Saturday, July 26, 2014

Հալէպ` խենթերու քաղաք


​Մանուէլ Քէշիշեան

- Ալօ՞, մեր քո՞վ ինկաւ հաունը… Երկո՞ւ վիրաւոր, լա՜ւ, ինչ որ է… ելեկտրականութիւն կա՞յ… Ջուր եկա՞ւ…

- Իմ զաւակներս այս տարի դեռ պտուղ չեն կերած… Շատ սուղ է… Եւ դեռ դպրոցական կրթաթոշակ կ'ուզեն…

- Երկուշաբթի այս ամսուան պաշարը պիտին սկսի բաժնել, քու թիւդ քանի՞ է…

- Պակսեցուցեր են եղեր…

- Մարաշցիներուն դրամ եկեր է եղեր…

- ՔԱՐԻԹԱՍ-ը համալսարանականներուն դրամ կը բաժնէ եղէր… Մաս առ մաս կու տայ, որպէսզի չվատնեն՝ օրինակ բջիջային հեռախօս չգնեն..

- Շուէտէն տալս հեռաձայնեց.. Գիշեր ցերեկ մեր մասին կը մտածեն եղէր… Իրենք հոն առօք-փառօք նստեր են… Գոնէ քանի մը ղրուշ ղրկէր…

Ամբողջ երեք տարի այս բնոյթի են մեր խօսակցութիւնները Հալէպի մէջ: Պատերազմին սկիզբը աւելի շատ պայթիւններուն եւ մեռածներուն մասին կը խօսէինք: Հիմա ալ կը խօսինք այդ մասին, սակայն կենցաղային առօրեայ նիւթերը աւելի շատ տեղ կը գրաւեն.. Անշուշտ ասոր կ'աւելնան գաղթերու նիւթերը, Հայաստանի եւ Պէյրութի մէջ հալէպցիներու վիճակը եւայլն…

Դժգոհութիւն եւ վախ…

Վախ կեանքիդ համար, աւելի շատ վախ ընտանիքիդ անդամներուն կեանքին համար..

Ամուսինդ կամ կինդ տունէն դուրս ելած է, ըսենք թէ բանջարեղէն գնելու գացած է… կէս ժամ անցած է եւ դեռ չէ եկած… Բջիջայինը կը վերցնես եւ կը հեռաձայնես.

- Ո՞ւր մնացիր, ա՛յ մարդ…

- Հիմա կու գամ- լուբիա չեմ գտներ…

- Իրենց ալ, իրենց լուբիային ալ… Շուտ տուն եկուր: Հիմա հրասանդները կը սկսին…

Զաւակդ ակումբ գացած է, ժամը հինգին պէտք է վերադարձած ըլլար. ժամը չորս ու կէս է… Բջիջայինին կը դիմես… Զաւակդ չի պատասխաներ…

- Չի պատասխաներ, գնա՛ նայիր, ո՞ւր մնաց…

- Թերեւս դեռ փորձը չէ վերջացած

- Իրենց ալ, իրենց փորձերուն ալ…

- Գիշերները չես քնանար, օդանաւերու, թնդանօթներու եւ ամէն տեսակ զէնքերու ձայներէն… Իսկ աւելի կը վախնաս՝ երբ այդ ձայները չկան…

Այս բոլոր խօսակցութիւնները կ'ընթանան դժգոհութեամբ: Դժգոհութիւն՝ երկրին վիճակէն, տեղական ղեկավարներէն, համակիրներէն, ընդդիմադիրներէն, մեծ պետութիւններէն, քրիստոնեաներէն, իսլամներէն, եւ մանաւանդ ինքզինքնէն…

Ու այս բոլորը մեզ ջղագրգիռ կը դարձնեն: Օրերը կ'անցնին, շաբաթները, ամիսները նոյնպէս, եւ մեր վիճակը չի բարելաւուիր: Ընդհակառակը, ամէն տեսակի պայթիւնները կը շատնան, անգործներու թիւը կը պակսի, կը պակսի՞, ամէն մարդ գործ մը կը ճարէ, բայց ծախսերուն հետ համեմատած անոնց շահը այնքան քիչ է… Տնանկներու թիւը կը շատնայ, ամէն տեղէ նիւթական օգնութիւն ակնկալողներուն թիւը կը բազմանայ, ու մարդոց դէմքերուն վրայ յոգնածութիւն եւ վհատութիւն կը նշմարուին:

-Մեր յոյսը պէտք չէ կտրենք.- իրարու խորհուրդ կու տանք. Սակայն երբ նոյն խորհուրդը երկրի դուրսէն գայ, կը ջղայնանանք: Խեղճ դրսեցիները եւ դրսեցի  դարձած հալէպցիները ինչ ալ ընեն մեզ չեն կրնար գոհացնել, ընդհակառակը…

Կը փորձենք յուսալ, որովհետեւ ուրիշ բան չունինք ընելու…

Մարդոց աչքերուն մէջ վախը արդէն բոյն կը դնէ: Վախ՝ ամէն ինչէ եւ յատկապէս անորոշութենէ…

Վախին հետ կ'ուռճանայ նաեւ դժգոհութիւնը:

Մարդիկ դեռ կը ժպտին բայց այդ ծամածռուած ժպիտը իրենց դէմքին յաճախ յիմարանման արտայայտութիւն կու տայ…

Մենք կը դառնանք աւելի ջղագրգիռ ու…

Կռուըտուք… Կռուըտուք ամէն տեղ, ամենայ դոյզն պատճառաւ եւ… Անառիթ. Ամէնքը կը կռուըտին բոլորին հետ եւ մանաւանդ .. հարազատներուն հետ: Կռուըտուք… Անթաքոյց կռուըտուք…

Կը քալես փողոցէն պատշգամբէն եկող ձայները կը լսես…

- Արդէն դուն տղամարդ չես որ…

- Գնա՛, ինձմէ լաւը գտիր…

- Կը գտնեմ, շա՜տ կայ…

- Գնա՛, աչքիս առջեւէն, դժոխք գնա՛…

- Ո՞ւր երթամ, արդէն դժոխքի մէջ կ'ապրիմ…

Այսպիսի խօսակցութիւնները այնքան շատ են որ…

Առաջ, տան մէջ եթէ մէկը քիչ մը ձայնը բարձրացնէր, միւսը կ'ըսէր.

- Ցածցո՛ւր ձայնդ, դրացիները կը լսեն…

Հիմա՞, երբ կռուող կողմերէն մէկը նոյնիսկ առանձին մնայ՝ կը շարունակէ բարձրաձայն կռուըտուքը. Օրինակ ամուսինը զինադադար տալու համար տունէն կ'ելլէ եւ սրճարան քանի մը ժամ թուղթ խաղալու կ'երթայ..

Կինը կը շարունակէ, եւ դուն փողոցէն կը լսես..

-Յանցաւորը ես եմ, պէտք է եղբայրներուս հետ Պէյրութ երթայի..

Կամ.

-Ես եմ յանցաւորը, որ քեզի պէս մէկու մը հետ ամուսնացայ, մե՜ղք ինծի…

Խեղճ կինը քառորդ դար առաջ առած քայլին համար կը զղջար եւ ափսոսանք կը յայտնէր… Շուրջդ նայիր եւ կը նկատես, որ Հալէպի մէջ օրեցօր կը շատնայ իրենք իրենց հետ լսելի ձայնով խօսողներուն թիւը..

Ասոնց ի՞նչ ըսես..

Կը շատնայ քունէ վախցողներուն թիւը, կը շատնայ դեղահատերու օգնութեամբ քնացողներուն թիւը՝ նոյնիսկ ցերեկները..

Մենք մեր մտածելու ընդունակութիւնը կը սկսինք կորսնցնել, խոհի եւ մտորումի տեղ մեր մտքին վրայ կ'իշխեն մտահոգութիւնները, եւ մեր միտքը կը մոլորի, մեր միտքը կը պղտորի, մի քանի մտասեւեռումներ գամուած կը մնան հոն… Նիւթական օգնութեան նոր աղբիւրներ ինչպէ՞ս գտնենք… Աստուած իմ ի՞նչ ընեմ որ ռումբ մը վրաս չգայ…

Բայց եւ այնպէս կը շատնայ «Մեռնողը կ'ազատի» բարձրաձայն ինքնիրեն ըսողներուն թիւը…

Ու.. եթէ այսպէս շարունակուի ո՞ւր պիտի հասնինք, ո՞ւր կը տանին մեզ օրերը.. արդեօք ամէն բարոյական արժէք պիտի կորսնցնէ՞ իր իմաստը, արդեօք պիտի չքանա՞ն պատիւ-արժանապատուութիւն հասկացողութիւնները…

Յուսահա՞տ եմ արդեօք: Կը նախընտրեմ ըսել որ իրատես եմ…

Արդեօք պիտի կորսնցնե՞նք մեր խելքը, կամ մեր հոգիները պիտի խաթարի՞ն…

Շա՞տ կը չափազանցեմ, պարզապէս կը չափազանցե՞մ…

Երանի..

Իսկ այդ պարագային ո՞վ պատասխան պիտի տայ, թէ՞ միտքերը խեղաթիւրողներն ու հոգին սպանողները մարդը մարմնապէս սպանողներուն չեն նմանիր, առաջինները անմեղ են օրէնքի եւ Աստուծոյ առջեւ…

Մտքիս մէջ մտասեւեռում մը կը յամառի կանգ առնել…

Դարեր առաջ Հալէպը Պիմարստան մը ունէր, հոն կը փորձէին խենթերը երաժշտութեան օգնութեամբ բուժել, երբ Եւրոպայի կը ծեծէին նման խեղճերուն՝ անոնց մէջէն դեւերը, չար ոգիները դուրս քշելու համար: Այդ ժամանակ դեռ Միացեալ Նահանգներ անունով պետութիւն չկար, որ գիտնայինք թէ հոն ի՞նչ կ'ընէին… Պիմարստանը եւրոպացի զբօսաշրջիկներու սիրած մէկ հնավայր-թանգարանի վերածուած էր մինչեւ…  Տարիներ առաջ Հալէպը Տուէրինէ կոչուող վայրին մէջ հոգեբուժարան մը ունէր, որ գրաւուեցաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ, եւ անոր բժիշկներն ու հիւանդները ստիպուեցան իրենք իրենց գլուխին ճարին նայիլ…

Մտասեւեռումս. հիմա ի՞նչ պիտի ընենք եթէ ամէն ինչ այսպէս շարունակուի եւ մեր հոգեկան վիճակը բարդանայ: Արդեօք մեծ ցուցանակ մը դնե՞նք Հալէպի մուտքերուն՝ խղճի ցաւ պատճառելով մեր խենթութեան պատճառ դարձողներուն, եւ ընդունինք եւրոպացի զբօսաշրջիկներ…

Թէ՞ համոզուինք որ անոնք խղճի որեւէ խայթ չեն զգար եւ փորձենք խելքերնիս գլուխնիս հաւաքել եւ  մեր հոգիներուն անխաթար պահել…

No comments:

Post a Comment