Thursday, March 12, 2015

Կինը Հայ Գրականութեան մէջ


Ինչքա՜ն հարուստ է մեր գրականութիւնը հայ կանանց գովքը հիւսող իր չափածոներով եւ արձակներով:Ինչքա՜ն ազատ ու անկաշկանդ են այսօրուան մեր գրողները իրենց սիրոյ արտայայտութեանց մէջ:Ինչքա՜ն ազատ է ի'նքը՝ կինը այսօր, իր վարքագիծով եւ աշխարհընկալման դրսեւորմամբ:Սակայն եթէ պահ մը յետադարձ ակնարկ նետենք դէպի անցեալ,պիտի տեսնենք,թէ սկզբնական դարերուն, Հեթանոսութեան տապալումով եւ Քրիստոնէութեան մուտքով, երբ գեղարուեստական գրականութեան նպատակը եղած էր միա'յն քրիստոնէութեան ամրապնդումը եւ եկեղեցւոյ շահերը հետապնդելը,որքան սեղմ էին գրողի մը սահմաններն ու իրաւասութիւնները:Այդ դարերուն կինը իրաւազրկուած էակ կը համարուէր: Ով որ կնոջ մասին որեւէ խօսք գրէր անպատուաւոր գրող կը համարուէր եւ իր գործը կը քննադատուէր որպէս՝՝անբարոյ՝՝ կամ ցած ճաշակի արուեստ: Բարեբախտաբար միջնադարեան գրողները 13-16-րդ դարերուն շարունակելով հանդերձ այդ աւանդները,կրօնական քօղի տակ աստիճանաբար սկսան բացուիլ կեանքին,առօրեային,մարդկային զգացումներուն եւ սիրոյ գաղափարին առջեւ: Կինը դարձաւ աստուածային պարգեւ մը.
Դու ստեղծեր զկինն ի կողէն,
Վասն Ադամայ սիրոյ համար: (Յովհ.Թլկուրանցի)
Այսպիսով, միջնադարեան գրողները Հետզհետէ սկսան գովերգել կինը աւելի անկաշկանդ եւ առանց քօղարկումներու: ՝՝Մարդ որ սիրոյ կու հանդիպի, այլ ոչ աղօթք ի միտ կու գայ՝՝: Յովհաննէս Թլկուրանցիի պատկերացումով՝սէրը այնպիսի զգացում մըն է, որմէ ոչ ոք կրնայ զերծ մնալ:Ան կը խոստովանի,թէ Կնոջ թովչանքին ու սիրոյն առջեւ անզօր են նոյնիսկ վարդապետները:
Ո՜վ չի յիշեր միջնադարեան գրող Նահապետ Քուչակի համարձակ տողերով գրուած՝՝Հայրէնները՝՝նուիրուած կնոջ ու սիրոյ մասին:Կինը պատկերուած է նոյնիսկ իր արտաքին յատկանիշներու ամենայն մանրամասնութիւններով:Քուչակի մօտ է նաեւ,որ առաջին անգամ կը հանդիպինք տղամարդու եւ կնոջ հաւասարութեան գաղափարին:Անոր համոզմամբ՝ինչպէս տղամարդը,այնպէս ալ կինը պէտք է ազատ ըլլան իրենց զգացմունքային աշխարհին մէջ:Մեծ ատելութիւն եւ ցասում ունի Քուչակ կինը դրամով կամ բռնի ամուսնացնողներուն նկատմամբ.-
Սէրն որ դրամով լինի,զինք էրել պիտի կրակով:
Սէրն խնձորով պիտի ու տրհեմ տրհեմ շէքէրով:
Արդի գեղարուեստական գրականութեան մէջ,ինչպէս վերը յիշեցի անթիւ անհամար են կնոջ նուիրուած ստեղծագործութիւնները: կինը ի յայտ կու գայ տարբեր դրսեւորումներով:Ան կը գովերգուի որպէս հմայիչ,սիրուհի, գեղեցկուհի եւ որպէս առողջ դատող, ոգեւորող, դաստիարակ, եւ վեհ արժէքներու ներշնչարան: 
Սակայն,այստեղ պէտք է յիշել նաեւ,որ կինը միշտ չէ որ գովասանքի արժանացած հերոս եղած է ողջ գեղարուեստական գրականութեան անդաստանին մէջ: Երբեմն ան սուր քննադատութեանց ալ ենթարկուած է:Տեսէք,թէ ինչպիսի՜ մեղադրանքի ու պարսաւանքի կ'արժանանայ Յակոբ Պարոնեանի կնոջ կերպարը ՝՝Ատամնաբոյժն Արեւելեան՝՝ թատերգութեան մէջ .-
՝՝Կին մը իր ամուսնոյն գլխուն փորձանքն է՝՝:
՝՝Երբ էրիկ մը կնկան իշխանութեանը տակ է՝ամուսնութիւնը անկատար է եւ վնասակար՝՝:
՝՝Դու'ք կանայք նոր լաթերը ամուսիններէդ աւելի կը սիրէք եւ անոնց քսակը կը պարպէք՝՝: ՝՝Դարուս օրիորդները աւելի նորութիւններու կը սիրահարին,քան թէ երիտասարդներու:Խե՜ղճ երիտասարդութիւն ,ինչ ժամանակի հասար...՝՝
Մաղթենք,որ կնոջ մասին միշտ դրական յիշատակութիւններ ըլլան, հայ կինը առաքինի ու հաւատարիմ մնայ իր արժանիքներուն ու միշտ վայելէ հասարակութեան յարգանքն ու պատիւը:
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment