Sunday, March 1, 2015

''Էս երկիրը երկիր չի''

Չեմ գիտեր սա թաքսիի վարորդներու նշանաբանն է,թէ բոլորովին պատահականութիւն է:Ամէն օր թաքսի կը նստիս,առաջին իսկ արտասանած բառէդ կ'իմանան,որ դուն ''էստեղից չիս'' ու երբ կը հաստատեն,որ այո' դուն սփիւռքահայ մըն ես,մանաւանդ պատերազմէն փախող մը` կը սկսի նոյն յանկերգը.
- Ուրիշ տեղ ինչի՞ չգնացիք:
- Մենք հոս ապահով կը զգանք:
- Է՜հ,էս երկիրը երկիր է,որ եկել էք...
- Մեր հայրենիքն է:
- Ի՜նչ հայրենիք,ի'նչ բան.գացէք ուրիշ երկիր, ձեզ համար որպէս մարդ ապրէք էլի: Էս երկիրը երկիր չի...:
Այնքան կը կրկնուին նման երկխօսութիւնները,որ երբեմն կը նախընտրես քալելով տեղ հասնիլ,քան նոյն անախորժ ու վարակիչ արտայայտութեանը ականջալուր դառնալ:
Կը հասկնամ,ժողովուրդի մէջ դժգոհանք կայ ղեկավարութեան ու վարչակարգին հանդէպ,բացթողումները շատ են գուցէ, աշխատավարձերու սակաւութենէն կը տառապի ժողովուրդը...ու կը հասկնամ, որ թերութիւններու դիմաց պէտք չէ լռել.''մոլութիւններուն վրայ ծիծաղիլը առաքելութեան ճամբուն մէջ գտնուիլ կ'ենթադրէ'' ըսած է Յ.Պարոնեան իր յայտնի ''Հոսհոսի Ձեռատետր''ին մէջ. Բայց որ այդ մէկը կը կապեն հայրենիքի վսեմ գաղափարին հետ ու կը վատաբանեն հայրենիքի անունը,ահա այդ մէկը չեմ կրնար ընդունիլ: Հայրենիքը իր ողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ վատ օրեր ունեցած է,սակայն ժողովուրդը իր երազանքը երբեք չէ կորսնցուցած, հայրենիքի անունը միշտ բարձր պահած է ու հաւատացած անոր վերականգնումին ու յաւերժութեան:Այլապէս մենք հո'ն սփիւռքի մէջ ինչու՞ այսքան տարի անդադար կրկնեցինք ''Հայաստան Երկիր Դրախտավայր'',ինչո՞ւ մեզ թրծեցին այսքան հայրենաշունչ ոգիով,կա'մ ինչու՞ ես,որպէս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Հայաստանը որպէս իտէալական երկիր ներկայացուցի աշակերտներուս եւ կրկնեցի ու կրկնել տուի՝՝Քանց օտար վարդ,քաղցր է հայրենեաց փուշ՝՝ Ալիշանի նշանաւոր խօսքերը:Միթէ՞ կեղծիք էին այդ բոլորը.ինչո՞ւ իրապաշտ հայեացքով,իր լաւ ու վատ կողմերով հայրենիքը չներկայացուցին մեզի հո'ն,որպէսզի հասնելով երազանքներուդ երկիրը ամէն րոպէին ''Էս երկիրը երկիր չի'' արտայայտութիւնը լսելով հիասթափութիւն չապրէիր...:
Երկու ծայրահեղութիւններու ծանրութենէն կքած, յիշեցի հայ միջնադարեան գրող Գրիգոր Մագիստրոսի մէկ առակը:
Արտոյտը կը կանգնի ու թեւերը վեր դէպի երկինք կը բարձրացնէ:Թռչունները զարմացած կը հարցնեն,թէ ինչո՞ւ այդպէս կանգնած է,արտոյտը կը պատասխանէ,թէ ինքը իր թեւերով երկինքը վեր կը պահէ,որ յանկարծ չիյնայ երկրի վրայ:Թռչունները կը ծիծաղին ու կը հարցնեն,թէ այդ փետուրէ թեւերով ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ պահել երկինքը:Արտոյտը կը պատասխանէ.՝՝ինչքան կը կարողանամ՝կը պահեմ՝՝: Գրիգոր Մագիստրոս, որ շատ կը տառապէր ի տես հայկական պետականութեան կորուստին եւ վերջին Բագրատունի հայ թագաւորի՝ Գագիկ Բ.ի բանտարկութեան համար,ան իր թուղթերուն մէջ ինքզինք արտոյտին համեմատելով կը թելադրէ,որ իւրաքանչիւր ոք այս նոյն հոգեբանութեամբ ի'ր լուման բերէ հայրենիքի ծաղկման ու բարգաւաճման ի խնդիր,ընդդէմ բոլոր տեսակի չարիքներուն ու արհաւիրքներուն:
Այս երկիրը մե'ր երկիրն է,սիրելիներ,մենք ուրիշը չունինք արդէն.պահենք ու փայփայենք զայն:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment