Monday, April 6, 2015

Եօթը Եկեղեցի

Գէորգ Յակոբճեան
Seven Churches

Kevork Hagopjian narrates the story of a young person who visits with his fiance all the Christian churches in the city of Aleppo, Syria, during the Burial ceremony on Friday before Easter. This was a an old tradition followed by all believers in the city. The young person is now a refugee in the Netherlands, his fiance has been killed during the Syrian war and all that have remained now were the memories from a not so distant past.

Այս Զատիկին նշանուած է ան: Աւագ Ուրբաթ է այսօր ու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դպրացդասի իր պարտականութիւնները լրացնելէ ետք, սիրեցեալ նշանածին հետ ձեռք ձեռքի տալով, նախ պիտի շրջին Հալէպի բոլո՛ր հայկական եկեղեցիները, յետոյ, ճամբու վրայ ի՛նչ եկեղեցիի որ հանդիպին դարձեա՛լ պիտի մտնեն ու մոմ մը վառեն, թէկուզ եթէ աւանդութեան ճշդած Աւագ Ուրբաթի օրը 7 եկեղեցիներ այցելելու սահմանը անցնին:

Այս տարի եկեղեցին նախորդ տարիներէն շատ աւելի մարդաշատ է: Վերնատունէն ծանօթ ու անծանօթ հարիւրաւոր մարդոց կը հանդիպի ան: Վայրկեան մը առաջ կ՛ուզէ, որ արարողութիւնը վերջ գտնէ, սակայն աղօթքները կ՛երկարին ու կ՛երկարին: Քարոզիչն ալ աննախընդացօրէն կ՛երկարէ իր քարոզը:

Վերջապէս կ՛աւարտին երգեցողութիւնները, արագ մը վերնատունէն կը հասնի վար ու կը միանայ սրտին իշխանուհիին: Իրար ձեռք կը սեղմեն ու կարգի կը կենան: Այս տարի իրենց ուխտը պիտի կատարեն: Անցեալ զատիկին տակաւին նոր ծանօթացած էին իրարու, ուխտած էին որ իրենց յարաբերութիւնը զարգանալու պարագային Աւագ Ուրբաթ օրը Հալէպի բոլոր եկեղեցիները պիտի շրջին...:

Եկեղեցւոյ մուտքէն դէպի Ս. Խորան գացող շարքին մէջ, ծանօթներ ու բարեկամներ կը շնորհաւորեն զիրենք, Ս. Պսակի արժանանլու մաղթանքներ կու տան: կէս ժամէն աւելի կը տեւէ դրան մուտքէն մինչեւ Ս. խորան հասնիլը, Աստուածաշունչ մատեանը համբուրելն ու ժամկոչ Ռաֆֆիէն օրհնուած իւղով օծուած բամպակ մը ստանալը:

Նշանուած զոյգը, Ս. Աստուածածինէն ինքնաշարժով կը շարժին դէպի Նոր գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին: Հոն կարգը շատ աւելի հանգիստ է, իսկ մթնոլորտը աւելի հոգեպարար: Ս. Գէորգէն կ՛անցնին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Այստեղ, ժամկոչը Ս. Խորանին առջեւ ծաղիկներ կը բաժնէ այցելուներուն: Կարմիր մեխակ մը կը վերցնէ ու Ս. Խորանէն զիրենք դիտող Աստուածամօր պատկերին դիմաց կը նուիրէ սիրահարին, աչքերով իր սէրն ու հաւատարմութիւնը կը յայտնէ: Սիրահարը կը կարմրի քիչ մը, սակայն ժպիտով մը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ետք, բնականաբար Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի պէտք է այցելէին: Ո՞վ ճամբան ու կարգը կը փոխէր որ: Աշխարահագրականօրէն Ս. Գէորգ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիները իրար ետեւ կու գային: Երբ հասան Ս. Երրորդութիւն, շարականի երգեցողութեան ձայնը գրաւած էր ամբողջ թաղամասը: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր բառին իսկական իմաստով: Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին կարգ մը հալէպցիք «Զուարթնոց» եկեղեցի ալ կ՛ըսեն: Նշանածը Զուարթնոցը շատ կը սիրէ: Կը փափաքի քիչ մը նստիլ ու յետոյ շարունակել ուխտի կատարումը:

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքին կը պատկանի: Հետեւաբար, կը հետեւին կաթողիկէ սովորութիւններուն ու դուրս ելած ժամանակ, դրան առջեւ տեղադրուած գեղեցիկ քարէ փոսի մը մէջ պահուած օրհնուած ջուրով իրենց ճակատները կը խաչակնքեն:

Տղան կ՛ըսէ, թէ այս տարի կ՛ուզէ «Սըրյան»ի շրջանին մէջ գտնուող Ս. Յակոբ մատուռը այցելել, ապա երթալ պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Առանց ժամանակ կորսնցնելու Ս. Յակոբ կը հասնին: «Հոս, ա՛յս մատուռը, պէտք է կանգուն պահենք, շրջանին մէջ հայերուն թիւին պակսիլը պատճառ պէտք չէ ըլլայ, որ մատուռը չգործէ» կը մեկնաբանէ տղան: Ս. Յակոբի թաղականներէն մէկը աղջկան հարազատն է, ան ալ ծաղիկ մը կը նուիրէ իրենց ու հիմա կ՛ունենան երկու ծաղիկ՝ մէկը կարմիր, միւսը սպիտակ:

«Սըրյան»էն կ՛անցնին «Թիլէլ»ի շրջան: Հոս, խճողում է: Մօտ 40 վայրկեան ինքնաշարժը շարելու տեղ փնտռելէ ետք, վերջապէս անկիւն մը կը գտնեն: Մթնոլորտը անբացատրելի է: «Թիլէլ»ի մէջ տարբեր համյանքներու պատկանող բազմաթիւ եկեղեցիներ կան: Մթնոլորտն ու տրամադրութիւնները շատ բարձր են: Թէեւ եկեղեցիները իրենց թափորները ժամեր առաջ անցուցած են «Ֆարհաթ» հրապարակէն, սակայն փողերախումբերը տակաւին կը նուագեն, հազարաւոր մարդիկ, երիտասարդներ, պատանիներ հաւաքուած են: Պզտիկները իրենց ծնողներուն հետ գունաւոր բուջիկներ բռնած, կորեկ կամ տաք ու թարմ հացի մէջ պատրաստուած ծոթրին կամ պանիր կ՛ուտեն: Իրենք ալ կը կենան անդիմադրելի համեղ հոտ բուրող այդ կառքերէն մէկուն մօտ ու տաք պանիր մը կը ճաշակեն: «Ալլա եիխալիքոն լա պաատ» (Աստուած չբաժնէ ձեզ) իմաստ ունեցող խօսք մը կ՛ըսէ արաբ կառքապանը: Այդ խօսքին վրայ, զոյգը իրար կը նային ու ամուր մը իրար ձեռք կը սեղմեն, կը ժպտան ու կը շարունակեն իրենց ճամբան:

«Ֆարհաթ»ի հրապարակէն դէպի Ս. Քառասնից Մանկաց մայր եկեղեցի տանող պատմական ու նեղ թաղը կը մտնեն: Քալելու տեղ չկայ: Հազարներ դէպի առաջ կը քալեն ու հազարներ ալ դուրս կու գան նեղ ու քարաշէն, պատմական այս թաղէն: Նշանածը կը հարցնէ, թէ քանի՞ եկեղեցի կայ այս թաղին մէջ, «շատ է, շա՛տ, սիրելիս, չեմ գիտեր» կ՛ըսէ տղան: Կը հասնին այն բաժինը, ուր ճաշարան մը տարիներէ ի վեր, այս օրը պզտիկ գաւաթով գինի կը բաժնէ ուխտաւորներուն: Մէկ գաւաթ գինի ալ կ՛առնեն ու կը հասնին Ս. Քառասուն Մանուկ:

Զոյգը, եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ իրենց միութենական ընկերները կը տեսնեն, որոնք պահակութիւն կ՛ընեն: «Շնրոհաւոր ըլլայ» մը այստեղ ալ կը լսեն ու «Տարոսը ձեզի» կը պատասխանեն: Սկաուտներն ալ տակաւին շարքի կեցած են ու գաւազաններով ժողովուրդին մուտքի ու ելքի ճամբայ շինած են: Կը բարեւեն ու կը մտնեն եկեղեցի:
«Թո՛ղ ներէ Աստուած, բայց բոլոր եկեղեցիներէն աւելի խորհրդաւորր է Ս. Քառասնից Մանկաց Մայր Եկեղեցին: Այստեղ մկրտուած եմ ես» կ՛ըսէ տղան: «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» կը շարունակէ աղջիկը...: Կարգի չեն մտներ անոնք, այլ նստարանի մը վրայ կը նստին: Տղուն աչքը Ս. Մինասի սրբապատկերին վրայ կ՛երթայ: Կը յիշէ այդ հրաշքին օրը, որ հայն ու օտարը, քրիստնիան ու իսլամը եկած էին Աստուծոյ հրաշագործութիւնը վկայելու: Յանկարծ, իրենցմէ քիչ մը առջեւ նստող ծերունի մայրիկ մը, «Տէ՜ր Ողորմիա» երգելու կը սկսի:

«Տէ՜ր ողորմիա, տէ՜ր ողորմիա....» դրան զանգը կը հնչէ...: Սարսափահար աչքերը կը բանայ...: Սարսուռ մը կ՛անցնի մարմնէն: Երա՜զ էր տեսածը...: Հալէպ չէր ինք..., Հոլանտա հասած էր...: Բայց օրը իրապէ՛ս որ Աւագ Ուրաբաթ էր...: Տակաւին չամփոփուած, դրան զանգը անգամ մըն ալ կը հնչէ: Կը վազէ ու դուռը կը բանայ: Պետութենէն նամակ մըն է, փախաստականի իր հարցերն ու թուղթերը դասաւորելու հարցաքննութեան հրաւիրուած է: Դուռը կը փակէ ու կը հենի դրան վրայ: Պահ մը աչքերը կը գոցէ, որպէսզի երազը շարունակէ, բայց արդէն ուշ էր: Տակաւին եօթը եկեղեցի չայցելած, երազէն փոխադրուած էր իսկական կեանք: Իս՞կ երազը...: Հալէպի Աւագ Ուրբաթնե՞րը: Նշանա՞ծը: Ի՞նչ նշանած: Նշանածը հրասանդի մը զոհ գացած էր, կորսնցուցած էր իր կեանքին սէրն ու լոյսը, հոգեկան ծանր ու անբացատրելի իրավիճակի մատնուած էր, չէր դիմացած Հալէպի մէջ ու շատերու նման ինքզինք նետած էր Հոլանտա:

Հարցաքննութեան հրաւէրի թուղթը կը ճզմէ իր ափերուն մէջ, աչքերէն արիւն արցունք կը թափին ու բարձրաձայն կը սկսկի հեկեկալ...: Հեծկլտուքին մէջ պատերազմը անիծող խօսքեր կը լսուին:

Աւագ Ուրբաթ էր, իսկ Հոլանտայի իր ապրած այս քաղաքին մէջ ո՛չ Աւագ Ուրբաթ կար ո՛չ ալ հայկական եկեղեցի...:

Գէորգ Յակոբճեան

No comments:

Post a Comment