Wednesday, March 11, 2015

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ



Մարտ 8-ի Կանանց Միջազգային Օրուան առթիւ, մինչ Դիմատետրի կայքէջերը կ՛ողողուէին իգական սեռին ձօնուած վարդերու ու երփներանգ ծաղիկներու պատկերներով, անդին, Պոլսոյ մէջ, տեղւոյն հայ գաղութը կը կազմակերպէր շատ հետաքրքրական ու եզակի ոգեկոչում մը՝ յիշելու համար Հայ Գրականութեան առաջին կին վիպագիրը, գրագիտուհի Սրբուհի Տիւսաբը (Վահանեան)։
Տիկին Տիւսաբ մահացած էր 1901- ին, 60 տարեկանին։ Զինք թաղեր էին Պոլսոյ Լատին Գերեզմանատան մէջ, որովհետեւ իր ամուսինը Ֆրանսացի մըն էր։
Արդ, անցեալ Կիրակի, Մարտ 8-ին, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին նախաձեռնութեամբ յարգանքի այցելութիւն մը տրուեր է Լատին Գերեզմանատունը ու իր շիրիմին վրայ՝ ոգեկոչուեր է «Արաքսիա», «Սիրանոյշ» եւ «Մայտա» վէպերուն տարաբախտ հեղինակուհին։
Գերեզմանատան մատրան մէջ, նախ, մատուցուեր է Ս. Պատարագ, ձեռամբ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանի, որ խօսեր է նաեւ օրուան պատշաճ շահեկան քարոզ մը։ Յետոյ, ներկաները, թիւով՝ բաւական ստուար, համախմբուեր են Սրբուհի Տիւսաբի շքեղ դամբարանին շուրջ եւ ոգեկոչեր են զինք։ Սրտի խօսքեր արտասաներ են Զէքիեան Գերապայծառ, Էսայեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նարօտ Թօմաքեան, «Ժամանակ» օրաթերթի կազմէն Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ վերջապէս՝ թուրք ուսումնական երիտասարդ Ֆաթիհ Մէհմէտ Ուսլու, որ արտայայտուեր է հայերէնով, խորապէս տպաւորելով ներկաները։
Այս լուրը հաղորդող «Մարմարա» օրաթերթը նկատել կու տայ, որ վերոյիշեալ թուրք երիտասարդը հայերէն սորված է Վենետիկի մէջ, այնտեղ աշակերտելով Հ. Լեւոն Զէքիեանի հայերէնի ամառնային խտացեալ դասընթացքներուն…։
Արեւմտահայ մեր գրականութեան քիչ-շատ ծանօթ ամէն ոք գաղափար մը ունի անշուշտ Սրբուհի Տիւսաբի մասին։ Ան սիրահարուած էր ժամանկաշրջանի երեւելի բանաստեղծներէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին։ Անկարելի սէր մը, որովհետեւ Պէշիկթաշլեան թոքախտէ վարակուած՝ պիտի մեռնէր շատ կանուխ…։
Սրբուհի Տիւսա՜բ։ «Ֆէմինիզմ»ի առաջին ջահակիրը հայ իրականութեան մէջ։
Եթէ օր մը Պոլիս այցելէք, դո՛ւք ալ գացէք Լատինաց Գերեզմանատունը ու մոմ մը վառեցէք անոր շիրիմին վերեւ…։ Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ

No comments:

Post a Comment