Sunday, March 8, 2015

Յակոբ Չոլաքեանի գիրքին քննարկումը

Sosy Mishoyan - Dabbaghian writes about senior Armenian language teacher, linguist, author and ethnographer Hagop Tcholakian and his recent book "The Three Days of Kessab", where the latest events related to this tiny Armenian town in North-West Syria are described, including the invasion of armed forces, who controlled the territory for few months before their withdrawal.

Ամէն անգամ,երբ Պարոն Յակոբ Չոլաքեանին կ'այցելեմ,հոգեկան թեթեւութիւն մը կը զգամ:Նախ որովհետեւ Մեծութեան մը հետ շփուելու առիթը կ'ունենամ,իսկ երկրորդ`կարօտի պապակս ձեւով մը յագեցուցած կ'ըլլամ:Կարօ'տ հանդէպ ծննդավայրի,կարօ'տը ճեմարանի,կարօ'տը հայագիտականի... եւայլն: 
Վերջին կատարած այցելութեանս ընթացքին ան պատգամեց,որ կամաց-կամաց սկսինք արմատաւորուիլ հայրենի հողին մէջ:Ի վերջոյ մեր բոլորին վերջը հո'ս պէտք է ըլլայ.-ըսաւ ան ու իր վերջին հրապարակած գիրքը՝՝Քեսապի Երեք Օրերը՝՝մակագրեց ու նուիրեց ինծի:
Գիրքը մէկ շունչով կարդացի:Երբեմն յուզուեցայ,երբեմն հեղինակին պոռթկումով ու զայրոյթով համակուեցայ.կարծես իրական շարժանկարի մը առջեւ նստած ըլլայի,որուն դէպքերն ու դէմքերը ամենայն հարազատութեամբ տողանցէին դէմս:Սակայն հեզասահ ընթերցումս կանգ առաւ տողի մը վրայ,զոր կ'ուզեմ առանձնացնել ու զրոյցի նիւթ դարձնել:
Հեղինակը յուզումնախառն նկարագրութեամբ մը կը ներկայացնէ,թէ ինչպէս 22 Մարտ 2014-ին,այսինքն Քեսապի տեղահանութեան երկրորդ օրը,երբ առիթը կ'ունենայ վերադառնալու իր բնակավայրը՝ կարեւոր իրեր վերցնելու նպատակով, հոն իր աշխատասենեակին մէջ ի դէմս իր գրապահոցներուն, մտորումներ կ'ունենայ:Ահաւասիկ կը ներկայացնեմ հատուածէն պատառիկներ:՝՝Հրատարակած գիրքերէս մէկական օրինակ պարունակող դարակին առջեւէն անցայ:Քովի դարակին մէջ վկայականներս,մետալներս,գնահատագիրներուս կապոյտ թաւշապատ տուփերը կային.Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Մովսէս Խորենացիի անուան մետալս վերջինն էր:Հեգնախառն ժպիտ մը շարժեց կուրծքս:Քառասուն տարի Սփիւռքին ծառայեցի,բայց Հայրենիքը գնահատեց՝՝:
Հարց ծագեցաւ մտքիս մէջ:Միթէ՞ Սփիւռքը պէտք եղած չափով չգնահատեց Պրն. Չոլաքեանը:Հալէպահայերուս կողմէ ան միշտ ալ յարգալիր վերաբերմունք կը ստանար:Սերունդներ ամբողջ ի'ր հեղինակած գիրքերով սնուեցան ու մեծցան:Դեռ անցեալ թէ առջի տարի էր Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի դասագիրքերու շարքը իր լրումին հասցուց ան:
Կ'ըսենք յաճախ,որ ուսուցիչի գնահատականը աշակերտին յաջողութիւնն ու յառաջդիմութիւնն է,գրողին գնահատականը՝լաւ ընթերցողներ ունենալը.բայց մարդուս խառնուածքին մէջ ի վերուստ դրուած է շոյուած զգալու այդ բնազդը:
Մենք բոլորս ալ շատ հպարտ ենք մեր մէջ գտնուող Մեծ մտաւորականով,նոյնիսկ երախտապարտ ըլլալու զգացումը առկայ է մեր մէջ,բայց կ'երեւի տեղ մը բացութիւն թողած ըլլալու ենք,որ ան իր գրած հատուածին միտքը համալրած է՝ դիմելով յայտնի մէկ առածին,որ կ'ըսէ.՝՝լեռը իր լանջի հօտաղը չի տեսներ,դիմացի լեռը կը տեսնէ զայն ՝՝ ՝:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան
(վարը տեղադրուած նկարը,Սուրիոյ փառքի օրերուն, Քեսապի մէջ Պրն.Չոլաքեանին մեր կատարած այցելութեան պատկերն է):

No comments:

Post a Comment