Monday, October 26, 2015

ԶՈՒԳԱՀԵՌ


Մօտիկ անցեալին, Հալէպեան Օգոստոսներուն՝ հեծիկով սառ կը փոխադրէին օր ցերեկով. սառի քառանկիւն ու խոշոր շերտ, որ մինչեւ ապսպրողին այրած սիրտը մարելու հասնէր ու զովացնէր, ճամբան՝ արեւուն տակ՝ կը հալհլէր. ետին` արցունքի կաթկթուքի շոգիացող առահետ մը թողած։

Հինգ տարի անցաւ։

Ներկայիս՝ Պէյրութի մէջ, գիշերները յաճախ նարկիլէ կ'ապսպրեն որ շտապ առաքումով տուն կը բերուի մոթոսիքլով. կայծկլտող ածուխ կը փոխադրեն, նարնջավարդ «նարա» կամ անթեղ, որ մինչեւ պատշգամը սպասող` ապսպրողին մարած սիրտին կրակ տալու հասնի, ճամբան՝ լուսնին տակ՝ վառ կը մնայ հովէն. դեղին լուսատտիկներու հոյլ մը թողած ետին։

Յարվարդ 2015

No comments:

Post a Comment