Sunday, August 2, 2015

ՄԵՏԱԼԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ



Ճի՛շդ է, Լիբանան ապրող սուրիահայութիւնը յաճախ խտարականութեան եւ անհադուրժողականութեան կը հանդիպի: Ճի՛շդ է, կարգ մը լիբանանահայեր, սուրիահայերու նկատմամբ գերակայութեան եւ ամենագիտութեան բարդոյթէն կը տառապին: Աւելին, լիբանանահայեր կան, որոնք փակ շրջանակներու մէջ կամ հրապարակայինօրէն կը վարկաբեկեն, կ՛արհամարեն ու կը վռնտեն սուրիահայութիւնը, նոյնիսկ անոնց հայ ըլլալը անընդունելիօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն: Վերջին օրինակը, այս քանի մը օրերուն տարածուած տեսերիզն է, որուն մէջ լիբանանահայ երիտասարդ մը՝ գռեհիկ, փողոցային, հայհոյախառն անվայել ոճով կը ջանար սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան դէմ մթնոլորտ հրահրել: Բարեբախտաբար, խնդրոյ առարկան «անդրադարձած է» սխալին եւ ողջունելի քայլով մը ներողութիւն խնդրած է Սուրիահայերէն: ճի՛շդ է, լիբանանցիք ներառեալ լիբանանահայեր կը չարաշահին սուրիացիներու աշխատուժը, քիչ աշխատավարձ կը վճառեն, աշխատանքային երկար ու դժուար պայմաններ կը պարտադրեն, բարձր տունի վարձք կը գանձեն: Ճի՛շդ է, լիբանանահայ ղեկավարութիւնը, չ՛օժանդակեր սուրիահայութեան կեցութեան արտօնագրի նորոգութեան ահաւոր խրթին եւ նուաստացնող գործընթացին մէջ: Ճիշդ է, Լիբանանի մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմին կազմուած է, բայց մարմինին գործունէութենէն ժողովուրդը անտեղեակ է:
Բացասական, նեղացնող ու յուսահատեցնող այս երեւոյթները կան, բայց այս բոլորը մետալին մէ՛կ կողմն է միայն...: Մետալին միւս կողմին մասին չենք անդրադառնար: Ինչու՞ միայն երեւոյթներուն բացասական կողմը լուսարձակի տակ կ՛առնենք եւ կ՛անտեսենք կամ կը լուսանցքայնացնենք սուրիահայերուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող դրական դրսեւորումները եւ բարի վերաբերմունք ցուցաբերողները: Վերոյնշեալ բացասական երեւոյթներուն կողքին, դրական եւ գնահատաելի երեւոյթներու առկայութիւնը հաստատելու համար, կ՛արժէ հետեւեալ փաստարկներն ու օրինակները տալ՝
1. Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրէն, լիբանանահայ վարժարաններուն դռները լայնօրէն բաց են սուրիահայ աշակերտներուն դիմաց: Սուրիահայ աշակերտներ կրթաթոշակի զեղջ կամ կրթանպաստի յատակցում կը ստանան նոյնքա՛ն ու երբեմն աւելի, որքան լիբանանահայ աշակերտը: 
2. Սուրիական տագնապի առաջին օրերուն, հայաբնակ շրջաններու ակումբները աշխատանք տարին սուրիահայերու բնակարան ապահովելու գործին մէջ: Դէպքեր պատահեցան, օրինակի համար, տուն փնտռող լիբանանահայ ընտանիքին ըսուեցաւ, թէ առաջնահերթութիւնը սուրիահայ ընտնիքին է, որովհետեւ անոնք պատերազմէն փախած են, իսկ դուք քաջածանօթ էք շրջանին եւ ձեր անձնական ջանքերով կրնանք տուն ապահովել: 
3. Լիբանանահայ ընկերային հաստատութիւններէն Քարակէօզեան հաստատութիւնը յատուկ ենթաբաժանումներ յառաջացուց, սուրիահայութեան ՄԱԿ-ի գաղթականութեան գրասենեակին մօտ արձանագրուելու գործընթացը դիւրացնելու համար:
4. Լիբանանահայ բարեսիրական հաստատութիւններ մերթ ընդ մերթ սնունդի, հագուստեղենի եւ դեղօրայքի օժանդակութիւններ կը մատակարարեն սուրիահայ ընտանիքներուն:Այդ օժանդակութիւններուն ապահովման, կազմակերպման ու բաշխման ծանր աշխատանքները կը կատարուին լիբանանահայ հայրենակիցներուն կողմէ: Բոլորիս ծանօթ է, թէ ԱՖԻԼ ապահովագրական հաստատութիւնը, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, բժշկական ապահովագրութիւն չունեցող սուրիահայերուն սուղ դեղօրայք եւ հսկայական գումարներ պահանջող վիրահատութիւններու նիւթական տրամադրած է:
5. Լիբանանահայութիւնը Քեսապի տեղահանութեան օրերուն գործադուլ յայտարարեց եւ Թուրքիա հաստատուած ծերունիները Լիբանանի Ազգային Ծերանոցին մէջ պատսպարեց:
6. Հետեւեցէ՛ք լիբանանահայ մամուլին, ուր գրեթէ ամէ՛ն օր անդրադարձ կայ սուրիահայութեան լուրերուն, դիմագրաւուած դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն գծով: Լսեցէ՛ք լիբանանի հայկական ռատիոկայանները, ուր յաճախ սուրիահայութեան ցաւակցող, քաջալեող ու զօրակցող արտայայտութիւններ կը լսուին, սուրիահայութեան նուրիուած երգեր կը սփռուին: 
7. Այցելեցէք որեւէ գեղարուեսատական յայտագրի, պարախումբի, թատրոնի, երգչախումբի եւ այլ հանդիսութիւններու եւտեսէք, թէ ինչպէ՛ս սուրիահայն ու լիբանանահայը կողք- կողքի հայ մշակոյթի պահպանման գործին կը ծառայեն: Լսեցէ՛ք, գեղարուեստական այս խումբերուն մէջ լիբանանահայերուն կողմէ բարձրաձայնօրէն հնչած սուրիահայերուն պատրաստուածութեան, դաստիարակուածութեան, կարգապահութեան եւ կազմակերպուածութեան դրական արտայայտութիւնները:
8. Աչք մը նետեցէ՛ք լիբանանի ազգային, եկեղեցական, կուսակցական մարմիններու, միութեանկան վարչութիւններու եւ խորհուրդներու, դպրաց-դասերու, տիկնաց յանձնախումբերու, հայրենակցական, սկաուտական, երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու կազմերուն եւ հոն անպայման քանի մը սուրիահայ աշխատանքին մէջ ներգրաւուած պիտի տեսնէք, երբեմն նոյնիսկ պատասխանատու պաշտօններու վրայ: 
9. Հանդիպում մը տուէք հայաբնակ շրջաններու ակումբները եւ տեսէք, թէ ինչպէս լիբանանահայ ու սուրիահայ տարեցներն ու երիտասարդները միասին նարտի կը խաղան կամ այլ զբաղմունքով ժամանակ կ՛անցնեն: Պուրճ Համուտի «Ն. Դուման» ակումբը շաբաթը մէկ անգամ ակումբը սուրիահայերուն որպէս հաւաքավայր կը տրամադրէ: Ընտանիքներ կը հաւաքուին, մանունկեր ու պատանիներ կը խաղան ու բարի ժամանց կ՛ունենան: 
10. Քիչ չէ թիւը այն լիբանանահայերուն, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իրենց արիւնակից հարազատը չեղող սուրիահայուն երաշխաւոր կենալու, որպէսի վերջինին կեցութեան արտօնագիրը նորոգուի: Անոնք սուրիահայերուն հետ կանուխ ժամերէն ապահովական մարմիններ կ՛երթան եւ ժամերով կարգի կը կենան:
Այս օրինակներէն ետք, մարդիկ տակաւին կրնան ըսել, որ դրական այս մօտեցումները ակնկալուած տարողութեամբ, ազդեցութեամբ ու քանակով չեն կատարուիր: Տեղ մը, իրաւացի ալ կրնան ըլլալ: Ուրեմն, աշխատանք տանինք, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան խնդիրը ակնկալուած տարողութեան հասնի: Այդ աշխատանքը միայն լիբանանահայութեան գործը չէ, ո՛չ ալ անոր ներկայ պայմանները կ՛արտօնեն, այլ բոլոր հայութեան, հայրենի պետութեան եւ միջազգային ընտանիքին գործն է: 
Ամէն պարագայի նշեալ օրինակները կու գան հաստատելու, որ սուրիահայ-լիբանանահայ յարաբերութիւններուն մէջ, նախաբանով նշուած բացասական ու անընդունելի երեւոյթներուն կողքին դրական, յուսադրող եւ ողջունելի բազմաթիւ դրսեւորումներ ալ կան: Հետեւաբար, երեւոյթին արդար ու առարկայական գնահատում տալու համար, ճիշդ պիտի չըլլայ՝ միայն բացասականը մատնանշել ու դրականը չնկատել, միա՛յն սեւը տեսնել ու ճերմակը կուրանալ, միա՛յն դատապարտելիին ընդվզիլ եւ գնահատելիին լուռ մնալ: 
Յատկապէս այս շրջանին, երբ տարածաշրջանի ամբողջ ժողովուրդները վճռորոշ հանգրուանէ մը կ՛անցնին, Միջին Արեւելքի հայութիւնը եւ յատկապէս սուրիահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած են փոխ-հասկացողութեամբ, հանդուրժողականութեամբ եւ լայնախոհութեամբ խաղաղ ու համերաշխ համակեցութիւն ապահովելու:
Դատապարտե՛նք ու հնարաւորինս նուազեցնենք բոլոր տեսակի խտրականութեան, անհադուրժողականութեան, այլամերժումի, ներքին պառակտման, ներքին լարուածութիւններու, անզուսպ հակազդեցութիւններու, անախորժ դէպքերու եւ խեղկատակութիւններու երեւոյթները ու միեւնոյն ժամանակ, քաջալերենք ու գնահատենք երկու հատուածներուն միասնութեան, հզօրութեան, անվտանգութեան ու բարօրութեան նպաստող բոլոր դրական երեւոյթները: Մետալին միւս կողմն ալ տեսնենք...:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment