Monday, June 1, 2015

Լաթաքիան Վտանգուա՞ծ

 
 

Վերջին շրջանին Սուրիոյ  տարբեր-տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուած զարգացումներն ու իրադարձութիւնները, աւելիով  բարդացուցին  Սուրիոյ  արդէն  իսկ արիւնքամ  վիճակը:

Արդարեւ, յաջորդաբար ընդդիմադրիներուն ձեռքը անցած Ճըսըր Ալ Շուղուրը, Թատմոր՝ պատմական շրջանը, Իտլէպը եւ մանաւանդ վերջին օրերուն՝ Արիհան, բաւական մտահոգութիւններու դուռ բացին բոլոր սուրիացիներուն համար անխտիր:
Աշխարհագրական դիրքը նկատի եթէ ունենանք Լաթաքիա-Հալէպ տարածաշրջանին, կը նկատենք, թէ Ճըսըր Ալ Շուղուր, Արիհա եւ Իտլէպ շրջանները գրեթէ ամբողջութեամբ ընդդիմադիր զինեալներուն տիրապետութեան տակ է, որ կը նշանակէ Լաթաքիա-Հալէպ միացման ամէնէն կարեւոր կէտերը ընդդիմադիրներուն ձեռքն է եւ վարչակարգը այդ կէտերուն վրայ գրեթէ ազդեցութիւն չունի:

Այս բոլորը կրկին անգամ լրջօրէն մտածել կու տան սուրիահայութեան, ի մասնաւորի հալէպահայութեան մասին: Ներկայ վիճակով Հալէպը շղթայազերծելու վտանգ կայ, որ եթէ պատահի, այլեւս պիտի սպասել զարգացումներուն, իմանալու համար թէ ինչ կարելի է կատարուիլ: Հազար եւ մէկ ենթադրութիւններ կարելի է կատարել, որմէ զերծ կը մնամ, որպէսզի սխալ կերպ չընկալուի արտայայտած մտահոգութիւնս: Միւս կողմէ, Ճըսըր Ալ Շուղուրէն դէպի Լաթաքիա արշաւելն ու հասնիլը պարզապէս ժամերու հարց է, նկատի ունենալով Ճըսըր Ալ Շուղուրէն մինչեւ Քէսապ լեռնային շրջաններուն ամբողջութեամբ զինեալներու տիրապետութեան տակ ըլլալը: Աւելին, Լաթաքիա մէջ եղող «քնացած խլեակներ»ու վարկածը, որ ուղղակիօրէն սարսափ կը պատճառէ բոլորին:
Թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, յաջորդող օրերը պիտի գան պատասխանելու: Այս բոլորին մէջ հայութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Բազմաթիւ հալէպահայեր Հալէպէն փոխադրուած են Լաթաքիա, նկատի ունենալով որ հոն  աւելի ապահով է: Եթէ յանկարծ պատահի, որ ընդիմադիրները արշաւեն դէպի ծովեզերք, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Եթէ պատահի, որ այդ վարկածեալ «քնացած» խմբակները յանկարծ արթննան, ի՞նչ կրնայ պատահիլ: Հայութիւնը ո՞ւր պիտի երթայ: Հայութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ: Երբեւէ անոնք որոնք գիշեր-ցերեկ կոչ կ'ընեն կառչելու, կոչ կ'ընեն պահելու սուրիահայ գաղութը, կը հետեւի՞ն արդեօք վերջին զարգացումներուն, նկատի առա՞ծ են արդեօք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ նման իրավիճակ մը ստեղծուի: Կամ ալ  կը սպասեն որ գիշերը քնանան ե առաւօտ արթննան ու սուրիական խնդիրը լուծուած գտնեն, վիճակը խաղաղած, եւայլն, եւայլն:

Ժամանակը մեզ կը մաշէ արդէն:  Ի՜նչ տեղին է այստեղ առածին խօսքերը. «Ժամանակը սուրի նման է, եթէ չկտրես զայն, ան կը կտրէ քեզ»: Մեր ներկայ իրականութիւն, դժբախտաբար:

Յակոբ Քորթմոսեան 

No comments:

Post a Comment