Monday, June 1, 2015

փշրանքները

Հալէպէն հեռանալուս արդէն չորս ամիս եղաւ. Հաճախ բարեկամներս կը հարցնեն, ուրախ ե՞ս… ՈՒՐԱ՞Խ…ինչպէ՞ս… Հալէպը գեղեցիկ, գունաւոր, ապակիէ աշխարհ մ'նէր ինծի համար, փշրուեցաւ… փշրանքները հասան աշխարհի ամէն անկիւն, իսկ իմ բաժինսէր՝ կտոր մը վարդագոյն ապակի, առնելով զայն հեռացայ դրախտես (վրնտուեցայ կամաւոր). Ի՞նչ ուրախանամ… Բոլոր կեանք մը խելագար պիտի բնտռեմ՝ մնացած կտորներս, գիտնալով որ դժուար է միացումը. Ուրա՞խ…ուրախ եմ ու հպարտ միայն՝ որ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ եմ։՝
Ծովիկ Կարապետեան

No comments:

Post a Comment