Սովորութիւն է առաջին դասարանի աշակերտներուն համար ամէն տարի դպրոցի աւարտին շրջապտոյտ (էքսգուրսիա՝ տեղական լեզուով) կազմակերպել դէպի Օշական գիւղ:
Ոգեւորուած մանչուկներուս կը բացատրեմ, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Օշական գիւղը մեզի՝ հայերուս համար: Ու մէկական ճերմակ մեխակներ ձեռքերնիս` կ'ուղեւորուինք որոշեալ գիւղը:
Շատ ուրախ եմ տղոցս ընձեռնուած այս առիթին համար: Անոնք ամենայն լրջութեամբ կը հետեւին ուսուցչուհիին բացատրութեան եւ գեղեցիկ ասմունքով մը իւրաքանչիւրը իր ծաղիկը կը զետեղէ Սուրբին շիրիմին վրայ: Ուսուցչուհին կը շեշտէ, թէ Մաշտոցի հոգին որքա՜ն հրճուանք կ'ապրի հիմա ի տես մեր այցելութեան:
Վերադարձին, հանրակառքին մէջ, վեցամեայ Սեւակիս ընկերոջը հետ կ'ուզեմ զրուցել: Հարցումներ կ'ընեմ ուխտագնացութեան մասին: Կարէնը անմեղ աչուկներով ապշահար կը նայի ինծի: Յստակ է, թէ բան չի հասկնար ըսածներէս: Սեւակը անմիջապէս թարգմանիչի դերին մէջ կը մտնէ ու նոյն ըրած հարցումներս արեւելահայերէնի « կը թարգմանէ»: Յետոյ կամաց մը ինծի դառնալով կ'ըսէ.- Մամա', հայերէն խօսի'ր, ինք չի հասկնար մեր լեզուն:
-Հապա ինչերէ՞ն խօսեցայ տղա'ս,- կ'ըսեմ:
-Հայաստանի հայերէնով խօսիր, ո'չ թէ Հալէպի ,- կը պատասխանէ :
Սօսի Մ.Տ.

No comments:
Post a Comment