Sunday, March 8, 2015

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ…

Հինէն իվեր, շեշտուած հակում մը ունեցած եմ կարդալու երեւելի դէմքերու յուշագրութիւնները։ Հռչակաւոր անուններու (գրագէտ, եկեղեցական, թատերական գործիչ, քաղաքական ու ազգային դէմք) չոր ու ցամաք կենսագրութիւնները անբաւարար գտած եմ՝ անոնց իսկական դիմագծութիւնը ճանչնալու տեսակէտէ։ Հետեւաբար, ճգնած եմ գիտնալ անոնց կեանքին քուլիսային մանրամասնութիւնները…։ Բայց ի՞նչպէս։- Յուշագրութիւններ ընթերցելով անոնց մասին։ 

Քանի մը օր առաջ, մեր քաղաքին «Քրիստափոր» գրադարանէն տուն բերի 200 էջանի յուշագրական սքանչելի հատոր մը, տպուած Պէյրութ, 1984-ին։ Գիրքը կը կոչուի «Իմ ուսուցիչներս»։ Հեղինակ՝ Մուշեղ Իշխան, բոլորիս ծանօթ բանաստեղծը, տուներու ու տաքուկ երդիքներու անմոռանալի երգիչը։
Մ. Իշխան յուշեր եւ տպաւորութիւններ կը փոխանցէ այստեղ՝ իր պատկառելի ուսուցիչներուն մասին։ Ի՜նչ ուսուցիչներ…։
Արդարեւ, ան նախ կը խօսի Յակոբ Օշականի մասին, որուն աշակերտելու բախտն ունեցեր է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, 1928-1930։
Յետոյ, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով կ՛ոգեկոչէ բարի յիշատակը ազնուական ուսուցչապետի մը՝ պատմագէտ փրոՖ. Նիկողայոս Ադոնցին, որուն աշակերտեր է ինք 30-ական թուականներու վերջերը՝ Պրիւքսէլի համալսարանը իր ուսանողութեան օրերուն։
Այնուհետեւ ալ, լայնօրէն դիմաստուերները կը գծէ թէ՛ Նիկոլ Աղբալեանին եւ թէ Լեւոն Շանթին, որոնք իր ուսուցիչներն եղեր են Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս։
Մ. Իշխան, ի՛նք ալ յետագային ուսուցիչ, կը մեծարէ իր ուսուցիչները հոյակապ հայերէնով մը։ Իր գործածած զուլալ ու ջինջ հայերէնը խորապէս տպաւորիչ է եւ ուսանելի, եւ կը խորհիմ որ այդ հայերէնը այլեւս գոյութիւն չունի մեր շուրջ…
Բայց չերկարեմ։ Տամ Լ. Շանթի մասին իր պատմածներէն քանի մը արագ նշումներ։
Ըստ Մ. Իշխանի, Շանթ (որ Ճեմարանի տնօրէնն էր) տեւաբար իր աշակերտները կը խրատէր գրեթէ նոյն բառերով.«Աշխատեցէք մա՜րդ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»։
Օր մը, Ճեմարանի աւարտական հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաժնելէ առաջ, յայտարարեր է.«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն. երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը։ Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին՝ատիկա մարդուս գործն է»։
Մ. Իշխան կը վկայէ տակաւին, որ ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը Շանթի բարեկամները «երկար կեանք» կը մաղթէին իրեն, ան ժպտերես դէմքով կը պատասխանէր.
- Աշխատելու կարողութի՛ւն մաղթեցէք, աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է։ Կ՛ուզեմ մեռնիլ այն օրը որ չկարենամ աշխատիլ։
Կա՞ն հիմա այս որակով ու նկարագրով ուսուցիչներ։ Եւ կա՞ն այս որակով (իմա՝ Մ. Իշխանի որակով) աշակերտներ, որոնք կարենան երկու հարիւր էջերու երկայնքին պանծացնել իրենց երեւելի ուսուցիչները…։
Որքա՜ն աղքատացած ենք հիմա…։
Խունկ եւ ծաղիկներ՝ մեր մեծանուն ուսուցիչներուն շիրիմներուն։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

(Նկարը՝ Լեւոն Շանթ, որ մահացաւ 1951-ին, Պէյրութ, 82 տարեկանին)

No comments:

Post a Comment