Saturday, December 12, 2015

ԿԱՊԻԿԻ ՏԱՐԻ


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Երեւան

Դեկտեմբեր 6, 2015
Դեկտեմբեր ամիս է: Երեւանը կը զգեստաւորուի նոր գոյներով ու նոր տեսքով: Ամէն կողմ տօնական մթնոլորտ կը տիրէ: Եւ որպէսզի այդ մթնոլորտը աւելիով շեշտուած զգաս մոլ պէտք է երթաս: Տալմա մոլը եռուզեռ կայ, խճողում: Կիներն ու աղջիկները գեղեցիկ հագուած, գնումներ կ՚ընեն: Յաճախորդները ինչ խաւի կը պատկանին չեմ գիտեր, չեմ գիտեր նաեւ որ այսքան անգործութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է այսպէս յափշտակութեամբ գնումներ կատարել, բայց մթնոլորտը ուրախալի է եւ վարակիչ: Ի վերջոյ հրճուանք կարելի է զգալ ուրեմն հայրենիքի մէջ ալ մարդոց դէմքէն ժպիտ քաղելով: Մէկդի նետած ամէնօրեայ հոգերը մարդիկ ճիգ կ՚ընեն ուրախանալու : Շատ լաւ է: Ուրախ եմ նաեւ ես:

Դեկտեմբեր 10, 2015
Տօնական մթնոլորտը, ինչպէս բոլոր կիները, զիս ալ խոհանոց կը մղէ: Գունաւոր կրկնեփուկներ (պիսքուիթներ) պիտի շինեմ: Խոստացեր եմ տղոցս: Ամէն տարուան մեր աւանդութիւնն է ասիկա: Իրենք ալ տօնածառէ, կաղանդ պապուկէ, աստղերէ եւ այլ կաղապարներ առած հետս գործի կը լծուին ու միասին գունաւորելով կը պատրաստենք կրկնեփուկները: Եւ որպէսզի պէտքերը ապահովեմ, այսօր «փեթակ» որոշեցի երթալ: «Փեթակ»ը շատ հարազատ վայր մը կը թուի ինծի: Ճիշդ Հալէպի «ներսի շուկան» կը յիշեցնէ: Ամէն բան կայ հոն: Թաղ-թաղ շուկաներ: Փեթակի մէջ անպայման հալէպահայու մը կրնաս հանդիպիլ: Մօրս հետ կ՚ուղղուիմ ուտեստներու թաղը: Չիր ու չամիչի տեսականիները երեսիդ կը խնդան: Հայաստանցի տանտիկինները շատ վարպետ են չիր ու չամիչի պատրաստման մէջ: Իսկապէս շատ համով են ու բազմատեսակ: Կը մօտենամ այն խանութին, ուր կարկանդակի վերաբերող իրեր ու ուտեստներ կը ծախուին: Աստուած իմ, քահք պլոզին ի՞նչ կ՚ըսէին՝ մոռցայ նորէն: Մինչ ես աջս ու ձախս կը նայիմ փնտռելու համար ուզածս, մայրս միամտաբար կը հարցնէ.
Քահք պլոզ չունի՞ք:
Մայրս, ի՞նչ կ՚ըսես. չեն հասկնար, արաբերէն է:
Իրարու կը նայինք, կը խնդանք, թէեւ՝ շլմորած:
Ի վերջոյ նեղ, երկար խանութին խորերէն կը գտնեմ ու կը վերյիշեմ մարթըպան անունը: Միտքէս կրկնել կը փորձեմ քանի մը անգամ, որպէսզի յաջորդին այսպէս նեղ կացութեան չմատնուիմ:
Պէտք եղածները առնելէ ետք կ՚ուղղուինք ամենահաճելի եւ միեւնոյն ժամանակ դժուարագոյն բաժինը: Խաղալիքներու թաղը: Ի՞նչ խաղալիք առնել, որ գոհացնէ մեր չարաճճիները: Իւրաքանչիւրին տարիքին համապատասխանող խաղալիքներ կը փնտռենք, կը շուարինք : Հալէպ աս բոլորէն ալ ունէին:
Մամա՚, խաղալիքները չբերինք հետերնիս,- կ՚ըսեն միշտ, երբ իրենց խաղալիքներէն նշմարեն որեւէ խանութի առջեւէ անցնելով:
Հոգ չէ, տղաս, Կաղանդ պապուկը նորը կը բերէ:
Ի՜նչ կաղանդ պապուկ: Գիտեմ, Բենօ քեռին էր հագուողը անցեալ տարի,- կ՚ըսէ Ռուբէնը:
Արդէն ես այս տարի նամակ պիտի չգրեմ, մա՚մ, որով գիտեմ որ դուն ես կարդացողը,- կը շարունակէ Սեւակը:
Կը ժպտիմ: Մանչուկներս կը մեծնան:
Հիմա աւելի դժուար է ընտրութիւն ընելը: Խաղալիքով շատ խաղալ ալ չունին իրականութեան մէջ: Համակարգչային խաղերը աւելիով կը հետաքրքրեն զիրենք: Բայց եւ այնպէս միտք աշխատցնող խաղեր կը փնտռեմ, որովհետեւ գիտեմ, որ եթէ ես եւ ամուսինս մասնակցինք խաղին մեծ ուրախութեամբ կը խաղան:
Աստուած իմ, խանութին մէջ ամէն կողմ կապիկ կը վխտայ: Ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքիս վրայ: Գիտեմ որ 2016-ի խորհրդանիշը Կապիկն է ըստ չինական օրացոյցին: Ուր կը դառնամ՝ կապիկ. կապիկէ գաւաթ, կապիկէ արձանիկներ, սառնարանի վրայ դրուելիք մագնիսով կապիկ, խաղալիք կապիկ, գանձանակ կապիկ, մոմէ կապիկ, ժպտացող կապիկ, ակնոցաւոր կապիկ, սեւամորթ կապիկ, ճերմակամորթ կապիկ. կապիկ ու կապիկ, նոյնիսկ օրացոյցը, որուն ամէն օր պիտի նայիս՝ կապիկ: Կ՚ըսեն թէ իւրաքանչիւր արձանիկ այդ կենդանիին տեսքով յաջողութիւն կը բերէ: Բայց որո՞ւ կրնաս կապիկ նուիրել: Վերջերս ֆէյսպուքի վրայ տեղ մը հեգնական ծիծաղ մը կարդացեր էի, որ երբ Տարուինը յայտնաբերեց, որ մարդիկ կապիկներէն յառաջացեր են, մռայլ ու անձրեւոտ օր էրտխուր էին մարդիկ, տխուր էին նաեւ կապիկները:
Ժպիտս կամաց կամաց ծիծաղի կը վերածուէր ամէն անգամ կապիկէ նոր բան մը տեսնելով: Կապիկը զուարճացուց զիս: Չինացիները աս ինչ արագ կարողացան կապիկով ասքան բան ստեղծել ու տարածել: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. յիշեցէ՛ք Ապրիլ ամսուան մեր անմոռուկները: Ինչե՜ր ու ինչե՜ր անմոռուկի տեսք ստացան Ապրիլին: Վերնիսաժը լրիւ անմոռուկներու տեսականիներով ողողուած էր: Մարդիկ իրենց ուխտը պիզնէսով ալ կ՚արտայայտէին:
Պիզնէսը՝ պիզնէսբայց քանի որ 2016-ը կապիկի տարի է՝ կապիկը իր հետը զուարճանք ու խինդ թող բերէ:
Շնորհաւոր կապիկի տարի:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 11 Դեկտ. 2015

 

No comments:

Post a Comment