Sunday, March 1, 2015

Խօսք Հալէպահայ ֆեյսպուքեան խումբի անդամներուն

Սիրելի' ''Aleppo Armenians '' խումբի անդամներ,
Երեւանի մէջ Գարուն է արդէն:Այս գեղեցիկ ու պայծառ օրը ինքնաբերաբար հոգիները ջերմութեամբ ու սիրով կը համակէ:Ա'լ ինչ խօսք,երբ բնութեան պարգեւած այդ ջերմութեան կու գայ աւելնալու նաեւ ձեր նման սրտբաց ընկերներով շրջապատուած ըլլալու զգացումը: Հաճոյքով կարդացի ձեր բարի մաղթանքներն ու քաջալերական խօսքերը,որոնց համար իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ:
Արդէն յստակ է, թէ Սուրիոյ ի մասնաւորի Հալէպ քաղաքի պատերազմական ահաւոր կացութենէն փախուստ տալով այժմ ընտանիքիս հետ կը գտնուիմ Հայաստան: Ֆիզիքապէս ապահով,սակայն հայեացքս յետին թողած ու կարօտի մղկտոցը սրտիս մէջ պահած,ահաւասիկ գտած եմ անկիւն մը,ուր Հալէպ ու Հալէպահայութիւն կը բուրէ:Այս անկիւնը իր եռամեայ կեանքով այնքան հարազատ դարձաւ,որ կարծես մեր առօրեային մէկ մասնիկը եղաւ:Հո'ն է,որ միասին ցաւեցանք,մեր վէրքերը ամոքել փորձեցինք,լուծումներ ու առաջարկներ փոխանակեցինք. քննարկեցինք հրատապ հարցեր՝ մերթ վիճելով ,մերթ համաձայնութեամբ,սակայն ամենակարեւորը,որ հոգեկան կապ մը ստեղծուեցաւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ապրող հալէպահայերուս միջեւ:
''Aleppo Armenians'' կայքէջը շնորհիւ իր կայքավարներուն ու անդամներուն,մեզի ֆէյսպուքեան աժան հաճոյքէն վեր բարձրացուց,որովհետեւ իւրաքանչիւրս ուսանելի բան գտանք հո'ն:
Բարի երթ կը մաղթեմ այս կայքէջին ու բոլոր անդամներուն նոր թափ ու աշխուժութիւն կը ցանկամ: Ես ալ իմ կարգիս ինծի վստահուած պարտականութիւնը կը փորձեմ լաւագոյնս դրսեւորել,կիսելով ձեր հետ այն ամէնի մասին ինչը կը յուզէ ու կը հետաքրքրէ մեզ:
Շնորհակալութեամբ եւ յարգանօք՝
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment