Sunday, March 22, 2015

Մայրերու օրուան առթիւ

Անողոք պատերազմին պատճառով ի՜նչ ընտանիքներ բաժան բաժան եղան ու ցրուեցան աշխարհով մէկ: Ո՞վ գիտէ ինչպիսի՜ կեանքով կ'ապրին հիմա անոնք:
Որո՞ւ միտքէն կ'անցնէր, որ հալէպահայերս (եւ ոչ միայն) այս օրերը պիտի տեսնէինք: Հո'ն մնացողները տեսակ մը,ելլողները՝ուրիշ տեսակ:
Առաջին տարին է ահա, որ Մայրերու տօնը կը տօնեմ հեռու մայրիկէս: Ծնողքս Հալէպ թողած՝ եկեր եմ Հայաստան:Կարծես երկսայրի սուրի մէջտեղ կանգնած ըլլայի: Մէկ կողմդ՝ծնողք,միւս կողմդ՝զաւակներ: Ի՞նչ ընել. ո՞րն է ճիշդը: Չէ՞ որ երկու կողմն ալ քու անբաժան մասնիկդ է...: Ի վերջոյ որոշել՝ յանուն զաւակներու ապահովութեան ելլել ահաւոր այս քաոսային վիճակէն եւ բաց աչքերով սպասել իրենց ալ գալուստին:
«Պատերազմը պիտի վերջանայ»:Այո',պիտի վերջանայ,բայց ե՞րբ: Դեռ քանի արցունքներէ լիճեր պիտի գոյանան ողբալով անմեղ երիտասարդներու մահերը:Այո',կը վերջանայ.բայց մինչայդ ի՞նչ հոգեկան տագնապներ կրնան ունենալ մեր զաւակները: Կը վերջանայ աս հեքիաթը հարկաւ ու «երկինքէն երեք խնձոր կ'իյնայ:Մէկը պատմողին,մէկը՝մտիկ ընողին եւ մէկն ալ ինծի պէս զուր սպասողին»:
Կարօտի եւ տեսակ մը յանցաւորի զգացումով համակուած,ահա, կը շնորհաւորեմ մայրերու տօնը իմ սիրելի' մայրիկիս ու անհամբեր կը սպասեմ ամառուան իրենց տուած խոստումին:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment