Tuesday, March 10, 2015

Հրաչ Քալսահակեան կը գրէ Սուրիոյ ապագային մասին՝

Սուրիոյ մասին ըսած եմ որ այս հարցը շատ երկար պիտի տեւէ, իսկ եթէ Ասատ իշխանութեան վրայ մնաց՝ աւելի երկար, այսինքն իր կեանքի հասակին չափ պիտի երկարաձգուի:

Ենթադրենք որ Ասատ կրցաւ ինքզինք պարտադրել որոշեալ հողաշերտի մը վրայ: Այդ հողաշերտը (որուն մէջ հաւանական է որ Հալէպ չգտնուի) պիտի դառնայ նոր ու փոքրածաւալ Սուրիա մը, որ դարձեալ 2011 թուականի սեմին կանգնած պիտի ըլլայ: Այսինքն նոյն դէպքերը պիտի կրկնուին, մինչեւ որ այդ նոր ու փոքրածաւալ ասատական (կամ այլեւս ալեւիական) Սուրիան լրիւ սիւննիազերծ դառնայ:

Մենք այս թոհուբոհին մէջէն ստիպուած պիտի անցնինք եթէ Սուրիա ապրինք, որու արդիւնքով, ուշ կամ կանուխ, Հալէպ կրնայ հայաթափ դառնալ (կամ զգալիօրէն կը նօսրանայ այդտեղի հայութեան թիւը), եթէ ոչ բռնի ապա տնտեսապէս եւ ապահովական գետնի վրայ արիւնաքամ ըլլալուն պատճառով:

Ասատ միակ պատասխանատուն չէ այս դէպքերուն, բայց պատասխանատուութեան մեծ մասը իր եւ իր սեղմ շրջանակին վրայ կ'իյնայ: Անոնք էին որ չկրցան պատնէշի վրայ գտնուիլ: Բայց իմաստ չունի այլեւս պատասխանատուութեան մասին խօսիլ, այլ պէտք է լուծումի մասին խօսիլ:

Բայց ի՞նչ լուծում եթէ բոլոր կողմերը (Ասատ եւ ընդիմադիրներ) նոյն ձեւով կը շարունակեն իրենց ընթացքը: Եթէ անոնցմէ մէկը կամ միւսը ընթացք փոխէ այն ատեն լուծումի մը նշոյլը կարելի ըլլայ տեսնել: Բայց չորս տարիէ ի վեր իւրաքանչիւր կողմ աւելի խարսխուած է իր միտքերուն վրայ: Վրան ալ միջազգային ահաբեկչութեան հարց աւելցած է:

Նախ ուրեմն սպասենք, որ միջազգային ահաբեկչութեան հարցը լուծուի, ապա կարգը կու գայ Սուրիոյ ներքին հարցերուն:

No comments:

Post a Comment