Friday, September 11, 2015

Պատերազմը եւ Մենք

Հայրիկիս հետ կը զրուցեմ: Տակաւին պատերազմին թողած ազդեցութիւնը իր վրան նշմարելի է, հակառակ անոր որ ի'նք կը պնդէ, թէ Հալէպի ժողովուրդին համար այնքան պարզ ու սովորական երեւոյթ դարձաւ ռումբերուն ձայները, կենցաղային դժուարութիւնները, նոյնիսկ մահուան գաղափարին հետ հաշտուիլը: «Ամէն ոք իր առօրեայ աշխատանքին մէջ է, աղջիկս : Եթէ պատահի, որ հրթիռակոծուի տեղ մը, շատ շատ այդ հինգ- տասը վայրկեանը իրարանցում մը կը տիրէ, մինչեւ որ մեռելը վերցուի, կամ վիրաւորը հիւանդանոց փոխադրուի, որմէ ետք անմիջապէս թաղը առաջուանին նման կը գտնէ իր «բնականոն» կենցաղային վիճակը, կարծես ոչինչ պատահած ըլլայ»: Մարդ արարածդ ամէն բանի վարժուելու ունակ է ուրեմն: Նոյնիսկ մահուան: վա՜յ անոր որ թիրախ կը դառնայ ռումբին. Ի'նքն է որ կը տուժէ, մնացածը շատ շատ պիտի ափսոսան այդ պահուն ու «մեղք եղա՜ւ, դեռ երիտասարդ էր» պիտի ըսեն ու շարունակեն իրենց առօրեան: Հալէպի մէջ ես ալ այդպէս եղած էի, այո' . աւելի ճիշդ կը կարծէի այդպէս եղած ըլլալ: Ամէն ինչ այնքան բնական դարձած էր, կարծես զգայազուրկ եղած ըլլայինք: Ձայները, պայթումները եթէ ուղղակի քեզ վնաս չէին պատճառէր ՝ ուրեմն սովորական բան էր եղածը: Իրականութիւնը այդ չէ սակայն: Այդ ցնցումները մեր հոգիներուն մէջ այնքան զօրաւոր խրուած են, որ նոյնիսկ հոնկէ մղոններ հեռու գտնուելով ամենաաննշան պայթուցիկի ձայն մը երբեմն երբեմն կրկին քեզ ակամայ հոն կը փոխադրէ: Անցեալ օր փողոցը քալած պահուս որոտումի ձայնէն շատ զօրաւոր սոսկում ապրեցայ. ձեռքերովս ծածկեցի գլուխս իբրեւ թէ պաշտպանուելու համար եւ ճիշդ հրասանդ իյնալու այդ նոյն սոսկումով համակուեցայ: Հայաստան լեռնային երկիր է, հոս որոտումներուն ձայներն ալ աւելի ահագնացած են կարծես, կամ պարզապէս ինծի այդպէս կը թուի: Այնպէս կ'երեւի, որ երկար ժամանակ այդ վախն ու սոսկումը դեռ պիտի հալածեն մեզ: Երանի անոր որ առաջին իսկ առիթէն դուրս եկաւ երկրէն եւ այդ սարսափազդու պահերը չապրեցաւ: Բայց ինչ ըսել դեռ ներսը մնացողներուն...
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment