Sunday, March 22, 2015

ՄՈԳԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ…

Դասարանին մէջ կը զրուցէինք Վարդանանց Պատերազմին մասին. քննական դիւտանկիւնէ կը ջանայինք վերլուծել Վարդանի ու Վասակ Սիւնիի հակադիր դիրքորոշումները,- պարսկասէր նախարարները արդարացուցիչ տուեալներ ունէի՞ն արդեօք իրենց որդեգրած քաղաքականութեան համար, թէ ոչ…։ Կը խօսէինք Ղեւոնդ Երէցին մասին ու զարմանք կը յայտնէինք, թէ Հայ Եկեղեցւոյ այս համեստ սպասաւորը ինչպէ՞ս կրցաւ ժողովրդային ապստամբութեան մը առաջին ազդանշանը տալ՝ Անգղ գիւղին մօտ անփառունակ վիճակի մատնելով Հայաստան եկած պարսիկ մոգերը…։
Ճիշդ այդ պահուն, իմ ուշիմ աշակերտուհիներէն մին, անսպասելի հարցում մը ուղղեց ինծի.
- Պարո՛ն, «Մոգ» բառը հարազատ հայերէ՞ն է, թէ՞ փոխառեալ բառ մըն է…։
- Կ՛ենթադրեմ որ պարսկերէնէ առնուած բառ մըն է,-պատասխանեցի որոշ վարանումով, որովհետեւ երբեւիցէ չէի սերտած այդ բառին «կենսագրութիւն»ը…։
Երբ տուն վերադարձայ, անմիջապէս ձեռնարկեցի «Մոգ»ի ստուգաբանութեան…։ 
Նախ դիմեցի Աճառեանի «Արմատական բառարան»ին։ Հոն կ՛ըսուէր, թէ ՄՈԳԸ «զրադաշտական դենի կրօնաւորն է, կախարդ, աստղագէտ»։
Աճառեան կը հաստատէր, որ «Մոգ» բառը պարսկերէնէն կու գար, եւ հոնկէ անցեր էր կարգ մը լեզուներու մէջ, ինչպէս՝ եբրայերէնին, արաբերէնին, Ֆրանսերէնին (Mage), իտալերէնին (Mago) եւայլն։
Այնուհետեւ դիմեցի Մալխասեանցին։ Իր «Բացատրական բառարան»ը կոթողային գործ մըն է։ Այստեղ, «Մոգ» բառը բացատրուած էր իր բոլոր նրբերանգներով։ Առաջին հերթին, ատիկա «զրադաշտական կրօնի հոգեւոր պաշտօնեայ»ն էր, կրակապաշտներու քուրմը։ Բառարանը օրինակ ալ կու տար, ու կը վկայակոչէր Ե. դարէն Եղիշէ պատմիչը, ըստ որուն՝ 700 մոգեր մոգպետի մը գլխաւորութեամբ Հայաստան ուղարկուեցան՝ հայերը կրակապաշտ դարձնելու համար։ 
Յետոյ, բառարանը կը նշէր, որ «Մոգ» կը նշանակէ նաեւ «հին հեթանոսական կրօնների մէջ՝ մարգարէ, գուշակ, աստեղագէտ»։ Անմիջապէս մտաբերեցի նորածին Յիսուսի Բեթղեհէմի մսուրը այցելող մոգերը, որոնք գուշակներ ըլլալու էին…։ 
Եւ վերջապէս, Մալխասեանց կը յիշեցնէր մեզի, թէ «Մոգ»ը հայերէն բարբառներու մէջ կը նշանակէր «Կախարդ»։
Այո՜, հոնկէ՛ կու գար ահաւասիկ «Մոգական գաւազան» ըսելաձեւը, որ թարգմանի՝ կախարդական գաւազան։ Մեր կարդացած մանկական հէքիաթներուն մէջ աճպարարները մի՛շտ ալ ի ձեռին կ՛ունենային այդպիսի փոքր գաւազան մը, որ հրաշքներ կը գործէր…։
Մոգական գաւազան։ Այսինքն՝ հրաշագործ ուժ։
Ա՜խ այդ գաւազանը։ Երանի թէ անգամի մը համար ձեռք բերէինք զայն ու րոպէական շարժումով մը վերջ տայինք մեր աշխարհը քանդող պատերազմներուն…։ Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ

No comments:

Post a Comment