Monday, July 21, 2014

Լեւոն Շառոյեանի Հալէպի նուիրուած շարքին մասին

Հետաքրքրական էր Լեւոնին այս շարքը: Մաղթենք որ երկարի, այլ ձեւերով: Հալէպ իր ներկայ պատերազմական վիճակին մէջ իսկ ունի նախանձելի ու օրինակելի դիրք մը՝ կասկածէ վեր է: Սիւրմէեանի գործէն ետք արդեօ՞ք Հալէպը հանգամանալից ու համապարփակ ուսումնասիրութեան արժանացած է. չեմ գիտեր: (Չեմ խօսիր հայաստանեան անլուրջ հետազօտութւիւններու մասին...): Համացանցի վրայ եւ այլուր կարելի է հանդիպիլ մաքուր հայերէնի տիրապետող ոչ սակաւաթիւ հալէպահայերու, որոնք ցրուած են, որոնց ուժը մեր համապատասխան մարմինները օգտագործելու մասին չեն մտածեր երբեք, դժբախտաբա՛ր: Եզակի երեւոյթ մըն է ըստ իս հալէպցիներու մօտ մշակութային արժէքներով խանդավառուելու յատկութիւնը: Ասոր հետքերը նուազ չափով մը կարելի է Պոլիս գտնել, թերեւս, բայց Հալէպի մէջ գիրը, գիրքը, մշակութայինը, հոգ չէ երբեմն միայն ձեռնարկներու սահմաններուն մէջ՝ յատուկ տեղ ունին, կարեւորութիւն եւ արժէք ունին մարդոց առօրեային մէջ: Ասիկա երբեք արհամարհելի հանգամանք մը չէ: Իսկ Հալէպին նիւթապէս օժանդակելը համապատասխան հիմնարկութեանց պարտքն է: Այնպիսի հիմնարկութիւններէն մէկը իր տեղեկագրին մէջ անպատասխանատու արտայայտութիւն մը ունեցած էր, թէ՝ «երբ պատերազմը դադրի՝ պիտի օգնենք վերաշինութեան...»: Այսպիսի հիմնարկութիւններու պատասխանատուները կը սպասեն որ գաղութ մը արիւնաքամ ըլլայ՝ ու յետոյ իբր թէ ոտքի կ'ելլեն, մինչդեռ կրակը ուր որ կ'այրի՝ ճիշդ հոն հարկ է ջուր թափել եւ...առանց ուշանալու:

Իշխան Չիֆթեան
Ishkhan Chiftjian About Levon Sharoyan's 4 part series on Aleppo Armenians (Churches, schools, institutions, media, society). 


No comments:

Post a Comment