Sunday, March 8, 2015

Կորսուած Հեռաձայնս

Անի Փանոսեան Մուրատեան

Անցեալ շաբթուան մէջ օր մը հեռաձայնս կորսնցուցի։ «Ձեռքի հեռաձայնս», ինչպէս ժողովրդական լեզուով կը թարգմանեն բջիջայինը։ Կարծես ոտքի հեռաձայն ալ կայ։

Շատ չմտահոգուելուս պատճառը այն էր, որ գիտէի թէ տան մէջ կորսնցուցած եմ։ Գիտէի որ ուշ կամ կանուխ պիտի գտնուէր։ Չսպասուած անկիւնէ մը։ Կամ ալ բոլորովին բացայայտ տեղէ մը, որ աչքիդ դիմացն է, բայց չես տեսներ։

Հարցը լրջացաւ այն ատեն, երբ գիտցայ թէ պէտք է տունէն դուրս ելլեմ։ Առանց հեռաձայնիս ինչպէ՞ս ելլեմ։ Առանց կօշիկի դուրս ելլելու պէս բան մըն է այդ։ Բոլորը գիտեն թէ մամային ինքնաշարժը տեղէն չի շարժիր, մինչեւ որ հեռաձայնը գտնուի։ Բայց այս անգամ մաման տունը առանձին է եւ կարեւոր ժամադրութիւն մը ունի։ Պէ՛տք է որ շարժի, հեռաձայնով կամ ոչ։

Ստիպուած դուրս ելայ։ Առանց հեռաձայնիս։ Թերեւս տասնամեակէ մը ի վեր առաջին անգամ ըլլալով։ Շատ անհանգիստ զգացի։ Կարծես բան մը պակսած էր ինձմէ։ Կը կարծէի շուրջս բոլորը զարմացած ինծի պիտի նային, հարցնելով թէ ո՞ւր է հեռաձայնս։ Հապա՞ եթէ արկած մը պատահի, դպրոցէն զիս փնտռեն, հարցում մը ունենամ, ինչպէ՞ս պիտի կապուիմ ընտանիքիս հետ։

Ինքզինքս հանդարտեցուցի մտածելով որ տասը-տասնհինգ տարի առաջ ինչպէ՞ս կ՚ապրէինք առանց հեռաձայնի։ Օր մը օրանց մէկը չմեռաւ հեռաձայն չունենալուն համար։

Կամաց-կամաց համոզուեցայ գաղափարին ու հանդարտեցայ։ Իմ կորուստս աշխարհի վերջը չէր։ Ինչպէս որեւէ կորուստ աշխարհի վերջը չէ եղած։ Նոյնիսկ շատ աւելի մեծերը։

Շուրջս գտնուող մարդոց հեռաձայնները երբ կը հնչէին, ես պէտքը չէի զգար պայուսակս պրպտելու, տակնուվրայ ընելու, ստուգելու համար թէ կանչուողը ի՞մ հեռաձայնս էր արդեօք։ Փառք Աստուծոյ, ամբողջ Ամերիկայի մէջ բոլորին հեռաձայնները նոյն զանգը ունին։

Չորս ժամ տունէն դուրս անցուցի տեղէ տեղ երթալով եւ տարբեր գործեր ընելով։ Չորս ժամուայ ընթացքին ոչ մէկը կրցաւ հետս կապուիլ։ Ոչ խօսիլ, ոչ text message գրել, ոչ Skype, ոչ Viber, ոչ Facebook, ոչ email, ոչ voice message, ոչ missed call։ Ընտանիքիս անդամներէն մէկը չկրցաւ ինձմէ բան մը ուզել, «մա՛մ, ասինչ բանը կրնա՞ս առնել, ասինչ տեղը կրնա՞ս տանիլ զիս»։ «Ասինչ մարդուն հետ կապուեցա՞ր հոգիս, ժամադրութիւն առի՞ր, պանքա հանդիպեցա՞ր»։ Մէկը չկրցաւ ինծի հարցում հարցնել։ Կարծիքս առնելու կամ կարծիք տալու համար մէկը չկրցաւ հետս կապուիլ։ Գէշ լուր ունեցող մը չկրցաւ ինծի հասցնել լուրը ու ամբողջ տրամադրութիւնս աւրել։ Ոչ ալ լաւ լուր ունեցող մը կրցաւ զիս ուրախացնել։ Երկու տարիէ զիս չյիշող, բայց խնդրանքի մը համար հետս կապուիլ ուզող մը չկրցաւ ինծի հասնիլ եւ հաւանաբար ուրիշ մը գտաւ փոխարէնս։ Գանգատ ունեցող մը, սիրտ պարպող մը, ինծի կարօտցող մը կամ չկարօտցող մը (այլ պարտականութեան համար հեռաձայնող մը) չկրցաւ հետս խօսիլ։ Ծառայութեան մը մասին կարծիքս հարցնող մը կամ ծառայութիւն առաջարկող մը անպատասխան մնաց։ Ինձմէ վճարում սպասող մը կամ վճարում ընող մը …չէ, վճարում ունեցողը կեանքին մէջ քեզի չի զանգեր։ Փառք տուր եթէ քու հեռաձայնիդ պատասխանէ։ Մէկը չկրցաւ ինձմէ տոմս գնել (լաւագոյն տեղէն, ամէնաաժանը եւ ամէնաառջեւը։ Ծայրի աթոռները, դեռ երեք օր կայ ձեռնարկին, պէ՛տք է որ ծայրի աթոռները ազատ ըլլան տակաւին)։ Նոյնիսկ ժամէն տեղեակ չէի, քանի ժամացոյց դնելու սովորոյթէն շատոնց հրաժարած եմ։ Հեռաձայն եղած տեղը ժամացոյցը ի՞նչ գործի կը ծառայէ։ Բացի եթէ քանի մը հազար տոլար կ՚արժէ անշուշտ…

Զգացի որ ընտանիքի, բարեկամներու, հարազատներու, օտարներու եւ ժամանակի շղթաներէն դուրս եմ։ Ազա՜տ եմ, բոլորովին ազա՜տ։ Ես իմ կեանքիս տէրը։ Ես իմ ժամանակիս տէրը։ Ներկաս ապրող եւ միայն ի՛մ մտահոգութիւններովս զբաղող։ Մէկ ցամաքամասի վրայ եմ, ոտքերս գետին, զբաղած միայն իմ կեանքովս։ Ոչ թէ մարմինով հոս, միտքով ուրիշ տեղ։ Աշխարհի մէջ մարդ չկայ որ կրնայ զիս գտնել եւ խանգարել։ Լուր չունիմ թէ աշխարհի միւս կողմը ինչ դժբախտութիւններ կը պատահին։ Ուրախութիւններն ալ զիս չեն հետաքրքրեր։ Դպրոցէն չեն կրնար զիս գտնել ըսելու համար որ, սիրտս բերանս գալէն յետոյ, աղջկաս ակռան փրթած է։ Ոչ ալ կրնան զիս շնորհաւորել թէ տղաս կամ աղջիկս ամսուան աշակերտը ընտրուած է։ Պէտք չունիմ։ Լաւն ալ գէշն ալ ձեզի պահեցէք։ Ես ազատ եմ եւ ուրախ։ Կը վայելեմ ազատութիւնս, որուն կորուստը նոյնիսկ չէի զգացած, նոյնիսկ դրամ կը վճարէի շղթաներուս համար։ Ափով դրամ։ Իմ ապրած ներկայ վայրկեանս ամէնամեծ ուրախութիւնս է։ Անջատուած շրջպատէս, անջատուած ամբողջ աշխարհէն։ Ձերբազատուած բոլոր պարտաւորութիւններէս։

Ի վերջոյ տուն վերադարձայ։ Յոգնած, բայց ուրախ։

Քիչ ետք աղջիկս վազելով մօտս եկաւ։ «Մա՜մ, քեզի լաւ լուր ունիմ։ Հեռաձայնդ գտայ։ Ի՞նչ կը խոստանաս ինծի որ քեզի տեղը ըսեմ»։

«Բան մըն ալ չեմ խոստանար։ Տեղն ալ եթէ չըսես, աւելի գոհ կը մնամ»։

Ես ալ չհաւատացի խօսքերուս, որ աս խենթի պէս հեռաձայնը փնտռող մաման է։

Բայց ի վերջոյ չդիմացայ եւ ձեռքս առի հեռաձայնս։ Հինգ հատ missed call, երեք հատ voice message, Facebook message, text message…

Հետաքրքրութիւնս զսպելով կոխեցի կոճակը եւ առանց նայելու բոլորը ջնջեցի։

 

No comments:

Post a Comment