Monday, March 9, 2015

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԲԵՄԻՆ ԾԱՂԿՈՒՆ ՈՍՏԵՐԸ…

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԲԵՄԻՆ ԾԱՂԿՈՒՆ ՈՍՏԵՐԸ…
Այս լուսանկարը անդրադարձումներու մղեց զիս։
Անոր նեղ շրջանակին մէջ՝ նախ անմիջապէս ճանչցայ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան ապրող նահապետը՝ Ժագ Յակոբեանը։ Ո՞վ իր կեանքին մէջ քանի մը քերթուած չէ լսած Ժագ Յակոբեանէն, հայրենաշունչ կամ կրօնաշունչ…։ Նախկին եգիպտահայ մեր այս սիրելի բանաստեղծը, որ տասնամեակներէ իվեր կայք հաստատած է Ամերիկա, ներկայիս…98 տարեկան է։ Անհաւատալի է թերեւս, բայց իրականութիւն է։ Ու դեռ՝ կայտառ է ան, պահելով իր մտքին պայծառութիւնն ու արթնութիւնը…։
Իր կողքին՝ Շուշանիկ Մելքոնեանն է։ 
Հալէպահայերը պէտք է յիշեն Շուշանիկը, որ ութսունական թուականներուն գրական շունչ մը կու տար մեր բեմերուն՝ յաճախակի կերպով բանաստեղծութիւններ ասմունքելով Սեւակէն ու Թէքէեանէն, Վարուժանէն ու Սիամանթոյէն, Կապուտիկեանէն կամ Մուշեղ Իշխանէն։ Տիրական ներկայութիւն մըն էր բեմին վրայ։
Յետոյ, օր մըն ալ, անհետացաւ ան հրապարակէն։ Լսեցինք, որ գաղթեր էր Գանատա…։ Իր մեկնումով, շող մը մարեցաւ կարծէք մեր բեմերուն վրայ։
Քանի մը օր առաջ մամուլի մէջ կարդացի, թէ Շուշանիկ Մելքոնեան ասմունքի փառաւոր հանդէս մը սարքեր է Լոս Անճելըսի մէջ (Փետրուար 24-ին), ամբողջ մէկուկէս ժամ վարար գետի մը նման յորդեցնելով հայ բանաստեղծութենէն գոյնզգոյն հատուածներ, շարքեր։ Ան, ի միջի այլոց, արտասաներ է նաեւ գործեր ծերունազարդ Ժագ Յակոբեանէն, որ անձամբ ներկայ եղեր է գրական այս խրախճանքին…։ 
Ի՜նչ երանութիւն՝ ալեհեր ու դարահասակ բանաստեղծին համար…։
Շուշանիկ Մելքոնեա՜ն…։ Ոստ մը՝ հալէպահայ բեմին երբեմնի ծաղկուն ոստերէն…։ Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

No comments:

Post a Comment