Tuesday, March 17, 2015

ՔԷՍԱՊ 21 ՄԱՐՏ 2014 – 21 ՄԱՐՏ 2015

21 Մարտ 2014-ը քեսապցիներուն համար ցաւալի թուական մը եղաւ, որ բազմաթիւ վէրքեր եւ անախորժութիւններ յառաջացուց իր հետ: Համազգային գետնի վրայ բաւական աղմուկ բարձրացաւ, խօսուեցաւ, ըսուեցաւ, եւայլն, եւայլն, միաժամանակ անոնք որոնք օգտուեցան, լաւապէս օգտագործեցին իրենց ընծայուած այս եզակի առիթը, եւ քէսապցիներու դժբախտութիւնը ծառայեցուցին իրենց անյագ ցանկութիւններուն: պէտք չէ մոռնալ սակայն այն բոլորը, որոնք անկեղծութեամբ եւ սեփական համոզումով իրենց օժանդակութիւնը բերին քեսապցիներուն նիւթական գետնի վրայ: վարձքերնին կատար:

   Այս բոլորը հիմա անցեալին կը պատկանին եւ ինչքան ալ խօսուի անիմաստ է: Կարեւորը ներկան է, ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ:
   Բնականաբար բոլոր քէսապցիներուն համար ալ ՄՆԱԼՆ ու ԳՈՅԱՏԵՒԵԼԸ Քէսապի մէջ գերագոյն փափաքն ու նպատակն է, որ արդար եւ իրաւ է: Մնալու եւ գոյատեւելու համար սակայն կարիքը կայ ապահովութեան, վստահելիութեան եւ առողջ ու իրապաշտ մօտեցումներու:
   Շատեր կը բարձրաձայնեն թէ 100 տարուան ընթացքին երրորդ տեղահանութիւնն է նոյն բարբարոսին կողմէ: Այդ մէկը նորութիւն չէ: Զարմանալին այն է սակայն, որ մենք տակաւին չենք հասկնար թէ այս անգամ խաղի կանոնները տարբեր են, խաղացողները տարբեր են, եւ ամէնէն էականը այդ խաղացողներուն ՇԱՀԵՐՆ են ու իրենց շահերուն հասնելու համար կարեւորութիւն չունին բարձրացուած աղմուկները, ցոյցերը, համագումարները, ժողովներն ու քայլարշաւները: Այս բոլորը բան չեն փոխեր, եթէ հիմնական խաղացողները վերջնական որոշումի մը հասնին: Աւելին, ինչքան ալ դժուար ըլլայ իւրաքանչիւր քեսապցիի համար, սակայն պէտք է համոզուինք եւ հասկնանք, որ այս անգամ Քեսապի յառաջիկայ դրութիւնն ու ապագան պիտի յստականայ այն ատեն միայն, երբ յստականայ Սուրիական հայրենիքին վիճակը: Այլապէս ամէն վայրկեան կարելի է պատահիլ այն՝ ինչ պատահեցաւ 21 Մարտ 2014-ին, մէկ տարբերութեամբ՝ երեւի բեմադրութիւնը տարբեր ըլլայ: Ոմանց համար ծանր կրնայ թուիլ այս իրականութիւնը, դժբախտաբար սակայն մթնոլորտը այս ճշմարտութիւնն է, որ կը թելադրէ: Շատեր կը մոռնան, որ ներկայի աշխարհագրական իր դիրքով, Քէսապ մաս կը կազմէ Սուրիական հայրենիքին, ինչքան ալ ըսենք որ Կիլիկիայի հայկական վերջին աւանն է, եւ այդպէս այսօրուան իրականութենէն ոչինչ կը փոխէ:
   Ինչ կը վերաբերի ներկայի իրավիճակին, մնացողները կը փորձեն ամէն կերպ կառչիլ եւ տէր կանգնիլ Քէսապին, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ կենցաղի անտանելի ահաւորութեան: Բնական երեւոյթ, այլ բան սպասել չէր ըլլար: Մտահոգեցուցիչը սակայն  շրջանէն երիտասարդութեան հեռանալն է: Շատեր զուգահեռ մը կը փորձեն ընել 60-70-ականներու իրավիճակին, բայց ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ իրավիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է եւ կարելի չէ ո՛չ 60-70-ականներուն հետ բաղդատել, առաւել եւս՝ նախկին երկու տեղահանութիւններուն յաջորդող իրավիճակին: Մնացող երիտասարդներուն ձեռքերն ու ոտքերը կապուած են, դուրս եկողներուն վիճակը՝ օդէն կախուածի կը նմանի, իսկ ամէնէն մտահոգեցուցիչը ներկայիս բանակէն ներս ծառայողներուն հիմակուան եւ յետագայ վիճակն է:
  Անդին քաջալերելի եւ յուսադրիչ են կատարուած ձեռնարկները եւ անուրանալի փաստ մըն են քեսապցիին կեանքին կառչածութեան, սակայն ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ երբե՛ք ցաւեր չեն ամոքած, երբե՛ք վէրքեր չեն բուժած: Լաւ է լաւատես ըլլալը, լաւ է կեանքի երեւոյթներով ԿԵԱՆՔը շարունակելը, սակայն ի պահանջեալ հարկին ինչքա՛ն ալ ծանր ըլլան հետեւութիւնները, պէտք է եւ անհրաժեշտ է ԻՐԱՊԱՇՏ ըլլալ եւ առողջ տրամաբանութեամբ դիմակայել ցանկացած իրավիճակ:
   Ի վերջոյ, 21 Մարտ 2014-ը, իւրաքանչիւր քեսապցիի կեանքի տետրակին մէջ սեւ էջ մըն էր, որ պէտք է անցեալի գերեզմանին մէջ անվերջ թաղել: Իւրաքանչիւր քեսապցի իր հոգիին խորերը արդէն բաւական վէրքեր ունի առնչուած այդ թուականին եւ զանոնք վերաթարմացնելու կարիքը չունի: Ի՛նչը յիշել, որ մեր ՍԵՓԱԿԱՆ ԿՈՒՐՈՒԹԵԱՆ զոհը գացինք: Ի՛նչը յիշել, որ մեր սեփական հպարտութիւնը աւելի դասեցինք քան մեր գիւղն ու գիւղացիները: Ի՛նչը յիշել, որ մեր թերութիւններուն կողքին զոհը դարձանք քաղաքական մեծ խաղի մը: Ի՛նչը յիշենք, որ մեր դարաւոր թշնամին յարմար առիթը գտնելու փաստեց իր ինչութիւնը, շատերուն համար զարմանք պատճառելով: Բայց ինչո՛ւ զարմանալ, չէ՛ որ դարեր շարունակ թուրքը նոյնն է, բան չէ փոխուած. Այսինքն եթէ խօսինք ու ըսենք որ նոյն որճրագործը, նոյն բարբարոսը, նոյն, նոյն, նոյն, բա՛ն պիտի փոխենք. Եթէ այդպէս է, չարաչար կը սխալինք, որով նոյն թուրքին եթէ դարձեալ առիթը տրուի, նոյնը եւ աւելի գէշն ալ կ՛ընէ, իսկ մենք դարձեալ կը յայտնուինք ՈՉԽԱՐԻ նոյն կարգավիճակին մէջ. Ինչո՛ւ, որովհետեւ մեր կարճ խելքով «մեր բարձրացուցած շշուկային աղմուկներով» կը փորձենք աշխարհին հասկցնել, որ իր ՇՓԱՑԱԾ պոռնիկը՝ որճրագործ է ու ցեղասպան… Հէյ վա՜խ մեզի…

    21 Մարտ 2014-ը պատմութեան մէջ թող մնայ, պէտք չէ յիշել եւ ոչ ալ յիշեցնել, որովհետեւ յիշել ուզողը ՇԱՏ ԼԱՒ կը յիշէ: 21 Մարտ 2014-ը, իւրաքանչիւրի քեսապցիի համար պարզապէս խթան մը թող ըլլայ, զգաստութեան, արթնութեան եւ ոչխարի կարգավիճակէն դուրս գալու համարձակութեան: Մեր հպարտութիւնն ու գիտոսիկութիւնը մէկ կողմ ձգենք, մտածե՛նք այսօրուան մասին, որպէսզի վաղը մեզի եւ մեր զաւակներուն համար ԼՈՒՍԱՇՈՂ ըլլայ:

Յակոբ Քորթմոսեան

No comments:

Post a Comment