Sunday, August 2, 2015

Սիրուհիս





Կանուխ պատանեկութեան տարիներուն շատ բնական երեւոյթ է յաճախակիօրէն սիրահարիլը: Ինչպէս ամէն պատանի, ես ալ անշուշտ բացառութիւն չէի կազմեր ընկերներէս: Ամէն անգամ որ դասընկերուհի մը մօտիկութիւն ցոյց տար … արդէն սիրահարած էի: Անքուն գիշերներ կ՛անցընէի` բաց աչքերով երազելով, երեւակայական պատմութիւններ հիւսելով «սիրուհիիս» մասին, մինչեւ որ անզգալաբար քունի անցնէի: Եթէ այդ պատմութիւնները գրի առնելու կարելիութիւնը ունեցած ըլլայի, անոնք կրնային շատ լաւ սիրային վէպերու վերածուիլ, սակայն առտու, երբ արթննայի, բոլորը ցնդած էին, բան չէի յիշեր: Ամչկոտ էի եւ սէրս արտայայտելու համարձակութիւն ու քաջութիւն չունէի: Կը սպասէի, որ այդ առաջարկը իրենցմէ գար, սակայն… երկար եւ անյոյս սպասումէ ետք, «կը սիրահարէի» ուրիշ ժպտացող դէմքի մը եւ երկար գիշերներ կը շարահիւսէի նոր երեւակայական պատմութիւններ, որուն հերոսը ես էի միշտ:
Սէրս արտայայտելու համարձակութիւնը չունենալով հանդերձ, խնդրոյ առարկայ «սիրուհի»-ներուս գաղտնիքս ուրիշին բաժնեկից դարձնելու մեծ փափաք մը ունէի եւ կը յայտնէի ամենամտերիմ դասընկերոջս:
«Գիտե՞ս, այսինչը իմ մարդս է»:
«Այնինչն ալ իմ մարդս է», կը պատասխանէր հպարտութեամբ, սակայն ո՛չ «այսինչ»-ը ո՛չ ալ «այնինչ»-ը տեղեակ էին մեր թաքուն սէրէն:
Քանի մը ամիս ետք միտքս կը փոխէի ու «մեծ գաղտնիքը» դարձեալ կը հաղորդէի ուրիշ մտերիմ ընկերոջ մը, որովհետեւ նախկին ընկերս դաւաճանած ու ուրիշներու պատմած էր գաղտնիքս: Չեմ յիշեր` պատանեկութեանս տարիներուն քանի՞ անգամ «սիրուհիներ» փոխած եմ, առանց անոնց կասկածը արթնցնելու, թէ «գաղտնի սիրող» մը ունին:
Բաւական երկար տեւեցին այս անյոյս սիրահարութիւններս, մինչեւ որ օր մը իսկապէս սիրահարեցայ եւ «սիրուհիս» հետս բերի տուն, ծանօթացուցի ընտանիքիս, եւ ան մեզի հետ միասին մնաց երկար տարիներ:
Մեր տան «նոր անդամը» չէր խօսեր, սակայն հմայիչ ձայն ունէր, որով ամէնէն աւելի ես կը հմայուէի: Այս անգամուան սիրահարութիւնս լուրջ էր: Գիշեր ու ցերեկ ուրիշ բանի մասին չէի մտածեր: Ընկերներէս հեռու` ժամանակս իրեն հետ կ՛անցընէի: Դպրոցէն վերադարձիս, գիրքերս մէկ կողմ նետած, զինք գիրկէս վար չէի առներ:
Տնեցիք խորթ աչքով սկսան նայիլ մեր տան «նոր անդամ»-ին:
Շաբաթներուն ու ամիսներուն յաջորդեցին տարիներ: Հաւատարիմ էի սիրուհիիս, եղած էր «կեանքիս ընկերը»: Տնեցիք, թէեւ դժգոհ, անկարող էին զիս համոզել, որ «խելքս գլուխս հաւաքեմ»: Դպրոցի աւարտական տարիս էր, ու չէի մտածեր համալսարան յաճախելու մասին:
Երկար տարիներ հաւատարիմ մնացի սիրոյս. մինչեւ այն օրը, երբ ընտրեցի կեանքի ընկերս եւ տանս մէջ ունեցայ մէկի փոխարէն երկու սիրուհի. խնդիրը քիչ մը բարդացաւ: Կեանքի ընկերս` սիրելի կինս, առաջնահերթ տեղ գրաւեց տանս մէջ: Տնեցիներու գուրգուրանքին ու սիրոյն արժանացաւ, իսկ նախկին «սիրուհիս», անկիւն մը նետուած, դարձաւ «անգործածելի առարկայ» մը: Ժամանակին միասին կը ճամբորդէինք զանազան երկիրներ, սակայն ընտանիք կազմելէս ետք ոչ իսկ մէկ անգամ մտածեցի հետս տանիլ: Տան մէկ անշուք անկիւնը դրուած` արձակուրդէ վերադարձին նոյնիսկ մտքէս չէի անցըներ փնտռել, գրկել զինք: Ապերախտութի՞ւն է ըրածս, թէ՞ բնական կեանքի ձեւ: Ներկայիս ուրիշ մտածումներ ունիմ` կին, զաւակ, տան մտահոգութիւններ եւ հետը զբաղիլը ժամանակի կորուստ կը սեպեմ. նոյնիսկ իր մասին մտածելու ժամանակ չեմ գտներ:
* * *
Տունը առանձին եմ: Կարդալու սիրտ չունիմ. ծուլօրէն նստած` հեռատեսիլ դիտելու ախորժակ ալ չունիմ: Ձանձրոյթէս կը մրափեմ: Յանկարծ միտքս կ՛իյնայ նախկին «սիրուհիս»: Նոյնիսկ չեմ յիշեր, թէ տան ո՛ր անկիւնը կարելի է գտնել զայն: Կ՛ուզեմ դարձեալ առնել ձեռքերուս մէջ, յիշել պատանեկութեան խենթ տարիներս, երբ գիշեր ու ցերեկ միակ մտածումս էր:
Երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս կը գտնեմ տանս կառատան մէկ անկիւնէն, վրան` մատ մը փոշի: Կը բերեմ ներս, կը մաքրեմ, լարերը կը շտկեմ ու կը փորձեմ նուագել նախկին «սիրուհիս»` կիթառս:
Վարժութիւնս կորսնցուցած եմ: Երկար տարիներ չեմ նուագած: Մատներս կը դաւաճանեն, ճկունութիւնը կորսնցուցած եմ. անճոռնի ձայներ կ՛ելլեն այդ անուշ գործիքէն: Ո՞վ որու դաւաճանեց` ե՞ս իրեն, թէ՞ ինք ինծի, երբ ժամանակին հիանալի մեղեդիներ կը շնորհէր, իսկ այսօր` անախորժ ձայներ:
Տան դրան բացուիլը կը լսեմ: Ներս կը մտնեն կինս ու տղաս եւ երկուքն ալ զարմացած երեսս կը նային: Տղաս նոյնիսկ չի յիշեր` վերջին անգամ ե՞րբ տեսած է այդ գործիքը ձեռքերուս մէջ:
Կ՛ուզեմ մէկ կողմ դնել, սակայն կինս ժպտելով կը միջամտէ: «Նուագէ՛, կարօտցած եմ այդ անուշ ձայնը»: Կամաց-կամաց մատներս «կը բացուին»: Անճոռնի ձայները ինքնաբերաբար կը վերածուին անուշ մեղեդիներու եւ անգիտակցաբար կը նուագեմ հին օրերու եղանակ մը:
«Հանդիսատեսներուս» գնահատանքին կ՛արժանանամ, ու կը պնդեն, որ նուագեմ երկրորդ մը, երրորդ մը, եւ «երգահանդէսը» կը վերածուի խնճոյքի: Ուրախ ենք բոլորս, սակայն վստահաբար ամենաերջանիկը կիթառս է: Տարիներով անտեսուած ու անկիւն մը նետուած` այսօր վերջապէս կը վերագտնէ իր նախկին դիրքը:
Երկար տարիներ պահելէ եւ գուրգուրալէ ետք, երբ ընտանիք կազմելով հետաքրքրութիւնս կեդրոնացաւ նորակազմ ընտանիքիս վրայ, անտեսելով` մէկ կողմ դրած էի զայն, սակայն յանկարծ կ՛անդրադառնամ, թէ տակաւին սէր ունիմ իրեն հանդէպ: Տարիներ շարունակ զիս երջանկացուցած սիրելիս, յաւերժ կը մնայ սիրելիս: Այդ անխօս երաժշտական գործիքը այսօր կարծես լեզու առած` կը յիշեցնէ, որ չանտեսեմ զինք: Իր ներկայութիւնը ոչ մէկ արգելք կրնայ հանդիսանալ ընտանեկան երջանկութեանս. ընդհակառակը, կրնայ երջանկացնել բոլորս:
Երաժշտութիւնը հոգին ազնուացնող, մարդ արարածը երջանկացնող հրաշալիք մըն է: Նոյնիսկ անասունները կը գնահատեն երաժշտութիւնը: Չեմ յիշեր ի՞նչ առիթով, մանկութեանս ընտանիքով այցելած էինք Լիբանանի «Թանայել»-ի վանքը, ուր քանի մը կղերականներ անասնապահութեամբ կը զբաղէին. կաթ, մածուն եւ պանիր կ՛արտադրէին: Երբ ախոռ մուտք գործեցինք, հաճելի դասական երաժշտութիւն մը հասաւ մեր ականջին: Մեզի ուղեկից կղերականը ժպտելով բացատրեց, թէ կովերը երաժշտութիւն ունկնդրելով` շատ աւելի առատ կաթ կը հայթայթեն, անշուշտ` ոչ ներկայ օրերու երաժշտութիւնը. երաժշտութիւն մը, որ նոյնիսկ անասունները չեն կրնար հանդուրժել: Աղմուկ ու պոռչտուք: Թող զիս յետամնաց անուանեն արդի երաժշտութիւնը չգնահատելուս համար: Կը մնամ հաւատարիմ երաժշտութեան հին դպրոցին եւ կ'որոշեմ չանտեսել նախկին սիրուհիս, այնքան սիրած կիթառս` տարիներու երջանկութեան աղբիւրս: Այո՛, պիտի պահեմ տանս մէջ եւ ոչ թէ կառատան մէկ անկիւնը ու զայն պիտի դարձնեմ մեր տան մնայուն անդամը:
Երկու կողմերս նստած են կինս ու տղաս, սիրելիս գրկած` կը նուագեմ հիանալի մեղեդի մը… «Սիրելիս»:
«Գիտեմ սիրում ես ինձ ու լալիս ես թաքուն, սիրելիս,
Հեռո՜ւ, հեռւում,
Ինչո՞ւ, ասա ինչո՞ւ »:
Պատանեկութեան տարիներու սէրս բոլորովին չէ մարած, սակայն փոխարինուած է տարբեր տեսակի սիրով. ընտանիքիս սէրը, որուն կողքին կը մնայ նաեւ երաժշտութեան սէրը: Ի զուր չէ, որ ըսուած է, թէ երաժշտութիւնը կը հալեցնէ ամենադաժան ու անգութ սրտերն անգամ:
«Երգահանդէս»-ը շուտով վերածուած է խնճոյքի, իսկ աւելի ուշ` պահանջատիրութեան ու բողոքի:
Բողոք ու պահանջատիրութիւն: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կը նուագեմ ու կ՛երգեմ.
«Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքան տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հող
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս» (Մ. Իշխան)
Արիւնոտ է ամէն հայու սիրտը: Նախ` հայու դժբախտ ճակատագրի ցաւով, վերջը` «Աշխարհի ցաւով»: Մեր ցաւը առաջնահերթ է: Նոյնիսկ մեր տան անբաժան անդամը, այդ անխօս, անլեզու երաժշտական գործիքը կարծես կը զգայ հայու ցաւն ու տառապանքը եւ իր լարերէն կ՛արտաբերէ իր յուզումը: Տասնամեակներով մնալով տանս մէջ` դադրած է լոկ երաժշտական գործիք մը ըլլալէ. եղած է հայկական զգացումով լի` տանս մէկ անդամը:
Նախկին «սիրահարս»:
Յաւիտենական սիրելիս:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2015

No comments:

Post a Comment