Monday, January 11, 2016

ԾԱՌՍ


ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Աշխարհը ծառերը զարդարեց:
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք:
Տէն Հակի շուկաներուն մէջ, շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով ծառս կը փնտռեմ:
Ահա՝ այս է...գտայ...,մօտենալով դպայ իրեն, գլուխը վեր առնելով, հեգնանքով չափչփեց զիս.
սխալած եմ,այս չէ, հեռացայ:
Հեռուէն տեսայ աւելի համեստ ծառ մը, որ զիս կը կանչէր. նիհար, պզտիկ, խեղճ.
մօտեցայ, ակնարկ մը նետելով հեռացայ, ներէ ինծի,երբեք յարմար չես Հայու նկարագրին:
Սկսայ երեւակայել ծառս:
Հաստարմատ, բարձրացողուն, բազմաճիւղ, հպարտ, արի, մեղմ նայուածքով, հոտաւէտ, դարերէ ի վեր չսասանող, հուժկու, խիզախ ծառս ո՞ւր ես:
Օտար հողի վրայ, անարմատ, անտէր, լացող, գաղթական, հօրենական, հայրենի ծառս կը փնտռեմ:

No comments:

Post a Comment