«Տղա՛ք, Ճեմարանը իր քայլերգը ունեցաւ. աւելի քան 50 տարուան մարդակերտումի այս ամրոցը ասկէ ետք քայլե՛րգ ունի»: Մեծ ոգեւորութեամբ մը ու քայլերգին բառերուն թուղթը ձեռքին դասարան մտաւ այդ օրերու մեր երաժշտութեան ուսուցիչ պրն. Վահէն:
Ուսուցիչը նո՛յն ոգեւորութեամբ թուղթերը ցըրուելու սկսաւ: Քայլերգին տակ «խօսք` Սարգիս Կիրակոսեան» գրուած էր: Այդ պահուն դասարանին մէջ պոռչտուք մը ծայր առաւ: «Քայլերգին հեղինակը պրն. Սարգի՞սն է, պարո՛ն» բացագանչեցինք բոլորս: «Այո՛, պրն. Կիրակոսեանն է», պատասխանեց ուսուցիչը ու շարունակեց թուղթերը ցրուել:
«Մե՛ր դաստիարակ-հսկիչ պրն. Սարգիս Կիրակոսեա՞նը», ուսուցիչին աշխատանքը ընդհատեցինք նորէն: Ուսուցիչը պահ մը կանգ առաւ ու շարունակեց. «Ո՛չ տղաք, մեր պրն. Սարգիսը չէ հեղինակը, այլ լիբանանահայ բանաստեղծ պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը»:
«Մեր» ըսելով նկատի ունէինք այդ օրերու Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 9-րդ կարգի դաստիարակ-հսկիչ պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Կը սիրէինք պրն. Սարգիսը, ընկերային ու հանդարտաբարոյ դաստիարակ մըն էր: Թերեւս անուններու զուգադիպութեան պատճառով բոլորս մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցինք քայլերգին հեղինակին նկատմամբ: Երեւոյթ մը, որ բնաւ չէր պատահած ասկէ առաջ: Շատ երգեր սորված էինք, բայց անոնց հեղինակներուն մասին դժուար թէ հետաքրքրուէինք:
-«Հօրեղբօրորդի՞ են արդեօք», շարունակեցինք, սակայն մեր հարցումը անպատասխան մնաց ու ուսուցիչը սկսաւ քայլերգին բառերը բացատրել եւ երգը սորվեցնել:
Չորս տուներէ բաղկացած քայլերգին բառերը վարպետօրէն իրենց մէջ կ՛ամփոփէին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին պատմութիւնը, առաքելութիւնն ու նպատակը: Պրն. Կիրակոսեանը սփիւռքահայ մարդու, հայ ուսուցիչի, հայ մշակի, հայ բանաստեղծի ու հայ մտաւորականի իր կոչումին ու փորձառութեան շնորհիւ լաւ գիտէր հայ դպրոցին, ազգային վարժարաններուն եւ ճեմարաններուն ունեցած անփոխարինելի դերակատարութիւնը: Հետեւաբար, մարդ կրնայ ենթադրել, թէ այդքան ալ դժուար պիտի չըլլայ հայ դըպրոցի մը քայլերգ գրելը: Բայց միա՛յն ճեմարանաւարտ մը կրնար այդքա՛ն հոգեհարազատօրէն ու ճշգրտութեամբ արտայայտուիլ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մասին: Միա՛յն Ճեմարանին քարաշէն պատերուն տակ հասակ առնողը, Ճեմարանին եզակի հմայքն ու ներգործութիւնը վայելողը, Ճեմարանին ազգային առողջ մթնոլորտը ըմբոշխնողը, անոր ջերմ համն ու հոտը ճաշակողը այդքա՛ն դիպուկ կրնայ արտայատուիլ եւ Պրն. Կիրակոսեանը, որպէս Եփփէական Ճեմարանաւարտի, լաւագոյնս ստեղծագործած էր այս առումով ու երախտագիտութիւն յայտնած` իր սիրելի Ճեմարանին:
Աշակերտներուս համար, քայլերգին մէջ թէեւ նոր բառեր կային, բայց այդ բառերուն բացատրութիւնները իմանալէ ետք, աւելի հասկցանք բովանդակութիւնը: Ի միջի այլոց, բառերուն մէջ, տեղ մը «հայկազեան» բառը կար: «Հայկազեան» բառը իր իսկական իմաստէն աւելի, հալէպցիներուս մօտ Ազգ. Հայկազեան վարժարան կը խորհրդանշէ: Եւ ահա, Ճեմարանին մէջ տարբեր ազգային ու հայկական վարժարաններէ եկող աշակերտներուն միջեւ մանկական վիճաբանութիւն մը կը սկսի: Ազգ. Հայկազեան նախակրթարանի շրջանաւարտները կը սկսին հպարտանալ, որ քայլերգին մէջ իրենց վարժարանին անունը կայ եւ մնացեալ` Ազգ. Սահակեան, Ազգ. Զաւարեան, Ազգ. Մեսրոպեան, Ազգ. Կիւլպէնկեան, Կըրթասիրաց, Զուարթնոց, Բեթէլ, եւ այլ հայկական վարժարաններուն մասին յիշատակում չկայ: Ի՜նչ անմեղ ու մանկական երկխօսութիւններ էին...: Օ՜հ այդ օրերուն հալէպահայութիւնը իր փառքի օրերը կ՛ապրէր: Խաղաղութիւ՜ն, հոծ թիւով հայ աշակերտութիւն եւ վարժարաններու միջեւ բարի մրցակցութիւն կար:
Ուրեմն, քայլերգը պաշտօնականօրէն առաջին անգամ երգելու առիթը մեզի շնորհուեցաւ: Մենք, 9-րդ կարգի 220 շրջանաւարտներս, Ճեմարանի պատմական բակին մէջ, երկու հազար հաշուող բազմութեան եւ Լիբանանէն ժամանած քայլերգին հեղինակին ներկայութեամբ հնչեցուցինք քայլերգը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ քայլերգին հեղինակը, որ մաքրամաքուր հայերէնով ոգեւորիչ խօսք մը արտասանեց: Հո՛ն տեսանք, թէ ո՛վ է «միւս» պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Ան իր կազմուածքով բնաւ չէր նմաներ «մեր» պրն. Սարգիսին: Մերը` կլորադէմ, գիրուկի վրայ, միջահասակ մարդ մըն էր, իսկ Լիբանանէն եկող պրն. Կիրակոսեանը նրբակազմ ու երկարահասակ էր:
Մեր հանդէսին յաջորդեց տասնեակ մը հանդէսներ ու հանդէսներու կողքին, ամէն պաշտօնական արարողութեան, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը երգե՛ց ու կը շարունակէ երգել պրն. Կիրակոսեանին հեղինակած «Ճեմարանի Քայլերգ»ը: Այսօր, Հալէպի ճեմարանցիք, պատերազմի պատճառով զրկուած են իրենց պատմական կառոյցին մէջ ուսումնառութիւն ստանալէ, զրկուած են Ճեմարանի բակին մէջ ամավերջի հանդիսութիւններ կազմակերպելէ, բայց ու՛ր որ ալ ըլլան, կը շարունակեն սորվիլ ու անմահ պահել «Ճեմարանի Քայլերգ»ը:
Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը` սփիւռքահայ իրականութեան, սփիւռքահայ գրականութեան, կրթամշակութային ու հասարակական ոլորտներուն մէջ իր անուրանալի վաստակն ու դրոշմը ձգած, հանգիստ խիղճով կը մեկնի երկրաւոր այս կեանքէն: Կը մնայ տէր կանգնիլ պրն. Կիրակոսեանին եւ իր նմաններուն թողած ժառանգութեան: Պրն. Կիրակոսեանը հանգիստ կրնայ ննջել, այնքան ատեն, որ իր գործերը մեր մէջ կ՛ապրին ու հասանելի կը դառնան հայրենի եւ սփիւռքեան նոր սերունդներուն: Պրն. Կիրակոսեանը հանգիստ կը ննջէ, այնքան ատեն, որ հալէպաբնակ թէ աշխարհասփիւռ Եփփէական Ճեմարանցիք կը շարունակեն բարձրաձայն երգել`
«Նահատակաց բիւր կանչերէն արնավառ,
Ուխտը ձեռին վերազարթնեց տիրաբար,
Եւ խորհուրդը մեր պատմութեան յաղթական,
Դարձաւ տեսիլք, երթ ու թռիչք Ճեմարան:
Մեր ինքնութեան դուն ո՜վ դրօշ ու վահան,
Անմար փարոս, բերդ ու տաճար հայկազեան,
Պիտի երգենք մենք միշտ փառքդ անվախճան,
Օտարութեան մրրիկներուն դէմ դաժան...»:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
No comments:
Post a Comment