Thursday, March 12, 2015

Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասումը


Այս տարուան Ապրիլ 23-ին, Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման արարողութիւնը պիտի կատարուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: «Երանի անոնց,որ արդարութեան համար կը հալածուին,վասնզի անոնց է երկնքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 5.10) կ'ըսէ Աստուածաշնչեան երանիներէն մին:Սակայն, Ժողովուրդին մօտ մտմտուքներ ու հարցադրումներ կ'առաջանան . միթէ՞ անոնք արդէն սուրբեր չէին մեզի համար: Հրանդ Տինքը, որ Հայ դատի մեծ նահատակն էր, ճշմարտութեան ու արդարութեան ձայնը, միթէ՞ սուրբ չի համարուիր, կամ Արցախի սահմանապահները, որոնք յանուն երկրի պաշտպանութեան կը զոհուին մինչ օրս, միթէ՞ սուրբեր չեն, կա'մ նոյնիսկ այն անմեղները, որոնք այս օրերուս կը նահատակուին Սուրիոյ նողկալի պատերազմին պատճառով, արդեօք սուրբերու շարքին չե՞ն դասուիր: Ուրեմն ինչի՞ հիման վրայ սուրբերու դասումը կը կատարուի:
Հայ միջնադարեան վկայաբանութեան մէջ, որպէսզի նահատակը սուրբ համարուէր, պէտք էր լրացնէր որոշ պայմաններ:
Ա. Պէտք էր Նահատակութիւնը ըլլար յանուն հաւատքի և հայրենիքի.ինչպէս Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը:
Բ. Պէտք էր ազնուական ցեղէն ըլլար նահատակուողը,ինչպէս՝ Շուշանիկը, որ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրն էր եւ Սահակ Պարթեւի աղջկան թոռնուհին: Շուշանիկի ամուսինը պարսից արքային հաճոյանալու համար, դաւանափոխ կ'ըլլայ ու կ'ընդունի զրադաշտական կրօնը: Շուշանիկը կ'ընդվզի ամուսնոյն դէմ , հաւատարիմ կը մնայ իր կրօնին ու չ'ենթարկուիր անոր: Ան յանուն Աստուծոյ վեց տարի չարչարանք, տանջանք ու զրկանք կը կրէ նոյնինքն իր ամուսնոյն կողմէն: 7-րդ տարին չդիմանալով այդ կտտանքներուն, Շուշանիկը կը հիւանդանայ ու կը վախճանի: Ան ամենայն հանգստութեամբ ու նոյնիսկ ուրախութեամբ կ'ընդունի իրեն ուղղուած տանջանքը, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ան զինք դէպի Աստուած պիտի առաջնորդէ: 
Գ.Պէտք է աննկուն կամքի տէր անձ ըլլար:
Դ. Մահանալէն ետք անոր մարմինը չէր նեխեր ու գազանները չէին յօշոտեր զայն:
Ե. Մահանալէն ետք անոնց վրայ կ'երեւէր սրբութեան նշանը: 
17-րդ դարու վկայաբանութեան մէջ յիշուած է նաեւ «Անդրեաս Երէց»ը որպէս սուրբ: 1617-ին, երբ դաժան Շահ Աբբասը Ագուլիս կը մտնէ, դպրոցի ծնողները իրենց զաւակներուն մազերը կը խուզեն, որպէսզի Շահը յանկարծ մէկը հաւնելով հետը չտանի: Երբ Շահը կ'ուզէ իմանալ այս արարքին դրդապատճառը, Անդրէասը անմիջապէս իր վրայ կը վերցնէ ծնողներուն «մեղքը»:Շահը հասկնալով Անդրէասի զոհաբերումը երկու պայման կը դնէ անոր առջեւ. կա'մ մահմետականութիւն ընդունիլ, կա'մ ալ նահատակուիլ: Բնականաբար Անդրէասը կը հրաժարի դաւանափոխ ըլլալու որոշումէն, այդ իսկ պատճառով կ'արժանանայ ամէնէն զազրալի պատիժին. որովայնը կը պատռեն,աղիքները դուրս կը թափեն ու գլխիվայր կը կախեն զինք հրապարակին մէջտեղը: Երկու օր տանջուելէ ետք,Անդրէաս կը վախճանի: Հոգեւորականները զինք անմիջապէս կը դասեն սուրբերու շարքին ու իրեն վերաբերող գանձեր ու տաղեր կը հիւսեն: Անդրէասի կեանքի պատմութիւնը կը զետեղուի «Յայսմաւուրքին» մէջ : Յետագային սոյն վկայաբանութեան հիման վրայ ալ Մուրացանը «Անդրէաս Երէց»անունով վիպակ մը կը գրէ: 
Ահաւասիկ, կը տեսնենք, թէ ինչպէ'ս Միջնադարեան մտածողութեան ու հաւատալիքներու արդիւնք է վերը նշուած սուրբերու դասումը:
Հիմա,որ արժեչափերը ու հաւատալիքները փոխուած են, այս առարկայապաշտ դարուս, երբ մարդիկ հոգեւորէ աւելի շօշափելի փաստերու եւ իրողութիւններու կը հաւատան՝ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ օգուտ պիտի բերէ Ցեղասպանութեան սրբադասումը մեզի համար այսօր: Արդեօք միայն հոգեւոր նպատա՞կ կը հետապնդէ, թէ՞ քաղաքական իմաստ ալ կը կրէ իր մէջ: Ամէն պարագայի մեր անմեղ զոհերը սրբադասելով մեր սրտերը չեն հովանար, քանի դեռ ցեղասպան թուրքը չէ ընդունած պատմական ճշմարտութիւնը ու մեր նահատակներուն աճիւնները հանգիստ չեն ննջեր մինչեւ մեր դատի արդար լուծումը:Ահա այն ատեն է,որ հայ ազգը պիտի թօթափէ զոհ ըլլալու կրծող զգացումը ու ամենայն հպարտութեամբ՝ որպէս ամբողջական հաւաքականութիւն, արժանավայել կերպով պիտի ներկայանայ աշխարհին:
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment