ԱՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Անամպ երկինքէն արեւը իր շողերը շռայլօրէն սփռած էր կապոյտ ,խաղաղ եւ զուլալ ջուրերուն մէջ գտնուող կղզիին վրայ:
Հաշուած քայլերով օդակայանէն դէպի գետափ տանող ճամբան ուզեցի փոխել եւ քաղաքին խորերը մտնել որոշեցի :
Հին, նեղ , խորտուբորտ ,մարդաշատ ու առեւտրական իրերով լի փողոցները զիս առին եւ լայնասիրտ Հալէպ տարին:
Շատ քիչ վայելած եմ Հնադարեան Հալէպը,թէեւ 20 տարի բաւարար է արաբական միջավայրի ազդեցութեան տակ ապրիլ :
Այստե'ղ մարդիկ խաղաղօրէն իրենց կենցաղային արժէքներով անցեալէն հասած բարքերը կը վայելեն, իսկ այնտեղ` մարդկային անթիւ կորուստներ եւ բարքերու սարսափելի անկում կը տեղայ:
Քայլերուս հետ միատեղ «Քառասուն Մանկաց» տանող ճամբան կ'որոնէի ,բայց չգտայ..
Ո~րքան նման են երդիքները զիրար միացնող կամարները, երկաթեայ դռները, արեւին ջերմութիւնը եւ մարդկանց կանչուըռտուքը «հո'ս հրամմեցէք, հո'ն հրամմեցէք» ի բառերով:
Կարճատեւ վերյիշումներս եւ ապրումներս այնտեղ թաղեցի ու փոթորկուած ներաշխարհով հեռացայ:
No comments:
Post a Comment