Sunday, August 2, 2015

ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂԻՆԵՐ


Գնացքը կը սուրար հեւասպառ, երբրեմն- երբեմն սուր ճչոցներ արձակելով: Ետեւ մնացած էին գեղատեսիլ եւ ծառաշատ պարտէզները, գոյնզգոյն ծաղիկները, կանաչ արօտավայրերն ու արածող կովերը, օդին մէջ եւ ճիւղերուն վրայ թառած թռչունները,դէպի ամպերը սլացող լեռները իրենց ձիւնազարդ գագաթներով, խոր եւ վախազդու ձորերը: Ետեւ մնացած էին ոսկեճաճանչ եւ կենսատու արեւը, կապոյտ եւ պայծառ երկինքը, գոյները, լոյսերը: Հիմա կը մտնէին մութ եւ անվերջանալի փապուղին: Յանկարծ խաւարը տիրեց ամենուրեք. սպրդեցաւ մարդոց հոգիներէն ներս եւ խրեց իր սեւ եւ սուր ժանիքները անոնց սրտերուն մէջ: Մարդիկ լուռ էին: Իւրաքանչիւրը թաղուած էր իր խոհերուն մէջ. ոմանք կը մրափէին:
Անտրէս՝ ինք եւս փորձեց կազդուրիչ քունի թեւերուն յանձնել իր յոգնաբեկ մարմինը, բայց հազիւ աչքերը փակէր, մի քանի ժամ առաջ տեղի ունեցած միջադէպը զինք կը ցնցէր եւ կ'արթնցնէր:
Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական տարին, ինք եւ Մարիանօ եղած էին անաբաժան ընկերներ: Անտրէս իր ծնողքին միակ զաւակն էր: Մայրը մի քանի վիժումներէ յետոյ, ի վերջոյ կրցած էր ունենալ իր մէկ հատիկ մանչը, իր աչքին լոյսը: Հօրը մահով՝ Անտրէսի ուսերուն բարձած էր թէ՛ զաւկի եւ թէ՛ հօր դերերը իր տարիքոտ մօրը հանդէպ: 
Դպրոցական տարիներուն՝ երկու ընկերներ գրեթէ ամէն օր միասին կ'ըլլային: Կը նախընթրէին, ապա դաս կը սորվէին. հեռատեսիլ կը դիտէին, ճատրակ կը խաղային: Ֆութպոլի նոյն խումբի համակիր՝ աւելի ճիշդ ֆանաթիքներն էին եւ երբեմն մէկուն կամ միւսին հօր ընկերակցութեամբ՝ դաշտ կ'երթային:Տարեդարձներն իսկ միասին կը տօնէին, որովհետեւ միայն երկու օր էր տարբերութիւնը իրենց ծննդեան թուականներուն: 
Մարիանոյին հայրը նախկին զինուորական էր: Հետեւաբար շատ բնականէր, որ Մարիանօ՝ ինք եւս երկրորդականը աւարտելէ յետոյ զինուորական կրթութիւն ստանար: Իր մեծ եղբայրը նոյնպէս բարձրաստիճան զինուորական էր:
Իսկ Անտրէս ընտրեց լրագրական ասպարէզը եւ սկսաւ յաճախել մայրաքաղաքին նշանաւոր պետական համալսարանը: 
Այդ օրերուն՝ գաղտագողի սկսած էին տարածուիլ համալսարանական շրջանակներէ ներս, մասնաւորաբար գրականութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն հետեւող ուսանողերուն միջեւ ձախակողմեան բջիջներ: Ոչխարի մորթով ծպտուած գայլեր՝ կ'ընտրէին իրենց զոհերը, որոնք ընդհանրապէս կ'ըլլային փայլուն ուսանողներ, եւ իրենց թակարդին մէջ կը ձգէին զանոնք: Անոնցմէ մէկը եղաւ Անտրէս, որ գաղափարապաշտ երիտասարդ մըն էր եւ արդէն ունէր ձախակողմեան հակումներ: Հետեւաբար ինքնակամ կերպով յանձնուեցաւ անոնց եւ ոտքով, գլուխով ինկաւ այդ «մեղուի փեթակին» մէջ: Ազատ ժամերուն՝ անյագօրէն կը կարդար Մարքս, Էնկէլս, Լենին եւ այլ համայնավար կամ ընկերվարական գրողներու գործեր:
Կամաց – կամաց սկսաւ երեւիլ բեմերու վրայ, ուր կը խօսէր հրավառ եւ փոթորկաշունչ ճառեր, կը գրէր ձախակողմեան թերթերու մէջ յանդուգն եւ յեղափոխաշունչ յօդուածներ: Կարճ ժամանակի մէջ ծանօթ անուն մը դարձաւ եւ շրջապատուեցաւ զինք պաշտողներու փաղանգով մը, որոնք մոլեգնօրէն կը ծափահարէին իր ելոյթներուն: 
Մարիանօ քանիցս զգուշացուց զինք, որ հրաժարի իր այս նոր սիրահարութենէն, որ կրնայ գլխու ցաւ պատճառել իրեն. որ աւելի զուսպ ըլլայ իր արտայայտութիւններուն մէջ. սակայն Անտրէս մտիկ չըրաւ: 
Սակաւաթիւ էին այլեւս իրենց հանդիպումները: Իւրաքանչիւրը կլանուած էր իր աշխատանքով, ուսումով. նոր շրջապատ, նոր ընկերներ:Անկախ այս բոլորէն զգալի պաղութիւն մըն ալ յառաջացած էր երկուքին միջեւ. մանաւանդ որ Մարիանօ նշանուած էր եւ ազատ ժամերը կ'անցընէր իր նշանածին հետ. կը ծրագրէին շուտով ամուսնանալ:
Յաջորդ տարի սակայն, առտու մը երբ երկիրը արթնցաւ, տեսաւ որ իշխանութեան գլուխը անցած էր զինուորական «Խունթա»ն, տապալելէ ետք նախորդը :
Առանց ժամանակ կորսնցնելու, նոր կառավարութիւնը լծուեցաւ մաքրագործումի արշաւի մը. երկրին անդորրութեան եւ վարչաձեւին սպառնացող վտանգաւոր տարրերը մէջտեղէն վերցնելու համար: 
Ձերբակալութիւններ, տուներու մէջ խուզարկութիւններ, հետապնդում, խիստ գրաքննութիւն: Հրապարակային հաւաքոյթներ ու ելոյթներ արգիլուեցան: 
Անտրէս ամէն օր կը լսէր անհետացող ծանօթի մը անունը: Տարիներ յետոյ պիտի իմանար, որ այդ «Անհետացածներուն» մեծ մասը թաղուած էր անանուն շիրմաքարերու տակ:
Հակառակ այս տիրող վախի մթնոլորտին եւ հալածանքին, գործոն տարրերը շարունակեցին ընդյատակեայ իրենց քարոզչական աշխատանքը, որ գաղափարախօսութենէ անցած էր ահաբեկչական արարքներու, առեւանգումներու, սպառնալիքներու: 
Հիմա Անտրէս գրեթէ կապը խզած էր Մարիանոյին հետ, որ թշնամի ճակատի վրայ կը գտնուէր եւ որուն պսակը այդ օրերուն կը զուգադիպէր: 
Մարիանօ կը գտնուէր բարդ կացութեան մը առջեւ. հրաւիրել թէ ոչ Անտրէսը: Հարսանիքին հրաւիրեալները մեծ մասամբ զինուորականներ պիտի ըլլային, որոնք որսի շուներու նման սուր հոտառութիւն ունէին եւ կը վերլուծէին իւրաքանչիւր բառ կամ դէմքի արտայայտութիւն: 
Ճանչնալով իր ընկերոջ յախուռն եւ դիւրագրգիռ խառնուածքը եւ նկատի առնելով երկրին քաղաքական լարուած մթնոլորտը, Մարիանօ խոհեմութիւն համարեց Անտրէսը չհրաւիրել, զինք ալ հաւանական վտանգէ մը զերծ պահելու համար. թէեւ խղճի խայթը եւ յանցանքի զգացումը տակաւ սկսան աճիլ իր սրտին մէջ:
Իր մտերիմ ընկերոջ ամուսնութիւնը, որուն ինք չէր հրաւիրուած, լախտի հարուածի մը ծանրութեամբ հարուածեց Անտրէսին սիրտը եւ արհամարհուած զգաց ինքզինք: Վշտացած՝ որոշեց վերջ տալ իրենց վաղեմի բարեկամութեան: 
Ամիսներ անցան:Գիշեր մը ուշ ատեն, երբ Անտրէս կը պատրաստուէր անկողին մտնելու, դրան զանգը հնչեց: Ո՞վ կրնար ըլլալ այս ժամուն: Պաղ սարսուռ մը սողոսկեցաւ ողնայարին մէջ. չուզեց դուռը բանալ: Հապա՞ եթէ ոստիկաններն էին, որ եկած էին զինք հարցաքննելու:
Ի վերջոյ թուքը կուլ տալով, դուռը բացաւ. ո՞վ տեսնէ իր դիմաց.... Մարիանոն: Երեսը դարձուց եւ չուզեց բարեւել: Պահ մը մտածեց, թէ թերեւս եկած էր ներողութիւն խնդրելու. բայց կէս գիշերի՞ն: 
Ո՛չ, Մարիանօ եկած էր իրեն յանձնելու կեղծ անցագիր մը, որպէսզի անմիջապէս դուրս գայ երկրէն, ստոյգ «անհետացումի» մը ճիրաններէն փրկուելու համար: Փսփսուքներ կը շրջէին Անտրէսը ձերբակալելու մասին: Սեւ ցանկին վրայ առաջին անունն էր: 
Անտրէս անկանկալի եկաւ. Չկրցաւ հաւատալ աչքերուն:Ի՜նչ վեհոգի կեցուածք Մարիանոյին կողմէ : 
Երկուքն ալ երկարօրէն ողջագուրուեցան, լացին, յիշեցին անցեալի օրերը: Մանկութեան անկեղծ ընկերները վերագտած էին զիրար: Իրարու բոլորովին հակոտնեայ իրենց մտայնութիւնը չէր յաջողած քանդել իրենց անխախտ եւ հաւատարիմ բարեկամութիւնը, որ մնացած էր անեղծ եւ ժայռի նման ամուր. իրենց հոգիները անքակտելիօրէն միաձուլուած իրարու:
***********************
Արշալոյսի առաջին շողերուն հետ Անտրէս իրենց տան դուռը փակեց վերջին անգամ . լռելեայն մօրմէն հրաժեշտ առաւ, եւ գնաց իր բախտը ուրիշ հորիզոններու մէջ որոնելու:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment