Tuesday, July 14, 2015

Այսօրուան երիտասարդութիւնը

Ամբողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը իրենց ապագան կը տեսնեն երիտասարդութեան մէջ. գիտութեամբ զինուած, զարգացած, հիներուն փորձառութեանց վրայ իրենց գիտելիքները գումարելով, անոնք կ՛երաշխաւորեն երկրի մը ու ժողովուրդի մը շարունակականութիւնը:
Հայաստանի մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ցոյցերը փաստեցին, որ մեր հայրենի երիտասարդութիւնը ոչ միայն մեր Հայրենիքի ապագայի գրաւականն է, այլեւ մեր ներկային մէջ ալ ըսելիք եւ ընելիք ունի:
Երբ մօտէն կը հետեւիս անոնց իւրաքանչիւր կոչին, շարժումին, վերաբերմունքին, կը հասկնաս, որ այս տղաքը անձնուրացութեան տիպար օրինակներ են, որոնք իրենց երկրին շահերը շատ աւելի գերադաս կը համարեն, քան իրենց անձնականը. նոյնիսկ անձնական շահի մասին խօսիլն անգամ անհեթեթ է, երբ իրականութիւնը պարզ ու յստակ կը տեսնես: Ճի՛շդ հակառակը իշխանութեան գլուխը գտնուողներուն:
Ելեկտրական հոսանքի սղութեան դէմ ծայր առած շարժումը մեզի համար որքան ալ տարօրինակ ըլլայ, որպէս ազատօրէն խօսելու եւ դժգոհութիւն յայտնելու համարձակութիւն, սակայն խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, շահուած ամենաթանկարժէք բանն է անկասկա՛ծ:
Հեռատեսիլով ցոյցեր շատ տեսած ենք աշխարհի զանազան կողմերը. ցոյցեր, որոնք վերջը վերածուած են ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու: Տեսած ենք, թէ ինչպէս պատեհապաշտ խուլիկաններ, խառնակ վիճակէն օգտուելով, վանտալիզմի դիմած են, վաճառատուներու ցուցափեղկերը փշրելով ու ալան-թալանի դիմելով: Ինչպէս նաեւ քաղաքական որոշ հոսանքներ, հոսող ջուրը դէպի իրենց ածուները շրջելու փորձեր ըրած են ու երկրին անդորրութիւնը խախտած, կամ ալ լռած են ու քաշուած հրապարակէն, երբ չեն կարողացած շարունակել:
Երիտասարդութեան միտքերն ու հոգիները դեռ մաքուր ու անարատ են, դեռ շահամոլութիւնն ու իշխանատենչութիւնը չեն կեղտոտած զանոնք եւ որքան փափաքելի է, որ մնան այսպէ՛ս, անապակ ու անեղծ:
Այս բոլորը կ՛ըսենք անշուշտ ցանկատեսութեամբ, սակայն կեանքի պայմաններն ու օրերու հոլովոյթը ինչերով յղի են, մարդ չի կրնար գուշակել: Մէկ բան սակայն մեզ կը գօտեպնդէ, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը ապրած ըլլալով իշխանութիւնն ու դիրքը շահագործող ու երկրին եւ ժողովուրդին վնաս հասցնողներու ժամանակաշրջանը, յանուն հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճումին, պիտի չնմանի անոնց ու երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի աւելի պայծառ հորիզոններ:
Հայաստանը թէ՛ պատմական եւ թէ բարոյական բոլոր պատճառները ունի նոր ոսկեդար մը կերտելու, եւ անոր գլխաւոր շարժիչ մեքենան երիտասարդութիւնն է: Պէտք է գայ այն օրը, ուր հայերը այլեւս շարք չբռնեն օտար դեսպանատուներու առջեւ, չդիմեն պանդխտութեան դէպի Ռուսաստան ու այլ երկիրներ. գացողները վերադառնան ու լծուին հայրենիքի վերաշինութեան:
Այսօրուան երիտասարդութիւնը յոյսով կը լեցնէ մեր սրտերը:
Յակոբ Միքայէլեան

No comments:

Post a Comment