձեռքերուս մէջ:
Կ՛ուզեմ մէկ կողմ դնել, սակայն կինս ժպտելով կը միջամտէ: «Նուագէ՛, կարօտցած եմ այդ անուշ ձայնը»: Կամաց-կամաց մատներս «կը բացուին»: Անճոռնի ձայները ինքնաբերաբար կը վերածուին անուշ մեղեդիներու եւ անգիտակցաբար կը նուագեմ հին օրերու եղանակ մը:
«Հանդիսատեսներուս» գնահատանքին կ՛արժանանամ, ու կը պնդեն, որ նուագեմ երկրորդ մը, երրորդ մը, եւ «երգահանդէսը» կը վերածուի խնճոյքի: Ուրախ ենք բոլորս, սակայն վստահաբար ամենաերջանիկը կիթառս է: Տարիներով անտեսուած ու անկիւն մը նետուած` այսօր վերջապէս կը վերագտնէ իր նախկին դիրքը:
Երկար տարիներ պահելէ եւ գուրգուրալէ ետք, երբ ընտանիք կազմելով հետաքրքրութիւնս կեդրոնացաւ նորակազմ ընտանիքիս վրայ, անտեսելով` մէկ կողմ դրած էի զայն, սակայն յանկարծ կ՛անդրադառնամ, թէ տակաւին սէր ունիմ իրեն հանդէպ: Տարիներ շարունակ զիս երջանկացուցած սիրելիս, յաւերժ կը մնայ սիրելիս: Այդ անխօս երաժշտական գործիքը այսօր կարծես լեզու առած` կը յիշեցնէ, որ չանտեսեմ զինք: Իր ներկայութիւնը ոչ մէկ արգելք կրնայ հանդիսանալ ընտանեկան երջանկութեանս. ընդհակառակը, կրնայ երջանկացնել բոլորս:
Երաժշտութիւնը հոգին ազնուացնող, մարդ արարածը երջանկացնող հրաշալիք մըն է: Նոյնիսկ անասունները կը գնահատեն երաժշտութիւնը: Չեմ յիշեր ի՞նչ առիթով, մանկութեանս ընտանիքով այցելած էինք Լիբանանի «Թանայել»-ի վանքը, ուր քանի մը կղերականներ անասնապահութեամբ կը զբաղէին. կաթ, մածուն եւ պանիր կ՛արտադրէին: Երբ ախոռ մուտք գործեցինք, հաճելի դասական երաժշտութիւն մը հասաւ մեր ականջին: Մեզի ուղեկից կղերականը ժպտելով բացատրեց, թէ կովերը երաժշտութիւն ունկնդրելով` շատ աւելի առատ կաթ կը հայթայթեն, անշուշտ` ոչ ներկայ օրերու երաժշտութիւնը. երաժշտութիւն մը, որ նոյնիսկ անասունները չեն կրնար հանդուրժել: Աղմուկ ու պոռչտուք: Թող զիս յետամնաց անուանեն արդի երաժշտութիւնը չգնահատելուս համար: Կը մնամ հաւատարիմ երաժշտութեան հին դպրոցին եւ կ'որոշեմ չանտեսել նախկին սիրուհիս, այնքան սիրած կիթառս` տարիներու երջանկութեան աղբիւրս: Այո՛, պիտի պահեմ տանս մէջ եւ ոչ թէ կառատան մէկ անկիւնը ու զայն պիտի դարձնեմ մեր տան մնայուն անդամը:
Երկու կողմերս նստած են կինս ու տղաս, սիրելիս գրկած` կը նուագեմ հիանալի մեղեդի մը… «Սիրելիս»:
«Գիտեմ սիրում ես ինձ ու լալիս ես թաքուն, սիրելիս,
Հեռո՜ւ, հեռւում,
Ինչո՞ւ, ասա ինչո՞ւ »:
Պատանեկութեան տարիներու սէրս բոլորովին չէ մարած, սակայն փոխարինուած է տարբեր տեսակի սիրով. ընտանիքիս սէրը, որուն կողքին կը մնայ նաեւ երաժշտութեան սէրը: Ի զուր չէ, որ ըսուած է, թէ երաժշտութիւնը կը հալեցնէ ամենադաժան ու անգութ սրտերն անգամ:
«Երգահանդէս»-ը շուտով վերածուած է խնճոյքի, իսկ աւելի ուշ` պահանջատիրութեան ու բողոքի:
Բողոք ու պահանջատիրութիւն: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կը նուագեմ ու կ՛երգեմ.
«Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքան տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հող
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս» (Մ. Իշխան)
Արիւնոտ է ամէն հայու սիրտը: Նախ` հայու դժբախտ ճակատագրի ցաւով, վերջը` «Աշխարհի ցաւով»: Մեր ցաւը առաջնահերթ է: Նոյնիսկ մեր տան անբաժան անդամը, այդ անխօս, անլեզու երաժշտական գործիքը կարծես կը զգայ հայու ցաւն ու տառապանքը եւ իր լարերէն կ՛արտաբերէ իր յուզումը: Տասնամեակներով մնալով տանս մէջ` դադրած է լոկ երաժշտական գործիք մը ըլլալէ. եղած է հայկական զգացումով լի` տանս մէկ անդամը:
Նախկին «սիրահարս»:
Յաւիտենական սիրելիս:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2015

Օրագիր

 

Պիտի գրեմ. Պէտք է գրեմ. Թէեւ ո՞վ պիտի կարդայ, վստահ չեմ. Խորքին մէջ օրագիրը ոչ ոք պէտք է կարդայ, բայց ես կ'ուզէի որ գոնէ մէկը կարդար. Ի՛մ մասիս. Քաղաքին, ուր ապրեցայ. Երկրին, որ ինչերէ կ'անցնի. եւ մարդոց, լեցուն մարդոց մասին, որոնք որքան նոյնը ըլլան, այնքան ալ տարբեր են, ամէն մէկը ինքը. Օրինակ՝ Վահանը. Վիոլէթին Վահանը. Կամ Վիոլէթը. Կամ երկուքը միասին, կարծես մէկ ըլլան, տարբեր են ու նման իրարու, շատ-շատ նման. Նմա՞ն թէ զիրար ամբողջացնող. Չեմ գիտեր. ահա՛, եթէ գրեմ գրեմ գրեմ իրենց մասին՝ լսածս, տեսածս, ապրածս, թերեւս գիտնամ: Սեպէ՛ թէ գիտցայ, յետո՞յ ...
Եթէ այդպէս է, եթէ «յետոյ»ն ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի ընէ, ուրեմն ինչո՞ւ է աս գրելս, ինչո՞ւ է գիրը ընդհանրապէս, մանաւանդ Գրիգորին կամ Վիոլէթին գիրը, ինչո՞ւ է արուեստը – երէկ որքան փիս էր պալէն օփերային մէջ, իբր թէ դուրսէն եկած, ճաբոնցի ֆրանսացի պարողներ. Ժոովուրդն ալ ինչպէս պրաւօներ կը բաշխէր. Ատ չորրորդական պարողները պիտի մտածեն՝ սա հայաստանցիները կարծես բան չեն հասկնար պալէէն – ինչո՞ւ էր ուրեմն քսան հազար դնելնիս եւ չորսով ելոյթի երթալնիս. Շատ-շատ ճաշարան երթալու էինք. Ամենէն վաւերական արուեստը նորէն կը մնայ ուտելու արուեստը, չէ՞ ...
Չէ՛. թէ ոչ ինքզինքս պիտի չպատռտէի գրելու համար. լաւի գէշի հարց չէ. պարզապէս գրելու հարցն է. թէ ոչ, Թամարը ինչո՞ւ հարիւր տարի ուշացումով քոնքրիթ բանաստեղծութիւն պիտի գրէր.
Բայց Աննան ուրիշ է. շատ լաւ է Աննան իր թուրք սէրերով, եւ իր անյասմիկ նոր քաղաքով. Իրաւ շատ լաւ է. գոնէ կը կարդացուի. Ոչ թէ Գրիգորին կամ Լեւոնին գիրքերուն պէս՝ մարդիկ չեն կարդար, բայց կը փառաբանեն. Չկերած ճաշդ կը գովե՞ս, նորէն կ'ուտե՞ս. ինչպէ՞ս նորէն ուտես, երբ դեռ չես կերած. Ատանկ ալ Գրիգորին եւ Լեւոնին վէպերը. Դեռ ալ նստեր վէպ գրելու մասին կը մտածեմ.
-Դուն քեզ աւելի բանաստե՞ղծ կը զգաս, թէ՞ արձակագիր:
-Բանաստե՛ղծ:
-Հապա ինչո՞ւ արձակ կը գրես:
Քեզի ի՛նչ թէ ինչո՛ւ արձակ կը գրեմ. Արձակս վա՞տ է. այսպէս թէ այնպէս դուն իմ գրածներս կարդացողը չես. բոլորին ալ գրածները կարդացողը չես. Օր մը, շատ շատոնց օր մը Խրախունի կարդացեր ես, Խրախունի գրեր ես եւ ... վերջ: Հոն ալ կեցեր ես, կամ մնացեր ես. ո՞ւր երթաս ատկէ ետք. Շատ շատ՝ ճաշարան, ուտելու. Քիչ մըն ալ ասոր-անոր հետ սիլի-փիլի ընելու – պայմանով որ «աս-ան» երիտասարդ ըլլան:
Ասանկ:
Որոշեր էի չգրել. Միայն կարդալ. գիրք է որ դիզուեր է հոս, ահագին դէզ մը. Ոչ մէկը սակայն կը գրաւէ, կը կանչէ. Ձեռքս կ'առնեմ «Գիշեր»ը եւ կը զարմանամ՝ ա՞յս է եւ այպէ՞ս է Հոլոքոսթի նկարագրութիւնը – աղջիկս, Սրբազանը քանի՞ անգամ պիտի ըսէ՝ մտաւորականները ողջակիզում ըսելու են: Հա՛, բայց նոյն այդ Սրբազանը քեզ մտաւորականի տեղ դրած ունի՞ ... – ի՞նչ կ'ըսէի, հա, հոլոքոսթը ապրած մարդու գի՞ր է ասիկա. Պարզապէս անուն է եւ գիրք ծախել. Եւ անշուշտ՝ հրեայ ըլլալ: Երկինքէն ինկած խնձորները քանի՞ հոգի համտեսեց. Է՜, ամէն ակռայի բանը չէ այդ գիրքը. Եթէ ես չկրցայ թարգմանել "I am the caca poet"ը, ո՞վ պիտի կարենար կարդալ ...
Հիմա ըլլար կրկին կը կարդայի, աղէկցող վէրք մը քերելու ցաւ-հաճոյքով. Բայց գիրքերս հոն մնացին. Հինգ հազարէն աւելի գիրքերս հոն մնացին. Եւ տետրակներս. Եւ օրատետրերս. Եւ ձեռագիրներս. Եւ մեծ-մօրս հարսանեկան հրաւէրը, 1912-էն, եւ մեծ-հօրս բացիկներու հաւաքածոն 1885-էն, եւ ...
Ու հիմա գրել իսկ չըլլար այսքան բան կորսնցնելէ ետք. Կարծես զաւակ մը վիժած ըլլամ. Զաւակ մը, որուն գոյութիւնը կ'անգիտանայի, չէի զգացեր յղութիւնս, չէի զգացեր թէ ինչե՜ր ունիմ եւ ունեցեր եմ եւ դեռ պիտի ունենամ, որովհետեւ պարապ տետրակներ ալ կային, բազմաթիւ, տասնեակ մը պարապ տետրակներ, գեղեցիկ, ներշնչող ու ներշնչանք սպասող, եւ գրիչներ, կաղամարով գրիչներ ...
Եւ ղարաբաղեան գորգը գետնին, որուն վրայ փռուած ես եւ Սոնիան քոնիակ կը խմէինք եւ երազ կը հիւսէինք, Րաֆֆին մեզի հետ գետինը գորգին չէր, տիվանին էր, կարպետին վրայ, եւ վերէն կը դիտէր մեզ ու կը ծիծաղէր:
Յետոյ իրենք Գանատա գացին. Մնացինք ես եւ Գէորգը. Յետոյ Գէորգն ալ հեռացաւ, շա՜տ հեռու գնաց ու մնացի մինակ.
Վերջը ես ալ չկայի. Մնաց ճերմակ սենեակս, ճերմակ գրադարանս, գունաւոր ղարաբաղեան գորգս եւ կարպետս, եւ մնաց մեծ լռութիւնը փոքրիկ սենեակիս մէջ: Մնացին պատերէն կախուած սիրոյ խօսքեր, նկարներուն հետ:
Եւ մնաց մեծ սպասումը: Զոր պէտք է գրել մեռնելով:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Նոր կեանքի տեսլականով

Ամէն անգամ, երբ հալէպահայերով հաւաքուինք, արդէն գիտեմ թէ խօսակցութեան նիւթը ինչպէս պիտի ծաւալի: Որքան ալ տարաբնոյթ թեմաներ արծարծուին, անպայման զրոյցին նիւթը շրջան ընելով պիտի գայ ու յանգի աս միտքերուն ու արտայայտութեանց վրայ. « մեղք եղաւ մեր գաղութին, մենք այսպէ՞ս պիտ ըլլայինք, մեր հիմերը խախտեցան, ինչպէ՞ս նորից նոր զերոյէն պիտի սկսինք...»եւայլն: Այո', կեանքի նոր հանգրուանի դէմ յանդիման կը գտնուինք, նո'ր ուղի, անսպասելի հարուածներ, անցեալի քաղցր ու շէն օրերու կարօտ, բայց եւ այնպէս ետ դարձի ճանապարհ չկայ . պէտք է հաշտուիլ, պէտք է պայքարիլ հոն, ուր որ տարաւ մեզ քամին այս չորս տարիներու ընթացքին. հայրենիք, թէ Սփիւռքի տարբեր անկիւններ: Հասկնալ մանաւանդ, որ լացն ու ողբը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնեն մեզ: Պէտք է դուրս գալ աս հիասթափութենէն ու ոտքի կանգնիլ, վերընձիւղուիլ, նոր հիմեր հաստատել ու դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն: Ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտած է այս միտքերը Զահրատ իր քերթուածներէն մէկուն մէջ: Կեանքէն հարուածներ ստացող մարդուն հոգեբանութիւնն է, որ նկարագրած է ան: Մարդը անակնկալի կու գայ ի տես առաջին հարուածին, յետոյ հետզհետէ կ'ընտելանայ ու կը գիտակցի հարուածի տարողութեան ու այդ գիտակցութիւնը կը կոփէ զինք, կը զօրացնէ, ինքնավստահութիւնը կ'աւելցնէ եւ այս անգամ ժպտալով կը նայի այս անիրաւ աշխարհին, պատրաստ՝ ապրելու ու դիմագրաւելու նոր դժուարութիւններ.
Հարուածներ կ'իջնեն
Ամէն մէկ հարուած բեկոր մը կ'առնէ
Կը տանի քեզմէ 
Ու դուն չես գիտնար
Հարուածներ կ'իջնեն- կ'իջնեն անընդհատ
Գոյութեանդ անձեւ մարմարիոնին վրայ-
Հարուածէ հարուած
Կը յղկուիս դուն- մինչեւ որ գիտնաս
Տառապանքներու պէս մշտանորոգ
Մուրճի հարուածներ կ'իյնան մորթիդ վրայ
Դուն- որ ալ գիտես- գիտակից ժպտով
Կանգուն կը մնաս
Կը մնաս աղուոր արձանի մը պէս 
Ապրելու պատրաստ
Թող մեզմէ ոչ ոք յուսալքուի, այլ ընդհակառակը, նոր յոյսերով ,նոր կամքով ու նոր աւիշով կարողանայ վերադասաւորել իր կեանքը՝ միշտ հաւատալով պայծառ գալիքին:
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ



Յանկարծ սենեակին մէջ տիրեց ճերմակ լռութիւն: Տխուր մինակութիւն մը զգաց:
Կրկին անգամ այդ երեկոյ իր միտքը կարծես դարձեալ նոր ու տարբեր հոգեդարձ մը կ'ապրէր: Ճակատը անժամանակ քրտինք թափեց: Յայտնի էր, թէ բան մը կորսնցուցած էր: Տակն ու վրայ ըրած էր իր այդ կոկիկ ու կանոնաւոր սեղանը:
Այս իրար անցած մթնոլորտին մէջ հազիւ լսելի էր իր ցաւալի մրթմրթոցը.-
– Աստուած ի՛մ, ո՞ւր գնաց, ո՞վ առաւ, ի՞նչ եղաւ:
Իրարու ետեւէ արձակուած այս անպատասխան հարցումները զինք նոր ու անժամանակ մտահոգութեան մը գիրկը կը նետէին:
Ինք լաւ գիտեր, որ մենակութիւնը մարդուս ուժ կու տայ: Նաեւ կը հաւատար, որ մարդ իր
առանձնութեան մէջ ազատօրէն կրնար խորհիլ, յուզուիլ, ինքնիրեն կիսել ուրախութիւն, տխրութիւն եւ ամէն տեսակի սպասում եւ յուսախաբութիւն:
Անոր համար, ամէն երեկոյ պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու առանձնանալով աթոռին վրայ քանի մը վայրկեան հանգչելէ ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ բաներ մը արձանգրել:
Իր օրատետրն էր այդ մէկը:
Հաւատարիմ իր այս սովորութեան, ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, մօտ քառորդ ժամի սահմաններու մէջ, կարմիր կողքով, լայն գիծերով իր հաստ տետրակին մէջ կ'արձանագրէր քանի մը տող, որոնք օրուան գլխաւոր դէպքի մը կամ դէպքերու տպաւորութենէն ծնունդ առած էին:
Օրատետր կամ յուշատետր. ով ի՞նչ կ'ուզէ թող որակէ, ինք իր զգացումներն ու գունաւոր մտածումներու հոսքը կը շարադասէր, արագ եւ նոյնքան հեւքով ու անձայն: Յաճախ անտրտունջ եւ անշշուկ:
Ճիշդ հիմա, այդ տետրակն էր, որ կը փնտռէր:
Չկար: Չէր յիշեր թէ ո՞ւր դրած էր:
Աննկարագրելի ներդաշնակութիւն մը կար իր եւ իր այդ հինցած ու մաշած այդ էջերուն եւ տողերուն հետ:
Ապրուած կեանքի մը պատկերը, եթէ կ'ուզէք, ուր իւրաքանչիւր տող շոյանք էր եւ լոյս եւ շեշտ եւ հրապոյր: Ինչպէս նաեւ շատ յաճախ ալ ընդվզում եւ պոռթկում:
Այդ տետրակը, իր այդ իսկ վիճակով, զինք կը կապէր իր յուշերուն, որոնք կու գային դառնալ տեսակ մը ինքնակենսագրութիւն:
Յաճախ անոր էջերը կը թերթատէր, կը կարդար անձայն: Քիթին տակէն բաներ մը կը փսփսար: Կը խնդար: Յօնքերը կը պրստէր: Երբեմն ալ գլուխը աշնանային հովէն թողացող տերեւի նման կը շարժէր: Ապա վերջին կրկին վերադառնալու կամքով կը փակէր զայն ու կը պահէր իր սեղանին վրայ, իր գիրքերուն ամէնէն տակը: Ապահով եւ վստահելի:
Իսկ հիմա, տետրակը չկար, այն տետրակը, որուն էջերը յաճախ լեցուն էին շռայլ եւ ամեհի դէպքերով, որոնց կարելի չէր մօտենալ մտքի սահմանափակ իրավիճակով:
Հոն կային նաեւ հարցեր, միութենական, ընկերային, ընտանեկան, աւանդական: Այս բոլորը ցաւալի կամ ուրախ կային անսասան պատերու նման, որոնք ամէն անգամ իր մտքի շղթաները կը կապէին ամրօրէն եւ անգութ:
Անոնց տողերուն վրայ կային նաեւ իր մտքի ու հոգիի արտացոլումներու անհանգիստ վազքերն ալ, որոնց արձանագրութեան համար շատ ժամանակ եւ սիրտ վատնած էր:
Տետրակը, կարմիր կողքով հինցած ու մաշած կողքով, հաստափորփ էջերով իր միակ սեփական առարկան, հիմա չկար:
Չար սատանայ:
Մէկ խօսքով իր ապրած կեանքի վկան, ամէնօրեայ, ուրախ եւ տխուր պահերով լեցուն, որոնց միայն ինք կրնար մօտենալ եւ անոնց դռները յամարձակօրէն ամրօրէն թակել ամէն անգամ եւ ամէն իր ուզած պահուն, հոն իր դրած տեղը չէր:
Յանկարծակի յուզում մը պատեց դէմքը:
Տետրակին կորուստը յուսախաբ տխրութիւն բերաւ դէմքին:
Ի՞նչ ըսել է չկայ: Հոն էին իր երազին հետքերուն բոլոր գեղեցկութիւնները, տխուր իրականութիւններու ժամերուն հետ միատեղ: Իրարու քով եւ այնքան մօտ:
Յայտնի էր թէ տետրակը կորսնցնելու ուրուականը կսկիծ հոսեցուցած էր սրտէն: Նոր տաղտուկ մը, որ իր մաշող մարմինը ցաւով կը սարսռացնէր: Մէկ խօսքով կոյր անհանգստութիւն մը, որ զարմանքի կողքին քարէ տրտմութիւն մը գծած էր դէմքին վրայ:
Իսկապէս որ անոր զինք աւելի դժբախտ պիտի դարձնէր: Այդ մէկը ինք լաւապէս գիտեր: Անոր համար էր, որ տաղտկալի կրկներգի նման. ո՞ւր գնած, մեղայ, յարեա՞ւ, կը փսփսար շարունակ, անհասկնալի բառերով:
Հաստատ էր, թէ սենեակին մէջ ծնած էր լռակեայց տագնապը: Գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ մը կար: Սրտին մէջ մխրճուած էին մեծ յոյզեր, որոնք անդադար կարօտի փոխուելով կոկորդը կը սեղմէին: Պիտի լար եթէ չմամչնար:
Աչքերուն մէջ քարացած տեսիլքներով վերապրումներու անարժան յիշողութիւն մը փորձեց: Սենեակն ու սեղանը տակն ու վրայ ըրած էր, ամէն բան խառնած ու անմեղօրէն գտնելու յոյսը փայփայած:
Էհ մարդ երբեք չի կրնար պատկերացներ թէ հոն այդ տետրակին մէջ դրօշմուած ապրումներու կողքին կային նաեւ փուշի նման ցցուած մտածումներ, որոնց բառերը երբեմն կը դառնային մտածում ու թռիչք:
Կը հաւատար որ իր ըրածը կրնար յուսահատ պայքար մը ըլլալ: Բայց նոյն յամառութեամբ կը շարունկէր իր փնտռտուքը:
Չէ, որ հոն ազատօրէն ողջունած էր կեանքն ու աշխարհը: Այդ անիծեալ տետրակը իր երանելի օրերու հայելին դարձուցած էր: Խորհախորհուրդ ապրումներ՝ երկար ու կարճ տողերու հմայքին տակ: Իր ինքնութիւնը կար. կերտած էր, որոնք շատ յաճախ արձագանգներ կը բերէին սիրահարի մը նուիրումով:
Իր հոգիին նման թանկագին մասունքի նման պահած էր զայն երկար տարիներէ ի վեր ու հիմա այդ տետրակը չկար: Այս բոլորը անբացատրելի կարօտով յիշեց:
Ամէն օր «անոր» այցելած էր: Երբեմն վերաքաղ ըրած »անոր« տողերը, որոնց բառերը իր զգացումին արձագանգը հանդիսանալով, իր կեանքին տարբեր իմաստ տուած էին:
Այդ էջերուն հետ միասին կրած էին օրուան բեռը:
Իր մտքին խաղաղութիւնը փնտռելու համար պահ մը հանգիստ տուաւ ինքզինքին
Որոշեց դադար տալ: Աթոռին վրայ նստեցաւ: Փլած եւ տխուր: Յանկարծ իր յոգնած ու պղտորած աչքերու մշուշին մէջ տեսած էր տետրակը, գետինը ուրիշ գիրքերու կողքին անխնայ նետուած: Իր աճապարանքին մէջ անզգալաբար սեղանէն վար նետած ըլլալու էր:
Հրաշք: Սիրտը ինքնազսպումի ճիգ մը փորձեց: Ինքնածին երանութիւնը ցնցեց իր գոյութիւնը: Մթնոլորտի լեղի համը ցնդեցաւ:
Կամաց կամաց երանութիւնը դէմքին ժպիտ բերաւ: Կարծես կանաչ օրերն ու ժամերը վերադարձան: Կորսուածը, գտնուած էր:
Ապա անմիջապէս երկիւղած պաշտամունքով արագ մը վերցուց զայն: Անզուսպ կարօտով մը գրկեց ու վաղանցուկ աշխարհի ունայնութեան մասին բաներ մը շարելով ինքզինք արդարացնողի ճիգով մը յառաջեց.-
-Է~հ, անիծեալ ծերութիւն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂԻՆԵՐ


Գնացքը կը սուրար հեւասպառ, երբրեմն- երբեմն սուր ճչոցներ արձակելով: Ետեւ մնացած էին գեղատեսիլ եւ ծառաշատ պարտէզները, գոյնզգոյն ծաղիկները, կանաչ արօտավայրերն ու արածող կովերը, օդին մէջ եւ ճիւղերուն վրայ թառած թռչունները,դէպի ամպերը սլացող լեռները իրենց ձիւնազարդ գագաթներով, խոր եւ վախազդու ձորերը: Ետեւ մնացած էին ոսկեճաճանչ եւ կենսատու արեւը, կապոյտ եւ պայծառ երկինքը, գոյները, լոյսերը: Հիմա կը մտնէին մութ եւ անվերջանալի փապուղին: Յանկարծ խաւարը տիրեց ամենուրեք. սպրդեցաւ մարդոց հոգիներէն ներս եւ խրեց իր սեւ եւ սուր ժանիքները անոնց սրտերուն մէջ: Մարդիկ լուռ էին: Իւրաքանչիւրը թաղուած էր իր խոհերուն մէջ. ոմանք կը մրափէին:
Անտրէս՝ ինք եւս փորձեց կազդուրիչ քունի թեւերուն յանձնել իր յոգնաբեկ մարմինը, բայց հազիւ աչքերը փակէր, մի քանի ժամ առաջ տեղի ունեցած միջադէպը զինք կը ցնցէր եւ կ'արթնցնէր:
Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական տարին, ինք եւ Մարիանօ եղած էին անաբաժան ընկերներ: Անտրէս իր ծնողքին միակ զաւակն էր: Մայրը մի քանի վիժումներէ յետոյ, ի վերջոյ կրցած էր ունենալ իր մէկ հատիկ մանչը, իր աչքին լոյսը: Հօրը մահով՝ Անտրէսի ուսերուն բարձած էր թէ՛ զաւկի եւ թէ՛ հօր դերերը իր տարիքոտ մօրը հանդէպ: 
Դպրոցական տարիներուն՝ երկու ընկերներ գրեթէ ամէն օր միասին կ'ըլլային: Կը նախընթրէին, ապա դաս կը սորվէին. հեռատեսիլ կը դիտէին, ճատրակ կը խաղային: Ֆութպոլի նոյն խումբի համակիր՝ աւելի ճիշդ ֆանաթիքներն էին եւ երբեմն մէկուն կամ միւսին հօր ընկերակցութեամբ՝ դաշտ կ'երթային:Տարեդարձներն իսկ միասին կը տօնէին, որովհետեւ միայն երկու օր էր տարբերութիւնը իրենց ծննդեան թուականներուն: 
Մարիանոյին հայրը նախկին զինուորական էր: Հետեւաբար շատ բնականէր, որ Մարիանօ՝ ինք եւս երկրորդականը աւարտելէ յետոյ զինուորական կրթութիւն ստանար: Իր մեծ եղբայրը նոյնպէս բարձրաստիճան զինուորական էր:
Իսկ Անտրէս ընտրեց լրագրական ասպարէզը եւ սկսաւ յաճախել մայրաքաղաքին նշանաւոր պետական համալսարանը: 
Այդ օրերուն՝ գաղտագողի սկսած էին տարածուիլ համալսարանական շրջանակներէ ներս, մասնաւորաբար գրականութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն հետեւող ուսանողերուն միջեւ ձախակողմեան բջիջներ: Ոչխարի մորթով ծպտուած գայլեր՝ կ'ընտրէին իրենց զոհերը, որոնք ընդհանրապէս կ'ըլլային փայլուն ուսանողներ, եւ իրենց թակարդին մէջ կը ձգէին զանոնք: Անոնցմէ մէկը եղաւ Անտրէս, որ գաղափարապաշտ երիտասարդ մըն էր եւ արդէն ունէր ձախակողմեան հակումներ: Հետեւաբար ինքնակամ կերպով յանձնուեցաւ անոնց եւ ոտքով, գլուխով ինկաւ այդ «մեղուի փեթակին» մէջ: Ազատ ժամերուն՝ անյագօրէն կը կարդար Մարքս, Էնկէլս, Լենին եւ այլ համայնավար կամ ընկերվարական գրողներու գործեր:
Կամաց – կամաց սկսաւ երեւիլ բեմերու վրայ, ուր կը խօսէր հրավառ եւ փոթորկաշունչ ճառեր, կը գրէր ձախակողմեան թերթերու մէջ յանդուգն եւ յեղափոխաշունչ յօդուածներ: Կարճ ժամանակի մէջ ծանօթ անուն մը դարձաւ եւ շրջապատուեցաւ զինք պաշտողներու փաղանգով մը, որոնք մոլեգնօրէն կը ծափահարէին իր ելոյթներուն: 
Մարիանօ քանիցս զգուշացուց զինք, որ հրաժարի իր այս նոր սիրահարութենէն, որ կրնայ գլխու ցաւ պատճառել իրեն. որ աւելի զուսպ ըլլայ իր արտայայտութիւններուն մէջ. սակայն Անտրէս մտիկ չըրաւ: 
Սակաւաթիւ էին այլեւս իրենց հանդիպումները: Իւրաքանչիւրը կլանուած էր իր աշխատանքով, ուսումով. նոր շրջապատ, նոր ընկերներ:Անկախ այս բոլորէն զգալի պաղութիւն մըն ալ յառաջացած էր երկուքին միջեւ. մանաւանդ որ Մարիանօ նշանուած էր եւ ազատ ժամերը կ'անցընէր իր նշանածին հետ. կը ծրագրէին շուտով ամուսնանալ:
Յաջորդ տարի սակայն, առտու մը երբ երկիրը արթնցաւ, տեսաւ որ իշխանութեան գլուխը անցած էր զինուորական «Խունթա»ն, տապալելէ ետք նախորդը :
Առանց ժամանակ կորսնցնելու, նոր կառավարութիւնը լծուեցաւ մաքրագործումի արշաւի մը. երկրին անդորրութեան եւ վարչաձեւին սպառնացող վտանգաւոր տարրերը մէջտեղէն վերցնելու համար: 
Ձերբակալութիւններ, տուներու մէջ խուզարկութիւններ, հետապնդում, խիստ գրաքննութիւն: Հրապարակային հաւաքոյթներ ու ելոյթներ արգիլուեցան: 
Անտրէս ամէն օր կը լսէր անհետացող ծանօթի մը անունը: Տարիներ յետոյ պիտի իմանար, որ այդ «Անհետացածներուն» մեծ մասը թաղուած էր անանուն շիրմաքարերու տակ:
Հակառակ այս տիրող վախի մթնոլորտին եւ հալածանքին, գործոն տարրերը շարունակեցին ընդյատակեայ իրենց քարոզչական աշխատանքը, որ գաղափարախօսութենէ անցած էր ահաբեկչական արարքներու, առեւանգումներու, սպառնալիքներու: 
Հիմա Անտրէս գրեթէ կապը խզած էր Մարիանոյին հետ, որ թշնամի ճակատի վրայ կը գտնուէր եւ որուն պսակը այդ օրերուն կը զուգադիպէր: 
Մարիանօ կը գտնուէր բարդ կացութեան մը առջեւ. հրաւիրել թէ ոչ Անտրէսը: Հարսանիքին հրաւիրեալները մեծ մասամբ զինուորականներ պիտի ըլլային, որոնք որսի շուներու նման սուր հոտառութիւն ունէին եւ կը վերլուծէին իւրաքանչիւր բառ կամ դէմքի արտայայտութիւն: 
Ճանչնալով իր ընկերոջ յախուռն եւ դիւրագրգիռ խառնուածքը եւ նկատի առնելով երկրին քաղաքական լարուած մթնոլորտը, Մարիանօ խոհեմութիւն համարեց Անտրէսը չհրաւիրել, զինք ալ հաւանական վտանգէ մը զերծ պահելու համար. թէեւ խղճի խայթը եւ յանցանքի զգացումը տակաւ սկսան աճիլ իր սրտին մէջ:
Իր մտերիմ ընկերոջ ամուսնութիւնը, որուն ինք չէր հրաւիրուած, լախտի հարուածի մը ծանրութեամբ հարուածեց Անտրէսին սիրտը եւ արհամարհուած զգաց ինքզինք: Վշտացած՝ որոշեց վերջ տալ իրենց վաղեմի բարեկամութեան: 
Ամիսներ անցան:Գիշեր մը ուշ ատեն, երբ Անտրէս կը պատրաստուէր անկողին մտնելու, դրան զանգը հնչեց: Ո՞վ կրնար ըլլալ այս ժամուն: Պաղ սարսուռ մը սողոսկեցաւ ողնայարին մէջ. չուզեց դուռը բանալ: Հապա՞ եթէ ոստիկաններն էին, որ եկած էին զինք հարցաքննելու:
Ի վերջոյ թուքը կուլ տալով, դուռը բացաւ. ո՞վ տեսնէ իր դիմաց.... Մարիանոն: Երեսը դարձուց եւ չուզեց բարեւել: Պահ մը մտածեց, թէ թերեւս եկած էր ներողութիւն խնդրելու. բայց կէս գիշերի՞ն: 
Ո՛չ, Մարիանօ եկած էր իրեն յանձնելու կեղծ անցագիր մը, որպէսզի անմիջապէս դուրս գայ երկրէն, ստոյգ «անհետացումի» մը ճիրաններէն փրկուելու համար: Փսփսուքներ կը շրջէին Անտրէսը ձերբակալելու մասին: Սեւ ցանկին վրայ առաջին անունն էր: 
Անտրէս անկանկալի եկաւ. Չկրցաւ հաւատալ աչքերուն:Ի՜նչ վեհոգի կեցուածք Մարիանոյին կողմէ : 
Երկուքն ալ երկարօրէն ողջագուրուեցան, լացին, յիշեցին անցեալի օրերը: Մանկութեան անկեղծ ընկերները վերագտած էին զիրար: Իրարու բոլորովին հակոտնեայ իրենց մտայնութիւնը չէր յաջողած քանդել իրենց անխախտ եւ հաւատարիմ բարեկամութիւնը, որ մնացած էր անեղծ եւ ժայռի նման ամուր. իրենց հոգիները անքակտելիօրէն միաձուլուած իրարու:
***********************
Արշալոյսի առաջին շողերուն հետ Անտրէս իրենց տան դուռը փակեց վերջին անգամ . լռելեայն մօրմէն հրաժեշտ առաւ, եւ գնաց իր բախտը ուրիշ հորիզոններու մէջ որոնելու:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

ՄԵՏԱԼԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ



Ճի՛շդ է, Լիբանան ապրող սուրիահայութիւնը յաճախ խտարականութեան եւ անհադուրժողականութեան կը հանդիպի: Ճի՛շդ է, կարգ մը լիբանանահայեր, սուրիահայերու նկատմամբ գերակայութեան եւ ամենագիտութեան բարդոյթէն կը տառապին: Աւելին, լիբանանահայեր կան, որոնք փակ շրջանակներու մէջ կամ հրապարակայինօրէն կը վարկաբեկեն, կ՛արհամարեն ու կը վռնտեն սուրիահայութիւնը, նոյնիսկ անոնց հայ ըլլալը անընդունելիօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն: Վերջին օրինակը, այս քանի մը օրերուն տարածուած տեսերիզն է, որուն մէջ լիբանանահայ երիտասարդ մը՝ գռեհիկ, փողոցային, հայհոյախառն անվայել ոճով կը ջանար սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան դէմ մթնոլորտ հրահրել: Բարեբախտաբար, խնդրոյ առարկան «անդրադարձած է» սխալին եւ ողջունելի քայլով մը ներողութիւն խնդրած է Սուրիահայերէն: ճի՛շդ է, լիբանանցիք ներառեալ լիբանանահայեր կը չարաշահին սուրիացիներու աշխատուժը, քիչ աշխատավարձ կը վճառեն, աշխատանքային երկար ու դժուար պայմաններ կը պարտադրեն, բարձր տունի վարձք կը գանձեն: Ճի՛շդ է, լիբանանահայ ղեկավարութիւնը, չ՛օժանդակեր սուրիահայութեան կեցութեան արտօնագրի նորոգութեան ահաւոր խրթին եւ նուաստացնող գործընթացին մէջ: Ճիշդ է, Լիբանանի մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմին կազմուած է, բայց մարմինին գործունէութենէն ժողովուրդը անտեղեակ է:
Բացասական, նեղացնող ու յուսահատեցնող այս երեւոյթները կան, բայց այս բոլորը մետալին մէ՛կ կողմն է միայն...: Մետալին միւս կողմին մասին չենք անդրադառնար: Ինչու՞ միայն երեւոյթներուն բացասական կողմը լուսարձակի տակ կ՛առնենք եւ կ՛անտեսենք կամ կը լուսանցքայնացնենք սուրիահայերուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող դրական դրսեւորումները եւ բարի վերաբերմունք ցուցաբերողները: Վերոյնշեալ բացասական երեւոյթներուն կողքին, դրական եւ գնահատաելի երեւոյթներու առկայութիւնը հաստատելու համար, կ՛արժէ հետեւեալ փաստարկներն ու օրինակները տալ՝
1. Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրէն, լիբանանահայ վարժարաններուն դռները լայնօրէն բաց են սուրիահայ աշակերտներուն դիմաց: Սուրիահայ աշակերտներ կրթաթոշակի զեղջ կամ կրթանպաստի յատակցում կը ստանան նոյնքա՛ն ու երբեմն աւելի, որքան լիբանանահայ աշակերտը: 
2. Սուրիական տագնապի առաջին օրերուն, հայաբնակ շրջաններու ակումբները աշխատանք տարին սուրիահայերու բնակարան ապահովելու գործին մէջ: Դէպքեր պատահեցան, օրինակի համար, տուն փնտռող լիբանանահայ ընտանիքին ըսուեցաւ, թէ առաջնահերթութիւնը սուրիահայ ընտնիքին է, որովհետեւ անոնք պատերազմէն փախած են, իսկ դուք քաջածանօթ էք շրջանին եւ ձեր անձնական ջանքերով կրնանք տուն ապահովել: 
3. Լիբանանահայ ընկերային հաստատութիւններէն Քարակէօզեան հաստատութիւնը յատուկ ենթաբաժանումներ յառաջացուց, սուրիահայութեան ՄԱԿ-ի գաղթականութեան գրասենեակին մօտ արձանագրուելու գործընթացը դիւրացնելու համար:
4. Լիբանանահայ բարեսիրական հաստատութիւններ մերթ ընդ մերթ սնունդի, հագուստեղենի եւ դեղօրայքի օժանդակութիւններ կը մատակարարեն սուրիահայ ընտանիքներուն:Այդ օժանդակութիւններուն ապահովման, կազմակերպման ու բաշխման ծանր աշխատանքները կը կատարուին լիբանանահայ հայրենակիցներուն կողմէ: Բոլորիս ծանօթ է, թէ ԱՖԻԼ ապահովագրական հաստատութիւնը, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, բժշկական ապահովագրութիւն չունեցող սուրիահայերուն սուղ դեղօրայք եւ հսկայական գումարներ պահանջող վիրահատութիւններու նիւթական տրամադրած է:
5. Լիբանանահայութիւնը Քեսապի տեղահանութեան օրերուն գործադուլ յայտարարեց եւ Թուրքիա հաստատուած ծերունիները Լիբանանի Ազգային Ծերանոցին մէջ պատսպարեց:
6. Հետեւեցէ՛ք լիբանանահայ մամուլին, ուր գրեթէ ամէ՛ն օր անդրադարձ կայ սուրիահայութեան լուրերուն, դիմագրաւուած դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն գծով: Լսեցէ՛ք լիբանանի հայկական ռատիոկայանները, ուր յաճախ սուրիահայութեան ցաւակցող, քաջալեող ու զօրակցող արտայայտութիւններ կը լսուին, սուրիահայութեան նուրիուած երգեր կը սփռուին: 
7. Այցելեցէք որեւէ գեղարուեսատական յայտագրի, պարախումբի, թատրոնի, երգչախումբի եւ այլ հանդիսութիւններու եւտեսէք, թէ ինչպէ՛ս սուրիահայն ու լիբանանահայը կողք- կողքի հայ մշակոյթի պահպանման գործին կը ծառայեն: Լսեցէ՛ք, գեղարուեստական այս խումբերուն մէջ լիբանանահայերուն կողմէ բարձրաձայնօրէն հնչած սուրիահայերուն պատրաստուածութեան, դաստիարակուածութեան, կարգապահութեան եւ կազմակերպուածութեան դրական արտայայտութիւնները:
8. Աչք մը նետեցէ՛ք լիբանանի ազգային, եկեղեցական, կուսակցական մարմիններու, միութեանկան վարչութիւններու եւ խորհուրդներու, դպրաց-դասերու, տիկնաց յանձնախումբերու, հայրենակցական, սկաուտական, երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու կազմերուն եւ հոն անպայման քանի մը սուրիահայ աշխատանքին մէջ ներգրաւուած պիտի տեսնէք, երբեմն նոյնիսկ պատասխանատու պաշտօններու վրայ: 
9. Հանդիպում մը տուէք հայաբնակ շրջաններու ակումբները եւ տեսէք, թէ ինչպէս լիբանանահայ ու սուրիահայ տարեցներն ու երիտասարդները միասին նարտի կը խաղան կամ այլ զբաղմունքով ժամանակ կ՛անցնեն: Պուրճ Համուտի «Ն. Դուման» ակումբը շաբաթը մէկ անգամ ակումբը սուրիահայերուն որպէս հաւաքավայր կը տրամադրէ: Ընտանիքներ կը հաւաքուին, մանունկեր ու պատանիներ կը խաղան ու բարի ժամանց կ՛ունենան: 
10. Քիչ չէ թիւը այն լիբանանահայերուն, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իրենց արիւնակից հարազատը չեղող սուրիահայուն երաշխաւոր կենալու, որպէսի վերջինին կեցութեան արտօնագիրը նորոգուի: Անոնք սուրիահայերուն հետ կանուխ ժամերէն ապահովական մարմիններ կ՛երթան եւ ժամերով կարգի կը կենան:
Այս օրինակներէն ետք, մարդիկ տակաւին կրնան ըսել, որ դրական այս մօտեցումները ակնկալուած տարողութեամբ, ազդեցութեամբ ու քանակով չեն կատարուիր: Տեղ մը, իրաւացի ալ կրնան ըլլալ: Ուրեմն, աշխատանք տանինք, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան խնդիրը ակնկալուած տարողութեան հասնի: Այդ աշխատանքը միայն լիբանանահայութեան գործը չէ, ո՛չ ալ անոր ներկայ պայմանները կ՛արտօնեն, այլ բոլոր հայութեան, հայրենի պետութեան եւ միջազգային ընտանիքին գործն է: 
Ամէն պարագայի նշեալ օրինակները կու գան հաստատելու, որ սուրիահայ-լիբանանահայ յարաբերութիւններուն մէջ, նախաբանով նշուած բացասական ու անընդունելի երեւոյթներուն կողքին դրական, յուսադրող եւ ողջունելի բազմաթիւ դրսեւորումներ ալ կան: Հետեւաբար, երեւոյթին արդար ու առարկայական գնահատում տալու համար, ճիշդ պիտի չըլլայ՝ միայն բացասականը մատնանշել ու դրականը չնկատել, միա՛յն սեւը տեսնել ու ճերմակը կուրանալ, միա՛յն դատապարտելիին ընդվզիլ եւ գնահատելիին լուռ մնալ: 
Յատկապէս այս շրջանին, երբ տարածաշրջանի ամբողջ ժողովուրդները վճռորոշ հանգրուանէ մը կ՛անցնին, Միջին Արեւելքի հայութիւնը եւ յատկապէս սուրիահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած են փոխ-հասկացողութեամբ, հանդուրժողականութեամբ եւ լայնախոհութեամբ խաղաղ ու համերաշխ համակեցութիւն ապահովելու:
Դատապարտե՛նք ու հնարաւորինս նուազեցնենք բոլոր տեսակի խտրականութեան, անհադուրժողականութեան, այլամերժումի, ներքին պառակտման, ներքին լարուածութիւններու, անզուսպ հակազդեցութիւններու, անախորժ դէպքերու եւ խեղկատակութիւններու երեւոյթները ու միեւնոյն ժամանակ, քաջալերենք ու գնահատենք երկու հատուածներուն միասնութեան, հզօրութեան, անվտանգութեան ու բարօրութեան նպաստող բոլոր դրական երեւոյթները: Մետալին միւս կողմն ալ տեսնենք...:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Լեզուներու Միաձուլման Համաժողով

Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման համաժողովէն եզրակացուցի մէկ բան, որ մերձեցում ըսելով պէտք է հասկնալ ոչ թէ երկու լեզուներու կատարեալ միաձուլում, որ գրեթէ անհնարին բան է ու մեզի ժառանգուած երկու հարուստ մշակոյթներուն համար՝աղէտ , ինչպէս քանիցս հաստատուեցաւ այստեղ,այլ արեւելահայերէնի մէջ տեղ գտած ռուսամէտ բառերուն փոխարինումը՝ արեւմտահայերէնի պերճաշուք բառամթերքով: «Ահա այս է այսօրուան հրամայականը» շեշտեց ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարար Սերժ Սրապոնեանը:
Գիտական զեկոյցներէն ու ուսումնասիրութիւններէն անդին, հնչեցին նաեւ տարբեր կարծիքներ ու առաջարկներ, որոնցմէ որպէս օրինակ յիշեմ մի քանին. 
Այնպէս ինչպէս արեւմտահայ դպրոցականը փոքր տարիքէն առիթը կ'ունենայ քաջածանօթ ըլլալու արեւելահայ գրողներուն, նոյն ձեւով ալ արեւելահայ դպրոցականը փոքր տարիքէն պէտք է ծանօթանայ արեւմտահայ գրողին. այնպէս որ դասագիրքերուն մէջ պէտք է տեղ գտնեն երկու հատուածներէ գրողներու գործեր:
Խօսուեցաւ նաեւ համացանցային խաղերուն կատարած կարեւորագոյն դերին մասին՝ հայերէնի ուսուցման ու զարգացման ոլորտին մէջ: Ցարդ, պատրաստուած են արեւելահայերէնով համացանցային խաղեր եւ աշխատանքներ ալ կը տարուին նոյնը պատրաստելու նաեւ արեւմտահայերէն լեզուով:
Առաջարկուեցաւ հեռատեսիլային ծրագիրներուն մէջ տեղ տալ նաեւ արեւմտահայերէն հաղորդումներու:
Թող այս մերձեցման քայլը իրականութիւն դառնայ , որպէսզի սփիւռքահայու ու հայաստանցիի կապը առաւել ամրապնդուի եւ իւրաքանչիւր հայ քաջածանօթ ըլլալով լեզուի երկու հատուածներուն յանկարծ խօսակցութիւնդ ընդմիջելով քեզ չխրտչեցնէ ըսելով.« Խնդրում եմ հայերէն խօսա , հա՜». կամ ալ հակառակը՝ « հաճիս կամաց կը խօսի՞ս. չեմ հասկնար(կոր) ըսածդ»:
Սօսի Մ.Տ.

ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ



Մեր բոլոր վարժարանները պատշաճ հանդիսութիւններով բաշխեցին աւարտական վկայականները ուրախացնելով շրջանաւարտ աշակերտներներն ու անոնց ծնողները. անկեղծօրէն բաժնեկցելով անոնց ուրախութիւնը չկրցայ գրել անխառն ուրախութիւնը, որովհետեւ մեր ուրախութեան մէջ այնքա¯ն շատ դառնութիւն կայ, որոնցմէ եթէ առաջինը շրջանաւարտներու թիւի հսկայական նուազումն է, ապա գլխաւորը անորոշութիւնն է. անորոշութիւնը ապագային երկրորդականը աւարտած այս պատանիներուն, որոնց պարը դիտելով քուլիսներէն, լսելով անոնց երգերն ու ասմունքը անզօրութենէդ կ'ուզես գլուխդ պատին զարնել եւ միայն մէկ նախադասութիւն կրնաս մրմնջել.«Աստուած պահէ այս տղաքն ու աղջիկները...», որովհետեւ այս պահուն, երբ անոնք իրենց վկայականները կը ստանան, դուրսը օդանաւները կը ռմբակոծեն քաղաքի վրայ յարձակում գործող ընդդիմադիրները, տեսակաւոր ռումբեր կը պայթին դուրսը, կրակոցներու ձայները չեն դադրիր... Անորոշ է գաղութին ապագան: Սուլէյմանիէ հայաշատ թաղամասի հրթիռարձակման ենթարկուելէն ետք, երկու ամսուայ ընթացքին հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ գաղթեցին, աւելի եւս նօսրացնելով գաղութիս զաւակներուն շարքերը: Ի՞նչն է ամէնէն հրամայականը հիմա: Ի հարկէ գաղութին պահպանումը, սակայն կարծէք թէ գաղութը կ'ընթանայ դէպի վերջալոյս եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ կասեցնել այս ընթացքը: Վերջերս Հ1-էն Հալէպի հայկական վարժարաններէն մէկուն տնօրէնը յայտարարեց, որ ինք փորձած էր մնալ Հալէպի մէջ, սակայն այլեւս չէր կրցած դիմանալ եւ հեռացած էր: Ան հալէպահայը նմանցուց ջրախեղդ եղող այն անձին, որ փրփուրէ կը բռնուի: Նոյն Հ1-էն հարցազրոյցի մը մասնակցեցան Սուրիա այցելած Հայաստանի Ազգային Ժողովի երկու պատգամաւորներ, որոնք տխուր եւ խոժոռ դէմքերով հաստատեցին երկու իրականութիւն. Առաջինը ան, որ սուրիական պետական բանակը, թէեւ կ'ուզէ պաշտպանել փոքրամասնութիւնները, սակայն երկարատեւ պատերազմը հիւծած է զայն եւ... երկրորդը ան, որ Հայաստանը կ'ուզէ տէր կանգնիլ հայ ազգի այս մասնիկին, սակայն փոքր պետութիւն է եւ իր ուժերէն վեր է...: Այս յայտարարութիւններուն եթէ գումարենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք, գաղութիս ղեկավարներուն լուր բայց տխուր ու գունաթափ դէմքերը, ակամայ պէտք է եզրակացնենք, թէ վայը պիտի գայ ու մեզ տանի... Պատերազմական այս երեք տարիներուն ընթացքին հալէպահայութեան թիւը նուազեցաւ երկու երրորդով, հիմա արտահոսքը կը միտի ընթանալ աւելի մեծ թափով. ո՞վ, ո՞ւր կ'երթայ յայտնի չէ: Ամէն մէկը կ'երթայ հո'ն ուր կրնայ: Մեր թաղերու ամուր փակուած պատուհաններուն եւ դռներուն տխուր տեսարանները համատարած կը դառնան... եւ թէեւ տակաւին կան հայաշատ թաղամասեր, սակայն հայկական թաղամաս մնա՞ց միայն հայերուն կողմէ երազային յորջորջուած այս քաղաքին մէջ...: Մեր շրջապատին մէջ հաւանաբար ամէնէն ապիկարն ենք որպէս հաւաքականութիւն եւ ամէնէն անտէրը, թէեւ երկու պարագային ալ ճիշդ հակառակ տպաւորութիւնը կը ձգենք մեր շուրջը գտնուողներուն վրայ: Որպէս հաւաքականութիւն որեւէ քայլի չդիմեցինք, ոեւէ մէկը չկրցաւ պատասխանատուութիւն վերցնել ճակատագրական որոշում մը ընդունելու: Աւելին. կը կարծեմ, թէ մեր կազմակերպութիւնները կամ պատասխանատու մարմինները, փորձելով մինչեւ վերջ քննարկել մեր վիճակը, չհամարձակեցան խորհիլ հաւանական գալիք պարագաներուն առնուելիք քայլերու մասին:
- Ո՞ր պարագային ի՞նչ պէտք է ընենք: Մեր կարողութենէն վեր է այս հարցումին տրուելիք պատասխաններուն գործադրութիւնը:
-Ո՞ր պարագային ի՞նչ կրնանք ընել: Վստահ եմ, որ մեր պատասխանատուները առաջինը իրենք դրած են այս հարցը եւ ճարահատ պատասխանած.
- Ի'նչ կրնանք ընել: Այսինքն բան չենք կրնար ընել: Գաղութին տէր չկրցանք կանգնիլ: Թերեւս չէինք կրնար: Ամէնէն էական հարցը գաղութի զաւակներուն ֆիզիքական ապահովութեան հարցն էր, անցեալով կը գրեմ, որովհետեւ այս խնդիրը մեծ մասամբ լուծեցին բազմահազար անհատները, որոնք ինքնագլուխ հեռացան ապահով վայրեր: Հոս մնացողնե՞րը: Անոնցմէ շատերուն ուժերէն վեր է որեւէ լուծում գտնել: Շարունակե՞նք նոյն կերպ ամէն անհատ ինք իր գլխուն ճարը տեսնէ, խիղճերնիս հանգստացնենք պարեն-մարեն ղրկելով: Ամէն ինչ ձգենք տեղի՞ ղեկավարներուն վրայ, որոնք լաւագոյն պարագային կրնան մնացողներուն ճակատագիրը (ԱՆՈՐՈՇ) կիսել: Ամէն պարագայի Հալէպի մէջ հայեր պիտի մնան: Այս կամ այն կերպ գաղութ մը պիտի մնայ հոս, որուն վիճակը թէեւ անորոշ սեպեցինք, իրականութեան մէջ սակայն դժոխային կրնայ ըլլալ: Գացողներուն մասին մտածելու կողքին մտածենք նաեւ, թէ ի°նչ կրնանք ընել այս գաղութ մնալիքին համար: Այդ մասին մտածենք եւ գործենք ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ: Ասիկա նոյնքան կարեւոր է բոլոր գաղութներու ապագային համար, իմա՝ Հայաստանի եւ հայ ազգի ապագային համար: Հաւաքականօրէն գործելու մասին կը գրեմ առանց հաւատալու, որ ան կրնայ իրագործուիլ... Իսլամ արաբները կը հաւատան Ամենազօր Աստուծոյ. անոնք կ'ըսեն. «Միայն Աստուած մնաց մեզի պահապան»: Մենք ի՞նչ ըսենք:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆՆ ՈՒ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐԳԸ


«Տղա՛ք, Ճե­մա­րա­նը իր քայ­լեր­գը ու­նե­ցաւ. աւե­լի քան 50 տար­ուան մար­դա­կեր­տու­մի այս ամ­րո­ցը աս­կէ ետք քայ­լե՛րգ ու­նի»: Մեծ ոգե­ւո­րութ­եամբ մը ու քայ­լեր­գին բա­ռե­րուն թուղ­թը ձեռ­քին դա­սա­րան մտաւ այդ օրե­րու մեր երաժշ­տութ­եան ու­սու­ցիչ պրն. Վա­հէն:
Ու­սու­ցի­չը նո՛յն ոգե­ւո­րու­թեամբ թուղ­թե­րը ցըր­ուե­լու սկ­սաւ: Քայ­լեր­գին տա­կ «խօսք` Սար­գիս Կի­րա­կոս­եան» գր­ուած էր: Այդ պա­հուն դա­սա­րա­նին մէջ պոռչ­տուք մը ծայր առաւ: «Քայ­լեր­գին հե­ղի­նա­կը պրն. Սար­գի՞սն է, պա­րո՛ն» բա­ցա­գան­չե­ցինք բո­լորս: «Այո՛, պրն. Կի­րա­կոս­եանն է», պա­տաս­խա­նեց ու­սու­ցի­չը ու շա­րու­նա­կեց թուղ­թե­րը ցր­ուել:
«Մե՛ր դաստ­ի­ա­րակ-հս­կիչ պրն. Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա՞նը», ու­սու­ցի­չին աշ­խա­տան­քը ընդ­հա­տե­ցինք նո­րէն: Ու­սու­ցի­չը պահ մը կանգ առաւ ու շա­րու­նա­կեց. «Ո՛չ տղաք, մեր պրն. Սար­գի­սը չէ հե­ղի­նա­կը, այլ լի­բա­նա­նա­հայ բա­նաս­տեղծ պրն. Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա­նը»:
«Մեր» ըսե­լով նկա­տի ու­նէ­ինք այդ օրե­րու Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. Ճե­մա­րա­նի 9-րդ կար­գի դաստ­ի­ա­րակ-հս­կիչ պրն. Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա­նը: Կը սի­րէ­ինք պրն. Սար­գի­սը, ըն­կե­րա­յին ու հան­դար­տա­բա­րոյ դաստ­ի­ա­րակ մըն էր: Թե­րեւս անուն­նե­րու զու­գա­դի­պու­թեան պատ­ճա­ռով բո­լորս մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցինք քայ­լեր­գին հե­ղի­նա­կին նկատ­մամբ: Երե­ւոյթ մը, որ բնաւ չէր պա­տա­հած աս­կէ առաջ: Շատ եր­գեր սոր­ված էինք, բայց անոնց հե­ղի­նակ­նե­րուն մա­սին դժ­ուար թէ հե­տաքրքր­ուէ­ինք:
-«Հօ­րեղ­բօ­րոր­դի՞ են արդ­եօք», շա­րու­նա­կե­ցինք, սա­կայն մեր հար­ցու­մը ան­պա­տաս­խան մնաց ու ու­սու­ցի­չը սկ­սաւ քայ­լեր­գին բա­ռե­րը բա­ցատ­րե­լ եւ եր­գը սոր­վեց­նե­լ:
Չորս տու­նե­րէ բաղ­կա­ցած քայ­լեր­գին բա­ռե­րը վար­պե­տօ­րէն իրենց մէջ կ՛ամ­փո­փէ­ին Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. Ճե­մա­րա­նին պատ­մու­թիւնը, առա­քե­լու­թիւնն ու նպա­տա­կը: Պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը սփիւռ­քա­հայ մար­դու, հայ ու­սու­ցի­չի, հայ մշա­կի, հայ բա­նաս­տեղ­ծի ու հայ մտա­ւո­րա­կա­նի իր կո­չու­մին ու փոր­ձա­ռու­թեան շնոր­հիւ լաւ գի­տէր հայ դպ­րո­ցին, ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ճե­մա­րան­նե­րուն ու­նե­ցած ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը: Հե­տե­ւա­բար, մարդ կր­նայ են­թադ­րել, թէ այդ­քան ալ դժ­ուար պի­տի չըլ­լայ հայ դըպ­րո­ցի մը քայ­լերգ գրե­լը: Բայց միա՛յն ճե­մա­րա­նա­ւարտ մը կր­նար այդ­քա՛ն հո­գե­հա­րա­զա­տօ­րէն ու ճշգր­տու­թեամբ ար­տա­յայտ­ուիլ Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. Ճե­մա­րա­նին մա­սին: Միա՛յն Ճե­մա­րա­նին քա­րա­շէն պա­տե­րուն տակ հա­սակ առ­նո­ղը, Ճե­մա­րա­նին եզա­կի հմայքն ու ներ­գոր­ծու­թիւնը վա­յե­լո­ղը, Ճե­մա­րա­նին ազ­գա­յին առողջ մթ­նո­լոր­տը ըմ­բոշխ­նո­ղը, անոր ջերմ համն ու հո­տը ճա­շա­կո­ղը այդ­քա՛ն դի­պուկ կր­նայ ար­տա­յատ­ուիլ եւ Պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը, որ­պէս Եփ­փ­է­ա­կան Ճե­մա­րա­նա­ւար­տի, լա­ւա­գոյնս ստեղ­ծա­գոր­ծած էր այս առու­մով ու երախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած` իր սի­րե­լի Ճե­մա­րա­նին:
Աշա­կերտ­նե­րուս հա­մար, քայ­լեր­գին մէջ թէ­եւ նոր բա­ռեր կա­յին, բայց այդ բա­ռե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը իմա­նա­լէ ետք, աւե­լի հասկ­ցանք բո­վան­դա­կու­թիւնը: Ի մի­ջի այ­լոց, բա­ռե­րուն մէջ, տեղ մը «հայ­կազ­եան» բա­ռը կար: «Հայ­կազ­եան» բա­ռը իր իս­կա­կան իմաս­տէն աւե­լի, հա­լէպ­ցի­նե­րուս մօտ Ազգ. Հայ­կազ­եան վար­ժա­րան կը խորհր­դան­շէ: Եւ ահա, Ճե­մա­րա­նին մէջ տար­բեր ազ­գա­յին ու հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ եկող աշա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ ման­կա­կան վի­ճա­բա­նու­թիւն մը կը սկ­սի: Ազգ. Հայ­կազ­եան նա­խակր­թա­րա­նի շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը կը սկ­սին հպար­տա­նալ, որ քայ­լեր­գին մէջ իրենց վար­ժա­րա­նին անու­նը կայ եւ մնաց­եալ` Ազգ. Սա­հակ­եան, Ազգ. Զա­ւար­եան, Ազգ. Մես­րոպ­եան, Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան, Կըր­թա­սի­րաց, Զուարթ­նոց, Բե­թէլ, եւ այլ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մա­սին յի­շա­տա­կում չկայ: Ի՜նչ ան­մեղ ու ման­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­ներ էին...: Օ՜հ այդ օրե­րուն հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը իր փառ­քի օրե­րը կ՛ապ­րէր: Խա­ղա­ղու­թիւ՜ն, հոծ թիւով հայ աշա­կեր­տու­թիւն եւ վար­ժա­րան­նե­րու մի­ջեւ բա­րի մր­ցակ­ցու­թիւն կար:
Ու­րեմն, քայ­լեր­գը պաշ­տօ­նա­կա­նօ­րէն առա­ջին ան­գամ եր­գե­լու առի­թը մե­զի շնորհ­ուե­ցաւ: Մենք, 9-րդ կար­գի 220 շր­ջա­նա­ւարտ­ներս, Ճե­մա­րա­նի պատ­մա­կան բա­կին մէջ, եր­կու հա­զար հաշ­ուող բազ­մու­թեան եւ Լի­բա­նա­նէն ժա­մա­նած քայ­լեր­գին հե­ղի­նա­կին ներ­կա­յու­թեամբ հն­չե­ցու­ցինք քայ­լեր­գը: Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին խօսք առաւ նա­եւ քայ­լեր­գին հե­ղի­նա­կը, որ մաք­րա­մա­քուր հա­յե­րէ­նով ոգե­ւո­րիչ խօսք մը ար­տա­սա­նեց: Հո՛ն տե­սանք, թէ ո՛վ է «միւս» պրն. Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա­նը: Ան իր կազմ­ուած­քով բնաւ չէր նմա­ներ «մեր» պրն. Սար­գի­սին: Մե­րը` կլո­րա­դէմ, գի­րու­կի վրայ, մի­ջա­հա­սակ մարդ մըն էր, իսկ Լի­բա­նա­նէն եկող պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը նր­բա­կազմ ու եր­կա­րա­հա­սակ էր:
Մեր հան­դէ­սին յա­ջոր­դեց տասն­եակ մը հան­դէս­ներ ու հան­դէս­նե­րու կող­քին, ամէն պաշ­տօ­նա­կան արա­րո­ղու­թեան, Հա­լէ­պի Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. Ճե­մա­րա­նը եր­գե՛ց ու կը շա­րու­նա­կէ եր­գել պրն. Կի­րա­կոս­եա­նին հե­ղի­նա­կած «Ճե­մա­րա­նի Քայ­լերգ»ը: Այ­սօր, Հա­լէ­պի ճե­մա­րան­ցիք, պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով զրկ­ուած են իրենց պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցին մէջ ու­սում­նա­ռու­թիւն ստա­նա­լէ, զրկ­ուած են Ճե­մա­րա­նի բա­կին մէջ ամա­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լէ, բայց ու՛ր որ ալ ըլ­լան, կը շա­րու­նա­կեն սոր­վիլ ու ան­մահ պա­հել «Ճե­մա­րա­նի Քայ­լերգ»ը:
Պրն. Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա­նը` սփիւռ­քա­հայ իրա­կա­նու­թեան, սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան, կր­թամ­շա­կու­թա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան ոլորտ­նե­րուն մէջ իր անու­րա­նա­լի վաս­տակն ու դրոշ­մը ձգած, հան­գիստ խիղ­ճով կը մեկ­նի երկ­րա­ւոր այս կեան­քէն: Կը մնայ տէր կանգ­նիլ պրն. Կի­րա­կոս­եա­նին եւ իր նման­նե­րուն թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան: Պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը հան­գիստ կր­նայ նն­ջել, այն­քան ատեն, որ իր գոր­ծե­րը մեր մէջ կ՛ապ­րին ու հա­սա­նե­լի կը դառ­նան հայ­րե­նի եւ սփիւռք­եան նոր սե­րունդ­նե­րուն: Պրն. Կի­րա­կոս­եա­նը հան­գիստ կը նն­ջէ, այն­քան ատեն, որ հա­լէ­պաբ­նակ թէ աշ­խար­հաս­փիւռ Եփ­փ­է­ա­կան Ճե­մա­րան­ցիք կը շա­րու­նա­կեն բարձ­րա­ձայն եր­գել`
«Նա­հա­տա­կաց բիւր կան­չե­րէն ար­նա­վառ,
Ուխ­տը ձե­ռին վե­րա­զարթ­նեց տի­րա­բար,
Եւ խոր­հուր­դը մեր պատ­մու­թեան յաղ­թա­կան,
Դար­ձաւ տե­սիլք, երթ ու թռիչք Ճե­մա­րան:
Մեր ինք­նու­թեան դուն ո՜վ դրօշ ու վա­հան,
Ան­մար փա­րոս, բերդ ու տա­ճար հայ­կազ­եան,
Պի­տի եր­գենք մենք միշտ փառքդ ան­վախ­ճան,
Օտա­րու­թեան մր­րիկ­նե­րուն դէմ դա­ժան...»:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ