Monday, March 9, 2015

Ուշացած,բայց Արժէքաւոր


Խօսքը մշակոյթի գործիչներու պանթէոնին կից գտնուող նորակառոյց Կոմիտասի տուն թանգարանին մասին է,որուն պաշտօնական բացումը, սեղմ շրջանակով մը կատարուեցաւ սոյն տարուան Յունուար 29-ին:Այժմ,սակայն անոր դռները մի'շտ բաց են իւրաքանչիւր այցելուի դիմաց:
Ինչպէ՜ս կարելի է թանգարան մտնել ՝ առանց յարգանքի տուրքդ մատուցելու հայ մշակոյթի Վարպետներուն նկատմամբ : Պանթէոնին մէջ հանգչած է Յովհաննէս Շիրազը,Սիլվա Կապուտիկեանը,Մարտիրոս Սարեանը,Վահան Տէրեանը,Աւետիք Իսահակեան, Ալեքսանտր Թամանեանը,Վրթանէս Փափազեանը, եւ այլ մշակոյթի Մեծերու կողքին,ինքը՝Կոմիտաս վարդապետը:Իւրաքանչիւրի շիրիմին առջեւ մի քանի վայրկեան կանգ կ'առնես, կը փշաքաղուիս ու կը սկսիս քառեակ մը,տող մը,նշանաւոր խօսք մը,կամ կարդացած մէկ յուշդ մտաբերել:
Ապա,կ'ուղղուիս դէպի Կոմիտասի երկյարկանի տուն թանգարանը,որ արդէն իսկ վաղո՜ւց պէտք էր իր հասցէն ունենար Երեւանի մէջ:Պարզուեցաւ,որ թանգարանի ճարտարապետն ալ մեր բոլորին ծանօթ երգահան՝ Արթուր Մէսճեանն է: Մուտքին, անմիջապէս տպաւորիչ կը դառնայ տախտակազարդ դուռը, փորագրուած՝ վարդապետին խօսքերով:
Ներսը շատ ոգեշնչող է ու արդիական սարքերով պատրաստուած: Հո'ն են Կոմիտասին իրերը,նօթատետրերը,թղթահատ դանակը,սափորը,կարպետը,վկայականները,նամակները,բանահաւաքչական արխիւները, կիսաւարտ թողած ստեղծագործութիւնները,
դաշնամուրը,ծիրանափողը,արժէքաւոր նկարները, լսողական (audio) սարքով օժտուած ձայնասկաւառակները եւ այն ամէնը,որ հայերուս համար պատիւ ու պարծանք կը բերէ: Զբօսավարին ուղեկցութեամբ շրջան ըրինք տարբեր ցուցասրահներ ու իրազեկ դարձանք իր կեանքի ամէն մանրամասնութիւններուն:Կոմիտասը արեւմտահայ ու արեւելահայ մշակոյթները կապող օղակը դարձաւ,որովհետեւ բանահաւաքութիւն ըրաւ ե'ւ արեւելահայ ե'ւ արեւմտահայ հատուածներուն մէջ:Ան մարդկային բարձր արժանիքներու տէր անձ մըն էր նաեւ.բնաւորութեամբ շատ կենսուրախ, կատակասէր,սրամիտ ու փոքրիկներուն սիրահար:
Տպաւորիչ է նաեւ վերջին ցուցասրահը,ուր զետեղուած է Կոմիտասի կիսանդրին,որուն վրայ Պարոյր Սեւակի ՝՝Անլռելի Զանգակատուն՝՝ ին հիման վրայ, կառուցուած է զանգակատուն մը՝ իր ղօղանջող զանգակով:
Ներքին գոհունակութեամբ եւ ակնածանքով դուրս կ'ելլես տուն-թանգարանէն՝միտքիդ մէջ կրկնելով Սեւակի վերամբարձ տողերը.-
՝՝Դո'ւ, վարդապետ
Ամենայն հայոց երգի վեհափառն ես ,
Դու մեր երգի Մեսրոպ Մաշտոց,
Դու՝ խազերի մեր քերական,
Դու՝հոգեւոր մեր շարական
Դու մեր կարօտ ու մեր մորմոք,
Մեր տաղի քուրմ,
Մեր խաղի մոգ,
Մեր մշտահունչ ու մշտարթուն,
Անլռելի զանգակատուն: (Պ.Սեւակ)
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment