Friday, September 4, 2015

ԵՒ..... ՕՐ ՄԸ


Իրապէս շատ գեղեցիկ յիշատակներով եւ աննկարագրելի ապրումներով ողողուեցան հոգիս,սիրտս եւ միտքս այս եզակի ճամբորդութեան ընթացքին. զոր կատարեցի երկու տարի առաջ, երբ բախտը աղուոր անակնկալ մը ուզեց ընել ինծի:: 
Եւ ես կրցայ վերջապէս «Մերին Պոլիսը» տեսնելու եւ վայելելու փառքին արժանանալ:
Այն Պոլիսը, որ մեր երեւակայութիւնը կը բոցավառէր, երբ մենք ուսանողի գրասեղաններու ետին, մեր գրականութեան ուսուցչին հետ, Զարթօնքի շրջան, Ռոմանթիկներ, Իրապաշտ Շարժում, Գեղապաշտ Շարժում կը սորվէինք եւ անյագ կերպով կը կարդայինք Զօհրապ, Պարոնեան, Մեծարենց , Դուրեան եւ, .......
Անոնց գործերուն մէջ, կը հանդիպէինք Բերա,Սամաթիա,Կէտիկ Փաշա , Սկիւտար բառերուն, անուններ, որոնք ոչ մէկ նշանակութիւն ունէին մեզի համար. լոկ թաղամասերու անուններ էին. բայց հիմա,երբ սեփական աչքերով տեսայ այս վայրերը, Կալաթա Սէրայը, Այա Սօֆիան ,այդ պատմուածքները տաբեր բնոյթ ստացան այլեւս եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մտքիս մէջ զուգորդուեցաւ գրողի մը անուան հետ:
Գնալը կղզին, որուն մասին յաճախ լսած էի եւ միւս կղզիները զիս հմայեցին իրենց ինքնուրոյն գեղեցկութեամբ, որ անբացատրելի է: Գեղածիծաղ Վոսփորի ափին նստած՝ դիտել արեւամուտը, ճաշակել թարմ եւ համեղ ձուկերը,ունկնդրել մեղմ երաժշտութիւնը, եւ նայիլ ջուրին վրայ հարսի նազանքով սահող զբօսանաւերուն, հրաշալի վայելք մըն էր,զոր լիովին ըմբոշխնեցի: 
Գոյներու, բուրմունքներու, ձայնի, մէկ խօսքով մեր զգայանքներուն յագուրդ տուող քաղաք մըն է Իսթանպուլը. արեւելքի եւ արեւմուտքի միաձուլում:Ինծի համար կրկնակիօրէն հաճելի էր շրջիլ զառիվերներով լեցուն քաղաքին մէջ, երբ ես կարօտախտէ կը տառապէի իմ սիրելի ծննդավայրիս՝ «Երազային Հալէպ»էն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրելուս: Մեր քաղաքի անուշավաճառները կը տեսնէի, նշանաւոր «փախլաւաճիները» գունագեղ ցուցափեղկերուն ետին: «Պալըք պազարի»ձուկերը, կողքին համեմունքները եւ լոխումները.(թող ներեն պոլսեցիները բայց մեզի համար լոխում կը շարունակէ ըլլալ եւ ոչ նրբացուած« լոքումը»): Եւ այդ համերու եւ հոտերու խառնիճաղանճին մէջ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին, ուր պսակի մը արարողութեան ներկայ գտնուեցայ հաճելի զուգադիպութեամբ:
Օ՜հ որքան սիրեցի «Քաբաթլը Չարշը»ն, որ իր դարձդարձիկ փողոցներով եւ այլազան ապրանքներու, անհատնում խանութներով, ինծի կը յիշեցնէր Հալէպի «Ներսի Շուկան» որ աւա՜ղ այլեւս գոյութիւն չունի:
Եռեւեփող քաղաք մըն է Պոլիսը:Մանաւանդ շատ սիրեցի վառ գոյներով Իսթիքլալ փողոցը, ուր հրապուրիչ վաճառատուներու ցուցափեղկերուն առջեւ, կը հանդիպիս տարբեր ազգութիւններու պատկանող անցորդներու, զբօսաշրջիկներու, կը լսես այլազան լեզուներ եւ կը քալես մինչեւ Թաքսիմի կեդրոնական նշանաւոր հրապարակը, որուն անունը յաճախ կը կրկնուէր վերջերս, հոն տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով:
Պոլսոյ ընդմէջէն առիթը ունեցայ նաեւ ծանօթանալու մեզի համար շատ կարեւոր միւս երեսին, հայկականին, « Մերին» ին: Այցելեցի Պատրիարքարանը,դպրոցներ, հայկական հրատարկաչատուն, թերթերու խմբագրատուներ եւ ականատես եղայ այն անսպառ ճիգին եւ անխոնջ աշխատանքին , որ ի գործ կը դրուի գիտակից եւ հայութեամբ ապրող եւ շնչող եւ ամէն օր մեծ զոհողութիւններու գնով իրենց իտէալին ծառայող մարդոց կողմէ: Բացառիկ անձնաւորութիւններ, որոնք անձնուրաց նաւապետի մը նման՝ ապաւինելով իրենց անդրդուելի եւ աննկուն կամքին եւ հաւատքին, հակառակ սպառնացող, փոթորկալից եւ ալեկոծ ծովուն, անվհատ եւ յամառօրէն կը թիավարեն հոսանքն ի վեր:Դժբախտաբար այդ անձերուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ մեր սփիւռքի ազգային կառոյցներուն մէջ, հակոտնեայ համեմատութեամբ.որքան կը բազմանան պահանջքները: Անոնք մեր ազգային ինքնութեան պահպանման ծառայող անանուն հերոսներ են : Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործունէութեան դաշտին մէջ կը մաքառի պահպանելու համար մայրենին, որ ցաւ ի սիրտ կը հիւծի ինչպէս ամենուրեք , հոս եւս:
Եկեղեցիները անխափան կը գործեն, իրենց պատկառելի դպրաց դասով, հոգեւորականներու անսպառ ճիգով եւ կորովով եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ: 
Եւ տակաւին պիտի ուզէի խօսիլ....
Այսօր վերյիշեցի այս բոլորը, քիչ մը գոյն եւ կեանք տալու համար մթագնած, տխուր երկնքին եւ գեղանկարիչի վրձինով, ոսկի եւ ուրախ արեւներով զարդարել հոգւոյս ամպամած պաստառը:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ 

No comments:

Post a Comment