Thursday, November 26, 2015

ԱՍՏՈՒԱԾ ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ ՊԱՀՊԱՆԷ


Մանուէլ Քէշիշեան

-Աստուած զաւակներդ պահպանէ...
Լսեց կնոջական խնդրական ձայնը: Սարսռաց: Ետեւ դարձաւ եւ նկատեց մուրացկան կին մը, որ մէկ ձեռքով քնացած մանկիկը գրկած էր, միւս ձեռքը օդին մէջ, դէպի հաւանական անցորդները ուղղած ողորմութիւն կը խնդրէր.-
Քալեց դէպի կինը:
Կինը նկատեց զինք: Կրկնեց.- Աստուած զաւակներդ պահէ...
Նայեցաւ կնոջ, նայեցաւ քնացած մանկիկին: Երկու ձեռքերը երկարեց մանկիկին: Կինը ետ քաշուեցաւ, մանկիկը գրկելով նաեւ մուրացող ձեռքով:
-
Մի՛ վախնար ըսաւ ինք մեղմ ձայնով, - Մանկիկդ փայփայել կ'ուզեմ ...
Կինը չհասկցաւ անոր սրտին փոթորկած ըլլալը բայց հաւատաց անոր բառերուն՝ աւելի ճիշդ անոր ձայնի մեղմ ելեւէջին, մօտեցուց մանկիկը.
-
Հիւանդ է մանկիկս, շատ հիւանդ... Աստուած զաւակներդ պահպանէ...
Աստուած չէր պահպանած իր զաւակները, անոնք երկուքն ալ, մէկ ամիս առաջ զոհ գացած էին կոյր հրասանդին... Ինք անոնց հեռանալէն ի վեր առաջին անգամ տունէն դուրս ելած էր... Ինչո՞ւ ուզեց գրկել այս անծանօթ մանկիկը... 
Առաւ մանկիկը մօր ձեռքէն, շրթները մօտեցուց ճակատին եւ համբուրեց... Շրթունքները այրեցան, փոքրիկին ջերմութիւնը շատ բարձր էր:
Փոքրիկը շրթունքի յպում զգալով աչքերը կէսմը բացաւ եւ կարծես թէ ժպտաց...
«
Այս իր զաւակներուն ժպիտը չէ՞...»
Աստուած իմ այս ինչե՞ր կ'անցնէ միտքէն, այս ժպիտը ինչպէ՞ս կրնար իր զաւակներուն ժպիտը ըլլալ...
Ամօթ զգաց իր կորուսեալ զաւակներէն: Մանկիկը երկարեց լուռ սպասող մօր, աւելի ճիշդ ուզեց զայն շպրտել. Անոր հանդէպ ատելութիւն կը զգար...
Տակաւին չէր հաւատար իր զաւակներուն մահուան:
Ո՞վ սպաննած էր իր զաւակները: Կարեւոր չէր: 
Ա՛ռ պզտիկդ,- պոռաց կնոջ վրայ, ու տեսաւ մեղմ ժպտացող իր զաւակներուն կարեկցանքով լի աչքերը ուղղուած քոսոտ մանուկը.
-
Ա՛ռ պզտիկդ, պոռաց կրկին զարմացած մուրացիկին, ու չհասկցաւ թէ ինչու փոխանակ դէպի մայրը հռելու քաշեց երեխան դէպի իրեն, ու նկատեց որ անոր աչքերը կը փակուէին,:
Աչքերը կը փակուէի՞ն... իր զաւակներուն ալ աչքերը փակուած էին... զգաց մահուան մօտենալը մանուկին ու սեղմեց կուրծքին
Կուրծքին վրայ ջերմութիւն զգաց, մանուկը շատ տաք էր, անոր մարմինը կարծես կ'այրէր... մանուկը հեռացուց կուրծքէն.. Տեսաւ իր զաւակներուն տագնապալի դէմքերը...
Կարեկցանքը, ատելութիւնն ու տագնապը իրար գումարուած էին իր մէջ: Զգաց թէ պատասխանատուութիւն ունէր այս մանուկին հանդէպ, որ նախորդ զգացումներով վրայ գումարուելով, բազմաթիւ անյայտներու վերածուեցաւ որոնց հանրագումարը սէր էր... սէ՞ր... սէ՛ր որ արցունքի վերածուած սկսած էր թրջել այտերը 
Տարօրինակ վախի զգացում մը պատեց զինք, մանուկը ամուր սեղմեց կրծքին եւ սկսաւ վազել, վազել շատ արագ...
-
Այս մանուկը պէտք է փրկել,,- պոռաց, ես զինք հիւանդանոց կը տանիմ... ետեւէս հասիր...
Ետեւ չդարձաւ գիտնալու համար թէ մայրը կը հասնէ՞ր իրեն, բայց կը տեսնէր որ իր զաւակերը իր առջեւէն կը վազէին, զինք կը քաջալերէին, բարիին կը մղէին...