Tuesday, January 12, 2016

Հալէպ՝ Վերջին օր՝ Առաջին օր

-Շնորհաւոր Նոր տարի:

Այս տարին ինչպէս ամէն տարի ինծի համար կը սկսի Հալէպի ժամով երեկոյեան ժամը 10ին: Միշտ այդպէս եղած է , տակաւին հեռատեսիլէն շատ առաջ՝ երբ ձայնասփիւռէն սրտի տրոփիւնով կը սպասէինք Հայաստանի Նոր Տարեմուտը:

Կը հեռաձայնեմ Երեւան, կը շնորհաւորեմ տիկնոջս եւ կրտսեր զաւակիս, եւ իբր թէ յանձինս իրենց Հայաստանաբնակ բոլոր հայերուն եւ ոչ-հայերուն Նոր տարին: Փոքր տղաս նեղացած է ինձմէ, ան կը սպառնայ իրապէս նեղուիլ եթէ դպրոցական այս տարեշրջանի աւարտին եւս խոստումս չյարգեմ՝ չփոխադրուիմ Երեւան:

-Ի՞նչ կ'ընես,- կը հարցնէ կինս:

-Ընկերոջս տունը Նոր տարին դիմաւորելու կը պատրաստուինք,- կ'ըսեմ:

Կինս շատ լաւ կը ճանչնայ զիս եւ գիտէ որ սուտ կը խօսիմ, գիտէ որ տունը առանձին նստած եմ:

Կը պատկերացնեմ իր տխուր ժպիտը. կը լսուի գուրգուրոտ, մտահոգ ձայնը.

-Տաքնալու միջոց մը ճարեցի՞ր:

Անշո՛ւշտ, կազով վառարան. գիտե՞ս որքան լաւ կը տաքցնէ..

Մաղթանքներ, խորհուրդներ իրարու

Դուրսը ցուրտ է, շա՛տ ցուրտ: Ժամը ութն էր երբ տուն կը վերադառնայի փողոցը մարդ-մարդասանք չկար: Նոր Գիւղն էի, երբեմնի սիրտը Հալէպահայութեան, հիմա՝ կիսադատարկ.. Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ առջեւ մեր զինեալ տղաքը կը հսկեն: Չե՞ն մսիր, տուն չ'ունի՞ն: Ինչպէս թէ չեն մսիր, անշուշտ տուն ունին, բայց պարտականութիւն ստանձնած են պահպանել մեր եկեղեցիները:

Քանի մը վարկեան կը կենամ ու կը դիտեմ. անոնք կ'արգիլեն անծանօթ ինքնաշարժերու կանգնիլը եկեղեցիին մօտ, կը ստուգեն անցորդներու անձնագրերը:

Նոյն տեսարանը կը տեսնեմ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ:

Տուն քալելով կը բարձրանամ: փոքր հին կամուրջէն կ'անցնիմ, Աշրաֆիէ տանող այս ճամբան մութի մէջ կորած է, նախանցեալ տարի այստեղ ճամբու ամբողջ երկայնքին պետական ապահովական միջոցները խորունկ փոս մը փորեցին, այդ փոսին մէջ ջուր յայտնաբերուեցաւ, որուն հետեւանքով վայրի բոյսեր աճեցան, որոնք հիմա ծածկած են փոսը եւ մի քանի մեթր ալ բարձրացած են. -եթէ այս վիճակը երկարի ո՞ւր պիտի հասնի արդեօք այս բոյսերուն հասակը,- հեգնանքով ես ինծի հարց տուած եմ միշտ: Կը բարեւեմ փողոցի վերջաւորութեան անցարգելի տղաքը, որոնք կրակ վառած կը փորձեն տաքնալ: Այստեղ համատարած մութ է, միայն լոյս մը կ'երեւի երկու հարիւր մեթր անդին՝ այս կողմէն այն կողմ երթալիք նորաբաց «մա՛ապար՝ անցք»ի զնման կէտի լոյսն է: Այս անցքը կը գտնուի հայկական եւ քրիստոնէական գերեզմանոցներուն շատ մօտիկ, եւ կը բացուի ամէն օր առաւօտեան ժամը 7էն կէսօրուայ մէկը, եւ ուրկէ օրական հարիւրաւոր մարդիկ կրնան Հալէպի միւս կողմ երթալ, անցնելով քրտական Շէյխ Մագսուտ թաղամասէն՝ երբեմնի հայաշէն Ճէպէլ Էս Սէյիտտէ-էն:

Եթէ լոյս ըլլար դէմս պիտի տեսնէի Շէյխ Մագսուտի մութի չափ սարսափազդու կիսաքանդ շէնքերը, առանց մինարէթի մնացած մզկիթը:

Մեր փողոցն ալ ամայի է, թէեւ լուսաւորուած է ամփէրի լոյսով: Երբ տակաւին պետական ելեկտրականութիւն կար, դեռ հեռուէն կը գիտնայինք՝ եթէ փողոցի լոյսերը չեն վառիր ուրեմն պետական ելեկտրականութիւն ունինք… : Այսօր Նոր տարուան առիթով ամփէրը մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը պիտի ունենանք: Բախտաւորութիւն է, չէ՞:

Կը մտնեմ տուն: Տունս դուրսէն աւելի ցուրտ է, գումարած առանձնութեան հոգի ծակող ցուրտը: Քանի՞ հոգի Նոր տարին առանձին կը դիմաւորեն արդեօք Հալէպի մէջ

Կը միացնեմ հեռատեսիլը՝ Հ1: Կը միացնեմ նաեւ մէկ ամփէրանոց հալոճին լամբս, որ նստածս ատեն միայն աջ ոտքիս միայն վերի մասը կը տաքցնէ, աջ ձեռքս ալ մօտիկ կը պահեմ, ձախ ձեռքիս ձեռնոցը ձեռքէս չեմ հաներ: Չէ՛, ասանկ չ'ըլլար, ի՛նչ կ'ուզէ թող ըլլայ փիւթակազի շիշ մը եւ կազի »վառարան« մը պէտք է գնեմ. միայն մէկ անգամ պիտի ծախսեմ, ատկէ ետք ամփէրէն քիչ ծախս կ'ըլլայ: Այո՛, այո՛, պիտի լուծեմ այս խնդիրը: Եղբա՛յր,- կը մտորեմ, իմ աշխատավարձս համեմատական բարձր է (հարիւր տօլար) առանձին մարդ եմ, ծայրը ծայրին հասցնելու համար ուրիշ գործեր ալ կ'աշխատիմ. ընտանիք ունեցողները ի՞նչ կ'ընեն, ինչպէ՞ս կ'ապրին

Գրասեղանիս վրայի թուղթերը, գիրքերը, սիկարէթի ձգուած պարապ տուփերը, մոխրամանը մէկ կողմ կը հրեմ: Նոր տարուայ գիշեր է, չէ՞. քանի մը հատ քանի մը տեսակ պտուղ գնած եմ, քաղրաւենիք. կը տեղաւորեմ, Տուն մը լեցուն պէտք է ըլլայ Նոր տարուայ գիշեր, որպէսզի ամբողջ տարին լեցուն մնայ: : Տարեւմուտին անմիջապէս առաջ կ'ունկնդրեմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը՝ Հայաստանցինրուն գրեթէ բան չըսող

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Ես ալ յոտնկայս հեռուէ հեռու կը շնորհաւորեմ հայրենիքիս Նոր տարին:

Յետոյ կը փոխեմ կայանը. «Հալէպն այսօր» ընդդիմադիր կայանը կը նկարագրէ միւս կողմի Հալէպի վատթարագոյն վիճակը՝ ջուր եւ ելեկտրականութիւն չըլլալը, ահռելի սղութիւնը, անապահով վիճակըՆոյն կացութիւնն է,- կը մտածեմ.- այս կողմի եւ միւս կողմի Հալէպին մէջ, չէ՜, կայ տարբերութիւն մը այս կողմ արձակուած հրթիռները, հրասանդներն ու կազի շիշերը աւեր կը գործեն, այն կողմ՝ հրասայլէ, եւ օդանաւէ արձակուած ռումբերն ու պայթուցիկներով լեցուն տակառները:

Այսպէս թէ այնպէս ժամը 12 կ'ըլլայ:

Զիս առաջին շնորհաւորողը Հալէպէն 30 քիլոմեթր հեռու Սէն Սիմոնին մօտ՝ Տար Էլ Ը՛ըզզէ բնակող արաբ ուսուցիչ մըն է: Հոն ընդդիմադիրներու գերիշխանութիւնն է: Հոն աղբահաւաքը ամսական երկու հարիւր տօլար աշխատավարձ կը ստանայ, ուսուցիչը յիսուն..

-Կը շնորհաւորեմ Նոր տարիդ,- կ'ըսէ-. Տայ Աստուած գալ տարի….

Հեռաձայնս ազդանշան կու տայ. Այլ արաբ ընկեր մը կը շնորհաւորէ Տարեմուտը.- Այս բարեկամիս սիրտը լեցուն է, ամէն վայրկեան պիտի պայթի կարծես, կը բողոքէ բոլորին դէմ, կը սգայ մահը Սուրիացի բոլոր զոհերուն, ինք շատո՜նց, շատ շատոնց որպէս քաղաքական բանտարկեալ համտեսած է դառնութիւններ, զորս չէ մոռցած: Հիմա «բանտարկեալներու բարեկամներ» հասարակական կազմակերպութեան անդամ է: Ոմանք զինք ընդդիմադիրներու շարքը կը դասեն, մինչդեռ ինք դէմ է սպաննութեան, անարդարութեան, Սուրիոյ քանդումին, ամէն տեսակի զէնքերուն. բոլորին կողմէ գործադրուող բոլոր տեսակի բռնութիւններուն, ըստ իրեն բոլորը դաւադիրներ են, բոլորը՝ մեր բարեկամ եւ եղբայր բոլոր պետութիւնները:

-Կը հաւատամ կ'ըսէ,- Դո՛ւն ալ հաւատա, պիտի գայ այն օրը երբ մեր հայրենիքին մէջ ալ տօն պիտի ըլլայ, տօն, զոր բոլորս միասին պիտի տօնենք՝ միասին՝ բոլոր սուրիացիները:

Այլոց հետ եւս փոխադարձ շնորհաւորանքներ

Կը բանամ դիմատետրի էջս, շնորհաւորանքներով ողողուած դիմատետրի էջս. Ամէնքը կը շնորհաւորեն ամէնքը: Ես այս շնորհաւորանքները կ'ընդունիմ որպէս անձնապէս ինծի ուղղուած եւ կը մրթմրթամ.- Շնորհաւոր Նոր տարի:

Դուրսը ուրախութեան կրակոցներ են, որոնք կը խլացնեն պայթող հրասանդներու ձայները՝ Շնորհաւոր Նոր տարի

Քնացած եմ: Կ'արթննամ: 2016 Յունուար 1:

Ցուրտ է, շատ ցուրտ: Մէկ ժամէն աւելի կը մնամ պառկած, վերմակս մէկ այսպէս, մէկ այնպէս ուղղելով:

Սուրճս կը խմեմ. Երէկուայ սուրճին համն ունի: Երէկուայ պէս դուրսէն այսօր ալ կը լսուին կրակոցներու եւ պայթիւններու ձայներ:

Պաղելով-պաղելով կը լուացուիմ՝ երէկուայ նման, պաղելով-պաղելով կը հագնիմ զգեստներս եւ երէկուայ նման տունէն դուրս կ'ելլեմ: 10 օր արձակուրդ ենք: -Երանի արձակուրդ չըլլար,- կ'ըսեմ ինքզինքիս-. Գոնէ քանի մը ժամ կը տաքնայինք դպրոցը

Դուրս կ'ելլեմ: Քանի մը փոքրիկներ ջուր կը կրեն: Հալէպի մէջ ջուր կայ հիմա, բայց կարգ մը շրջաններ չի հասներ այդ երանելի հեղուկըՕթոպիւս կը նստիմ: Երբեւիցէ տեղէ մը տեղ գացա՞ծ էք Հալէպի այս օրերու երթեւեկութեան այս միջոցով: Ձեր քիթին մտած եւ հոն ամրապնդուա՞ծ է անոր մէջ բոյն դրած ամիսներով չլոգցած մարդկային մարմիններու արձակած հոտը: Այսօր ալ նոյն հոտը կայ, ինչպէս երէկ, ինչպէս քանի մը օր առաջ, ինչպէս անցեալ ամիս

Օթոպիւսին մէջ կանայք են եւ քնաթաթախ զինուորներ: Արդէն քաղաքին մէջ մեծ մասամբ կանայք են կամ զինեալներ: Այո՛, մնացած տղամարդիկ, եթէ կողմերէն մէկուն բանակին մէջ չեն, հեռացած են երկրէն խոյս տալով զինուորական ծառայութենէ, նոյնիսկ մեծ թիւով ուսանողներ գացած են, որովհետեւ աւարտականի վկայականներ պիտի չստանան եթէ բանակին մէջ չծառայեն: – Որո՞ւ դէմ պիտի պատերազմիմ, որո՞ւ վրայ պիտի կրակեմ,- կը մտածեն անոնցմէ շատեր:

Իրաւունք ունին:

-Անքո՞ւն էք,- կը հարցնեմ երիտասարդ զինուորի մը:

Այո՛ անքուն են, երէկ գիշեր թշնամիներու հետ կրակոց-կրակոց մահասփիւր խաղ խաղցած են: Այս երիտասարդը պահեստի զինուոր է, Հալէպցի է, ամէն շաբաթ իրաւունք ունի 24 ժամ իր տունը անգընելու:

Թաուհիտ մզկիթին մօտ կ'իջնեմ օթոպիւսէն: Փողոցը ապակիներ հաւաքող մարդիկ կը տեսնեմ: Երէկ գիշեր այստեղ արձակուած կազի շիշ մը է, ջարդուփշուռ ըրած է խանութներու եւ տուներու ապակիները: Սովորական տեսարան, սովորական երեւոյթ: Երէկ ալ նոյնն էր, ի՛նչ ընենք որ այսօր Նոր տարի է, Յունուար 1, 2016 թուական, Նահանջ տարի:

Նահա՞նջ տարի:

Նահանջ տարի: Մէկ օր աւելի միւս տարիներէն: Կը մաղթեմ որ գոնէ այդ մէկ օրը տարբեր ըլլայ, Հալէպի համար, Սուրիոյ համար, Հայաստանի համար, Աշխարհի համար: Կը մաղթեմ որ գոնէ այդ օր մարդիկ իրար չվնասեն, իրար չսպաննեն, իրար ձեռք մեկնեն: Մէ՛կ օր, մարդիկ, մէկ օր գոնէ տէր ըլլանք մեզի տրուած ՄԱՐԴ որակաւորումին եւ ՄԱՐԴԱՎԱՅԵԼ արարածներ ըլլանք:

Մէ՛կ օր: Շա՞տ է:

Շնորհաւոր նոր տարի

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ 1 Յունուար 2016