Tuesday, March 10, 2015

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ…


Կրթական ասպարէզի մէջ գտնուողներուն համար, մի՛շտ ալ, մղձաւանջ մը դարձած է դասապահու ընթացքին աշակերտին «անտարբերութիւն»ը։ 
Ձեր դիմաց եթէ ուսուցիչ մը կամ ուսուցչուհի մը ելաւ՝ անպայման առիթը պիտի գտնէ գանգատելու նոր սերունդին անտարբերութենէ՜ն, արժէքներու նկատմամբ անոր որդեգրած արհամարհանքէ՜ն, դասարանէն ներս անոր ոչ-տիպար կեցուածքէ՜ն…
Ընդունի՛նք, որ աշակերտութեան նկարագիրն ու «խմոր»ը, տասնամեակէ տասնամեակ փոփոխութիւններու ենթակայ եղած է՝ դէպի աւելի յոռին, աւելի անհանդուրժելին, աւելի ընդվզեցուցիչը…։
Սակայն շահեկան պիտի ըլլար հարց տալ, թէ անցեալի (քառասուն, յիսուն տարի առաջուան) աշակերտները արդեօ՞ք աւելի պիտանի տարրեր էին, աւելի բարեկիրթ ու աւելի յարգալիր։ 
Հարցում մըն է ասիկա, որ վէճի դուռ կրնայ բանալ հաւանաբար։
Բայց կը թուի ինծի, որ «աշակերտ» կոչուած էակը հին ու նոր բոլո՜ր ժամանակներուն ալ ընդհանրապէս միեւնոյն հոգեվիճակն ու տրամադրութիւնը ունեցող անհատն է, որ առհասարակ չի կրնար գոհացնել իր ուսուցիչը, ինչպէս որ ուսուցիչն ալ, իր կարգին, ընդհանրապէս չի յաջողիր գոհացնել բոլոր աշակերտները։ Ուստի, յաճախ կը ստեղծուի անբաղձալի հակադրութիւն մը, որ ինծի կը յիշեցնէ հարսի-կեսուրի յաւիտենական պայքարը…
Այս մտորումները ունեցայ՝ երբ կ՛ընթերցէի Մուշեղ Իշխանի յուշերը իր ուսուցիչներուն մասին։
Զորօրինակ, խօսելով Յակոբ Օշականի մասին (որ իր ուսուցիչն եղած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, 1928-30), Մ. Իշխան կ՛ըսէ որ իրենց դասարանը կը բաղկանար երեսուն աշակերտէ, որոնցմէ հազիւ 3-4 հոգին անհամբերութեամբ կը սպասէին Օշականի դասարան մուտքին, մինչ աշակերտութեան «մեծ մասը առ ի պարտականութիւն կը հետեւէր դասին, շատ հեղ առանց հասկնալու կամ առանց մասնաւոր հետաքրքրութեան»…։
Տողերը ցնցիչ են։ Պատկերացուցէք հայերէնի դասապահ մը, ուր դասատուն մեծանուն Յակոբ Օշականն է, իսկ գրասեղաններուն ետեւ նստող տղաքը անտարբեր են թէ՛ դասին, թէ՛ ուսուցիչին նկատմամբ…։
Արդեօ՞ք իսկապէս ոչի՛նչ փոխուած է «աշակերտ»ին ընթացքին մէջ՝ 30-ական թուականներէն մինչեւ 2015…։ Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ

No comments:

Post a Comment