Tuesday, July 14, 2015

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԶՈՐՍ ԿԱՐՕՏՈՎ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ



Այս գիշեր տարին իր կէսին կը հասնի, կը սկսի 2015 թուականի վայրէջքը:
30 յունիսի կէս գիշերին Հալէպի հայկական եւ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ սովորութիւն է ապակեղէն կոտրել` տուներէն դուրս շպրտելով:
Երբ ժամացոյցի սլաքը տասներկուքին մօտենայ, ամառնային օդին, բաց պատուհաններէն եւ պատշգամներէն նետուած ապակեղէններու ջարդ ու փշուր ըլլալու ձայներ կը լսուին:
Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ չարիք վանելու համար պատահածին վնասը բարիքի կը վերածուի անիւ նորոգողներուն հաշուոյն, որոնց խանութներուն առջեւ երկար շարքերով կը սպասեն ապակիի բեկորներէն ճեղքուած ինքնաշարժներու անիւները նորոգելու համար:
Փորձառուներ այդ օրը իրենց սեփական ինքնաշարժը չեն գործածեր` սպասելով փողոցներուն մէջ տարածուած ապակիի փշրանքներու մաքրութեան:
Աւելի ծանր, բայց նուազ պատահական է նաեւ, երբ նետուած տոկուն կտոր մը փշուր-փշուր կ՛ընէ թաղին մէջ շարուած ինքնաշարժի մը ապակիները, վնասուողը կը սկսի նետողին ինքնութեան ստուգման, ապա` հայհոյանքն ու կռիւը, որ կ՛աւարտի ողջամիտ դրացիներու հաշտարար միջամտութեամբ, երբեմն ալ կը հասնին մինչեւ թաղամասի ոստիկանատուն:
Միջնադարեան նախապաշարումներէն ժառանգուած այս անհաճոյ աւանդութեան ժողովրդային բացատրութիւնը այն է, որ երբ ապակեղէն մը կոտրի եւ «շէրը * գնաց» ասացուածքը արտասանուի, չարիքը կը խափանուի, խորքին մէջ այս մէկը, Պարոնեանի խօսքերով, «Արդարացուցիչ դէպք յանցանաց»-ն է: Նման պարագաներու ես ալ Գրիգոր Զոհրապի «Կոտրելէն ետքը» իմաստալից պատմուածքը կը յիշեմ մեր նախակրթարանի հայոց լեզուի դասագիրքէն, որ որպէս դաստիարակիչ նիւթ` կ՛աւանդուէր: Աղջնակի մը ձեռամբ կոտրած ծաղկամանի մը մասին է եւ անոր մօր խրատները, թէ` կոտրելէն ետք դժուար է բան մը վերականգնել:
Զիրար հակասող երեւոյթներ, ժողովրդային աւանդութիւնը եւ նորավէպի իշխանին գրական պատկերը, որուն դժբախտ մէկ օրինակն է սուրիահայ ջարդ ու փշուր եւ այժմ աշխարհով մէկ սփռուած մայր գաղութը:
Հալէպի մէջ այս գիշեր նետուած այդ կոտրուած չարխափան ապակեղէնները հաստատեցին, թէ ունայն են նախապաշարումները, որովհետեւ աւելի քան չորս տարիներէ ի վեր չարիքը իր սեւ սաւանը օրէ օր աւելի սփռեց, յոռետեսութիւնը իշխեց մարդոց հոգիներուն վրայ, ու դժոխային ռումբերը Հալէպի մէջ ջարդեցին ոչ միայն ապակի, այլեւ հնձեցին հազարաւոր մարդոց կեանքերը:
***
Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը ժողովուրդը «Ջուրի Զատիկ» կը կոչէ:
Վա՛յ անոր, որ Վարդավառի յաջորդ օրը` երկուշաբթի կէսօրուան ժամերուն անցնի մեր թաղերէն, հայ թէ տեղացի կը բռնուի պատշգամներէն ջրհեղեղի նման թափուած ջուրերուն տարափին տակ, մեծ ու փոքր կը նոյնանան այդ անհանդուրժելի աւանդութիւնը պահելու հրճուանքով, մինչ այդ ականջդ պիտի գոցես` ընդհանրապէս տեղացի թրջուած ռամիկներու բերնէն արձակուած պատկերաւոր հայհոյանքները չլսելու համար:
Օր մըն ալ պատահեցաւ, որ թրջուած անցորդներէն մին հրշէջ էր, վրէժխնդիր` վերադարձաւ հրշէջ ինքնաշարժով եւ ցուցարարներու վրայ ջուր սրսկող փողէն ջրհեղեղի տակ առաւ այն տունը, ուրկէ զինք որպէս թիրախ ընտրած էին:
Անցեալին, երբ ջուրի ընդհատում չկար, ջրամատակարարման հաստատութիւնը այդ օրը երբեմն կը միջամտէր` շրջանի ջուրը կտրելով:
Արեւմտահայաստանի լեռներէն բխող Եփրատի զուլալ ջուրը, որ կը հասնի մինչեւ Հալէպ, երազ դարձաւ, հեթանոսական օրերէն մեզի հասած, այդ անհաճոյ սովորութիւնը ստիպեց մեր հայրենակիցները հեթանոսական ըմբռնումներով ջուրն ալ դասել պաշտելի եւ անգտանելի նիւթերու շարքին, այժմ «Ջուրի Զատիկ»-ը տօն է, երբ շաբաթներով չորցած ծորակներէն ջուրը կը սկսի հոսիլ:
Դժբախտաբար բարիքի մը արժէքը կը գիտնաս զայն կորսնցնելէ ետք միայն:
Այս գիշեր ժամը տասներկուքին կը ցանկամ լսել Հալէպի փողոցներուն մէջ ջարդուած ապակիներու ձայները, երկու շաբաթ ետք ալ պիտի երազեմ պտտիլ Նոր Գիւղի հայահոծ թաղերուն մէջ ու թրջուիլ երջանիկ եւ պարզունակ իմ հայրենակիցներուս ջուրի զատիկի տօնախմբութեամբ:
Տէ՛ր Աստուած, վերադարձուր մեզի այդ անախորժ աւանդութիւններու վայելքը:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ

No comments:

Post a Comment