Sunday, July 27, 2014

Ո՞ՒՐ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հալէպ

ՄԱՍ - 1

Այսպիսի հարցումի մը դէմ յանդիման չէինք գտնուած առ այսօր։

Հալէպը, ամբողջ արտասահմանի ու Հայաստանի համար, քիչ մը կղզիացած, ինքնամփոփ, աւանդապահ գաղութ մըն էր, որ չունէր Փարիզի, Լոս Անճելըսի կամ նոյնիսկ Պէյրութի հմայքն ու համբաւը։ Պէյրութցիք, զորօրինակ (թող ներողամիտ ըլլան), մի՛շտ ալ Հալէպին կը նայէին որպէս…յետամնաց գիւղ մը։ Իբրեւ մխիթարական շքանշան՝ բոլորին կողմէ մեր լամբակին անցուեր էր «Մայր գաղութ»ի ոսկեայ պիտակը, ու մենք ուրախ էինք ատով…։

Վերջին երեք տարիներու Սուրիոյ պատերազմական աննախադէպ իրադարձութիւնները սակայն, մանաւա՛նդ Քեսապի խորհրդաւոր անցուդարձերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի ողբալի վիճակն ու Նոր Գիւղի դիտաւորեալ ռմբակոծումն ու համատարած քանդումները՝ լուսարձակի տակ առին մեր երբեմնի շէն ու «երազային» ոստանը։ Ամէն ոք սկսաւ ողբալ «Մայր գաղութ»ի հաւանական կորուստը։ Հայաշխարհը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ՝ փրկելու համար Հալէպը, պահպանելու համար հալէպահայ արժէքները…։

«Կոտրելէն ետք»…։

Կեանքի փիլիսոփայութեան անխախտ օրէնքն է։ Բանի մը արժէքին կը գիտակցինք՝ զայն կորսնցնելէ ետք…։

Բայց եկէ՛ք խորհրդածենք միասնաբար,- Ո՞ւր կը կայանայ հալէպահայ գաղութին արժէքը։ Որո՞նք են այս գաղութին առանձնայատկութիւնները, որո՞նք են անոր առաւելութիւնները՝ միւս գաղութներուն վրայ։

Շատ հպանցիկ ու արագ մատնանշումներ պիտի ընեմ միայն, թողլով որ մեր ընթերցողները իրե՛նք աւելիով արծարծեն նիւթը, ջանան իրենց մեկնաբանութիւններով կամ խոհերով՝ ամբողջացնել իմ գծած շրջածիրը։

Սկսինք հալէպահայ գաղութին ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ կեանքէն.-

Հալէպ իր մէջ ունի քրիստոնեայ 11 համայնքներ, որոնց երեքը հայ յարանուանութիւններն են (Առաքելական, Կաթոլիկ, Աւետարանական)։ Լա՛ւապէս կազմակերպուած համայնքներ են երեքն ալ, գործելու լայն հնարաւորութիւններով օժտուած։

Հալէպահայ կրօնական-եկեղեցական կեանքը մի՛շտ եղած է աշխոյժ եւ օրինակելի։ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին ունի աւելի քան 500 տարուան անցեալ։ Մեր եկեղեցիները լեցուն եղած են միշտ՝ Կիրակի ու տօնական օրերուն։ «Խուռներամ բազմութիւն» բացատրութիւնը ամէնէն շատ Հալէպի եկեղեցիներուն կը պատշաճէր։

Օ՜, անգամ մը փորձէիք ներկայ ըլլալ Մեծ Պահոց Արեւագալի արարողութիւններուն։ Պիտի զմայլէիք։ Մեր կամաւոր բազմանդամ Դպրաց Դասերը («կամաւոր» բառը կը շեշտեմ, որովհետեւ Եւրոպա ու Ամերիկա՝ դպիրներն իսկ կը…վճարուին) կը թնդացնեն եկեղեցին՝ իրենց երգեցողութեամբ։ Պսակի ու մկրտութեան համար՝ ամիսներ առաջ տեղ ու ժամ պիտի որոշէիք. այնքա՜ն շատ էին ատոնք…։

Կրնամ պնդել, որ հալէպահայոց եկեղեցական կեանքը, իր ճոխութեամբ ու աւանդապահութեամբ, կը զիջէր մի միայն Պոլիսին։

Մենք եկեղեցական հարուստ կեանք մը ունէինք այստեղ։ Ի զուր չէր, որ Անթիլիասի միաբանները ստէպ կը սիրէին Հալէպ գալ ու պատարագել…։ Իսկ կաթողիկոսներն ալ՝ առիթներ կը ստեղծէին ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ այցեր շնորհելու։ Ո՛չ մէկ գաղութ կրնար կարգաւորել-կազմակերպել այն ԱՐՔԱՅԱՎԱՅԵԼ ժողովրդային ընդունելութիւնները՝ զորս Հալէպ կ՛իրականացնէր իր հովուապետերը ընդունելու համար…։ 

ՄԱՍ - 2

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԱԼ ԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հալէպահայ գաղութին այսօրուան եկեղեցական աշխոյժ կեանքը (որուն մասին խօսեցանք երէկ), անտարակոյս, մէկ երեսն է միայն ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԱԼ ԴՐՈՒԹԵԱՆ մը, որ սերունդէ սերունդ մեզի փոխանցուած է ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակներէն սկսեալ…։

Այո՛, շուրջ մէկուկէս դարէ իվեր Հալէպի թեմական-համայնքային կեանքը կը շնչէ 1863-ի (Պոլսոյ մէջ ընդունուած) Ազգ. Սահմանադրութեան սկզբունքներուն հետեւողականութեամբ, գէթ իր հիմնական կէտերուն մէջ։

Ըստ այդ վաղեմի դրութեան, Ազգ. Առաջնորդարանը կեդրոնն ու պաշտօնական ներկայացուցիչն է հայ համայնքին, յաչս պետութեան։ Թեմակալ առաջնորդը «հոգեւոր պետ»ի իր բնականոն հանգամանքին զուգահեռ՝ նա՛եւ «ազգապետ»ն է համայնքին։ Ու կը կրէ իր այս նոյնքան պատասխանատու հանգամանքին բոլոր պարտաւորութիւնները։ Ներկայացուցչական իւրայատուկ դրութիւն մըն է ասիկա, Օսմանեան օրերէն ժառանգուած, որ ունի ԴՐԱԿԱՆ երեսներ, թէ՛ համայնքին զաւակները առանցքի մը շուրջ համախմբելու տեսակէտէն, թէ՛ ալ պետական-պաշտօնական բազմադիմի շրջանակներու հետ յարաբերելու, երկխօսութիւն հաստատելու դիտանկիւնէն։

Ազգ. Առաջնորդարանի վարչամեքենան, եթէ մօտէն սերտուի, իսկապէս՝ «պետութեան մէջ պետութիւն մը»ն է, այս բացատրութեան ամէնէն ազնիւ ու դրական իմաստովը (ժամանակին, Սուլթան Համիտ մեր Ազգ. Սահմանադրութիւնը կախակայեց ու տարիներով անգործութեան մատնեց՝ պատճառաբանելով որ անիկա «պետութեան մէջ պետութիւն մը» գոյացուցեր է…)։

Իր օրէնսդիր Գաւառական (երեսփոխանական) Ժողովով, անկէ բխած Քաղաքական ու Կրօնական Ժողովներով (գործադիր մարմիններ), Ուսումնական, Դատաստանական, Տնտեսական, Կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան, Ընկերային ծառայութեան Խորհուրդներով, Կալուածոց Յանձնախումբով եւայլն, համայնքային այս վարչամեքենան կրնայ նախանձը շարժել ոչ միայն սփիւռքի միւս գաղութներուն, այլեւ՝ տեղաբնակ միւս համայնքներուն, իսլամ թէ քրիստոնեայ…։

Բարոյական մեծակշիռ հարստութիւն մըն է ասիկա, որ միաժամանակ ՋԻՂՆ ու ԶՍՊԱՆԱԿՆ է գաղութային եռուն կեանքին…։

Բաղդատեցէ՛ք այս պարագան Հիւսիսային Ամերիկայի, Լատին Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Աւստրալիոյ հայագաղութներուն հետ, ու շօշափելիօրէն պիտի տեսնէք ակներեւ տարբերութիւնը։

Զորօրինակ, 300-400 հազար հաշուող Ֆրանսահայ գաղութին թեմական-համայնքային կեանքը որքա՜ն մեղկ է, թոյլ, վատոյժ։ Դեռ նոր-նոր, սա վերջին քանի մը տարիներուն, Ֆրանսահայերը սկսան քայլեր առնել սեփական թեմական կանոնագրութիւն մը մշակելու ուղղութեամբ, կազմեցին Կրթական Խորհուրդ մը եւայլն…։

Համայնքային կեանքը ՈՂՆԱՅԱՐՆ է հալէպահայ գաղութին։

Տակաւին, մեր երէցները յաճախ պատմած են մեզի, որ համայնքային կեանքը քիչ մը աւելի «եփուն» էր Հալէպի մէջ տասնամեակներ առաջ։ Այս առթիւ, կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Անդրանիկ Ծառուկեանի շահեկան մէկ յօդուածը հին «Նայիրի»ներուն մէջ, ուր ան կը պատմէր, թէ իբրեւ երիտասարդ լրագրող՝ ի՛նչպէս ներկայ կ՛ըլլային (ինք եւ ուրիշներ) Հալէպի Ազգ. Գաւառական Ժողովի դռնբաց նիստերուն ու հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին դահլիճին մէջ դէմ դիմաց բազմած ԵՐԿՈՒ ՀԱԿԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒ շինիչ բանավէճերուն…։ Ասիկա 40-ական թուականներուն էր։ Ընտրական սնտուկներ, ժողովական թեկնածուներ, ընտրացանկեր, քուէախոյզ անաչառ յանձնախումբեր, ընտրեալներ ու պարտեալներ կային…։

Տասնամեակներու սահանքին հետ շատ ջուրեր հոսած են անշուշտ կամուրջին տակէն։ Հիմա պատկերն ու գոյնը կրնայ նոյնը չըլլալ, թէեւ «սնտուկ»ները մի՛շտ ալ կան ու պիտի ըլլան…

Հալէպահայ գաղութը իր համայնքային դրութեամբ իսկ՝ ուժ մը, արժէք մը կը ներկայացնէ։ 

ՄԱՍ - 3

ՄԵՐ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ, ԱՆՆՄԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ - 3

Հալէպը կրնա՞յ շնչել, կրնա՞յ ապրիլ առանց իր դպրոցներուն։

Երեւակայելն անգամ կարելի չէ։ Առանց դպրոցական իր աշխոյժ ու կենսատու ցանցին՝ Հալէպը կը կորսնցնէ իր բովանդակ փայլքը։ Հալէպը կ՛անշքանայ…։

Սխալած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք որ Հալէպի հայկական վարժարանները գաղութին ԹՈՔԵՐՆ ԵՆ։ Առանց անոնց՝ բոլորս շնչահեղձ կ՛ըլլանք։

Եւ ի՜նչ պանծալի դպրոցներ,- Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը, պատմական Հայկազեանն ու Սահակեանը, նորակառոյց Կիւլպէնկեանն ու Կրթասիրաց-Չէմպէրճեանը, Լազար Նաճարեանն ու Կիլիկեանը, Մխիթարեանն ու միւսները…

Մեզի՝ հալէպահայերուս համար, շատ ընտանի ու սիրելի տեսարան մը կայ։ Կրթական տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, այս վարժարաններուն օթօքարները (որոնց երկաթեայ մարմնին վրայ խոշոր գիրերով ու հայերէնով արձանագրուած է դպրոցին անունը) կը շրջին թաղէ թաղ, կը կտրեն քաղաքին հրապարակներն ու պողոտաները եւ աշակերտները հաւաքելով՝ դպրոց կը բերեն…։

Ես մի՛շտ ալ անօրինակ յուզում մը կ՛ապրիմ այս պատկերին դիմաց, որովհետեւ մեր դպրոցները կը նմանցնեմ ՓԵԹԱԿԻ մը, ուր ամէն առտու մեղուները մուտք կը գործեն կարգապահօրէն ու կը ձեռնարկեն ՄԵՂՐԻ պատրաստութեան։ Եւ Հալէպի մեղրը՝ արդար է ու անխարդախ…։

Մեր այդ մեղրէն մենք մի՛շտ ալ բաժին կը հանենք արտասահմանի մեր արիւնակիցներուն։ Մեր մեղրը բոլորի՛ն կը բաւէ…։

Սփիւռքի մեծ ու փոքր գրեթէ ամէն գաղութ ունի իր դպրոցը կամ դպրոցները,- Պոլիսը, Պէյրութը, Թեհրանն ու Գահիրէն, Աթէնքը, Մարսէյլն ու Փարիզը, Լոս Անճելըսն ու Մոնրէալը, Սիտնին ու Պուէնոս Այրէսը։

Բայց համարձակութիւնը պիտի ունենամ պնդելու, թէ վերոնշեալ քաղաքներու (ներառեալ՝…այժմու դիմափոխուած Պէյրութը) դպրոցներէն գրեթէ ո՛չ մէկը կրնայ մրցիլ Հալէպի վարժարաններուն հետ՝ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՋԱՄԲՈՒՄԻ դիտանկիւնէն։

Կրնա՞ք սփիւռքեան ուրիշ վարժարան մը (իբրեւ միջուկ եւ դերակատարութիւն) համազօր նկատել, զորօրինակ, Հալէպի Ճեմարանին…։ Կամ կրնա՞ք ցոյց տալ սփիւռքեան ուրիշ դպրոց մը, որ Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ.Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանին նման ունենայ 1400 հայ աշակերտ…(այս թիւը երկրին այժմու պատերազմէն առաջ էր անշուշտ)։

Հայախօսութիւնը (որքան ալ որոշ ընկրկումներ ապրի ատիկա)՝ համատարած է մեր դպրոցներէն ներս թէ դուրս։

Ոմանք կրնան գանգատիլ, ըսելով թէ Կրթ. Նախարարութիւնը «սեղմած» է հայերէնի դասապահերը՝ կրճատելով ու նուազեցնելով անոնց թիւը։

Ո՛չ։ Մեր համեստ կարծիքով՝ ճիշդ ու անվրէպ դիտարկում մը չէ ասիկա։ Հայոց լեզուն ու գրականութիւնը մի՛շտ ալ գրաւած են իրենց արդար տեղը մեր դպրոցներու խճողեալ դասացուցակներուն մէջ, ու կ՛աւանդուին գուրգուրանքով եւ պատշաճօրէն։

Իսկ եթէ ունինք քանի մը հայ դպրոցներ, որոնք ԿԱՄՈՎԻՆ կրճատած են հայերէնի դասապահերը կամ ԼՐԻՒ ՋՆՋԱԾ ԵՆ զանոնք դասացուցակէն (իբրեւ անպէտ առարկայ), հոս այլեւս մեկնաբանութիւնները աւելորդ կը դառնան…։ Բարեացակամօրէն մեզի շնորհուած ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՄԸ անտեսումն է անիկա…։

Այսօր, խելայեղ պատերազմը շատ դժուարին կացութեան մը դէմ յանդիման դրած է Հալէպի հայկական դպրոցները, մանաւանդ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ գետնի վրայ։ Կացութիւնը ահազանգային է։

Հարկ է առատօրէն օժանդակել հալէպահայ դպրոցին, որպէսզի փեթակին մեղրը չդադրի…։ 

ՄԱՍ - 4

ՀԱԼԷՊ՝ ՄԱՐԴՈՒԺ ՀԱՅԹԱՅԹՈՂ ԿԱԹՍԱՅ ՄԸ 

Արագ շրջապտոյտի մը ձեռնարկեցէք Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ ու այցելեցէք մեր ակումբները։ Երկլեզու (հայերէն-արաբերէն) ցուցանակներ ամրացուած են ատոնց մուտքին,- Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը, Թէքէեան Մշակ. Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակ. Միութիւն, Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակ. Միութիւն, ՈւրՖայի Վերածնունդ Մշակ. Միութիւն…

Այս ու ասոնց նման դեռ տասնեակ մը միութիւններ ու հաւաքատեղիներ՝ գիրկ բացեր են բազմահարիւր, հազարաւոր հայորդիներու, որոնք հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ հիմա հո՛ս են, ակումբներու հայաշունչ երդիքին տակ, որպէսզի չկտրեն իրենց պորտակապը Ազգին հետ…։

Ով ի՛նչ հակում կամ նախասիրութիւն որ ունի՝ գոհացում կրնայ գտնել այստեղ։

Երգե՞լ կ՛ուզես,- մաս կազմէ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին (կը թուեմ խորհրդանշական անուն մը պարզապէս)։

Թատերական ձիրքե՞ր ունիս,- քեզ կը սպասեն Բարեգործականի «Ադամեան» թատերախումբն ու «Զաւարեան»ը։

Պարարուեստի՞ սիրահար ես,- կան գործունեայ 2-3 որակաւոր պարախումբեր։

Գրչի ու գրականութեա՞ն սպասաւոր ես,- մասնակցիր Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի ամսական նիստերուն։

Նկարչակա՞ն ձիրքեր ունիս,- գնա՛ «Սարեան» կամ «Արշիլ Կորքի» ակադեմիաներ։

Մարզի՞կ ես,- թակէ դուռը Հ.Մ.Ը.Մ.ին…

Սկաո՞ւտ կ՛ուզես դարձնել զաւակդ,- լեռ ու բանակավայր բարձրացուր զայն՝ Հ.Մ.Մ.ի կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաշտերուն հետ։

Երիտասարդական շարժումներո՞ւ կ՛ուզես սատարել,- ՍԵՄն ու ՏԽՐՈՒՆԻն կը սպասեն քեզ…

Հայրենակցական ջի՞ղդ պիտի ջրդեղես,- խառնուէ՛ Մարաշի, Քիլիսի, Տիգրանակերտի, Զէյթունի, Տարօնի, ՈւրՖայի հայրենակցական միութեանց վարչութիւններուն…։

Բարեսիրական ու խնամատարական աշխատանքի՞ ատակ ես,- Ս.Օ.Խ.ը կրնայ գոհացնել քեզ։

Ու տակաւին ինչե՜ր եւ ինչե՜ր, որոնք Հալէպը վերածեր են «Փոքրիկ Հայաստան»ի մը…։

Մեր սրահները կը յորդին բազմութիւններով՝ որոնք կու գան հետեւիլ յաճախ զիրար խաչաձեւող մշակութային ձեռնարկներու կամ յոբելենական տօնակատարութիւններու։ Եւ այդ հաւաքները մենք կը սարքենք մեր ՍԵՓԱԿԱՆ շքեղ հանդիսասրահներուն մէջ, որոնց նմանները ո՛չ տեղացիները ունին, ո՛չ ալ արտասահմանի հայ գաղութները (բացի Պէյրութէն)։

Այս լայնատարած ու բազմաբնոյթ «ազգային» կեանքին մէջ է որ կ՛եռեւեփի հալէպահայ գաղութը օրն ի բուն։ Չորս միլիոննոց հսկայ քաղաքին մէջ՝ գրեթէ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ է ազգային-մշակութային այս անօրինակ պատկերը, որովհետեւ մեզի հետ կողք-կողքի ապրող մեր միւս (ոչ հայ) համաքաղաքացիները չեն կրցած ստեղծել կամ չունին մերիններուն համազօր պէսպիսուն կառոյցներ, ընձեռուած կարելիութիւններ…

Ահա՛ թէ ինչու՝ Հալէպը դարձեր է հայապահպանութեան ԻՏԷԱԼ վայր մը, բերրի հող մը, ուր իր աչքերը լոյսին բացող նորածին երեխան ՀԱՅ կը ծնի ու անպայման ՀԱՅ կը մեռնի…։

Հետեւաբար, ահազանգը, զոր շատեր հնչեցուցին հալէպահայ գաղութին հաւանական քայքայումին կամ նօսրացումին առաջքն առնելու համար, տեղի՛ն էր ու արդար։

Հալէպը հայկական տարաբնոյթ մարդուժի կաթսայ մըն է։ Այդ կաթսայէն է որ կը կերակրուին Լոս Անճելըսն ու Պոսթընը, Գարագասն ու Աթէնքը, Վալանսն ու Քուէյթը , եւ անշուշտ՝ Պէյրութն ու Անթիլիասը…։ 

Levon Sharoyan describes "the value of the Armenian Community of Aleppo", what it represented and what has been its contribution to the overall Diaspora Armenian life in religious, organizational, educational and other spheres. 

Source: Armenian Cultural Company 

No comments:

Post a Comment