Wednesday, April 29, 2015

Կարճ Մեկնաբանութիւններ շարադրուած՝Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ քանդումին լուրին տակ

Հրաչ Քէլսահակեան՝            Մեր ցաւը սուրիական լայնատարած ցաւին մէկ փոքր մասնիկն է, բայց քանի որ մեր թիւը փոքր է ու մեր ոտքերուն տակ եղած սուրիական հողը անսպասելիօրէն խարխուլ ու անարմատ դուրս եկաւ, մենք աւելի կը զգանք այդ ցաւը: Պահ մը խաբկանքը ապրած էինք թէ չէինք կրնար անգամ մը եւս պանդուխտ ու հալածուած ըլլալ:



Գէորգ Յակոբճեան՝                     Այստեղ Մայր եկեղեցի չէ՛ միայն, այլ` պատմութիւն, Ազգ. Հայկազեան վարժարանի ու երբեմնի «Ահարոնեան» սրահի մուտք, Համազգայինի Ն. Աղբալեան մասնաճիւղի կեդրոն, միութենական խրախճանքներու սրահ, «Արշիլ կորքի»ի անուան արուեստի դպրոց, «Զուարթնոց» երգչախումբի փորձի վայր, «Զարեհեան» գանձատուն, Քրիստոնէական դաստիարակութեան Կիրանօրեայ դպրոցի կեդրոնատեղի, «Օշական» գրատուն ու աւելին` երջանկայիշատակ կաթողիկոսի դամբարան, խաչքարերու ու յուշակոթողներու վայր և տակաւին ինչե՜ր։ Մէկ խօսքով գաղութի մը հիմնական կառոյցները մէկտեղող տարածք էր պատմական Ս. Քառասնից Մանկաց մայր եկեղեցւոյ շրջակայքը։ Քարին հետ կը ջանան մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կործանել մերօրեայ մարդակերպ գազանները։






Անի Բրդոյեան Ղազարեան ՝           Կը յիշեմ, Սօսէ, երբ աշակերտներուն կ՛ուղեկցէինք եկեղեցի մեր բոլոր տօնական օրերուն, երբ Զ. կարգի աշակերտները պատարագի սերտողութիւններ կ՛ընէին եւ իրենց նորածիլ հնչիւններով կը մասնակցէին շարականներու երգեցողութեան։ Ի՜նչ խորհուրդ կար այդ հրաշք եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ Կը յիշեմ դարձեալ մեր ազատ պահերուն, երբ եկեղեցի կ՛երթայինք, մոմ մը կը վառէինք եւ Ս. Աստուածածնայ երկնագոյն աչքերով հայեացքները կ՛ըմբոշխնէինք եւ հոգեպէս հանգստացած եւ թարմացած կը վերադառնայինք մեր հաճելի առօրեային՝ դասաւանդութեան։ Ափսոս, հազար ափսոս։ Երնե՜կ այն օրերուն