Monday, March 9, 2015

«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՈԳԵՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՆԾԱՑՈՒՑ ՀԱՅ ԵՐԳԸ



Այսօր, Կիրակի 8 Մարտի երեկոյեան, Հալէպի «Եսայեան» հանդիսասրահը դա՛րձեալ ողողուած էր լոյսերու, երաժշտական ձայներու կամ ալիքներու, ինչպէս նաեւ ծափերու տարափով մը։ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը պիտի տար իր տարեկան աւանդական համերգը։ 
Իրականութեան մէջ, որոշ յուզմունք մըն ալ ապրեցանք սրահէն ներս, որ լեցուն էր կիսով միայն…։ Պարզ է. գաղութը արագօրէն կը նօսրանայ, մեծաթիւ ընտանիքներ խումբ-խումբ կը գաղթեն պատերազմական դաշտի վերածուած այս երկրէն, ու հետեւաբար՝ դժուար պիտի ըլլայ այսուհետեւ բերնէ բերան լեցնել մեր սրահները…։ 
Արդէն, մեծ զոհողութիւններով է որ դեռ կը շարունակենք մեր ազգային-համայնքային կեանքը։ Զորօրինակ, «Զուարթնոց» երգչախումբը, երեք տարուան ակամայ դադարէ մը ետք է որ վերջապէս կրցած էր վերակազմել ինքզինք ու բեմ բարձրանալ սիրուն յայտագրով մը ու 45 երկսեռ անդամներով։ Ի՜նչ լաւ էր, որ այժմու խմբավար Յարութ Ալապոզանեանի մականին տակ՝ «Զուարթնոց» կը շարունակէր ապրեցնել աւելի քան քառասուն տարուան աւանդութիւն մը ու բեմական խնջոյք կը սարքէր Հայ Երգի սիրահարներուն համար։
Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին ունկնդրեցինք 25-է աւելի երգեր։ Սկսանք Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ով, յետոյ տակաւ շրջեցանք Հայաստանի գեղջկական անդերուն մէջ՝ Կոմիտասի «Սօնա եար»ով, «Իմ չինարի եար»ով, «Շողեր ջան»ով, «Ալագեազ»ով…։ Աղօթք մրմնջեցինք մեր ննջեցեալներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար՝ նո՛յն Կոմիտասի «Տէ՜ր, ողորմեա»ով։
Յետոյ հաճոյքով ականջ տուինք Սայաթ-Նովային, աւելի ուշ ալ՝ շատ խանդավառ ու ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ձայնակցեցանք երգչախումբին հրամցուցած էստրատային հոյակապ երգերուն, որոնց մենակատարները (Ռազմիկ Քէլխաչերեան, Լուսիա Պանտաք, Ռոզալին Արամեան, Եղիա Քիլէճեան եւ Յակոբ Շառոյեան) ողջունուեցան խելայեղ ծափահարութիւններով։ 
Բեմը յարդարուած էր ճաշակով ու պատշաճօրէն։ Հանդիսավարուհի Սիւզան Նեվրուզեան-Տատաղլեանն ալ, երգի իւրքանչիւր կատարումէ առաջ՝ մթնոլորտը կը ջերմացնէր գրական իմաստալից մէջբերումներով։
Միով բանիւ՝ Հալէպ ապրեցաւ մշակութային Կիրակի մը եւս։ Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

No comments:

Post a Comment