Tuesday, July 14, 2015

ԳԱՆՁԵՐՈԻ ԿՂԶԻՆ


Մանուկներու յատուկ անյագ հետաքրքրութեամբ՝ իննամեայ անուշիկ Հէլէնիկս, կը խառնշտկէր տուփեր, գզրոցներ, դարակներ կարծես գանձ մը կը փնտռէր: Մէյ մըն ալ տեսայ որ մաքուր տախտակամածին վրայ քով-քովի սկսան շարուիլ մանր –մունր իրեր, զորս եղած տեղէս ի վճակի չէի զանազանելու:
-Ին՞չ կ'ընես Հէլէն,- ձայնս բարձրացուցի.տունը նոր մաքրած եմ, խնդրեմ, մի՛ աղտոտեր: Եւ մօտեցայ նայելու:
Քաշելով- քաշքշելով յաջողած էր լեփ-լեցուն գզրոցը դուրս հանել եւ հիմա կը խուզարկէր բովանդակութիւնը:
Ինծի համար եւս անակնկալ յայտնութիւն մը եղաւ. իր քով պպզեցայ եւ ուշադրութեամբ սկսայ քննել յայտնաբերուած խառնիճաղանճը: 
Տարիներէ իվեր այդ գզրոցին գոյութիւնը մոռցած էինք:
Վստահ եմ որ ամէն տուն օժտուած է նման գզրոցով մը կամ տուփով, որ «փրկութեան լաստ» ի դեր կը կատարէ:
Յաճախ մեր ձեռքը բան մը կ'անցնի, որուն չենք գիտեր ինչ ճակատագիր տնօրինել, կամ ուր պահել, եւ անմիջապէս այդ դարակին մէջ կը նետենք, այն յոյսով որ օր մը պէտք կրնանք ունենալ: Անշուշտ այդ օրը երբեք չի հասնիր եւ հոն իրարու վրայ կը կուտակուին, թէ՛պիտանին եւ թէ՛ անպէտքը: 
Ահաւասիկ match box series ինքնաշարժ մը, մեծ տղուս ամենասիրած խաղալիքը: Ամուսինս յատկապէս իրեն համար մէկ տուփ Ամերիկայէն բերած էր:Տղաս կը խաղար եւ յետոյ զանոնք խնամքով կը պահէր, սակայն փոքր եղբայրը բոլորն ալ կորսնցուց կամ կոտրտեց: Այս մէկը սակայն անկիւն մը պահուըտած ըլլալուն , կրցաւ զերծ մնալ համատարած սպանդէն եւ միայն անիւ մը զոհ տուաւ: Հոս էր անուշիկ Barbie պուպրիկը, որ փոքր աղջկաս համար գնած էի. ժամանակին կատարեալ գեղեցկութեան մարմնացում էր, իսկ հիմա գզգզուած մազերով,անճոռնի վհուկի մը վերածուած էր: Միւս աղջկաս համար, որ շատ կը սիրէ հագուստներ կարել, հիւսել, խաղալիքէ կարի մեքենայ մը գնած էի, այժմ կիսակործան վիճակի մէջ, բայց իր կարած հագուստին մէկ թեւը վրան էր տակաւին: 
Յանկարծ մարմնէս սարսուռ մը կ'անցնի. հին –հին դարուց յիշատակ այս կոճակը ուրկէ՞ ուր հոս հասած է: Իմ նշանտուքի հագուստիս ոսկեգոյն կոճակն է. հագուստը անհետացած է , բայց ինք կենդանի մնացած: Միտքս վայրկենական ոստում մը կը կատարէ դէպի անցեալ, տասնամեակներ կը նահանջէ եւ կ'երեւի շատ երիտասարդ, ամօթխած աղջիկ մը իր նշանածին քով նստած, ներքուստ ուրախ, բայց միաժամանակ տագնապահար. Կեանքի նոր հանգրուան մը պիտի թեւակոխէ . նոր արեւածագ մը պիտի դիմաւորէ: 
Քիչ մը անհանգիստ կը զգամ: Աս ինչ թափթփածութիւն կը մտածեմ: Բայց յետոյ ես զիս չքմեղացնելու փաստեր կ'որոնեմ եւ բարեբախտաբար շուտով կը գտնեմ: 
Երբ բոլոր զաւակներս մանկութեան տարիները այլեւս իրենց ետին թողած էին, ես հաւաքեցի բոլոր խաղալիքները, որոնք տակաւին անվթար պահած էին իրեց առողջութիւնը եւ տարի մօտակայ եկեղեցւոյ աղքատ մանուկներու զամբիւղին մէջ զետեղեցի: Իսկ մեր մօտ մնացին ջարդին զոհերը:
Ահաւասիկ բանալիներու տրցակ մը, երբ գողեր մտան շէնքին մէջ եւ բոլոր դրացիներս ստիպուած փոխեցինք մեր կղպանքները: Այս ճմռթկուած դիմակը աղջկաս հանդէսէն մնացած է. քովն ալ փայլուն հուլունքներով թագը:Գեղեցիկ իշխանուհի մը եղած էր. Ես զմայլած զինք կը դիտէի: Առաջին զաւակի մայրական խանդավառութիւնս անսահման էր:Սակայն իւրաքանչիւր զաւակի հետ խանդավառութիւնն ալ սկսաւ նուազիլ. Երբ վեցերորդին հասայ այդքան ալ ուրախութեան կամ յուզման ապրումներ չունեցայ այլեւս: Ուրախութիւնը պարտականութեան վերածուած էր :
Պրոնզէ մաշած փականակալ մը, որ աշակերտները նուիրած էին ամուսինիս, վրան իր անուան սկզբնատառերը փորագրուած : Շղթան կոտրուած էր եւ անգործածելի դարձած : Բայց տակաւին կը յամենայ մեր դարակին մէջ:
Այս փլասթիքէ ըմբիշները եւ զինուորները, մէկը կաղ , մէկը թեւատ, որքան պատերազմներ մղած են, մանչերուս ձեռքերով եւ անշուշտ անոնց հետեւող անխուսափելի կռիւները, պոռչտուքները,
- Ես յաղթեցի, 
-Ո՛չ ես յաղթեցի :
Իմ սաստումներս , յանդիմանութիւններս, երբեմն ալ ապտակ մը, երբ համբերութեանս բաժակը կը յորդէր(Սու՜ս հոգեբանները չլսեն): Ահաւասիկ շատ սուղ արժող գրիչի մը թաւշապատ տուփը, հապճեպով կը բանամ, բայց ակնկալելի էր յուսախաբութիւնս, տուփը պարապ է:
Հապա այս վակոն՞ը, գեղեցիկ կառաշարին միակ վերապրողը: Տղաքս որքան կը խաղային եւ կը հրճուէին:
Շոգեկառքը փուֆ- փուֆ,
Արագ- Արագ կը վազէ.
Բայց այդ շոգեկառքը միշտ մէկ ուղղութեամբ կը վազէր. ....դէպի Հալէպ: Իրենց համար անծանօթ այդ քաղաքին անունը այնքան լսած էին իմ եւ ամուսինիս բերնէն, զոր միշտ կարօտով կ'արտասանէինք, որ իրենք ալ մեզ միշտ Հալէպ կը տանէին շոգեկառքով: 
Անշուշտ անխուսափելի են կնունքներու ,տարեդարձներու , կամ ալ հարսանիքներու առթիւ տրուած փոքրիկ յուշանուէրները, որոնք սկիզբը պատուոյ հիւրեր են, կը գրաւեն երեւելի դիրքեր, սակայն մի քանի ամիս յետոյ գահընկէց կ'ըլլան, օր մըն ալ վտարանդի դառնալու համար: Հիմա իմ ձեռքս կ'անցնին մի քանիները: Եւ ժամացոյցին սլաքը նորէն ետքայլ կ'ընէ: 
Ահա Սիլվիային տասնըհինգ տարեկանի «սուվընիր»ը. հիմա ինք արդէն երեք զաւակի մայր է: Աս ալ Յովիկին կնունքինն է. տղուս դասընկերը, փայլուն երկրաչափ մը, որ տխուր վախճան մը ունեցաւ: Եւ այսպէս տարիները մէյ մը առջեւ մէյ մը ետեւ կ'օրօրուին, դէմքերու խճանկար մը կը կազմուի, անցեալի գունագեղ պաստառին վրայ:
Որքա՜ն ժամանակ մնացի այս վիճակին մէջ, չեմ գիտեր. կ'երեւի բաւական երկար, որովհետեւ մէջքս սկսաւ ցաւիլ:
Հիմա յարմար առիթ մըն է կը մտածեմ, որ վերջապէս մաքրագործութեան լծուիմ եւ աղբամանի թեկնածուները զատեմ: 
Երբ ընտրութիւնը կատարեցի եւ պատրաստուեցայ տոպրակին մէջ դնելու զանոնք, կարծես բոլորն ալ , թէ՛ փրկեալները եւ թէ՛ մահապարտները աչքերուս նայեցան պաղատագին եւ խնդրեցին որ անգութ չըլլամ,այսքան երկար տարիներու համերաշխ գոյակցութենէ եւ բարի դրացնութենէ յետոյ զիրենք իրարմէ չբաժնեմ: 
Կարծես սրտիս դպան իրենց խօսքերը. Պահ մը կեցայ, ապա ձգեցի ամէն բան եւ խոհանոց գացի ընթրիքը պատրաստելու:
Այդ բոլորն ալ մեր ընտանիքի պատմութեան անջատ օղակներն են, յուշերու պատառիկներ մտածեցի: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առընչուած է դէպքի մը, դէմքի մը, որոնցմէ ոմանք, ինչպէս իմ զաւակներէս մի քանին օտար երկնակամարներու տակ կ'ապրին, իսկ ուրիշներ առայաւէտ բաժնուած են մեզմէ, իրենց քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակը թողելով մեր սրտերուն մէջ: 
- Հէլէ՜ն, ամէն բան կը հաւաքես եւ նորէն գզրոցին մէջ կը պահես- կը լսուի ձայնս խոհանոցէն:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment