Sunday, August 2, 2015

ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ



Մեր բոլոր վարժարանները պատշաճ հանդիսութիւններով բաշխեցին աւարտական վկայականները ուրախացնելով շրջանաւարտ աշակերտներներն ու անոնց ծնողները. անկեղծօրէն բաժնեկցելով անոնց ուրախութիւնը չկրցայ գրել անխառն ուրախութիւնը, որովհետեւ մեր ուրախութեան մէջ այնքա¯ն շատ դառնութիւն կայ, որոնցմէ եթէ առաջինը շրջանաւարտներու թիւի հսկայական նուազումն է, ապա գլխաւորը անորոշութիւնն է. անորոշութիւնը ապագային երկրորդականը աւարտած այս պատանիներուն, որոնց պարը դիտելով քուլիսներէն, լսելով անոնց երգերն ու ասմունքը անզօրութենէդ կ'ուզես գլուխդ պատին զարնել եւ միայն մէկ նախադասութիւն կրնաս մրմնջել.«Աստուած պահէ այս տղաքն ու աղջիկները...», որովհետեւ այս պահուն, երբ անոնք իրենց վկայականները կը ստանան, դուրսը օդանաւները կը ռմբակոծեն քաղաքի վրայ յարձակում գործող ընդդիմադիրները, տեսակաւոր ռումբեր կը պայթին դուրսը, կրակոցներու ձայները չեն դադրիր... Անորոշ է գաղութին ապագան: Սուլէյմանիէ հայաշատ թաղամասի հրթիռարձակման ենթարկուելէն ետք, երկու ամսուայ ընթացքին հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ գաղթեցին, աւելի եւս նօսրացնելով գաղութիս զաւակներուն շարքերը: Ի՞նչն է ամէնէն հրամայականը հիմա: Ի հարկէ գաղութին պահպանումը, սակայն կարծէք թէ գաղութը կ'ընթանայ դէպի վերջալոյս եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ կասեցնել այս ընթացքը: Վերջերս Հ1-էն Հալէպի հայկական վարժարաններէն մէկուն տնօրէնը յայտարարեց, որ ինք փորձած էր մնալ Հալէպի մէջ, սակայն այլեւս չէր կրցած դիմանալ եւ հեռացած էր: Ան հալէպահայը նմանցուց ջրախեղդ եղող այն անձին, որ փրփուրէ կը բռնուի: Նոյն Հ1-էն հարցազրոյցի մը մասնակցեցան Սուրիա այցելած Հայաստանի Ազգային Ժողովի երկու պատգամաւորներ, որոնք տխուր եւ խոժոռ դէմքերով հաստատեցին երկու իրականութիւն. Առաջինը ան, որ սուրիական պետական բանակը, թէեւ կ'ուզէ պաշտպանել փոքրամասնութիւնները, սակայն երկարատեւ պատերազմը հիւծած է զայն եւ... երկրորդը ան, որ Հայաստանը կ'ուզէ տէր կանգնիլ հայ ազգի այս մասնիկին, սակայն փոքր պետութիւն է եւ իր ուժերէն վեր է...: Այս յայտարարութիւններուն եթէ գումարենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք, գաղութիս ղեկավարներուն լուր բայց տխուր ու գունաթափ դէմքերը, ակամայ պէտք է եզրակացնենք, թէ վայը պիտի գայ ու մեզ տանի... Պատերազմական այս երեք տարիներուն ընթացքին հալէպահայութեան թիւը նուազեցաւ երկու երրորդով, հիմա արտահոսքը կը միտի ընթանալ աւելի մեծ թափով. ո՞վ, ո՞ւր կ'երթայ յայտնի չէ: Ամէն մէկը կ'երթայ հո'ն ուր կրնայ: Մեր թաղերու ամուր փակուած պատուհաններուն եւ դռներուն տխուր տեսարանները համատարած կը դառնան... եւ թէեւ տակաւին կան հայաշատ թաղամասեր, սակայն հայկական թաղամաս մնա՞ց միայն հայերուն կողմէ երազային յորջորջուած այս քաղաքին մէջ...: Մեր շրջապատին մէջ հաւանաբար ամէնէն ապիկարն ենք որպէս հաւաքականութիւն եւ ամէնէն անտէրը, թէեւ երկու պարագային ալ ճիշդ հակառակ տպաւորութիւնը կը ձգենք մեր շուրջը գտնուողներուն վրայ: Որպէս հաւաքականութիւն որեւէ քայլի չդիմեցինք, ոեւէ մէկը չկրցաւ պատասխանատուութիւն վերցնել ճակատագրական որոշում մը ընդունելու: Աւելին. կը կարծեմ, թէ մեր կազմակերպութիւնները կամ պատասխանատու մարմինները, փորձելով մինչեւ վերջ քննարկել մեր վիճակը, չհամարձակեցան խորհիլ հաւանական գալիք պարագաներուն առնուելիք քայլերու մասին:
- Ո՞ր պարագային ի՞նչ պէտք է ընենք: Մեր կարողութենէն վեր է այս հարցումին տրուելիք պատասխաններուն գործադրութիւնը:
-Ո՞ր պարագային ի՞նչ կրնանք ընել: Վստահ եմ, որ մեր պատասխանատուները առաջինը իրենք դրած են այս հարցը եւ ճարահատ պատասխանած.
- Ի'նչ կրնանք ընել: Այսինքն բան չենք կրնար ընել: Գաղութին տէր չկրցանք կանգնիլ: Թերեւս չէինք կրնար: Ամէնէն էական հարցը գաղութի զաւակներուն ֆիզիքական ապահովութեան հարցն էր, անցեալով կը գրեմ, որովհետեւ այս խնդիրը մեծ մասամբ լուծեցին բազմահազար անհատները, որոնք ինքնագլուխ հեռացան ապահով վայրեր: Հոս մնացողնե՞րը: Անոնցմէ շատերուն ուժերէն վեր է որեւէ լուծում գտնել: Շարունակե՞նք նոյն կերպ ամէն անհատ ինք իր գլխուն ճարը տեսնէ, խիղճերնիս հանգստացնենք պարեն-մարեն ղրկելով: Ամէն ինչ ձգենք տեղի՞ ղեկավարներուն վրայ, որոնք լաւագոյն պարագային կրնան մնացողներուն ճակատագիրը (ԱՆՈՐՈՇ) կիսել: Ամէն պարագայի Հալէպի մէջ հայեր պիտի մնան: Այս կամ այն կերպ գաղութ մը պիտի մնայ հոս, որուն վիճակը թէեւ անորոշ սեպեցինք, իրականութեան մէջ սակայն դժոխային կրնայ ըլլալ: Գացողներուն մասին մտածելու կողքին մտածենք նաեւ, թէ ի°նչ կրնանք ընել այս գաղութ մնալիքին համար: Այդ մասին մտածենք եւ գործենք ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ: Ասիկա նոյնքան կարեւոր է բոլոր գաղութներու ապագային համար, իմա՝ Հայաստանի եւ հայ ազգի ապագային համար: Հաւաքականօրէն գործելու մասին կը գրեմ առանց հաւատալու, որ ան կրնայ իրագործուիլ... Իսլամ արաբները կը հաւատան Ամենազօր Աստուծոյ. անոնք կ'ըսեն. «Միայն Աստուած մնաց մեզի պահապան»: Մենք ի՞նչ ըսենք:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

No comments:

Post a Comment