Sunday, August 2, 2015

Նոր կեանքի տեսլականով

Ամէն անգամ, երբ հալէպահայերով հաւաքուինք, արդէն գիտեմ թէ խօսակցութեան նիւթը ինչպէս պիտի ծաւալի: Որքան ալ տարաբնոյթ թեմաներ արծարծուին, անպայման զրոյցին նիւթը շրջան ընելով պիտի գայ ու յանգի աս միտքերուն ու արտայայտութեանց վրայ. « մեղք եղաւ մեր գաղութին, մենք այսպէ՞ս պիտ ըլլայինք, մեր հիմերը խախտեցան, ինչպէ՞ս նորից նոր զերոյէն պիտի սկսինք...»եւայլն: Այո', կեանքի նոր հանգրուանի դէմ յանդիման կը գտնուինք, նո'ր ուղի, անսպասելի հարուածներ, անցեալի քաղցր ու շէն օրերու կարօտ, բայց եւ այնպէս ետ դարձի ճանապարհ չկայ . պէտք է հաշտուիլ, պէտք է պայքարիլ հոն, ուր որ տարաւ մեզ քամին այս չորս տարիներու ընթացքին. հայրենիք, թէ Սփիւռքի տարբեր անկիւններ: Հասկնալ մանաւանդ, որ լացն ու ողբը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնեն մեզ: Պէտք է դուրս գալ աս հիասթափութենէն ու ոտքի կանգնիլ, վերընձիւղուիլ, նոր հիմեր հաստատել ու դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն: Ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտած է այս միտքերը Զահրատ իր քերթուածներէն մէկուն մէջ: Կեանքէն հարուածներ ստացող մարդուն հոգեբանութիւնն է, որ նկարագրած է ան: Մարդը անակնկալի կու գայ ի տես առաջին հարուածին, յետոյ հետզհետէ կ'ընտելանայ ու կը գիտակցի հարուածի տարողութեան ու այդ գիտակցութիւնը կը կոփէ զինք, կը զօրացնէ, ինքնավստահութիւնը կ'աւելցնէ եւ այս անգամ ժպտալով կը նայի այս անիրաւ աշխարհին, պատրաստ՝ ապրելու ու դիմագրաւելու նոր դժուարութիւններ.
Հարուածներ կ'իջնեն
Ամէն մէկ հարուած բեկոր մը կ'առնէ
Կը տանի քեզմէ 
Ու դուն չես գիտնար
Հարուածներ կ'իջնեն- կ'իջնեն անընդհատ
Գոյութեանդ անձեւ մարմարիոնին վրայ-
Հարուածէ հարուած
Կը յղկուիս դուն- մինչեւ որ գիտնաս
Տառապանքներու պէս մշտանորոգ
Մուրճի հարուածներ կ'իյնան մորթիդ վրայ
Դուն- որ ալ գիտես- գիտակից ժպտով
Կանգուն կը մնաս
Կը մնաս աղուոր արձանի մը պէս 
Ապրելու պատրաստ
Թող մեզմէ ոչ ոք յուսալքուի, այլ ընդհակառակը, նոր յոյսերով ,նոր կամքով ու նոր աւիշով կարողանայ վերադասաւորել իր կեանքը՝ միշտ հաւատալով պայծառ գալիքին:
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment